Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհաստանի Մէջ. Արուեստի Գործ Մը, Որ Ունի Օդը Մաքրելու 780 Ծառերու Ուժը

Յունիս 10, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Լեհաստանի Վարշաւա մայրաքաղաքին մէջ հետաքրքրական արուեստի գործ մը լոյս տեսաւ շէնքերէն մէկուն պատին վրայ: Մենք գիտենք, որ սթրիթ արթ կոչուած արուեստի գործերը կարելիութիւնը կու տան յատկապէս գեղեցկացնելու քաղաքի մը կարգ մը շէնքերու հին պատերը: Սակայն այսուհետեւ այս գունաւոր որմնանկարները կարելիութիւնը ունին հաւաքելու շրջապատող ապականած օդը` աւելի լաւ ապրելու միջավայր մը ստեղծելու համար: Այս գործերու ընդմէջէն զօրաւոր կապ մը կը հաստատուի արուեստին եւ բնութեան միջեւ:

Մարզանքի կօշիկներու նշանաւոր վաճառանիշ մը գեղարուեստական նախաձեռնութիւն մը սկսած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ` ծառեր տնկելու շրջաններու մէջ, ուր ընդհանրապէս անոնք չեն բուսնիր:

Լեհաստանի մէջ հաստատութիւնը նման ծրագիր մը յանձնած է երկու լեհ արուեստագէտներու` բնակչութեան յատուկ շէնքի մը պատին վրայ ծաղիկներու որմնանկար մը արտադրելու համար: Այս շէնքը կը գտնուի շատ մօտ փոլիթեքնիքա մեթրոյի կայանին, ուր շատ երթեւեկ կայ:

Այս որմնանկարը արտադրելու համար արուեստագէտներու խումբը գործածած է ֆոթոքաթալիթիք ներկի տեսակը, որ կրնայ մթնոլորտը ապականող մասնիկները տարբաղադրելու եւ զանոնք վերածելու անվնաս նիթրաթ նիւթի` արեւու լոյսին շնորհիւ:

Մեծ քաղաքներու գլխաւոր հարցերէն մէկն է կանաչութեան պակասը: Այդ կանաչութիւններն են, որոնք բնականօրէն կը մաքրեն շրջապատող օդը սթրիթ արթի գործերուն այս նոր պաշտօնը տալով արուեստի այս գործերը պիտի մաքրեն տարածքին օդը` կատարելով մօտաւորապէս 780 ծառերու գործը: Կօշիկի վաճառանիշին նպատակն է աշխարհին շուրջ ունենալ նոյնանման արուեստի գործեր` կատարելու համար 3000 ծառերու աշխատանքը: Անշուշտ ճամբան տակաւին երկար է, սակայն աշխատանքները լաւ ընթացքին մէջ են:

Հետաքրքրական

Իւրայատուկ Փոխադրակառքեր

Առտուն կանուխէն դպրոց երթալը երբեմն տհաճ կը թուի կարգ մը մանուկներու: Ճափոն իւրայատուկ լուծում մը գտած է, որպէսզի անոնք միշտ ուրախութեամբ ուզեն դպրոցական փոխադրակառք բարձրանալ:

Այս փոխադրակառքերը զարդարուած են փոքրիկներուն նախասիրած կերպարներուն պատկերներով: Անոնք կերպարանափոխուած են ստանալու համար մեծ կատուի մը կամ շան մը կերպարանքը, ինչպէս` Փիքաչու, Սնուփի, կամ Հելլօ Քիթի: Այս փոխադրակառքերու ընկերութիւնները չեն վարանած իրենց ինքնաշարժներուն կերպարանքը փոխելու` զանոնք վերածելու համար հաճելի եւ տարօրինակ փոխադրակառքերու: Անոնց կահաւորումը շատ յաջող է, եւ անոնց մեծ մասը ցցուն բաժիններով օժտուած է:

Իսկ եթէ դուն առիթը ունենայիր ընտրելու, ի՞նչ տեսակի փոխադրակառքով պիտի ուզէիր դպրոց երթալ:

Մտածենք

Չորս Աշակերտներու Նախասիրած Գոյները

Դասարանին մէջ կան չորս աշակերտներ, որոնք առանց իրենց տարազին ժամանած են դպրոց: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հագած է տարբեր գոյնի շապիկ, տաբատ, եւ անոնք իրենց հետ բերած են տարբեր գոյնի մատիտ եւ հեռաձայն:

Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գտնել, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ գոյնի շապիկ եւ տաբատ հագած է, եւ ի՛նչ գոյնի մատիտ եւ հեռաձայն բերած է հետը:

1.- Իւրաքանչիւր աշակերտի տարբեր տարրերը (շապիկ, տաբատ, մատիտ, հեռաձայն) չորս տարբեր գոյներ ունին:
2.- Կապոյտ շապիկ հագած աշակերտը կանաչ գոյնը չի սիրեր:
3.- Կապոյտ տաբատ հագած աշակերտը կարմիր հեռաձայն մը ունի:
4.- Նարնջագոյն հեռաձայն ունեցող աշակերտը դեղին շապիկ հագած է:
5.- Կանաչ շապիկ հագած աշակերտը սեւ մատիտ չունի:
6.- Սրճագոյն տաբատ հագած աշակերտը նարնջագոյն մատիտ ունի:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել փոքրիկ տղուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած ցանկին թիւերը:

 

Նախորդը

Իսկական Օրակարգն ու Մեր Ընտրանքը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գասպար Կարոյեան

RelatedPosts

Վերամուտ.  Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը
Մանկապատանեկան

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Սեպտեմբեր 23, 2023
Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը
Մանկապատանեկան

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Սեպտեմբեր 16, 2023
Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը
Մանկապատանեկան

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Սեպտեմբեր 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In