Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Ընթերցանութիւնը

Օգոստոս 17, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արձակուրդները ամէնէն լաւ ժամանակը եւ նոր բաներ փորձելու, նոր բաներու ծանօթանալու… Հետեւաբար մէկ կողմ ձգենք մեր փոքրիկ պաստառները եւ գիրք մը առնենք: Դուք պիտի տեսնէք, որ ընթերցանութիւնը սքանչելի բան մըն է, առաւել` ան մեզի օգտակար է:

Երբ դուն կ՛ընտրես գիրք մը, գծանկարներով պատմութիւն մը, մանկա մը կամ թերթ մը, ասիկա կը նշանակէ, որ կ՛ուզես զբաղիլ, մթնոլորտ փոխել: Եւ դուն իրաւունք ունիս. ընթերցանութիւնը մեզի հետաքրքրական արկածախնդրութիւններ կ՛ապրեցնէ: Սակայն ընթերցանութիւնը մեզի առիթը կու տայ եւ նիւթի մը մասին մեր գիտելիքները զարգացնելու, ինչպէս, օրինակի համար, տիեզերքը, պատմութիւնը, անասունները…

* * *

Սակայն ինչո՞ւ կ՛ըսեն, որ կարդալը կարեւոր է: Որովհետեւ, ըստ գիտնականներուն, ընթերցանութիւնը անհաւատալի ազդեցութիւններ ունի մեր ուղեղին վրայ: Ան մեզի նոյնիսկ աւելի խելացի կը դարձնէ:

Ինչպէ՞ս: Ամէն անգամ, երբ դուն կը կարդաս, դուն մտքիդ մէջ կ՛արձանագրես նոր բառեր, որոնք հետագային քեզի կ՛օգնեն աւելի լաւ արտայայտուելու թէ՛ բանաւոր խօսքի պարագային, թէ՛ ալ` գրաւոր խօսքի: Դուն կը սորվիս պատմութեան վրայ կեդրոնանալու` մոռնալով դուրսի աշխարհը:

Երեւակայական պատմութիւններուն շնորհիւ` դուն երեւակայութիւնդ կը զարգացնես: Կը հետախուզես անծանօթ վայրեր, տարբեր ժամանակաշրջաններ եւ կը հանդիպիս դիւթիչ էակներու: Եւ երբ քու կարգդ կու գայ հնարելու կամ ստեղծելու, գործդ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, որովհետեւ դուն ստեղծագործական կարողութիւններդ արդէն հարստացուցած էիր:

* * *

Գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան նաեւ, որ ընթերցանութիւնը սթրեսը կը նուազեցնէ: Երբ տխուր ես, ջղային, կամ անհանգիստ կը զգաս, ան քեզ կը հանդարտեցնէ եւ միտքերդ կը փոխէ: Ան կը զարգացնէ նաեւ ուրիշներու հետ զգալու կարողութիւնը, հասկնալու եւ ըմբռնելու անոնց ապրումները, որովհետեւ դուն քեզմէ շատ տարբեր անձերու միտքին մէջ կը մտնես եւ կը գիտնաս անոնց բոլոր մտածումները:

Հետեւաբար, ճամբուդ վրայ գրախանութի մը առջեւէն անցնելու ժամանակ, մի՛ վարանիր ընտրելու գիրք մը` արագօրէն օգտուելու անոր սուփըր կարողութիւններէն:

Հարցարան

 Ընդհանուր Զարգացում

1) Քանի՞ քիթ ունի խռնջայլը:
ա – 1, բ – 3, գ – 4, դ – 8:

2) Կրնա՞ս տալ անուններ` ստնաւոր անասուններու, որոնք չեն կրնար ցատկել:

3) Քանի՞ տարի կրնայ ապրիլ թիրանոսօիուս ռեքսը:
ա – 10-20 տարի, բ – 20-30 տարի, գ – 30-50 տարի, դ – 150-200 տարի:

4) Ո՞ր ստնաւոր անասունը ամէնէն երկար ժամանակը կ՛ապրի:
ա – Աղեղնաւոր կէտը, բ – փիղը, գ – ռնգեղջիւրը, դ – շանաձուկը:

5) Բանուոր մեղուները է՞գ են, թէ՞ արու:

6) Մօտաւորապէս քանի՞ աստղ գոյութիւն ունի Ծիրկաթինին մէջ:
ա – 750-900 հազար, բ – 200-500 միլիոն, գ – 10-20 միլիառ, դ – 150-250 միլիառ:

7) Ո՞րն է երկրագունդին ամէնէն մօտիկ մոլորակը:
ա – Հրատը, բ – Փայլածուն, գ – Լուսնթագը, դ – Արուսեակը:

8) Ո՞ր մոլորակին վրայի մէկ օրը կը տեւէ երկրագունդին վրայ 8 ամսուան չափ:
ա – Հրատ, բ – Փայլածու, գ – Լուսնթագը, դ – Արուսեակ:

9) Ո՞րն էր անջրպետ գացող առաջին անասունը:
ա – Մուկ մը, բ – կատու մը, գ – շուն մը, դ – կապիկ մը:

10) Ո՞ր ուտելիքը գլխաւորաբար կը գործածուի կուաքամոլ պատրաստելու համար:
ա – Եգիպտացորեն, բ – լոլիկ, գ – սոխ, դ – աւոքատօ:

11) Ամերիկաի մէջ ո՞րն է ամէնէն շատ ապսպրուած ուտելիքը:
ա – Համպըրկըր, բ – տապկուած հաւ, գ – Հոթ տոկ, դ – սուշի:

12) Ո՞րն է աշխարհի մրցանիշը մէկ անգամով ամէնէն շատ հոթ տոկ ուտելուն:
ա – 25, բ – 74, գ – 83, դ – 91:

13) Ո՞ր պտուղը աւելի շաքար կը պարունակէ, ելա՞կը, թէ՞ կիտրոնը:

14) Ո՞րն է Միացեալ Նահանգներու մէջ տուրմի ամէնէն մեծ ընկերութիւնը:
ա – Նեսլէ, բ – Հըրշիզ, գ – Քատպըրի, դ – Վան Հութըն:

15 ) Ո՞ր երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին աշխարհի ամէնէն երկար սահմանները:
ա – Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, բ – Ռուսիա եւ Չինաստան, գ – Չինաստան եւ Հնդկաստան, դ – Արժանթին եւ Չիլի:

Պատասխանները՝ վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Ո՞ր ձեւերուն պէտք պիտի ունենաս վերակազմելու համար
նաւուն պատկերները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Պատասխաններ

1) 4: 2) Փիղ, ռնգեղջիւր, գետաձի…: 3) 20-30 տարի: 4) Աղեղնաւոր կէտը. ան կրնայ ապրիլ մինչեւ 200 տարի: 5) Էգ: 6) 150-250 միլիառ: 7) Փայլածուն: 8) Արուսեակ: 9) Շուն մը. անոր անունը Լայքա էր: 10) Աւօքատօ: 11) Տապկուած հաւ: 12) 74: 13) Կիտրոնը: 14) Հըրշիզ. ան հաստատուած է Փենսիլվանիա նահանգին մէջ:  15) Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Յարութիւն Քիւրքճեանին Մեկնումին Առիթով

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?