Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Գարունը 21 Մարտին Կը Սկսի

Ապրիլ 1, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս թուականը կ՛որոշուի ըստ աստղագիտական երեւոյթի մը: Սակայն գիտէ՞ք, թէ գարունը նաեւ վերածնունդի եղանակն է, եւ ան յաճախ կ՛ընկերակցի երջանկութեան գաղափարին հետ:

* * *

Այս տարի երկուշաբթի 21 մարտը գարնան առաջին օրն էր: Այս գարնանային եղանակը պիտի երկարի մինչեւ 21 յունիս 2023: Ցերեկային ժամերը աւելի պիտի երկարին, Օդը աւելի պիտի մեղմանայ: բնութիւնը պիտի սկսի ծաղկիլ, անասունները իրենց ձմեռնային քունէն պիտի արթննան, գաղթած թռչունները պիտի վերադառնան: Գարունը վերանորոգումը խորհրդանշող եղանակն է:

* * *

Սակայն գիտէի՞ք, թէ գարունը միշտ 21 մարտին չսկսիր: Այս թուականը կ՛որոշուի ըստ գիշերահաւասարի օրուան: Այսինքն` տարուան այն օրը, երբ արեւը կ՛անցնի հասարակածին վրայէն: Հասարակածը այն երեւակայական գիծն է, որ երկրագունդը կը բաժնէ երկու հաւասար հեռաւորութիւներու` մինչեւ բեւեռները: Այս թուականին ցերեկին տեւողութիւնը հաւասար է գիշերուան տեւողութեան: Տարուան ընթացքին գոյութիւն ունին երկու վայրկեաններ, երբ այս երեւոյթը կը պատահի, գարնան եւ աշնան:

Ամրան եւ ձմրան համար թուականները կ՛որոշուին ըստ արեւադարձի օրերուն. երբ ցերեկը ամէնէն երկարն է` ամրան պարագային, եւ երբ ցերեկը ամէնէն կարճն է` ձմրան պարագային:

* * *

Գարունը յաճախ կը նշուի իբրեւ երջանկութեան եղանակը: Արեւուն ճառագայթներուն վերադարձը մարմնին կարելիութիւնը կու տայ Տէ. կենսանիւթ ամբարելու: Ասոր կողքին, արեւը կ՛օգնէ մելաթոնինի, սերոթոնինի եւ տոփամինի արտադրութեան: Ասոնք հորմոններ են, զորս մեր մարմինը կ՛արտադրէ. անոնք մեծ դեր կը խաղան մեր տրամադրութեան պարագային:

Մեղմ ջերմաստիճանը շատ լաւ առիթ կը դառնայ պտտելու եւ գաղափարներ փոխելու: Բնութիւնը կը գունաւորուի` ծառերը ծաղիկներով ծածկելով, կարելի է լսել թռչուններուն երգը: Անշուշտ գարունը առիթ մըն է նաեւ շատերու համար տան մեծ մաքրութիւն մը ընելու:

* * *

Անասուններուն մեծ մասը կը ծնի գարնան: Այս եղանակը ամէնէն յարմար ժամանակն է, որովհետեւ աւելի ուտելիք կայ թէ՛ մօր, թէ՛ ալ ձագուկին համար:

Ձմրան ընթացքին բազմաթիւ անասուններ, ինչպէս` սկիւռները եւ ոզնիները, ձմեռնային քունի մէջ կը մտնեն (կը ձմեռեն), անոնք կը քնանան իրենց ուժերը խնայելու համար: Գարնան անոնք կ՛արթննան իրենց քունէն: Նապաստակները իրենց ծակէն դուրս կ՛ելլեն: Մենք կը լսենք ծիծեռնակներ, որոնք կ՛երգեն, թրթուռները թիթեռնիկի կը վերածուին:

Ձեռային Աշխատանք

Զատկուան Սեղանին Վրայ

Ա.- Հաւկիթներու պարտէզ մը

– Այս տարի, փոխանակ գոյնզգոյն հաւկիթները պարզ ամանի մը մէջ դնելու, անոնցմով շինէ փոքրիկ պարտէզ մը, որ նաեւ պիտի զարդարէ տօնական սեղանը եւ գարնանային գեղեցիկ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծէ:

Այս ձեռայինը պիտի կարենաս իրագործել տան մէջ գտնուող առարկաներով. խաւաքարտէ տուփ մը, թուղթէ թաշկինակի խաւաքարտէ պատատներ, գունաւոր թուղթեր կամ բարակ խաւաքարտեր, ներկ, խէժ…

– Պարտէզին յատակին համար կրնաս գործածել խաւաքարտէ տուփ մը, կամ կտրել խաւաքարտի կտոր մը:

– Եթէ տուփի մը վարի բաժինը գործածեցիր, շուրջի պատերուն վրայ կրնաս պզտիկ ձեռային աշխատանքի յատուկ փայտիկներ փակցնել ցանկապատը կազմելու համար: Այլապէս, ցանկապատը կրնաս շինել պզտիկ խաւաքարտէ ցպիկներ կտրելով եւ զանոնք տուփին շուրջ փակցնելով:

