Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

9000 Աստիճան` Հասնելու Համար Չինաստանի Ֆանժինկշան Տաճարը

Յունիս 17, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ներկայիս մարդուն կողմէ կառուցուած ամէնէն բարձր շինութիւնը Տուպայի մէջ Պուրժ Խալիֆան է: Անոր բարձրութիւնը կը հասնի 828 մեթրի: Ճիշդ է, որ այս կառոյցը տպաւորիչ է. սակայն հարաւարեւելեան Չինաստանի մէջ լերան գագաթը թառած պուտտայական դարաւոր տաճարը շատ աւելի տպաւորիչ տեսարան մը կը պարզէ, եւ` առանց որեւէ վերելակի օգնութեան:

* * *

Ֆանժինկշան տաճարը կը գտնուի Չինաստանի Կիժու նահանգին Թոնկրեն քաղաքին մէջ, Ֆանժինկ լերան գագաթը: Այս «տաճարը» կազմուած է երկու տարբեր տաճարներէ` Պուտտայի տաճարը եւ Մայթրէյա տաճարը: Անոնք զետեղուած են սրածայր ժայռի մը Կարմիր ամպերու ոսկեգոյն գագաթին վրայ, իր 100 մեթր բարձրութեամբ` արդէն բարձր լերան մը վրայ հանգչած: Միայն քաջ այցելուները կրնան մագլցիլ մշուշով եւ ամպերու ծովով մը շրջապատուած բարձունքը, ճամբուն երկայնքին վայելելով սքանչելի բնութիւնը եւ ճարտարապետական տեսարանները:

* * *

Ծովու մակերեսէն 2336 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող այս զոյգ տաճարներուն կարելի է հասնիլ մագլցելով հազարաւոր նեղ աստիճաններ` լերան երկայնքին: Ֆանժինկշան չինարէն կը նշանակէ «պուտտայական հանգստութիւն»: Պուտտային նուիրուած Պուտտայի տաճարը կը ներկայացնէ ներկան, իսկ Մայթրէյա տաճարը կը ներկայացնէ ապագան: Իսկ տաճարներուն հասցնող ճամբուն վերջին բաժինը կը ներկայացնէ այս խորհրդանշական գաղափարը, երբ այցելուները նախ կը հասնին Պուտտայի տաճարը եւ ապա անկէ կրնան անցնիլ Մայթրէյա տաճար:

* * *

Կարմիր ամպերու ոսկեգոյն գագաթին հասնելու համար այցելուները պէտք է ֆիզիքական մեծ ճիգեր գործադրեն, որովհետեւ անոնք պէտք է մագլցին մօտաւորապէս 9000 աստիճաններ` հասնելու համար Պուտտայի տաճար. իսկ ապա միւս տաճար հասնելու համար պէտք է պարզապէս կտրել Ոսկեգոյն Սութին Կիրճի քարէ կամուրջը, որ իրարու կը միացնէ երկու գագաթները:

* * *

Ֆանժինկշան, կամ Ֆանժինկ գագաթը Ուուլինկ լեռներուն ամէնէն բարձր գագաթն է: Անիկա կազմուած է մօտաւորապէս 65 միլիոն եւ 2 միլիոն տարիներ առաջ: Անշուշտ զոյգ տաճարները շատ աւելի նոր են, սակայն յստակ չէ, թէ այս տաճարները ճիշդ ե՛րբ շինուած են: Ըստ տարբեր աղբիւրներու, անոնք կրնան շինուած ըլլալ Թանկ թագաւորութեան ժամանակ (7-10-րդ դար), կամ աւելի ուշ` Մինկ թագաւորութեան Եոնկըլի իշխանութեան ժամանակ, 1403-1425 թուականներուն միջեւ:

* * *

Շինարարական այս հրաշալիքին կողքին, Ֆանժինկշան լեռներու միջավայրը ունի նաեւ բնապահպանման վերաբերեալ մեծ կարեւորութիւն: Անիկա օժտուած է հարուստ բնական միջավայրով մը: Հոն կարելի է գտնել 3724 բոյսի տարբեր տեսակներ, ինչպէս նաեւ` աւելի 2317 անողնաւոր, եւ 450 ողնաւոր անասուններու տարբեր տեսակներ: Օրինակի համար, միայն հոն կարելի է հանդիպիլ Ֆանժինկշանի եղեւնիին եւ Կիժուի տնկուած քիթով կապիկին:

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Պաղպաղակը

Ամառնային տաք օրերուն պաղպաղակը զովանալու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու հոմանիշ է: Սակայն կարգ մը պարագաներու անիկա կրնայ դառնալ նաեւ պերճանքի առարկայ…

Այս ձեւով է, որ ճափոնական «Սելլաթօ» պաղպաղակի վաճառանիշին ստեղծագործութիւններէն մէկը արձանագրուեցաւ մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքին մէջ` իբրեւ աշխարհի ամէնէն սուղ պաղպաղակը: Անոր գինը 873,400 եէն է, այսինքն` 6,200 տոլար:

Սակայն ինչո՞ւ այս պաղպաղակը այդքան սուղ է: Պարզապէս` անոր բաղադրութեան մէջ գործածուած տարբեր նիւթերուն պատճառով: Այդ բաղադրութեան ցանկին մէջ կարելի է գտնել Իտալիոյ Ալպա շրջանին մէջ մշակուած հազուագիւտ ճերմակ թրաֆըլը, որուն գինը մօտաւորապէս 2 միլիոն եէն է, այսինքն` քիլոկրամը մօտաւորապէս 14,200 տոլար: Ասոր կողքին, պաղպաղակին մէջ կարելի է գտնել նաեւ փարմեճաննօ ռեճիանօ պանիր եւ ճափոնական սաքէ ոգելից ըմպելիէն տեսակ մը:

Ճափոնական պաղպաղակի ընկերութեան միակ նպատակը աշխարհի ամէնէն սուղ պաղպաղակին արտադրութիւնը չէր. ան կ՛ուզէր նաեւ իրարու հետ խառնել եւրոպական եւ ճափոնական նիւթեր` պաղպաղակի կերպարանքին տակ: «Սելլաթօ» ընկերութիւնը շատ գոհ է, որովհետեւ ան վերջապէս կրցած է արտադրել ճափոնցի նշանաւոր շեֆի մը միջոցով, կատարեալ համով պաղպաղակը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել աղջկան` գտնելու իր դոյլին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել վարի ցանկին մէջի թիւերուն տեղերը տախտակին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 59-րդ Լսարան. «Գերազանցութեան Կղզիներ Կան Հայաստանի Մէջ. Աշխատանքային Վարքագիծ Եւ Մշակոյթ Փոխելու Խնդիր Ունինք». Վահան Զանոյեան

Յաջորդը

Լոյսին Բոցավառ

RelatedPosts

Վերամուտ.  Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը
Մանկապատանեկան

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Սեպտեմբեր 23, 2023
Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը
Մանկապատանեկան

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Սեպտեմբեր 16, 2023
Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը
Մանկապատանեկան

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Սեպտեմբեր 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In