Մանկապատանեկան

Ուրկէ՞ Կու Գայ Հովը

Ուրկէ՞ Կու Գայ Հովը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս ձմեռնային օրերուն, անձրեւներու եւ փոթորիկի եղանակին յաճախ կ՛ընկերակցին զօրաւոր հովեր: Հովը միշտ գոյութիւն ունեցած է երկրագունդին վրայ, սակայն 1640 թուականներուն է միայն, որ մարդիկ սկսան հասկնալ, թէ ան ուրկէ՛ կու գար: Գիտնականներ Փասքալ եւ Թորիչելլի կը փաստեն, որ ան օդին հորիզոնական շարժում մըն է երկրագունդի մակերեսին վրայ: * * * Արեւուն սխալն է Հովին ծագումը...

Մեծ Մամային Կաղանդի Քարտերը

Մեծ Մամային Կաղանդի Քարտերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Լիլիան 98 տարեկան մեծ մամայ մըն է, որ կ՛ապրի տարիքոտ անձերու յատուկ տան մը մէջ, Անգլիոյ Սաֆըք շրջանին մէջ: Այս Կաղանդի պատրաստութեան յատկացուած շրջանէն օգտուելով, ան ուզեց ինքն ալ իր մասնակցութիւնը բերել` համացանցին վրայ սփռելով վիտէօ մը, որով ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Կաղանդի քարտ մը պատրաստել տան մէջ գտնուող պարզ առարկաներով` գաւաթ մը,...

20 Նոյեմբեր` Մանուկներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր.  Մանուկներու Իրաւունքները Յարգելը Անհրաժեշտ Է

20 Նոյեմբեր` Մանուկներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր. Մանուկներու Իրաւունքները Յարգելը Անհրաժեշտ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 1989 թուականին Մանուկներու իրաւունքներու յատկացուած միջազգային համաժողովին նշուեցաւ 54 յօդուածներ, որոնք կը հաստատեն այդ իրաւունքներուն տարբեր կէտերը, եւ թէ ինչպէս պետութիւնները պէտք է աշխատին զանոնք ապահովելու համար: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այդ հռչակագիրը ստորագրուեցաւ աշխարհի 197 պետութիւններուն կողմէ` բացի Միացեալ Նահանգներէն: Երկիր մը, որ իր մանուկներուն հոգ չի տանիր, վտանգի կրնայ ենթարկուիլ, որովհետեւ ան ապագային պիտի չունենայ...

Մելպուռնի Մէջ.  Ծառերն Ալ Ե-Նամակի Հասցէ Ունին

Մելպուռնի Մէջ. Ծառերն Ալ Ե-Նամակի Հասցէ Ունին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ   2013 թուականին Աւստրալիոյ Մէլպուռնի քաղաքը կիրարկեց ընդարձակ ծրագիր մը` օգնելու քաղաքացիներուն նշելու կախուած վտագաւոր ծառերու ճիւղերը, վնասուած կամ փտած ծառերը: Այս գործողութիւնը դիւրացնելու համար ան իւրաքանչիւր ծառի տուաւ թիւ մը եւ ե-նամակի հասցէ մը: Այս ձեւով բաժնուեցան 77 հազար թիւեր: Սակայն քաղաքին խանդավառ բնակիչները չբաւարարուեցան միայն հարցերը նշելով: Ասոր կողքին, անոնք սկսան գրելու` ուղղուելով դէպի ծառերը,...

Փուչիկներու Ցուցահանդէս

Փուչիկներու Ցուցահանդէս

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  «Պալուն միւզիում» անգլերէն արտայայտութիւն մըն է, որ կը նշանակէ «փուչիկներու թանգարան»: Այս անունը տրուած է ուռեցուած արուեստի գործերու շրջուն ցուցահանդէսի մը: Այս ցուցահանդէսը գոյութիւն ունի 2020 թուականէն ի վեր: «Պալուն միւզիում»¬ը ուղղուած է թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ ալ չափահասներուն: Ցուցահանդէսը այցելողները կը հետեւին սկիզբէն ճշդուած մէկուկէս ժամուան շրջագայութեան` ծանօթանալու համար մօտաւորապէս տասնհինգ գործերու: Ուռեցուած առարկաներ, լոյսի խաղեր,...

