Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաքութեան Դէմ Պայքարինք

Յուլիս 27, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս տարի ալ երկրագունդին ջերմաստիճանը մրցանիշներ կ՛արձանագրէ, եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ տաքութեան շատ բարձր աստիճաններ կ՛արձանագրուին: Այս բարձր ջերմաստիճանները վտանգաւոր կրնան ըլլալ մեր առողջութեան համար:

Եթէ մենք կը գտնուինք շատ բարձր աստիճանի տաքութեան ալիքի մը մէջ, կամ նոյնիսկ կը փորձենք շատ տաք օդին օրերնիս անցընել, մենք միշտ պէտք պիտի ունենանք ձեւեր գտնելու` զովանալու եւ լաւ ըլլալու: Այս միջոցներէն մէկն է միշտ վստահ ըլլալ, որ մեր մարմինը ջուրի պակաս չունի: Տաք օդին ամէն մարդ աւելի շատ ջուրի պէտք ունի: Իսկ երբ մէկը մարզանք կ՛ընէ տաք օդին, անոր համար ջուր խմելը շատ աւելի կարեւոր է:

Բժիշկները յատուկ ձեւ մը ունին` որոշելու իւրաքանչիւր անձի ջուրի պէտքը: Ամերիկացի բժիշկ մը կ՛առաջարկէ կշռել անձ մը փաունտով (1 փաունտ = 0.454 քիլօ), այդ թիւը բաժնել կէսի, եւ ստացուած թիւին չափ օնսով (1 օնս = 0.0296 լիթր) ջուր խմել ամէն օր:

Ասիկա կրնայ պարզ թուիլ: Սակայն հարցը աւելի խրթին է: Կարգ մը անձեր ուրիշ անձերէ աւելի մեծ քանակով ջուրի պէտք կ՛ունենան, իսկ երբեմն գաւաթ մը ջուրը կրնայ բաւարար չըլլալ: Ահա քանի մը թելադրանքներ` ամառը ջուրի պակասէ չտառապելու համար:

Ա.- Ջուրէն անդին: Երբ օդը տաք է, ամէնէն լաւ բանը ջուր խմելն է, սակայն կան նաեւ ուրիշ ըմպելիներ, անոնք կրնան նաեւ օգտակար ըլլալ: Անոնցմէ մէկն է հնդկընկոյզի հիւթը: Այս հիւթը ունի բազմաթիւ բնական եւ հանքային նիւթեր, որոնք կ՛օգնեն մեր մարմնին բնականոն աշխատանքին:

Բ.- Ջուրով հարուստ ուտելիքներ ուտել: Ջուրի պակասէ չտառապելու համար այլ միջոցներէն մէկն ալ ջրոտ ուտելիքներ ուտելն է: Անոնց կարգին են պտուղներն ու բանջարեղէնները, ինչպէս` ձմերուկ, սեխ, հատապտուղներ, պղպեղ, հազար, վարունգ:

Գ.- Խմել ծարաւնալէ առաջ: Մարդոց կատարած ամէնէն մեծ սխալներէն մէկն է խմելու համար ծարաւնալու սպասելը: Երբ դուն կը ծարաւնաս, ատիկա կը նշանակէ, թէ մարմինդ արդէն ջուրի պակաս կը զգայ:

Դ.- Ուշադիր ըլլալ ջուրի պակասի նշաններուն: Ջուրի պակասի առաջին նշաններն են` ծարաւ զգալը, չոր շուրթեր, բերան ունենալ եւ բաւականաչափ չքրտնիլը: Ջղաձգութիւնը եւ յոգնութիւնն ալ կրնան միջոց մը ըլլալ մարմնիդ համար` ըսելու, որ մարմինդ կը փորձէ իր ունեցած քիչ հեղուկը պահել:

Ե.- Եթէ մարզիկ ես, աւելի ուշադիր պէտք է ըլլաս: Յատկապէս մարզիկներուն համար կարեւոր է միշտ խմելու սովորութիւնը ունենալ տաք օդին: Պէտք է մարզանքը սկսիլ արդէն բաւականաչափ ջուր խմած եւ շարունակել ջուր խմել մարզանքի ընթացքին:

* * *

Իսկ հիմա, որ այս յօդուածին ընթերցումը վերջացուցիր, առիթէն օգտուիր եւ գաւաթ մը ջուր խմէ…

