Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մարտ 8-ը Կիներու իրաւունքներու միջազգային օրն է: Այս օրուան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել կիներու իրաւունքներուն համար մղուած պայքարը, եւ յատկապէս` երկրորդական մարդ ըլլալը տղամարդոց յարաբերաբար: Գոյութիւն ունին անհաւասարութիւնները: Այո՛, կիներուն եւ այր մարդոց միջեւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ անհաւասարութիւններ…
* * *
Մօտաւորապէս հարիւր տարի առաջ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները սկսան միաւորուիլ` աւելի իրաւունքներ պահանջելու համար: Անոնք կ՛ուզէին ունենալ իրաւունքը քուէարկելու, աւելի պատշաճ պայմաններու մէջ աշխատելու, այր մարդոց հանդէպ եղած նոյն վերաբերումը ունենալու: 1910 թուականին կիները կը պահանջէին կիներու միջազգային օրուան ստեղծումը:
1977-ին, Միջազգային ազգերու կազմակերպութիւնը` ՄԱԿ-ը, պաշտօնապէս ճանչցաւ 8 մարտը` իբրեւ Կիներու իրաւունքներու միջազգային օր: Ասիկա առիթ է մտածելու համար ընկերութեան մէջ կիներուն տեղին մասին եւ ստուգելու, թէ անոնց իրաւունքները աւելի յառաջ կ՛երթա՞ն, եւ փորձելու` բաներ փոխելու այդ հեռանկարով:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Ինչո՞ւ կիներու եւ այր մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը կարեւոր է: Ասիկա ո՛չ միայն կարեւոր է, այլ` հիմնական իրաւունք մը: Կիները իրենց ծնունդէն իսկ կ՛ապրին այս վիճակը, որ կը շարունակուի իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին: Օրինակի համար, կարգ մը երկիրներու մէջ աղջիկները ո՛չ միայն կը զրկուին դպրոց յաճախելէ, այլ անոնց կը մերժուի նոյնիսկ ամբողջական առողջապահական խնամքներ եւ սնունդ: Իսկ հետագային եւ տակաւին մինչեւ այսօր գործի մարզերուն մէջ կիները այր մարդոցմէ 24 առ հարիւր նուազ ամսական կը գանձեն:
Կիներու եւ այր մարդոց միջեւ հաւասարութեան հասնիլը կարեւոր է ո՛չ միայն գործի մարզերուն մէջ, այլ` ամբողջ ընկերութեան մէջ ունենալ առողջ բնակչութիւն, ուսում, նուազ աղքատութիւն…
Անհաւատալի, Բայց Իրաւ
– Խոտը աւելի կանաչ կը թուի աղջիկներուն, քան` մանչերուն:
– Լուսինին երկինքը միշտ սեւ է:
– Գոյութիւն ունի տեսակ մը ձարխոտի որ անուանուած է Լէյտի Կակա, նշանաւոր երգչուհիին անունով:
– Սկիւռները իրենց թաթիկներուն միջոցով կը քրտնին:
– Մանրէներուն միայն 0,1 առ հարիւրը կրնայ մեզ անհանգստացնել:
– Մեր հոտառութիւնը աւելի զգայուն կը դառնայ, երբ մենք անօթի ըլլանք:
– Աշխարհի բնակչութեան նուազ քան 2 առ հարիւրը բնական կարմիր մազ ունի:
– Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին Նոր Զելանտայի բնակչութենէն աւելի շատ ծախու մեքենաներ:
– 3,8 լիթր վառելանիւթ` կրնայ հայթայթել բաւարարաչափ ուժանիւթ` Այֆոն հեռաձայն մը աշխատցնել 20 տարի:
– Գիտէի՞ր, թէ Ուրանուս մոլորակը սկզբունքով Ճորճ պիտի կոչուէր:
– Իսկ Կուկըլ սկիզբը կոչուած էր Պաք Ռապ:
– Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի քաղաքներէն մէկուն մէջ կարելի է ուտել «Էվըրկլետզ փիցցա», որուն խմորը ծածկուած է գորտի ոտքերով, ալիկէյթըր կոկորդիլոսի տեսակի եւ փայթըն օձի տեսակի միսերով:
– Փիղերը կրնան լսել իրարու կանչերը 8 քմ հեռուէն:
– Աշխարհի վրայ համացանցի ամէնէն հասարակ գաղտնի բառը «123456»-ն է:
– 1938-ի քոմիքսի գիրքը, որուն մէջ առաջին անգամ երեւցած էր Սուփըրմանը, 2,16 մ
իլիոն տոլարի ծախուեցաւ 2011 թուականին:
– Միջին հաշուով չափահաս մը ամէն շաբաթ մօտաւորապէս 11 սուտ կը խօսի:
– «Ռոպոթ» բառը առաջին անգամ յայտնուեցաւ 1929-ին գրուած թատերախաղի մը մէջ:
– Հաուայի մէջ գոյութիւն ունի կանաչ աւազով ծովափ մը:
– Օձերը կոպեր չունին:
– Նեփալ միակ երկիրն է, որ քառանկիւն դրօշակ չունի:
Մտածենք
Բարեկենդանի Հաւաքոյթ
Պետիկը, Ռուբէնը, Ալինը, Մարալը եւ Սիլվան ընկերներ են: Անոնք կ՛ապրին նոյն թաղին մէջ, ուր ամէն տարի Բարեկենդանին հաւաքոյթ մը տեղի կ՛ունենայ: Հետեւելով վարի տեղեկութիւններուն` կրնա՞ս գտնել, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ տարազ հագուեցաւ, ո՛վ կարեց անոնց տարազը, եւ ինչո՛վ իւրաքանչիւրին տարազը կը տարբերէր միւսներէն:
* * *
1.- Հայր մը պայուսակ մը գործածեց իր աղջկան համար զատկաճճիի տարազ մը շինելու համար:
2.- Ոստիկանի տարազը հագուած տղան ոստիկանի իսկական գլխարկ մը դրած էր:
3.- Մարալին տարազը կարած էր անոր մեծ մայրը: Ան Մոխրիկի հագուստ հագուած էր:
4.- Կատուի տարազին պոչը շինուած էր երկար գուլպաներով:
5.- Մայրը իր զաւկին դէմքը քիչ մը դիմայարդարեց:
6.- Պետիկին մօրաքոյրը տարազ մը փոխ առաւ անոր համար:
7.- Սիլվային քոյրը շատ ստեղծագործ գաղափար մը ունեցաւ:
Ներկե՛նք
. – կապոյտ
+ – դեղին
= – սրճագոյն
օ – կարմիր
l – կանաչ
Ժամանց



