Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոնի Մէջ. Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն

Մարտ 25, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճափոնը մարդիկը վարժեցուցած է միշտ նոր եւ իւրայատուկ առաջարկներ կատարելով եւ սովորութիւններ ստեղծելով` թէ՛ իր բնակիչներուն եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհին համար: Ասոնց կարգին է ամէնէն իւրայատուկ գաղափարներէն մէկը` աղբ հաւաքելու աշխարհի առաջին ախոյեանութիւնը:

***

Անոնք, որոնք առիթը ունեցած են այս երկիրը այցելելու, նշմարած են, որ ան աշխարհի ամէնէն մաքուր երկիրներէն մէկն է: Անոր փողոցները այնքան մաքուր են, որ նոյնիսկ դիտահորերը իսկական գեղարուեստական գործեր են: Այս վարուելակերպին մենք կը հանդիպինք նոյնիսկ Ճափոնէն դուրս, ինչպէս, օրինակ, ֆութպոլի վերջին ախոյեանութեան, երբ խաղերէն ետք ճափոնցի համակիրները նստարաններուն բաժինները կը մաքրէին դաշտէն ելլելէ առաջ, մինչ մարզիկները կը մաքրէին իրենց հանդերձարանները:

***

Այս ձեւով, այս լաւ պատկերը յաւերժացնելու եւ մաքրելու աշխատանքը աւելի հաճելի դարձնելու համար 2008 թուականին Ճափոնը կը հնարէ «Սփոկոմի» ազգային մարզաձեւի մրցանքը, սփոկոմի` ճափոներէն «մարզանք» եւ «աղբ» բառերու կրճատումներէն կազմուած է:

Եւ որովհետեւ այս ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն կը յառաջացնէ իր ժողովուրդին մէջ, Ճափոնը կը մտադրէ շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ համախմբող իրադարձութիւն մը կազմակերպելու: Այս ձեւով, յառաջիկայ նոյեմբեր ամսուն Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ, աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, աղբեր հաւաքելու առաջին աշխարհի ախոյեանութիւնը:

Ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ այս ախոյեանութիւնը: Մօտաւորապէս քսան երկիրներէ եկած մասնակցողները պիտի կազմեն երեք անձերէ բաղկացած խումբեր եւ պիտի հաւաքեն ամէնէն մեծ թիւով աղբերը` ճշդուած շրջանի մը մէջ, ճշդուած ժամանակի մը ընթացքին, ապա իւրաքանչիւր խումբ պէտք է զտէ, վերամշակէ եւ աղբերը բաժնէ յատուկ տոպրակներու մէջ:

Այս առիթով կազմակերպիչ հաստատութիւնը` «Նիփոն ֆաունտէյշըն», կը փափաքի աղբերու հաւաքը եւ զտումը միջազգային մարզաձեւի մը վերածել` մարդոց իմացնելու եւ քաջալերելու համար վերամշակումի եւ աղբերու զտումի աշխատանքներուն մարզին մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ

 Ճափոնի Մասին

– Ճափոն կազմուած է 4 գլխաւոր եւ մօտաւորապէս 4000 աւելի փոքր կղզիներէ:

– Ֆուճի լեռը Ճափոնի ամէնէն բարձր հրաբուխը եւ լեռն է: Ան կազմուած է իրարու վրայ կուտակուած երեք հրաբուխներէ:

– Ճափոնի մէջ դպրոցական տարին կը սկսի ապրիլ ամսուն, երբ կեռասենիները կը ծաղկին:

– Ճափոներէն «ճափոն» բառը կը կոչուի «նիփոն», որ կը նշանակէ «արեւուն ծագումը»:

– Ճափոներէնը կը գրուի «Քանճի» կոչուած «տառերով»: Գոյութիւն ունին աւելի քան 60.000 քանճիներ: Սակայն անոնցմէ նուազ քան 2000-ը միայն կը գործածուի գիրքերուն եւ թերթերուն մէջ:

– Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին 109 հրաբուխներ:

– Դեկտեմբեր ամսուն ճափոնցիները կը կազմակերպեն «տարին-մոռնալու-հաւաքոյթներ»` պոնենքայներ, անցնող տարուան հարցերը իրենց ետեւը ձգելու համար:

– Թոքիոյի Ձուքիճի շուկային մէջ ամէն օր կը ծախուին աւելի քան 2 թոն ձուկ եւ ծովային անասուններ:

– Ճափոնի մօտաւորապէս 73 առ հարիւրը լեռներով ծածկուած է:

– Քարաօքէն, որ կը նշանակէ «պարապ նուագախումբ», ծնած է Ճափոնի մէջ, 1970-ական թուականներու սկիզբը:

– Բրինձը ճափոնցիներուն սննդականոնին մէջ այնքան մեծ տեղ կը գրաւէ, որ «Կոհան» բառը, որ կը նշանակէ «եփուած բրինձ», կը նշանակէ նաեւ «ճաշ»:

– Ճափոնի մէջ մարդիկ իրաւունք ունին գործի վայրին մէջ կէսօրէ ետք քնանալու, պայմանաւ որ անոնք կռնակնին ուղիղ պահեն:

Նոր Մրցանիշ Մը`1300
Քառակուսի Մեթր Փիցցա Մը

Այս տարի արձանագրուած առաջին նոր մրցանիշներէն մէկը եղաւ «Փիցցա հաթ»-ի պատրաստած 1300 քառակուսի մեթր մեծութեամբ փիցցան:

Այս «քաջագործութեան» իրականացումը կարօտեցաւ երկու օրուան աշխատանքի: Այս ձեւով, յունուար ամսուն սկիզբը, «Փիցցա հաթ»-ի տասնեակ մը փիացցայօլօներ (Փիցցա պատրաստող մասնագէտ) հաւաքուեցան Լոս Անճելըսի «Քոնվենշըն Սենթըր»ին մէջ, որովհետեւ նման փիցցայի մը պատրաստութիւնը կը կարօտէր ընդարձակ վայրի մը:

Փիցցայի պատրաստութեան համար գործածուեցան` 6192 քիլօ խմոր, 2245 քիլօ լոլիկի թացան, 4000 քիլօ պանիր եւ մօտաւորապէս 630496 շերտ փեփըրոնի:

Փիցցայօլոները միասնաբար բսացին խմորը, տարածեցին թացանը եւ, վերջապէս, աւելցուցին միսն ու պանիրը, մարտահրաւէրը աւելի դժուարացաւ, երբ փիցցան եփելու ժամանակը հասաւ: Անոնք ստիպուեցան զայն եփել բաժին առ բաժին, որովհետեւ 1300 քառակուսի մեթր մեծութեամբ փուռերը հազուագիւտ են: Լամբերու յատուկ դրութիւն մը շինուեցաւ` եփելու ընդամէնը 68 հազար բաժինները:

Վերջապէս, որպէսզի ուտելիքի ո՛չ մէկ վատնում ըլլայ այս գործողութենէն ետք, փիցցայի բոլոր կտորները ղրկուեցան բարեսիրական հաստատութիւններու:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան: Բազմաթիւ լուծումներ գոյութիւն ունին:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել, թէ իւրաքանչիւր առարկայէ քանի՞ հատ գոյութիւն ունի պատկերին մէջ:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Ներկէ` ըստ գումարումներուն պատասխաններուն:
14- վարդագոյն, 15-կանաչ, 16- կարմիր, 17-դեղին, 18-նարնջագոյն:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պանիր Ու Հաց

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?