Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհին Մէջ Ամէնէն Շատ Խօսուած Լեզուները

Հոկտեմբեր 12, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հաւանաբար քու առաջին պատասխանդ պիտի ըլլայ` «անգլերէնը»: Սակայն այժմ աշխարհի վրայ ամէնէն շատ խօսուած լեզուն չինարէնն է: Ասիկա բնական է, չիներուն թիւը շա՜տ շա՛տ է… աւելի քան` մէկ միլիառ բնակիչ: Այսինքն աշխարհի վրայ 7 բնակիչէն մէկը չին է:

Սակայն ինչո՞ւ մարդիկ յաճախ կ՛ըսեն, որ անգլերէնը աշխարհի ամէնէն շատ խօսուած լեզուն է: Պարզապէս որովհետեւ անգլերէնը աշխարհի մէջ ամէնէն շատ գործածուած լեզուն է: Նախ եւ առաջ` ան 79 երկիրներու պաշտօնական լեզուն է, Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Հարաւային Ափրիկէի, Իրլանտայի…

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք անգլերէն լեզուն այս երկիրներէն անդին ալ տարածուեցաւ: Պատերազմէն ետք Ամերիկան դարձաւ աշխարհի ամէնէն հզօր երկիրը: Ան աշխարհին պարտադրեց իր գիւտերը, իր գիտնականները, մարզիկները, աստղերը… եւ հետեւաբար` իր լեզուն:

Այս ձեւով անգլերէնը դարձաւ միջազգային լեզուն: Այս լեզուն է, զոր կը գործածեն վաճառականները, պետական մարդիկը կամ նոյնիսկ գիտնականները, երբ կ՛ուզեն իրենց գիտութիւնը հանրայնացնել նոյնիսկ դպրոցները այս հոլովոյթին կը միանան:

Սակայն ուրիշ լեզուներ գիտնալը եւ խօսիլը շատ կարեւոր է: Աշխարհին մէջ անգլերէնը ամէնէն շատ խօսուած միակ լեզուն չէ:

Կան նաեւ այլ լեզուներ` սպաներէնը, ռուսերէն, արաբերէնը, ու ֆրանսերէն, որ շատ կը գործածուի յատկապէս Ափրիկէի մէջ:

Ներկայիս մարդիկ անդադար կը ճամբորդեն, օտար երկիրներուն հետ կ՛աշխատին, հետեւաբար մէկ կամ բազմաթիւ օտար լեզուներ խօսիլը առաջնահերթութիւն դարձած է` մարդոց ծանօթանալու համար, ծախելու գնելու կամ նոյնիսկ պարզապէս ճաշարանը ապսպրանք մը ընելու համար: Այս պատճառով է, որ նախակրթարանէն արդէն մենք բազմաթիւ ժամեր կը յատկացնենք օտար լեզուներ սորվելու համար:

Կրակէ Օղակ Մը` Երկնքին Մէջ

Անցեալ շաբաթ Հարաւային Ամերիկան ականատես եղաւ երկնքին մէջ տարօրինակ տեսարանի մը` արեւու օղակային խաւարումի մը:

Մենք գիտենք, որ լուսինը կը դառնայ երկրագունդին շուրջ, որ իր կարգին կը դառնայ արեւուն շուրջ: Չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբերին արեւը, լուսինը եւ երկրագունդը գտնուեցան այս կարգով նոյն գիծին վրայ: Հարաւային Ամերիկայէն դիտուած լուսինը  կամաց կամաց ծածկեց արեւը, սակայն ո՛չ ամբողջականօրէն: Վերջաւորութեան արեւէն կը տեսնուէր միայն լոյսի շրջանակ մը` «կրակէ օղակ» մը:

* * *

Սակայն գիտէի՞ք, որ գոյութիւն ունի արեւու խաւարումի 6 տարբեր տեսակներ:

Խաւարում մը տեղի կ՛ունենայ, երբ երկրագունդը, լուսինը եւ արեւը նոյն գիծին վրայ կը գտնուին: Երբ լուսինը կու գայ արեւը ծածկելու, ասիկա արեւու խաւարում կ՛ըլլայ: Գոյութիւն ունին արեւու 3 տարբեր խաւարումներ: Ամբողջական խաւարում, երբ լուսինը ամբողջովին արեւը կը ծածկէ. օղակային խաւարում, երբ լուսինը արեւուն ամէնէն մօտը կը գտնուի, եւ այս պարագային լուսինը արեւէն աւելի փոքր կը թուի, ու երկրէն մենք կը տեսնենք օղակ մը լուսինին շուրջ. վերջապէս, մասնակի խաւարում, երբ արեւը եւ լուսինը ամբողջովին նոյն գիծին վրայ չեն գտնուիր. լուսինը կը ծածկէ արեւէն միայն բաժին մը:

Լուսինի խաւարումի պարագային, լուսինը արեւուն առջեւէն չ՛անցնիր, այլ` երկրագունդին շուքին մէջէն: Արեւուն ճառագայթները երկրագունդին վրայ կ՛արձակեն մթութեան եւ շուքի տարբեր շրջաններ: Խաւարումը միայն մութ կ՛ըլլայ, երբ լուսինը կ՛անցնի միայն մութ շրջանին մէջէն: Լուսինի մասնակի խաւարումը տեղի կ՛ունենայ, երբ լուսինէն բաժին մը կը գտնուի երկրագունդի շուքին մէջ, եւ վերջապէս, լուսինի խաւարումը ամբողջական կ՛ըլլայ, երբ լուսինը ամբողջովին կը գտնուի երկրագունդի շուքին մէջ: Այս երեւոյթը կը կոչուի նաեւ «արինէ լուսին»:

* * *

Չմոռնա՛նք: Երբ կ՛ուզենք արեւու խաւարում մը դիտել, պէտք է միշտ մեր աչքերը պահպանենք յատուկ ակնոցներով:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել դպրոց հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերը ամբողջացնող մանրամասնութիւնը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Ազգային Առաջնորդարանի Ճամբով Զօրակցութիւն Լիբանանցի Գաղթականներուն

Յաջորդը

Մեր Ինքնութեան Խորհրդանիշ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

RelatedPosts

Հետաքրքրական.  300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Նոյեմբեր 8, 2025
Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?