Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օզոնի Խաւին Վիճակը Կը Բարելաւուի

Յունուար 28, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

2023 տարուան առաջին լուրերէն մէկը լաւ լուր մըն էր: Երկուշաբթի, 9 յունուարին գիտնականները զայն յայտարարեցին. օզոնի խաւը սկսած է վերակառուցուիլ:

Օզոնի խաւը երկրագունդի մթնոլորտէն այն բաժինն է, որ մեր մոլորակը կը պաշտպանէ արեւուն վտանգաւոր ճառագայթներէն: Անիկա անհրաժեշտ է մեզի համար: Արդ, 1980-ական թուականներէն ի վեր ան փճացած էր մարդոց գործունէութեան պատճառով մթնոլորտին մէջ արձակուած կարգ մը կազերուն պատճառով:

1987 թուականին 195 երկիրներ արգիլեցին այս կազերուն արտադրութիւնը եւ գործածութիւնը: Այս որոշումը արդիւնաւէտ եղաւ: Կամաց-կամաց օզոնի խաւը սկսաւ վերակառուցուիլ, ասոր մէջ յառաջացած ծակը սկսաւ գոցուիլ: Գիտնականները կը նախատեսեն, որ 40 տարիէն ան պիտի կարենայ վերագտնել… 40 տարի առաջուան իր նախկին վիճակը:

Սակայն, անշուշտ, այս հանգրուանին հասնելու համար պէտք չէ նախաձեռնել նոր ծրագիրներ, որոնք կրնան դարձեալ վնասել օզոնի խաւին:

Ինչպէ՞ս Կը Վարուի Մեր Մարմինը
Ցուրտ Եղանակին

Ճիշդ է, որ Լիբանանի մէջ մենք տակաւին շատ մեղմ ձմեռ մը կ՛ապրինք եւ ջերմաստիճանը ձմրան եղանակի անբնականօրէն բարձր աստիճաններ կ՛արձանագրէ: Սակայն գիտէի՞ք, որ Չինաստանի մէջ ցուրտի նոր մրցանիշ մը արձանագրուած է այդ երկրին համար. ջերմաստիճանը հասած է մինչեւ -53: Ինչպէ՞ս կարելի է տոկալ նման ցուրտ օդին:

***

Մեր մարմնին տաքութիւնը միշտ 37 աստիճան է: Երբ ան այս աստիճանէն աւելի ցած կ՛իջնէ, ասիկա կը նշանակէ, որ սխալ բան մը կայ, եւ մեր մարմինը կը հակազդէ: Եթէ օդը շատ ցուրտ ըլլայ, մեր ակռաները իրարու կը զարնուին, մեր մարմնին մազերը մորթին վրայ կը տնկուին, եւ մենք կը դողդղանք: Ասոնք ֆիզիքական արտայայտութիւններ են, զորս մենք կը նշմարենք: Անոնք առաջին ազդանշաններն են, զորս մեր մարմինը կ՛ուղարկէ մեզի իմացնելու համար, թէ ինք կը մսի:

***

Երբ մեր մարմնին տաքութիւնը 35-էն նուազ կ՛ըլլայ, մենք կը գտնուինք հայփօթերմիա վիճակի մէջ: Այս պարագային, մենք շատ տկար կը զգանք, յոգնած կ՛ըլլանք, կրնանք նոյնիսկ ուշագնաց ըլլալ եւ շատ ծանր պարագաներու քոմայի մէջ մտնել ու մահանալ:

Եթէ ցուրտը շարունակէ սաստիկ զօրաւոր ըլլալ, մենք կրնանք զգալ մեր սրտի տրոփումները, որոնք աւելի արագ կը զարնեն, եւ մեր շնչառութիւնը կ՛արագանայ: Ասիկա կը պատահի, որովհետեւ մեր արեան երակները կը կծկուին: Հետեւաբար մենք աւելի արագ պէտք է շնչենք, որպէսզի արիւնը հասնի իր սահմանուած տեղը. այս պատճառով մեր սիրտը աւելի զօրաւոր եւ աւելի արագ կը տրոփէ:

Մեր արեան երակները կը նեղնան, որովհետեւ որքա՛ն մեր սրտին կշռոյթը բարձր ըլլայ, այնքան մեր մարմնին մէջ ղրկուած արեան քանակը բարձր կ՛ըլլայ: Ասիկա անհրաժեշտ է քիչ մը աւելի տոկալու այս ծայրայեղ պայմաններուն մէջ եւ պաշտպանելու համար մեր գործարանները` սիրտը, թոքերը: Երբ մեր շուրջի օդը ցուրտ է, մեր արիւնը նուազ տաք կ՛ըլլայ. այս պատճառով կարեւոր է, որ մեր գործարանները աւելի մեծ քանակով արիւն ստանան. որքա՛ն աւելի արիւն ըլլայ, այնքա՛ն աւելի տաքութիւն կը հայթայթուի:

