Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամառնային արձակուրդները առիթ են ճամբորդելու, նոր վայրերու ծանօթանալու, միջավայր փոխելու… Այս տեղափոխութիւնները կատարելու համար մենք ընդհանրապէս օդանաւներու կամ ինքնաշարժներու կը դիմենք: Սակայն բազմաթիւ երկիրներու մէջ, երկար հեռաւորութիւններու պարագային, մարդիկ կ՛ընտրեն նաեւ շոգեկառքը: Շոգեկառքով այս ճամբորդութիւնները նուազ ծախսալից կրնան ըլլալ, ինչպէս նաեւ անոնք առիթը կու տան քանի մը ժամուան ընթացքին գեղեցիկ տեսարաններէ օգտուելու:
Սակայն ո՞վ հնարած է շոգեկառքը:
***
Միջին դարերուն հանքերուն մէջ աշխատողները արդէն կը գործածէին երկաթագիծերու վրայ շրջող փոքրիկ վակոններ` ածուխը կամ մետաղները փոխադրելու համար: Անոնք անձամբ կը հրէին այդ վակոնները, կամ ձիեր կը գործածէին կառքերը քաշելու համար: Այդ գիծերը սկիզբը փայտէ էին, եւ ապա` մետաղէ անոնք կարելիութիւնը կու տային կառքերուն աւելի դիւրութեամբ սահելու: Սակայն անոնք շատ ծանր էին…
Հանքագործերուն օգնելու համար անգլիացի ճարտարագէտ մը` Ռիչըրտ Թրեւիթիք, կը հնարէ շոգիով բանող առաջին մեքենան, 1804 թուականին: Անոր սկզբունքը պարզ էր. ջուրը տաքցնել շոգիով արտադրելու համար: Այդ շոգին կարելիութիւնը կու տար մեքենական դրութեան մը` շոգեկառքը յառաջ մղելու: Ան ժամական 8 քմ արագութեամբ կ՛ընթանար… այսինքն` քեզմէ քիչ մը աւելի արագ, երբ դուն կը քալես:
Քիչ մը աւելի արագ շոգեկառք մը կը ստեղծէ անգլիացի Ճորճ Սթիֆընսըն, 1829 թուականին: Անոր կը տրուի «Հրթիռ» անունը: Ապա շոգեկառքը ամէն տեղ կը տարածուի: Կը շինուին նոյնիսկ շատ շքեղ շոգեկառքեր, ինչպէս` «Օրիենթ էքսփրես»-ը, որ ամբողջ Եւրոպայէն կ՛անցնի առաջին անգամ ըլլալով, 1883-ին:
Յաջորդ դարուն շոգիով բանող գնացքները կամաց-կամաց կը փոխարինուին տիզըլ վառելանիւթով կամ ելեկտրականութեամբ բանող գնացքներով: Շատ մեծ արագութեամբ (թէժէվէ) առաջին գնացքը կը բանի Ճափոնի մէջ, 1964 թուականին: Ան կը սուրայ ժամական 300 քմ արագութեամբ: Այժմ մարդիկը կը քաջալերեն` գործածելու գնացքը, որովհետեւ ան ինքնաշարժէն կամ օդանաւէն նուազ կ՛ապականէ օդը:
Ճափոնի Մէջ
Նապաստակներով Բնակուած Կղզին
Գիտէի՞ր, թէ Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունի կղզի մը, որ միայն նապաստակներ կ՛ապրին: Օքունոշիմա պզտիկ կղզի մըն է, որ կը գտնուի Ճափոնի ներքին ծովուն մէջ: Այս կղզին յաճախ կ՛անուանեն նաեւ Ուշակի Շիմա` նապաստակներու կղզի, որովհետեւ բազմաթիւ նապաստակներ ազատօրէն կը շրջին կղզիին մէջ:
Եւ որովհետեւ որսորդ անասունները, ինչպէս` շուներ եւ կատուներ, արգիլուած են այդ կղզիին վրայ, այս ստնաւորները կրցան արագօրէն բազմանալ, եւ ներկայիս կղզիին վրայ կ՛ապրի մօտաւորապէս 1000 նապաստակ:
Բարեբախտաբար անոնք շատ ընկերային են եւ անվախօրէն կը մօտենան մարդոց:
Հարցարան
Ընդհանուր Գիտելիքներ
1) Ո՞ր թուականէն մնացած են մեզի ծանօթ գրութեան ամէնէն հին հետքերը:
ա-ՔԱ 33 թ., բ-ՔԱ 330 թ., գ- ՔԱ 33000 թ.- դ-ՔԱ 3300 թ.:
2) Ո՞ր նախապատմական շրջանին կ՛ապրէին հոյամողէսները:
ա-Քարէ դարու ժամանակաշրջանին, բ-Պրոնզէ դարու ժամանակաշրջանին, գ- Մեզոզոյիք ժամանակաշրջանին, դ- Անթիքիթէի շրջանին:
3) Ո՞ր երաժշտական գործիքը եղած է Մոցարթի նախասիրած գործիքը:
ա-Ջութակը, բ-Կիթառը, գ-Դաշնակը, դ-Փողը:
4) Ի՞նչ է Արթըր Քոնան Տոյլի ստեղծած նշանաւոր գաղտնի ոստիկանին անունը:
ա-Հերքիւլ Փուարօ, բ-Շերլոք Հոլմս, գ- Միս Մարփլ, դ-Փինք Փենթըր:
5) Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնուի Մաչու Փիչուն:
ա-Մեքսիքա, բ-Փերու, գ-Չիլի, դ-Արժանթին:
6) Ո՞ր երկրին մէջ կ՛ապրէին Վայքինկները:
ա- Քոլոմպիա, բ-Քանատա, գ-Փորթուգալ, դ- Նորվեկիա:
7) Ո՞ր երկիրը նշանաւոր է Քոփա Քապանայի իր ծովափներով եւ փառատօնով:
ա- Մեքսիքա, բ-Պրազիլ, գ-Արժանթին, դ-Փերու:
8) Ո՞ր երկիրը կոչուած է «տուրմի եւ ադամանդներու» երկիրը:
ա- Պելճիքա, բ-Հոլանտա, գ-Լիւքսեմպուրկ, դ-Սպանիա:
9) Ո՞ր երկիրը նշանաւոր է իր լեռներով եւ լիճերով:
ա-Գերմանիա, բ-Սպանիա, գ-Փորթուգալ, դ- Զուիցերիա:
10) Ի՞նչն է երկրագունդի ուժանիւթի ամէնէն մեծ աղբիւրը:
ա- Հովը, բ-արեւը, գ-Ջուրը, դ-կրակը:
11) Բոյսի մը ո՞ր բաժինը գետնէն կ՛առնէ ջուրը եւ սնունդը:
ա-Կոթը, բ- արմատները, գ-տերեւները, դ- ծաղիկները:
12) Ո՞ր քիմիական նիւթը ամէնէն մեծ քանակով կը գտնուի անջրպետին մէջ:
ա- Թթուածինը, բ- ջրածինը, գ-բնածուխը, դ- հելիոմը:
13) Ո՞րն է մարդկային մարմնին ամէնէն մեծ մկանը:
ա- Սիրտը, բ-ուղեղը, գ-ոտքի մկանները, դ- թոքերը:
14) Քանի՞ տարիէն ծամոնը կը փճանայ բնութեան մէջ:
ա-5 օր, բ-5 ամիս, գ-5 տարի, դ-50 տարի:
15) Ինչպէ՞ս կ՛ըսեն «շնորհակալութիւն» ճափոներէնով:
ա- Քոնիշիուա, բ-Արիկաթօ, գ-Սայոնորա, դ-Արիվետերչի:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած հրշէջի փոխադրակառքը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Պատասխաններ
1) ՔԱ 3300 թ.: 2) Մեզոզայիք ժամանակաշրջանին: 3) Դաշնակը: 4) Շերլոք Հոլմս: 5) Փերու: 6) Նորվեկիա: 7) Պրազիլ: 8) Պելճիքա: 9) Զուիցերիա: 10) Արեւը: 11) Արմատները: 12) Ջրածինը: 13) Թոքերը: 14) 5 տարիէն: 15) Արիկաթօ: