Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Երկրաշարժեր Կը Պատահին

Փետրուար 11, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, 6 փետրուարին Լիբանանի մէջ մենք զգացինք զօրաւոր երկրաշարժ մը, որուն կեդրոնը հարաւային Թուրքիոյ մէջ էր: Ճիշդ է, որ Լիբանանի մէջ վնասները մեծ չէին, սակայն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, ուր երկրաշարժին զօրութիւնը 7 աստիճանը անցած էր, հետեւանքները շատ ծանր էին, շէնքեր փլած են` պատճառելով հազարաւոր մահ եւ վիրաւորներ:

Սակայն ինչո՞ւ գետինը կը շարժի, ի՞նչ կը պատահի մեր ոտքերուն տակ գտնուող թեքթոնիք խաւերուն մէջ:

* * *

Գիտէի՞ք, թէ կարգ մը շրջաններու մէջ երկրաշարժերը յաճախակի են: Ամէն ինչ կախեալ է երկրագունդին վրայ մեր դիրքէն: Մեր ոտքերուն տակ, նոյնիսկ եթէ մենք չենք զգար, գրեթէ միշտ շարժում կայ. երկրագունդին մակերեսը ծածկուած է խաւերով` փլաքներով, զորս կը կոչենք թեքթոնիք խաւեր: Անոնք մէկը միւսին մէջ մտած են փազըլի կտորներու նման:

Սակայն այս փազըլը կայուն չէ:

Այս խաւերը կը շարժին, սակայն` շատ դանդաղօրէն: Հազիւ քանի մը սանթիմեթր ամէն տարի, եւ այս շարժումները կը պատահին տարբեր ուղղութիւններով: Այդ երեւոյթին պատճառը երկրագունդին կեդրոնը գոյութիւն ունեցող տաքութիւնն է: Երբ այս տաքութիւնը դէպի մակերես կը բարձրանայ, կը յառաջացնէ հոսանքներ, որոնք այդ խաւերը տարբեր ուղղութիւններով կը շարժին: Այս խաւերը կրնան իրարմէ հեռանալ, իրարու վրայ ելլել, քով քովի իրարու քսուիլ… Կը պատահի նաեւ, որ անոնց միջեւ բախում մը պատահի:

Բոլոր այս շարժումները ճնշումներ կը յառաջացնեն եւ երբեմն կ՛արտադրեն մեծ ուժ: Այս ուժն է, որ կը տարածուի երկրային ալիքներու ձեւին տակ, եւ այս ալիքներն են, որոնք գետինը կը շարժեն:

Շատ զօրաւոր երկրաշարժերը ընդհանրապէս կը պատահին թեքթոնիք խաւերուն ծայրերը, «ճեղքերու» շրջաններուն մէջ, այն տեղերը, ուր գետնին մակերեսը արդէն ճեղքուած է:

* * *

Բոլոր երկրաշարժերը նոյն զօրութիւնը չունին: Կարգ մը երկրաշարժեր շատ տկար կ՛ըլլան, մինչ ուրիշներ` շատ աւելի զօրաւոր, իրենց շուրջ ամէն ինչ փճացնելով: Անոնց ուժը չափելու համար կը գործածուի Ռիխթըրի աստիճանը:

Չարլզ Ռիխթըր երկրաշարժերու մասնագէտ գիտնական մըն էր: Ան կ՛ուսումնասիրէր երկրաշարժերը: Ան այս չափելու աստիճանը ստեղծած է 1932-ին: Այս չափելու միջոցը կարելիութիւնը կու տայ արժեւորելու երկրաշարժի մը ընթացքին արձակուած ուժը եւ գտնելու անոր զօրութիւնը: Ան կը սկսի 1-էն, երբ երկրաշարժի զօրութիւնը շատ թեթեւ է, մինչեւ… անսահման:

Ներկայիս արձանագրուած ամէնէն հզօր երկրաշարժը 9,5 աստիճանի էր: Անիկա պատահեցաւ Չիլիի մէջ, 1960-ին: Անոր հետեւանքները ահաւոր էին` հազարաւոր զոհեր եւ միլիոնաւոր անձեր, որոնք կորսնցուցին իրենց տուները:

* * *

Բարեբախտաբար բոլոր երկրաշարժերը այս ուժգնութիւնը չունին: Կը յայտնուի, որ ամէն օր մօտաւորապէս 2700 երկրաշարժեր տեղի կ՛ունենան: Սակայն երբ անոնց ուժը 3-էն պակաս կ՛ըլլայ, ցնցումները չեն զգացուիր մարդոց կողմէ:

Մոլորակներուն Մասին

  • Փայլածու մոլորակը մեծ մասամբ երկաթէ բաղկացած է:
  • Երկրագունդին կորիզը գրեթէ Հրատ մոլորակին չափը ունի:
  • Պոսիտոնի վրայ մէկ տարին հաւասար է երկրագունդի վրայ 165 տարիի:
  • Արուսեակը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն տաք մոլորակն է:
  • Լուսնթագը 63 լուսին ունի:
  • Ուրանոսի վրայ ձմեռը կը տեւէ 21 տարի:
  • Լուսնթագը կը կշռէ մեր արեւային դրութեան միւս բոլոր մոլորակներուն միասին ծանրութեան երկու անգամը:

Պոպի` Աշխարհի
Ամէնէն Տարիքոտ Շունը

Անցեալ շաբաթ մենք ծանօթացանք Վան Կոկ արուեստագէտ շան: Այս շաբաթ մենք պիտի ուղղուինք դէպի Փորթուգալ, ուր կ՛ապրի 30,5 տարեկան Պոպի շունը:

1 փետրուար 2023-ին Պոպի արձանագրած է զոյգ մրցանիշներ` դառնալով թէ՛ աշխարհի ներկայի ամէնէն տարիքոտ շունը, թէ՛ ալ մինչեւ հիմա արձանագրուած ամէնէն տարիքոտ շունը:

***

30 տարեկան եւ 266 օրական Պոպիի այս երկար կեանքը շատ տպաւորիչ է մանաւանդ իր տեսակի` Ռաֆաէրօ տօ Ալենթեխօ շան մը համար: Մինչ պարզ շուն մը միջին հաշուով կեանքի տեւողութիւնը 10-14 տարի է:

***

Պոպիի տէրը` Լէոնել Քոսթա, հաղորդած է, որ շունը առողջ է, նոյնիսկ եթէ անոր տեւողութիւնը եւ շարժունութիւնը երիտասարդ շան մը նման չեն: Լէոնել բացատրած է նաեւ, որ իր շունը իր ծնունդէն` 11 մայիս 1992-էն ի վեր, բացարձակ ազատութեան մէջ ապրած է: Ան բնաւ վզի կապ չէ գործածած եւ իր օրերը կ՛անցընէ պտտելով այն ագարակին մէջ, ուր ան կ՛ապրի, եւ` շուրջի փորթուգալական դաշտերուն մէջ:

***

Երկար կեանքի նախորդ մրցանիշը կը պատկանէր Պլուիի` աւստրալիական հովուաշունի մը, որ մեռած է 1939-ին: Ան ապրած է 29 տարի եւ 5 ամիս:ը պատկանէր Պլուիի` աւստրալիական հովաշունի մը, որ մեռած է 1939-ին: Ան ապրած է 29 տարի եւ 5 ամիս:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել տան հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել բազմապատկութիւնները եւ անոնց պատասխանները տախտակին մէջ:

 

Նախորդը

Պերճ Գոյումճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Շնորհակալութի՜ւն…

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In