Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուղթը Ինչպէ՞ս Կը Շինուի

Փետրուար 18, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պարզ թուղթի կտոր մը մեզի կը ծառայէ վրան գրելու, գծելու, նոյնիսկ սքանչելի արուեստի գործեր ստեղծելու: Սակայն ինչպէ՞ս կը շինուի թուղթը:

* * *

Թուղթը կը շինուի բնաթելերէ (ֆայպըր), յաճախ` փայտի թելերէ, որոնք սելլիւլոզ կը կոչուին: Անոր պատրաստութեան համար կը գործածուի թեքնիք մը, որ հնարուած է չիներուն կողմէ, մօտաւորապէս 2000 տարիներ առաջ: Գլխաւոր փուլերը գրեթէ նոյնը մնացած են:

Նախ եւ առաջ պէտք է թելերը եւ փայտի միւս բաղադրութիւնները իրարմէ բաժնել: Այս ձեւով, ծառի կոճղերը նախ կը տրորուին, ապա կ՛եփուին ջուրով եւ քիմիական նիւթերով: Այս խառնուրդին հոտը շատ ալ հաճելի չ՛ըլլար…

Ստացուած խմորին մէջ կ՛աւելցուին ուրիշ նիւթեր` զայն աւելի ճերմակ ու տոկուն դարձնելու համար: Ապա թուղթի խմորը ջուրով կը ծածկուի, հսկայական գլաններ զայն կը ճզմեն եւ կը չորցնեն ստանալու համար թուղթի մեծ ճախարակ մը:

* * *

Արդեօք ճի՞շդ է, որ անտառները կը փճացնենք թուղթ շինելու համար: Ո՛չ անպայման, որովհետեւ կարելի է նաեւ թուղթ շինել խաւաքարտէ եւ հին թուղթերէ. սակայն թուղթը կարելի չէ վերամշակել անդադար, միայն հինգէն եօթը անգամ` առաւելագոյնը: Իսկ համակարգիչներու տպիչներու յայտնումէն ի վեր մարդիկ շատ աւելի մեծ քանակով թուղթ կը սպառեն:

Հետեւաբար թուղթի գործարանները թուղթի խմորը երբեմն ստիպուած դուրսէն կը բերեն զայն թուղթի վերածելէ առաջ: Իսկ թուղթի խմոր պատրաստող կարգ մը երկիրներու մէջ անտառները պահպանող օրէնքներ չկան, եւ այդ պատճառներով անտառներուն տարածքը կը նուազի…

Ձեռային Աշխատանք

 Ծպտուի՛նք

Եթէ տակաւին շուարած ես, կ՛ուզես ծպտուիլ Բարեկենդանի հաւաքոյթին համար, սակայն չես գիտեր ի՛նչ ընել, դուն պէտք պիտի ունենաս պարզապէս քանի մը գունաւոր թուղթերու եւ պիտի կարենաս ձեռքերդ վերածելու գունաւոր եւ հաճելի դիմակի մը:

Ա.- Դիմակը

Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս` գունաւոր թուղթի մը (քիչ մը հաստ), մատիտի, խէժի, մկրատի, շալիւմոյի մը եւ գունաւոր փակչող պիտակներու:

1.- Թուղթը երկուքի ծալէ:

2.- Ձեռքդ ծալլուած թուղթին վրայ դիր` բութամատդ ծալքին վրայ դնելով: Մատիտով ձեռքիդ շրջագծը գծէ:

3.- Թուղթը  ծալուած պահելով, ձեռքիդ շրջագիծը կտրէ` առանց կտրելու բութամատին ծալքի բաժինը:

4.- Ափին մէջ գծէ աչքը: Չափահասէ մը խնդրէ, որ աչքին ձեւը կտրէ` թուղթը դարձեալ ծալուած պահելով:

5.- Դիմակին ետեւի բաժինին ծայրը զօրաւոր խէԺով (կամ սքոչով) փակցուր շալիւմոն, որպէսզի կարենաս դիմակը աչքերուդ առջեւ բռնել:

6.- Դիմակդ զարդարէ փակչող նկարներով կամ պիտակներով: Կրնաս նաեւ դիմակիդ ուզած կերպարանքդ տալ` թռչուն, առիւծ, կատու… ուրիշ գունաւոր թուղթեր փակցնելով:

Բ.- Գլխարկը

Դիմակին կողքին, կրնաս նաեւ շինել գլխարկ մը: Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս` դարձեալ գունաւոր, քիչ մը հաստ թուղթերու, մատիտի, խէժի, մկրատի եւ զարդարելու համար` գունաւոր պիտակներու:

1.- Ճերմակ թուղթի մը վրայ գծէ եւ կտրէ գլխարկին 2 բաժինները, իրենք իբրեւ կաղապար պիտի ծառայեն:

2.- Գունաւոր թուղթերուն վրայ գծէ եւ կտրէ 6 եռանկիւն եւ 2 կամ երեք երիզ ըստ գլխուդ չափին:

3.- Երիզները ծայրը ծայրին իրարու փակցուր եւ ստացած երկար երիզիդ վրայ եռանկիւնները փակցուր:

4.- Երկար երիզէն երկու ծայրերը իրարու փակցուր` ըստ գլխուդ չափին:

5.- Հիմա կրնաս գլխարկդ ուզած ձեւովդ զարդարել` նոյնիսկ եռանկիւններուն ծայրերը փոքրիկ զանգակներ դնելով:

Բարի՛ զուարճութիւն:

Գիտէի՞ր, Թէ…

 Վայրի Անտառներու Մասին

– Վայրի անտառները, որոնք ճանչցուած են «Անձրեւային անտառներ» անունով, շատ հարուստ վայրեր են, հակառակ անոր որ անոնք կը ծածկեն երկրագունդին մակերեսին միայն 2 առ հարիւրը: Հոն կ՛ապրի երկրագունդի բոյսերուն եւ անասուններուն 50 առ հարիւրը:

– Ամէն երկվայրկեան այդ անտառներէն ֆութպոլի դաշտի մը տարածքին չափ կը փճացուի` մշակելու համար, վառելանիւթ արտադրելու, փայտ հայթայթելու, ճամբայ շինելու, անասուններուն արօտավայր ստեղծելու համար…

– Բժշկութեան մէջ գործածուած նիւթերէն 4-էն 1-ը կը պատրաստուի վայրի անտառներու մէջ գտնուող բոյսերով:

– Աշխարհի անուշ ջուրի 20 առ հարիւրը կը գտնուի Ամազոնի վայրի անտառին մէջ:

– Հոն ապրող «Ալեքսանտրա թագուհի» կոչուած թիթեռնիկին բաց թեւերուն լայնքը կը հասնի 31 սմ-ի:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ օձը` անաքոնտան, որուն երկարութիւնը կը հասնի 9 մեթրի, կ՛ապրի վայրի անտառներուն մէջ:

– Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին մեծ կապիկներու 5 տեսակներ: Այս անասուններու բոլոր տեսակներէն գոյութիւն ունին վայրի անտառին մէջ:

– Պորնէոյի կարգ մը վայրի անտառներ գոյութիւն ունին 130 միլիոն տարիներէ ի վեր:

– Փերուի վայրի անտառներուն մէջ մէկ ծառի մը վրայ կրնան ապրիլ 43 տարբեր մրջիւնի տեսակներ:

– Գետնէն մինչեւ երկինք, վայրի անտառ մը կազմուած է 4 տարբեր խաւերէ`, անտառի գետինը, ներքնայարկը, «հովանոցի» բաժինը, եւ դուրս ելլող խաւը:

– Վայրի անտառի 0,01 քառակուսի քմ-ի մէջ ծաղիկ տուող 1500 տարբեր բոյսեր գոյութիւն ունին:

– Վայրի անտառին ամէնէն բարձր ծառերուն բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 80 մեթրի:

– Վայրի անտառներու բոյսի տեսակներուն միայն 1 առ հարիւրը տակաւին ամբողջովին ուսումնասիրուած են գիտնականներուն կողմէ:

– Մեր մթնոլորտըի թթուածինին 20 առ հարիւրը կու գայ Ամազոնի վայրի անտառի ծառերէն եւ բոյսերէն:

– Աշխարհի 5 ցամաքամասերուն վրայ գոյութիւն ունին վայրի անտառներ` Ափրիկէ, Ասիա,  Աւստրալիա/Ասիա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել դիմակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները
Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր կերպարը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Նախորդը

Յաջորդը

«Աշխարհ, Այո՛, Շուռ Է Եկել»

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In