Տակաւին Աշուն Է.  Մոնարք` Թագաւորական Թիթեռնիկը

Տակաւին Աշուն Է. Մոնարք` Թագաւորական Թիթեռնիկը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  Գիտէի՞ր, թէ մոնարք թիթեռնիկը մեծ ճամբորդ մըն է: Անոր նոյնիսկ տրուած է մարաթոն մարզիկի տիտղոսը: Ամէն աշնան մոնարք թիթեռնիկները կը հաւաքուին եւ կը կազմեն հսկայական խումբեր` սկսելու իրենց երկար գաղթը: Իրենց այս գաղթը կը սկսի Քանատայէն կամ Միացեալ Նահանգներէն: Անոնք կ՛ուղղուին դէպի հարաւ, դէպի մեքսիքական Սիէրրա Նեւատա, որ ձմեռնային աւելի մեղմ կլիմայ մը ունեցող լեռնաշղթայ մըն...

Կեանքի Աղբի՞ւր Երկնաքարի Մը Վրայ

Կեանքի Աղբի՞ւր Երկնաքարի Մը Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կիրակի, 24 սեպտեմբերի կէսօրէ ետք սեւ անջրպետամեքենայ մը իջաւ Միացեալ Նահանգներու Եութայի անապատին զինուորական շրջանի մը մէջ: Անոր վերադարձը սպասուած էր, եւ ամէն ինչ բնականօրէն ընթացաւ: Երկրագունդէն 100 հազար քմ բարձրութեան վրայէն ան դէպի երկիր ուղարկուեցաւ ՆԱՍԱ-ի ուրիշ անջրպետանաւերէն` Օզիրիս-Ռեքսի կողմէ: Այս անջրպետանաւը անջրպետին մէջ կը շրջի 7 տարիներէ ի վեր: Ապա անջրպետամեքենան անցաւ մթնոլորտին ընդմէջէն`...

Հալոուինի Տօնին Մասին

Հալոուինի Տօնին Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի Հալոուին կը տօնուի 31 հոկտեմբերին: Անիկա տարօրինակ տարազներով ծպտուելու, վախնալիք մթնոլորտով զարդարելու տուները եւ տեսակաւոր շաքարեղէն ուտելու առիթ է: * * * Պէտք է յիշել, որ այս շատ արդի թուացող տօնը եկած է շատ հին ժամանակներէ: Մենք անոր արմատները կը գտնենք սելթիք ժողովուրդներու Սամհէյն փառատօնին մէջ: Սելթիք ժողովուրդները ցեղախումբեր էին, որոնք կ՛ապրէին ներկայի Սելթիքի...

Ինչո՞ւ Օդը Աւելի Պաղ Է Լերան Վրայ, Նոյնիսկ Երբ Արեւոտ Է

Ինչո՞ւ Օդը Աւելի Պաղ Է Լերան Վրայ, Նոյնիսկ Երբ Արեւոտ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ճիշդ է, որ այս եղանակին օդը սկսաւ փոխուիլ եւ ընդհանրապէս նուազ տակ կ՛ընէ, սակայն որեւէ եղանակի, երբ մենք լեռ բարձրանանք, օդը միշտ աւելի պաղ կ՛ըլլայ, քան երբ քաղաքը կը գտնուինք, հակառակ անոր որ մենք արեւուն աւելի մօտ կ՛ըլլանք: * * * Ընդհանրապէս օդը աւելի պաղ կ՛ըլլայ լերան գագաթը, քան հովիտին մէջ կամ ծովեզերքը: Գոյութիւն ունին նոյնիսկ...

Աշուն.  Ինչո՞ւ Այս Շրջանին Մենք Շատ Սարդեր Կը Տեսնենք

Աշուն. Ինչո՞ւ Այս Շրջանին Մենք Շատ Սարդեր Կը Տեսնենք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կը պատահի, որ մենք աշնան աւելի մեծ թիւով փոքրիկ սարդերու հանդիպինք մեր շուրջը, նոյնիսկ` մեր տան մէջ: Ասիկա բնական երեւոյթ մըն է: Ասիկա լուր մըն է, որ անշուշտ շատ պիտի չուրախացնէ սարդերէն վախցող անձերը, սակայն այս եղանակին աւելի հաւանական է, որ մենք սարդերու հանդիպինք մեր տան մէջ: Սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամսուն է, որ սարդերը իրենց թաքստոցէն...