– Կանաչ թուղթ մը թել-թել կտրէ, պարտէզին մէջ խոտին համար եւ զանոնք փակցուր յատակին վրայ: Եթէ կանաչ թուղթ չունիս, կրնաս պարզապէս ճերմակ թուղթ գործածել եւ զայն ներկել կանաչ:

– Գունաւոր թուղթերուն վրայ գծէ եւ կտրէ ծաղիկներուն թերթերը, զանոնք փակցուր թուղթէ պատատին ծայրը եւ ապա պատատին շուրջ փակցուր կանաչ թուղթ:

– Ծաղիկներդ պատրաստ են, կրնաս զանոնք զետեղել «պարտէզիդ» մէջ:

Բ.- Զատկուան քափքէյք

– Պէտք պիտի ունենաս` 150 կրամ փոշի շաքարի, 150 կրամ ալիւրի, կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 4 հաւկիթի, քիչ մը վանիլլայի, 125 կրամ հալած կարագի, 80 միլլիլիթր կէս իւղոտ կաթի, տուրմէ փոքր հաւկիթներու, քափքէյքի թուղթէ կաղապարներու, 300 կրամ քրեմ չիզ տեսակի պանիրի, շաքարի:

– Խորունկ ամանի մը մէջ իրարու հետ զարկ հաւկիթները եւ շաքարը, մինչեւ որ խառնուրդը ճերմկի: Աւելցուր հալած կարագը եւ դարձեալ զարկ:  Վերջապէս, աւելցուր նաեւ կաթը եւ վանիլլան դարձեալ զարկ:

– Այս հեղուկ խառնուրդին վրայ աւելցուր ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը, շատ լաւ խառնէ:

– Թուղթէ կաղապարները փուռի ափսէին վրայ շարէ եւ անոնց մէջ բաժնէ խմորը (լեցուր մինչեւ կաղապարին 3/4-ը):

– Քափքէյքերը եփէ փուռին մէջ 180 աստիճան տաքութեամբ, 15 վայրկեան: Ատամնակրկիտ մը անոնց մէջ մխրճելով` ստուգէ, թէ եփա՞ծ են: Եթէ ցպիկը ամբողջութեամբ չոր դուրս ելլէ, կը նշանակէ, որ անոնք եփած են: Փուռէն հանէ եւ ձգէ, որ պաղին:

– Մինչ այդ խորունկ ամանի մը մէջ քրեմ պանիրը դիր եւ զայն մեքենայով զարկ` նոյն ատեն քիչ-քիչ շաքարը աւելցնելով, ըստ քու նախընտրած քաղցրութեան:

– Կոր ծայրով դանակով մը փոս մը բաց քափքէյքերուն կեդրոնը եւ տուրմէ փոքր հաւկիթը մէջը դիր, եւ ապա զայն ծածկէ պանիրի քրեմով:

– Կրնաս նաեւ քափքէյքերը զարդարել գունաւոր շաքարներով:

Գ.- Նապաստակէ քափքէյքեր

– Քափքէյքերդ եփելէ ետք, աւելի տօնական կերպարանք տալու համար կրնաս զանոնք նապաստակներու վերածել եւ հրամցնել Զատկուան ճաշէն ետք ընտանիքի անդամներուդ եւ բարեկամներուդ:

– Այս ձեռայինին համար պէտք պիտի ունենաս` փինկ-փոնկի գնդակներու, փայտէ ցպիկներու, կամ ատամնակրկիտներու, սեւ ներկի, խաւաքարտի, մկրատի եւ խէժի:

– Կրնաս գործածել ճերմակ կամ գունաւոր փինկ-փոնկի գնդակներ: Ըստ գնդակի գոյնին, ընտրէ նոյն գոյնի խաւաքարտ` նապաստակին ականջներուն համար:

– Գնդակներուն վրայ սեւ մատիտ ներկով գծէ նապաստակներուն աչքերը, քիթը, բերանը:

– Խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ նապաստակներուն ականջները, անոնց ծայրը ծալէ:

– Ականջներուն ծալած ծայրին վրայ զօրաւոր խէժ դիր եւ զանոնք փակցուր նապաստակի գլուխներուն վրայ:

– Եթէ փայտէ ցպիկներդ երկար են, չափահասէ մը խնդրէ, որ զանոնք կտրէ մօտաւորապէս 6-7 սմ: Ցպիկին տափակ բաժինը փակցուր նապաստակին գլխուն տակ: Լաւ բռնէ, մինչեւ որ չորնայ:

– Նապաստակներուն գլուխները պատրաստ են: Ցպիկին սուր բաժինը մխրճէ քափքէյքին մէջ` նապաստակդ ամբողջացնելու համար:

– Բարի՛ զուարճութիւն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 10 փոքրիկ հաւկիթները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Նախորդը

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Անդրանիկ Ժողովի Գումարման 100-Ամեակին Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ Պատանեկան Միութիւններու Դիւաններու Խորհրդանշական Ժողով

RelatedPosts

Վերամուտ.  Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը
Մանկապատանեկան

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Սեպտեմբեր 23, 2023
Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը
Մանկապատանեկան

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Սեպտեմբեր 16, 2023
Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը
Մանկապատանեկան

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Սեպտեմբեր 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In