Երկրագունդը Պաղեցնելու Համար Ադամանդի Փոշի
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մեր երկրագունդի կլիմային ընդհանուր ջերմաստիճանին բարձրանալը մեծ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ: Բոլորին համար յստակ է, որ այս երեւոյթը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ երկրագունդին կեանքին եւ մարդկութեան կեանքին վրայ: Այս հարցին վերաբերեալ բազմաթիւ հետազօտութիւններ կը կատարուին: Գիտնականներ կ՛ուսումնասիրեն այն միջոցները, որոնք հիմնուած են գիտական եւ ստուգուող տուեալներու վրայ: *** Կարգ մը գիտնականներու համար ջերմաստիճանի բարձրացման դէմ պայքարելու համար միակ...




















