Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամառնային Չորութիւն

Յուլիս 15, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Յատկապէս վերջին տարիներու աշխարհի կլիմային միշտ աւելի բարձր աստիճաններ արձանագրելուն պատճառով ամառները միշտ վտանգ կայ, որ բնութիւնը չորութենէ տառապի: Եւ որպէսզի մարդիկ ջուրի պակասէ չտառապին, պետութիւնները զանոնք կը մղեն ջուրի խնայողութիւն կատարել:

Սակայն ինչո՞ւ չորութիւն կրնայ պատահիլ

Բազմաթիւ հանգամանքներ կը մղեն դէպի բնական այս երեւոյթը: Օդերեւութաբանական չորութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ երկար շաբաթներ չ՛անձրեւեր: Ժամանակ մը ետք հողը ջուրի պակաս կ՛ունենայ, եւ գիւղատնտեսութիւնը կը տառապի երաշտէ: Իսկ երբ ջրային ուղիներուն եւ գետնի տակի ջրային խաւերուն մակարդակը շատ ցած կ՛ըլլայ, ընդհանուր չորութիւն կը տիրէ: Այս հարցը աշխարհի ամէն կողմը կը պատահի, եւ յատկապէս` արեւադարձային կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Մեքսիքա եւ Հնդկաստան, որովհետեւ այդ շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը շատ բարձր կ՛ըլլայ, եւ ջուրը շատ աւելի շուտ կը շոգիանայ:

Ի՞նչ են երաշտին հետեւանքները

Նախ եւ առաջ բոյսերը կը ծարաւնան, եւ բուսականութիւնը կը չորնայ: Անտառային հրդեհները կը բազմանան: Ջուրի պակասի պատճառով կարգ մը անասուններ կրնան հիւանդանալ կամ կը մղուին գաղթելու. բան մը, որ կը խախտէ բնութեան հաւասարակշռութիւնը: Մարդն ալ պէտք ունի ջուրի` ապրելու եւ իր ցած դաշտերը ջրելու համար: Ուրիշ հարց մըն ալ կը յառաջանայ.  չորցող հողերը նուազ դիւրութեամբ կրնան ծծել անձրեւներուն ջուրը: Հետեւաբար ջրային ուղիները կրնան յորդիլ եւ քաղաքները ողողել:

Սակայն մարդ արարածը միայն չորութեան զոհ մը չէ. կարգ մը պարագաներու ան նաեւ պատասխանատու է, որովհետեւ ան հարցը կը ծանրացնէ: Երկրագործութիւնը եւ ճարտարարուեստը մեծ քանակով ջուր կը սպառեն: Իւրաքանչիւր տան մէջ նաեւ պէտք է խուսափինք ջուրի վատնումէն` պահպանելու համար ջուրը, որ շատ թանկագին տարր մըն է մեր կապոյտ մոլորակին համար:

Ինչպէ՞ս Զովացնել Մեր Մարմինը,
Երբ Օդը Շատ Տաք Է

Ամառնային տաք օրերը արդէն սկսած են, եւ այս արձակուրդի օրերուն շատ հաճելի է երթալու ո՛չ միայն ծով, այլ նաեւ` դաշտագնացութեան, հեծիկով պտոյտներ կատարելու, բնութեան մէջ պտտելու: Սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ տաք օդը կրնայ ազդել մեր մարմինին վրայ, հետեւաբար ահաւասիկ քանի մը թելադրանքներ` չհիւանդանալու համար:

* * *

1.- Շատ ջուր խմել

Ասիկա մեր մարմինին կարելիութիւն կու տայ ջուրի պակասէ չտառապելու: Ասիկա շատ կարեւոր է, երբ օդը շատ տաք է: Սակայն, ուշադրութի՛ւն, շաքարոտ խմիչքները նոյն մեծ ազդեցութիւն չունին, որքան ջուրը` զովանալու համար:

2.- Լայն եւ բաց գոյնով հագուստներ հագուիլ

Տաք օդին, երբ մենք սեւ հագուստներ կը հագուինք, աւելի տաք կը զգանք: Մութ գոյները լոյսը «կը ծծեն», եւ ասիկա տաքութիւն կը յառաջացնէ:

3.- Խուսափիլ ծանր մարզանքներէ

Երբ մենք մարզանք կ՛ընենք, մեր մարմինը կը տաքնայ: Հետեւաբար պէտք է միշտ յիշենք ջուր խմելու մասին: Եւ այս օրերուն նախընտրելի է աւելի թեթեւ մարզանքներ ընել, ինչպէս` քալել կամ լողալ:

4.- Զովացուցիչ լոգանք առնել

Մեր մորթը թրջելը կարելիութիւնը կու տայ, որ ան շուտով զովանայ:

5.- Շուքին մնալ

Կիզիչ արեւուն տակ մնալը վտանգաւոր կրնայ ըլլալ: Կրնանք արեւահար ըլլալ, հետեւաբար պէտք է միշտ գլխարկ մը ունենալ եւ անշուշտ մեր դէմքին ու թեւերուն վրայ յատուկ քրեմ քսել:

Մտածենք

Հինգ Քոյրեր

Հինգ քոյրեր ծնած են տարբեր ամիսներու եւ տարբեր օրեր: Հետեւելով բացատրութիւններուն` փորձէ գտնել, թէ իւրաքանչիւր քոյր ո՛ր ամսուն եւ ո՛ր օրը ծնած է:

* * *

1 –  Փաթիլը ծնած էր մարտին, բայց` ո՛չ շաբաթ օր մը: Իսկ Անիին ծննդեան օրը ո՛չ ուրբաթ էր, ո՛չ ալ չորեքշաբթի:
2 – Այն աղջիկը, որուն ծննդեան օրը երկուշաբթի էր, տարուան ընթացքին Ծովակէն եւ Մարալէն առաջ ծնած էր:
3 – Թալինը փետրուարին չէր ծնած, եւ անոր ծննդեան օրը շաբաթավերջին էր:
4 – Մարալը դեկտեմբերին չէր ծնած, ո՛չ ալ` շաբաթավերջի մը: Իսկ այն աղջիկը, որուն տարեդարձը յունիսին էր, կիրակի օր մը ծնած էր:
5 – Թալինը ծնած էր Ծովակէն առաջ, որուն ծննդեան օրը ուրբաթ չէր: Իսկ Մարալը յուլիսին չէր ծնած:

Ներկէ՛

Ներկէ ըստ թիւերուն, յայտնաբերելու պահուած պատկերը:

– 1 – 25  նարնջագոյն
– 26 – 50 սեւ
– 51 – 75 կապոյտ
– 76 – 100 կանաչ
– Պարապ տուփիկները ճերմակ են:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել արեւուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող  տեղերը տախտակին մէջ:
Նախորդը

Խափանե՛նք Նոր Նահանջը

Յաջորդը

Ոսկի Սրտով Եւ Հիացմունք Պատճառող Լաւատեսութեամբ Լի Նարինէին*

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?