Փարիզ 2024

 Ամառնային Ողիմպիական Խաղերը

2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ֆրանսայի ժամով: Այս տարուան բացման արարողութիւնը եւ տողանցքը պատմական էին, որովհետեւ Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոնք դաշտի մը մէջ տեղի չունեցաւ: Մարզիկներուն տողանցքը տեղի ունեցաւ Սեն գետին վրայ, ուր տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները նաւերով անցան:

Տողանցքը սկսաւ Օսթերլիցի կամուրջէն: Ան իր ճամբան շարունակեց դէպի արեւմուտք` կտրելով 6 քիլոմեթր, անցնելով պատմական կամուրջներէ եւ խորհրդանշական կոթողներու եւ շէնքերու առջեւէն, ինչպէս` Նոթըր-Տամ Քաթետրալը, Լուվր թանգարանը եւ Կրան Փալէն: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին հանդէսներ տեղի կ՛ունենային նաեւ կամուրջներուն վրայ, ուր պարողներ գեղարուեստական յայտագիր կը ներկայացնէին:

Վերջապէս, տողանցքը վերջ գտաւ Թրոքատերոյի հարթակին դիմաց, եւ Էյֆել աշտարակին միջեւ, Հէանա կամուրջին մօտ, ուր Ողիմպիական խաղերու ջահը վառուեցաւ, եւ Փարիզ 2024 Ողիմպիական խաղերը պաշտօնապէս բաց յայտարարուեցան:

Գիտէի՞ր, թէ…

– 2024-ի Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցէին 206 տարբեր երկիրներէ պատուիրակութիւններ եւ 10500 մարզիկներ:

– Բացման արարողութիւնը տեւեց աւելի քան 3 ժամ:

– Բացման արարողութեան մասնակցեցան 400 պարողներ եւ 3000 արուեստագէտներ:

– Տողանցքին ճամբուն երկարութեան 80 հսկայ պաստառներ զետեղուած էին, որպէսզի ամէնէն մեծ թիւով հանդիսատեսներ կարենան հետեւիլ այդ արարողութեան:

– Շնորհիւ պատկերասփիւռի սփռումին` աշխարհի շուրջ աւելի քան 1,5 միլիառ անձեր կրցան ուղղակիօրէն հետեւիլ այս բացման մեծ հանդէսին:

– Ամերիկացի պատուիրակութեան տարազները ձեւագծած էր Ռալֆ Լորըն, իսկ իտալացիներուն տարազները` Ճիորճիօ Արմանի: Մինչ Մոնկոլիոյ մարզիկները մեծ տպաւորութիւն ձգեցին իրենց աւանդական հագուստներէն ներշնչուած եւ ձեռագործներով հարուստ տարազներով:

– Մարզիկներուն անկողինները շինուած են շատ տոկուն խաւաքարտէ, իսկ այդ 16.000 անկողիններուն ներքնակները խաղերէն ետք պիտի նուիրուին բանակին, դպրոցներու եւ տարբեր բարեսիրական կազմակերպութիւններու:

* * *

Վերջապէս, գիտէի՞ր, թէ Ողիմպիական խաղերուն դրօշակը յղացած է Փիեր տը Քուպարթեն, 1913 թուականին: Այդ դրօշակը առաջին անգամ ծածանած է Պելճիքայի Անվեր քաղաքի 1920-ի Ողիմպիական խաղերուն:

Հարցարան

 Ծանօ՞թ Ես Ողիմպիական
Խաղերուն Պատմութեան

1) Ո՞ր թուականին տեղի ունեցած են առաջին Ողիմպիական խաղերը:

Ա – ՔԱ 776 թուականին
Բ – ՔԱ 950 թուականին
Գ – ՔԱ 213 թուականին

2) Անոնք տեղի կ՛ունենային Օլեմփիա քաղաքին մէջ, որ կը գտնուէր…

Ա – Իտալիոյ մէջ
Բ – Եգիպտոսի մէջ
Գ – Յունաստանի մէջ

3) Յաղթողները ի՞նչ վարձատրութիւն կը ստանային:

Ա – Տուրմէ մետալ մը
Բ – Յոյն չաստուածներու պահպանութիւնը
Գ-  Դափնիէ տերեւներով շինուած թագ մը

