Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Վերջապէս փետրուար ամիսը իրեն հետ բերաւ ձիւնը, որ ծածկեց Լիբանանի լեռները: Եւ վերջապէս պզտիկ եւ մեծ առիթը ունեցան ձիւնի երթալու, ձիւնին հետ խաղալու, ձիւնեմարդ շինելու, սահնակ քշելու կամ դահուկելու…
Գիտէի՞ր, որ դահոյկը հնարած են նախապատմական մարդիկը: Սակայն անշուշտ շատ աւելի ուշ է, որ մարդիկ որոշած են դահոյկը ձմեռնային մարզաձեւի վերածել:
***
Դարերու ընթացքին Եւրոպայի հիւսիսի ժողովուրդները փայտէ յատուկ առարկաներ գործածած են ձիւնին վրայ շրջելու համար, անոնք մեզի ծանօթ նշանաւոր դահոյկներու նախահայրերն են. սակայն աշխարհի ամէնէն հին դահոյկները, որոնք գտնուած են… նախապատմական են: Անոնք 6000 տարուան դահոյկներ են:
***
Սակայն ճիշդ ե՞րբ դահուկելը վերածուած է առանձին մարզաձեւի: Առաջին հերթին, երբ մարդիկ անդրադարձած են, որ լեռ բարձրանալը առողջութեան համար օգտակար էր, 20-րդ դարու սկիզբը մարդիկ մանուկները եւ հիւանդները կը ղրկեն բարձունքներու վրայ ժամանակ անցընելու եւ զօրանալու համար: Լեռը միշտ աւելի մեծ թիւով մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Հարուստ քաղաքացիներ կը սկսին դահոյկներ գործածել: Անոնք ցոյց կու տան, որ դահոյկին շնորհիւ կարելի է նաեւ մարզանք ընել ձմեռը, բնութեան մէջ:
1924-ին առաջին ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան Շամոնիքսի մէջ, Ալպեան լեռներուն վրայ: Անոնք մեծ յաջողութիւն կը գտնեն: Ձմեռնային մարզաձեւերու նորոյթը կը ծնի, սակայն յատկացուած` հարուստ անձերու: 1960-ական թուականներէն ի վեր դահոյկի կեդրոնները կը բազմապատկուին: Ճոպանուղիները դահոյկի հազարաւոր սիրահարներ կը բարձրացնեն դէպի լեռներու գագաթները, հոն, ուր գոյութիւն ունին դահուկելու յատկացուած հատուածները: Իսկ այդ բարձունքներէն իջնելու համար տեսակաւոր միջոցներ կը ստեղծուին, մոնսքի, սնոպորտ, սնոքայթ…
Գիտէի՞ր, Թէ…
Արդէն նախապատմական շրջաններուն մարդիկ կը սահէին ձիւնին վրայէն իրենց հօտերուն հետեւելու համար: Դահոյկի այս գործածութիւնը հետագային շարունակուեցաւ եւ տարածուեցաւ Եւրոպայի հիւսիսի երկիրներուն մէջ:
Սակայն 19-րդ դարուն է, որ նորվեկիացի մը` Սոնտրէ Նորհայմ, զայն իսկական մարզաձեւի կը վերածէ: Զառիվայրերը դիւրութեամբ իջնելու եւ ամէնէն արագ կերպով դառնալու համար ան կը շինէ աւելի կարճ եւ կեդրոնը աւելի նեղ դահոյկներ: Ան նոյնիսկ կը շահի աշխարհի դահոյկի առաջին մրցումը 1869-ին:
Քիչ ժամանակ ետք Ֆրիտիոֆ Նանսեն հետախոյզը Կրինլանտի մէջ 500 քմ կը կտրէ դահոյկներով: Անոր այս քաջագործութիւնը այս մարզաձեւը հռչակաւոր կը դարձնէ:
Հետաքրքրական
Արհեստական Ձիւն
Գիտէի՞ր, որ դահոյկի կարգ մը կեդրոններ արհեստական ձիւն կը սփռեն, երբ բնական ձիւնը բաւարար չըլլայ դահուկելու համար:
Արհեստական այս ձիւնը մեքենաներով կը շինուի: Այս թնդանօթի ձեւով խողովակներով օժտուած մեքենաները կ՛ունենան ձողերու կամ մեծ հովահարներու կերպարանքը: Պարզ աչքով դիտելով` արհեստական այս ձիւնը կը նմանի բնական ձիւնին: Սակայն մանրադիտակին տակ մենք կը տեսնենք, որ անոր փաթիլները վեցանկիւն չեն, իսկական փաթիլներուն նման: Անոնք կլոր են եւ աւելի հաստ:
* * *
Ինչպէ՞ս կը շինուի արհեստական այս ձիւնը. ցած ջերմաստիճանով, ջուրով եւ ճնշուած օդով: Ձիւնի մեքենան կրնայ աշխատիլ միայն այն ատեն, երբ դուրսի ջերմաստիճանը -2¬էն ցած է: Ան կը փոշիացնէ ջուրն ու ճնշուած օդը, երբ այս ճնշուած օդը կ՛արձակուի, ան կ՛ընդլայնի, ընդլայնելով` կը պաղի կաթիլները փաթիլի կը վերածէ: Արհեստական այս ձիւնի մեքենաները զետեղուած են դահոյկի յատուկ շրջաններուն շուրջ եւ գործի կը դրուին, երբ բաւարար ձիւն չըլլայ:
Ընդհանուր Կլիմային ջերմացումին պատճառով միշտ աւելի մեծ թիւով դահոյկի կեդրոններ կ՛օժտուին այս մեքենաներով. սակայն անոնց գործածութիւնը հարց կը ստեղծէ, որովհետեւ անոնք շատ ուժանիւթ կը սպառեն: Անոնք կը սպառեն նաեւ մեծ քանակութեամբ ջուր, որ կը բերուի բնութենէն կամ լերան լանջին գտնուող լիճերէ: Արհեստական ձիւնը իսկական ձիւնէն ա՛լ աւելի դանդաղ կը հալի, բան մը, որ կ՛ուշացնէ բուսականութեան աճը գարնան: Հետեւաբար ճիշդ է, որ այս ձիւնի մեքենաները օգուտ կ՛ունենան դահոյկի կեդրոններուն, սակայն շատեր կը պահանջեն, որ անոնք զգուշութեամբ գործածուին լեռներուն վնաս չհասցնելու համար:
* * *
Գիտէի՞ր, թէ իսկական ձիւնի փաթիլ մը բաղկացած է 90 առ հարիւր օդէ եւ 10 առ հարիւր ջուրէ, մինչ արհեստական ձիւնը բաղկացած է 70 առ հարիւր օդէ եւ 30 առ հարիւր ջուրէ:
Ժամանց



