Կեանքի Աղբի՞ւր Երկնաքարի Մը Վրայ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կիրակի, 24 սեպտեմբերի կէսօրէ ետք սեւ անջրպետամեքենայ մը իջաւ Միացեալ Նահանգներու Եութայի անապատին զինուորական շրջանի մը մէջ: Անոր վերադարձը սպասուած էր, եւ ամէն ինչ բնականօրէն ընթացաւ: Երկրագունդէն 100 հազար քմ բարձրութեան վրայէն ան դէպի երկիր ուղարկուեցաւ ՆԱՍԱ-ի ուրիշ անջրպետանաւերէն` Օզիրիս-Ռեքսի կողմէ: Այս անջրպետանաւը անջրպետին մէջ կը շրջի 7 տարիներէ ի վեր: Ապա անջրպետամեքենան անցաւ մթնոլորտին ընդմէջէն`...




