4) Ի՞նչ կը կոչուէր այն ֆրանսացին, որ Ողիմպիական խաղերը վերակենդանացուց 1896-ին:

Ա – Փիեր տը Քուպերթեն
Բ – Էմիլ Շամփիոն
Գ – Հանրի Թոզեն

5) Ամառնային եւ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը քանի՞ տարին անգամ մը կը կազմակերպուին:

Ա – 3 տարի
Բ – 2 տարի
Գ – 4 տարի

6) Ի՞նչն է Ողիմպիական խաղերու նշանաբանը:

Ա – Կարեւորը մասնակցիլն է
Բ – Աւելի արագ, աւելի բարձր, աւելի զօրաւոր  – միասին
Գ – Մինակ աւելի արագ կ՛ընթանանք, միասին աւելի հեռու կ՛երթանք

7) Փարիզ պիտի ընդունի 2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը: 1896 թուականէն ի վեր Ֆրանսա քանի՞ անգամ կազմակերպած է Ողիմպիական խաղերը:

Ա – 0 անգամ
Բ – 12 անգամ
Գ – 5 անգամ

8) Ո՞ր մարզաձեւը իր մուտքը պիտի նշէ 2024-ի Ողիմպիական խաղերուն:

Ա – Փեթանքը
Բ – Սքէյթը
Գ – Պրէյքտենսը

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել այն ձուկը, որ ունի իր զոյգը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Հարցարանին Պատասխանները

1) ՔԱ 776 թուականին. Օլեմփիա քաղաքը Ողիմպիական խաղերը կը կազմակերպէ ամէն 4 տարին անգամ մը ՔԱ 776 թուականէն մինչեւ ՔԵ 393 թուական: Մարզիկները այդ խաղերուն իրարու դէմ կը մրցին տարբեր մարզաձեւերու մէջ, ինչպէս` դաշտին մէջ վազք, կառքերու մրցում, կամ կռփամարտ: 2) Առաջին Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենային Յունաստանի Օլեմփիա քաղաքին սրբավայրին մէջ. ուրիշ խաղեր տեղի կ՛ունենային Աթէնքի, Տելֆիի կամ Կորինթոսի դրացի քաղաքներուն մէջ: 3) Յաղթողները կը ստանային դափնիի տերեւներէ պատրաստուած թագ մը եւ մարզադաշտին շուրջ կը կատարէին պատուոյ շրջան մը: 4) Փիեր տը Քուպերթեն կը վերակենդանացնէ այդ խաղերը, եւ նոր ժամանակներու առաջին Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան Աթէնքի մէջ, 1896 թուականին: 1960 թուականին է, որ կու գան անոնց վրայ աւելնալու Փարաողիմպիական խաղերը, որոնք յատուկ են հաշմանդամ մարզիկներու: 5) Ձմեռնային եւ ամառնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան ամէն 2 տարին անգամ մը: Այս ձեւով յաջորդ Ողիմպիական խաղերը պիտի ըլլան ձմեռնային եւ տեղի պիտի ունենան Իտալիոյ մէջ, 2026-ին: 6) 2021 թուականէն առաջ Ողիմպիականի նշանաբանն էր «Աւելի արագ, աւելի բարձր, աւելի զօրաւոր»: «Միասին» բառը աւելցուեցաւ Ողիմպիական արժէքներուն մէջ համերաշխութեան կարեւորութիւնը նշելու համար: 7) 1896  թուականէն ի վեր Ֆրանսա Ողիմպիական խաղերը կազմակերպած է 5 անգամ, 2 անգամ ամառը եւ 3 անգամ` ձմեռը: Վերջին անգամ Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան Փարիզի մէջ 1924 թուականին, մէկ դար առաջ, եւ անոնք տեւեցին 4 ամիս: 8) Առաջին անգամ ըլլալով Ողիմպիական խաղերուն տեղի պիտի ունենայ պրէյքտենսի մրցում, որուն ընթացքին զոյգ պարողներ պիտի փորձեն զիրար գերազանցել` դատաւորները տպաւորելով իրենց թեքնիքներով եւ գեղարուեստական շարժումներով:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (26 Յուլիս 2024)

Յաջորդը

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութեան Տասներորդը Պուրճ Համուտի Մէջ

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?