Ինչպէ՞ս Ծնաւ Գիրը

Ինչպէ՞ս Ծնաւ Գիրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  Գիրերու ստեղծումէն առաջ բանաւոր պատմութիւնները կը պատմուէին եւ կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ: Երբ գիրը կը ծնի, մարդիկ կարելիութիւնը կ՛ունենան հաշիւներ կատարելու եւ իրենց գիտութիւններէն հետքեր ձգելու: Գլխագիր Պ-ով Պատմութիւնը այդ ժամանակ կը սկսի: Սակայն ո՞վ հնարած է գիրը: * * * Շումերները Միջագետքի մէջ, ներկայի` Իրաքը, ապրող ժողովուրդ էին: Այս ժողովուրդը այդ շրջանին մէջ ապրած է...

Դպրոցական Տարազները Աշխարհի Շուրջ

Դպրոցական Տարազները Աշխարհի Շուրջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այսօր մենք պիտի այցելենք աշխարհի շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող դպրոցները` ծանօթանալու անոնց աշակերտներու տարազներուն: - Անգլիոյ մէջ Նախակրթարանի աշակերտներուն 80 առ հարիւրը եւ միջնակարգի աշակերտներուն` 98 առ հարիւրը: Այս սովորութիւնը մնացած է 16-րդ դարէն, իսկ կարգ մը հաստատութիւններու պարագային, ինչպէս` Օքսֆորտ եւ Քեմպրիճ, այդ տարազը նոյնը մնացած է 400 տարիներէ ի վեր: - Ճափոնի մէջ...

Վերամուտ.  Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սեպտեմբեր ամսուն ընթացքին աշխարհին շուրջ միլիոնաւոր աշակերտներ դարձեալ բռնեցին դպրոցին ճամբան. սակայն ինչո՞ւ անոնք միշտ արձակուրդի մէջ չեն ըլլար: - Ինչի՞ կը ծառայէ դպրոցը Դպրոցը կը ծառայէ աշակերտներուն ուսուցանելու, անոնց գիտութիւններ փոխանցելու: Դպրոցին մէջ մենք կը սորվինք կարդալ, գրել, հաշուել, հասկնալ աշխարհի պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը... - Դպրոց երթալը միայն գիտութիւններ հաւաքելու համա՞ր է Ո՛չ միայն: Դպրոցը նոյն...

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  Այս ամառ աշխարհի տարածքին շարժապատկերի պաստառները վարդագոյնով ծածկուեցաւ, երբ Պարպիի շարժապատկերը ցուցադրուեցաւ: Ո՛չ միայն շարժապատկերին մէջ, այլ նաեւ հանդիսատեսներու բազմութիւնները ներկայացած էին ցուցադրութեան վարդագոյն հագուած: Սակայն գիտէի՞ր, թէ շարժապատկերի հերոսուհին` Պարպի պուպրիկը, ո՛չ միայն քու մամայիդ խաղընկերուհին կրնար եղած ըլլալ, այլ նաեւ` մեծ մամայիդ սերունդին, երբ անոնք փոքրիկ էին: * * * Պարպի պուպրիկը ծնած է...

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ժամանակի ընթացքին վիտէօ-խաղերը մեծ տեղ սկսած են գրաւել մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Սկզբնական շրջանի շատ պարզունակ կերպարներն ու խաղերը կամաց-կամաց աւելի զարգացան, եւ այժմ մենք տեսակաւոր ընտրութիւններու առջեւ կը գտնուինք: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս բազմաթիւ հերոսներէն ամէնէն առաջինը եղած է Փաք-Մենը: Ան եղած է ամբողջ սերունդի մը հերոսը: * * * Այս կլոր եւ դեղին կերպարը...

Թուղթէ Անհաւատալի Արուեստի Գործեր

Թուղթէ Անհաւատալի Արուեստի Գործեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբ մարդ արարածը մտադրէ արուեստի գործ մը ստեղծել` ըստ իր երեւակայութեան, ան կրնայ օգտագործել իր տրամադրութեան տակ գտնուած որեւէ նիւթ եւ զայն արուեստի գործի վերածել: Ժամանակի ընթացքին ան պիտի կարենայ ընտրել իր նախասիրած նիւթը, որ ամէնէն լաւ կերպով կրնայ իր ներաշխարհը արտայայտել: Կարգ մը արուեստագէտներ ընտրած են իրենց ներաշխարհը եւ զգացումները արտայայտել թուղթին միջոցով: Այս ձեւով...

Ճափոնի Արտասովոր Սովորութիւններէն Մէկը

Ճափոնի Արտասովոր Սովորութիւններէն Մէկը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Առաջին անգամ Ճափոն այցելող զբօսաշրջիկ մը պիտի հանդիպի արտասովոր տեսարանի մը. ապրանք գնելու մեքենաները (վենտինկ մաշին) ամէն տեղ են, փողոցներուն երկայնքին, կայարաններուն մէջ, շէնքերուն մէջ... ընդամէնը` աւելի քան 5 միլիոն գնումի մեքենաներ, որոնցմէ 3 միլիոնը յատկացուած է տարբեր տեսակի ապրանքներու, իսկ մնացածը` դրամ կամ տոմսակ հայթայթող մեքենաներ: Այդ մեքենաներէն 6-էն 5-ը կը ծախեն ըմպելիներ: Այս մեքենաները...

Ինչո՞ւ Ովկիանոսներուն Մէջ Այդքան Կերպընկալ Կայ

Ինչո՞ւ Ովկիանոսներուն Մէջ Այդքան Կերպընկալ Կայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի 10 միլիոն թոն կերպընկալէ աղբեր կը թափուին ովկիանոսներուն մէջ: Սակայն ինչո՞ւ այդքան մեծ քանակով կերպընկալ ընդարձակ աղբանոցի մը կը վերածեն ովկիանոսը: * * * Ամէն տարի թոներով կերպընկալ կ՛արտադրուի տարբեր առարկաներ արտադրելու համար. տոպրակներ, շիշեր, տուփեր... որոնք շատ շուտ աղբը կը նետուին: Այս աղբերուն մէկ մասը կը լքուին գետինը, փողոցը կամ բնութեան մէջ: Կարգ...

Ինչո՞ւ Ամառը Անտառներուն Մէջ Հրդեհներ Կը Յառաջանան

Ինչո՞ւ Ամառը Անտառներուն Մէջ Հրդեհներ Կը Յառաջանան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամրան շրջանին հիւսիսային կիսագունդին մէջ օդը այնքան տաք սկսած է ըլլալ, որ մենք յաճախ կը լսենք, թէ տարբեր երկիրներու մէջ հրդեհներ բռնկած են անտառներուն մէջ: Այս տարի ալ, Միջերկրականի շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ, եւ յատկապէս Յունաստանի մէջ անտառներու մեծ հրդեհները մեծ վտանգի տակ դրած են բնակիչները: Այս ձեւով, աւելի քան 30 հազար զբօսաշրջիկներ ստիպուած լքեցին իրենց...

Ա՜յ, Կը Խայթէ՛

Ա՜յ, Կը Խայթէ՛

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի հարցը նոյնն է: Ամրան սկիզբը մժեղները կը յայտնուին, եւ անոնք ամբողջ ամառը կ՛անցընեն մեզ խայթելով: Անոնք մեր վրայ կը յարձակին պարտէզին մէջ, ճամբան, պատշգամին վրայ... եւ նոյնիսկ` մինչեւ մեր սենեակին մէջ: * * * Ի՞նչ գիտենք մժեղներուն մասին 1.- Միայն էգ մժեղները կը խայթեն Արու մժեղները կը սնանին ծաղիկներուն վրայէն անոնց նեկտարը ծծելով: Սակայն...

Page 7 of 25 1 … 6 7 8 … 25

Արխիւներ