***

Երբ օդը շատ ցուրտ ըլլայ…

– Գլխարկ մը դիր ականջներդ ծածկելու համար, վզկապ մը` վիզդ գոցելու համար, եւ ձեռնոցներ` մատներդ պաշտպանելու համար: Իսկ եթէ այս բոլորը բաւարար չեն, կրնաս հաստ փուլ-օվըրին տակէն հագուիլ քանի մը թի-շըրթ, տաք քոլան` տաբատիդ տակէն, եւ քանի մը զոյգ գուլպայ:

– Նոյնիսկ եթէ պահանջ չես զգար, մի՛ մոռնար կանոնաւոր կերպով ջուր խմելու:

– Առտու, նախաճաշին, «դանդաղ շաքարներ» կեր, այսինքն` հաց կամ քորնֆլեքս: Անոնք կ՛օգնեն մարմնիդ տաքութեան աստիճանը պահելու: Կէսօրուան ճաշին կրնաս ուտել` մաքարոնեղէն, բրինձ, ոսպ, գետնախնձոր, միս կամ ձուկ. անոնք մարմնիդ պիտի հայթայթեն ջերմուժ` ցուրտին դէմ կարենալ պայքարելու համար:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Գիտնականները կը մտածեն, որ շանաձուկերը չեն կրնար գոյները զանազանել:

– Մեծ կոկորդիլոսները կրնան մէկ տարի առանց ուտելու ապրիլ:

– Կարգ մը ձուկեր կրնան իրենց պոչերով համը զգալ:

– Կարգ մը գոզեր գանգուր մազեր ունին:

– Հիւսիսային Քորէայի մէջ արգիլուած է ճինզ տաբատ հագուիլ:

– Չինաստանի մէջ աւելի քան 30 միլիոն անձեր քարայրներու մէջ կ՛ապրին:

– Աղաւնիները իրենք զիրենք կրնան ճանչնալ հայելիին մէջ:

– Միացեալ Նահանգներու Ազատութեան արձանը ծածկող պղինձը կ՛արժէ 200 հազար տոլար:

– Նորածին երեխաները արցունք չեն արտադրեր լալու ժամանակ:

– Օրուան ընթացքին մենք մօտաւորապէս մէկ ժամ կ՛անցընենք ծամելով:

– Կորիլլաները բոյներու մէջ կը քնանան:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, ընթերցանութիւնը սիրող անձերը ընդհանրապէս աւելի ազնիւ եւ հասկցող կ՛ըլլան:

– Հաւանաբար Ափրիկէի ցամաքամասին տակ 100 անգամ աւելի ջուր կայ, քան` անոր մակերեսին վրայ:

– Մեզի ծանօթ չղջիկի 1100 տեսակներուն մէջ միայն երկուքը կրնան գետնին վրայ քալել:

– Հարիւրաւոր տարիներ առաջ մարդիկ թենիս կը խաղային իրենց ձեռքերով, առանց ռաքեթ գործածելու:

– Կարգ մը մողէզներ կանաչ ոսկորներ ունին:

– Ամսթերտամ քաղաքին մէջ շատ աւելի մեծ թիւով հեծիկ գոյութիւն ունի, քան` մարդ:

– Երկրագունդի հողերուն գրեթէ կէսը տակաւին վայրի վիճակի մէջ մնացած է:

– Լոյսի արագութիւնը անձրեւի արագութենէն 18 միլիոն անգամ աւելի է:

– Կարգ մը թռչուններ ձմեռնային քունի մէջ կը մտնեն:

– Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ շքեղ պանդոկ մը իր հիւրերուն 24 քարաթ ոսկի Այ-փատներ կը բաժնէ:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, դուն որքան վախնաս սարդէ մը, այնքան ան քեզի մեծ կը թուի:

– Կարգ մը անձեր թարթիչներու զոյգ շարքով կը ծնին:

– Անգլիոյ մէջ հաստատութիւն մը ստեղծած է պանիրի հոտ ունեցող անուշահոտ մը:

– Արուսեակ մոլորակին մակերեսին վրայ կրնաս մեծ փիցցա մը եփել 9 երկվայրկեանէն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել պատասխանները վարի տախտակին մէջ:
Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In