Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մենք այս օրերուն կլիմայական տարօրինակ վիճակ մը կ՛ապրինք` ձմրան համար անբնական ջերմաստիճաններ արձանագրելով: Սաստիկ ցուրտէ ետք, յանկարծ ջերմաստիճանը կ՛արձանագրէ փետրուար ամսուան համար անբնական բարձր ջերմաստիճաններ… Արդեօք երկրագունդը կլիմայական նոր շրջա՞ն մը կ՛ապրի:
* * *
Երկրագունդը արդէն ապրած է կլիմայական փոփոխութիւններու տարբեր շրջաններ: Արդեօ՞ք ան անցած է ներկայի տաք կլիմայի աւելի տաք շրջաններ: Կլիմայի մասնագէտները կը բացատրեն:
* * *
Երկրագունդի կլիմային պատմութիւնը արխիւներու մէջ արձանագրուած է, սակայն այս արխիւները թուղթէ չեն: Անոնք երկրային «արխիւներ» են: Անոնք բեւեռներու շրջաններու մէջ գտնուած սառոյցներ են: Այդ շրջաններու մէջ գոյութիւն ունին սառոյցի մեծ քանակներ, որոնք հազուադէպօրէն կը հալին: Այդ սառոյցներէն ստեպղինի նման գլաններ երբ հանենք, մենք կրնանք տեսնել տարբեր խաւերը եւ վերադառնալ մինչեւ 20 հազար տարի ետ: Այդ խաւերուն մէջ բանտարկուած օդի պղպջակներուն մէջ կարելի է չափել, օրինակի համար, ջրածինի, թթուածինի… հիւլէները: Այս ձեւով մենք տեղեկութիւններ կրնանք քաղել ջերմաստիճաններուն մասին:
«Արխիւներ» կարելի է գտնել նաեւ ովկիանոսներուն յատակի խաւերուն մէջ: Ովկիանոսներու յատակը հաւաքուած այս մասնիկները իրենց մէջ տեղեկութիւններ կը պահեն: Օրինակի համար, ջուրին բաղադրութեան եւ ջերմաստիճանին հետ յարմարող բրածոներէն կարելի է կլիմայի մասին տեղեկութիւններ քաղել:
Քարայրներու մէջի ջուրի կրահողէն կազմուած կոնաձեւ քարերն ալ (սթալակմիթ) ուրիշ տեսակի «արխիւներ» են: Այդ քարերէն կարելի է քաղել տեղեկութիւններ ցամաքամասերու կլիմաներուն մասին:
Կան նաեւ լիճերու յատակի խաւերը, բուստերը, կիզահողի հանքերը: Այս շրջաններուն մէջ կարելի է վերլուծել քիմիական տարրերը, թթուածինը, բնածուխը, սակայն նաեւ` բեղմնափոշին… Բոլոր այս տարրերը կը փոխուին` ըստ ջերմաստիճանին, ջուրի հոսանքին… եւ բազմաթիւ տեղեկութիւններ մեզի կը փոխանցեն:
Աւելի մօտ ժամանակաշրջաններու կլիմային մասին գիտնալու համար, ինչպէս նաեւ եղանակներու զարգացումներուն մասին տեղեկանալու համար ամէնէն լաւ միջոցներէն են ծառերու կոճղերու օղակները, շինարարութեան համար գործածուած փայտի կտորները: Անոնց միջոցով մենք կրնանք մինչեւ միջին դարերը վերադառնալ:
Սակայն այս աշխատանքներուն մէջ ամէնէն կարեւորը այս տեղեկութիւններուն վերաբերեալ թուականները ճշդելն է: Կարգ մը «արխիւներու» պարագային, ինչպէս` քարայրներու կոնաձեւ քարերը, այս աշխատանքը դիւրին է եւ կարելի է մինչեւ 600 հազար տարի ետ երթալ: Սակայն ուրիշ «արխիւներու» թուականը որոշելը կրնայ շատ դժուար ըլլալ:
* * *
Այս «արխիւներուն» հայթայթած տեղեկութիւններուն շնորհիւ` մենք գիտենք, որ երկրագունդը ապրած է տաք եւ պաղ կլիմայի տարբեր շրջաններ: Այս ձեւով մենք ներկայիս կ՛ապրինք տաք կլիմայի ժամանակաշրջան մը 10 հազար տարիներէ ի վեր: Անոր նախորդած էր սառցակալութեան շրջան մը: Արդի մարդ արարածը մեր շրջաններուն մէջ հասած է 40 հազար տարիներ առաջ, այսինքն` սառցակալութեան ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Անկէ առաջ երկրագունդը ապրած էր երկու սառցակալութեան ժամանակաշրջաններու միջեւ աւելի տաք ժամանակաշրջան մը:
* * *
Ժամանակի ընթացքին գոյութիւն ունեցած են շատ արագ կլիմայական փոփոխութիւններ, որոնց ընթացքին էքօսիստեմներ մէկ շրջանի մը մէջ իրարու հետ ապրող էակներ անհետացած են:
Բնական կլիմայական փոփոխութիւններու մթնոլորտի մը մէջ կարգ մը կենդանի էակներ կրնան գաղթել: Սակայն ներկայի աշխարհին մէջ մարդ արարածները մեծ թիւով են եւ գրեթէ ամբողջ տարածքը կը գրաւեն: Այս ձեւով անոնք արգելք կ՛ըլլան եւ կը սահմանափակեն տեղափոխութիւններու կարելիութիւնները:
Ասոր կողքին, կլիմայական այս փոփոխութիւնները շատ աւելի արագ կ՛ընթանան, քան` տաք ժամանակաշրջաններու բնական հոլովոյթը: Սովորաբար տաք ժամանակաշրջանները աւելի կայուն կ՛ըլլան:
Չմոռնանք նաեւ, որ մարդկային յառաջդիմութիւններուն պատճառով մթնոլորտին մէջի բնածխական կազի հաւասարակշռութիւնը կը խախտի: Այս բնածխական կազն է, որ կը կարգաւորէ կլիման: Հետեւաբար մենք անհաւասարակշռութիւն կը յառաջացնենք միլիոնաւոր տարիներ կայուն վիճակի մը մէջ:
* * *
Պէտք է ըսել, որ երկրագունդը ապրած է ներկայի միջին ջերմաստիճաններէն աւելի բարձր աստիճաններ` միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Կրնայ ըլլալ, որ այդ ժամանակաշրջանին հոյամողէսները գոյութիւն ունէին, սակայն մարդ արարածը տակաւին չէր յայտնուած:
Այժմ մեր գլխաւոր նպատակը մոլորակը փրկելը չէ. ան ուրիշ դժուար կացութիւններ ապրած է, եւ ան պիտի չանհետանայ: Աշխատանքները պէտք է կեդրոնացուին` փրկելու մարդիկը եւ էքօսիստեմները: Այո՛, ասիկա քիչ մը տպաւորիչ կը թուի, սակայն պէտք է յոյսը պահել, լուծումներ գոյութիւն ունին: Կեդրոնանանք լուծումներուն վրայ:
Հետաքրքրական
Լուսնթագի Շուրջ` 12 Նոր Լուսիններ
Աստղագէտներ գտած են Լուսնթագ մոլորակին շուրջ դարձող նոր 12 բնական արբանեակներ:
Այսուհետեւ անոնք գիտեն, որ այս մոլորակը նուազագոյնը 92 լուսիններ ունի: Այսինքն` Երեւակ մոլորակին մեզի ծանօթ 83 լուսիններէն 9 լուսին աւելի: Մինչ մեր երկրագունդը ունի միակ բնական արբանեակ մը` լուսինը:
Այս նոր գտնուած 12 լուսինները պզտիկ են եւ Լուսնթագէն շատ հեռու կը գտնուին: Անոնք մոլորակին շուրջ լման շրջան մը կը կատարեն աւելի քան 340 օրէն: Մինչ մեր լուսինը երկրագունդին շուրջ լման շրջանակ մը կը դառնայ նուազ քան 28 օրէն:
***
ԳԻՏԷԻ՞Ր, թէ հռոմէական դիցաբանութեան մէջ Լուսնթագը երկինքի աստուածն էր: Ան հռոմէական դիցաբանութեան գլխաւոր աստուածն է:
Ի՞նչ Գիտենք Լուսնթագի Մասին
– Ան կազէ հսկայ մըն է: Ան երկագունդէն 11 անգամ աւելի մեծ է եւ` արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ մոլորակը. սակայն հակառակ երկրագունդին, որ ժայռոտ է, Լուսնթագը կազէ բաղկացած է: Մասնագէտները կը մտածեն, որ ան գետին չունի. անջրպետանաւ մը չի կրնար հոն իջնել:
– Լուսնթագի շուրջ գունաւոր երիզները կազի ամպեր են: Այս ամպերը դէպի բոլոր ուղղութիւնները կը շարժին եւ յաճախ ցուրտ կ՛ըլլայ անոնց բարձր բաժիններուն շրջանին մէջ: Լուսնթագի մթնոլորտին մէջ ուժեղ քամիներ կը փչեն:
– Լուսնթագը բարակ եւ բաց գոյնով օղակներ ունի: Անոնք փոշիէ կազմուած են: Հակառակ Երեւակի օղակներուն` անոնք շատ տեսանելի չեն:
– Երկրագունդէն հսկայ կարմիր-նարնջագոյն «բիծ» մը կը տեսնուի Լուսնթագի վրայ: Անիկա հսկայական փոթորիկ մըն է, որ Լուսնթագի վրայէն կ՛անցնի հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր:
– Լուսնթագը ինքն իր վրայ կը դառնայ 10 ժամէն (մինչ երկրագունդը` 24 ժամէն), իսկ արեւուն շուրջ անոր շրջանը կը տեւէ 12 տարի, մինչ երկրագունդը արեւուն շուրջ լման շրջանակ մը կ՛ընէ 1 տարիէն:
– Լուսնթագը շրջապատուած է նուազագոյնը 92 լուսիններով: Այս բնական արբանեակները մոլորակին շուրջ կը դառնան, ինչպէս որ լուսինը երկրագունդին շուրջ կը դառնայ: Լուսնթագի ամէնէն մեծ արբանեակներն են Կանըմիտ, Իօ, Եւրոպա եւ Քալիսթօ:
Ժամանց



