Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երկու տարեկան գերմանացի Լորըն Շուարց արդէն ծանօթ անուն մը դարձած է արուեստի աշխարհին մէջ, ուր անոր գործերը կը ծախուին մինչեւ 6500 եւրոյի: Արդեօ՞ք ան ապագայ Փիքասօ մըն է…
Անցեալ աշնան է, որ փոքրիկ Լորըն սկսաւ գեղանկարչութեամբ հետաքրքրուիլ: Ան իր ժամանակը գլխաւորաբար կ՛անցընէր հանրային կեդրոնի մը ստեղծագործական աշխատանոցին մէջ: Այս պատճառով է, որ արձակուրդէն վերադարձին ծնողները մտածեցին անոր նկարչութեան կտորներ նուիրել: Փոքրիկ Լորըն այս ճերմակ կտորները վառ գոյներով պիտի ծածկէ: Ըստ այդ գործերը տեսնողներուն, այդ գեղանկարչութիւնները իւրայատուկ են, որովհետեւ անսովոր վերացական գոյներու հետքեր են, որոնց մէջէն կարելի է զանազանել ճանաչելի պատկերներ: Եւ այս պատճառով է, որ անոնք մեծ յաջողութիւն ունին, կը բացատրէ Լորընի հպարտ մայրը:
* * *
Ապրիլ ամսուն Լորըն իր գործերը ցուցադրեց Միւնիխի մէջ: Աշխարհի չորս կողմերէն անձեր, որոնք ծանօթացած էին Լորընի գործերուն ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն, գնեցին անոր արուեստի գործերը: Այս ձեւով գրեթէ բոլոր գործերը ծախուեցան:
Լորընի մայրը կը վստահեցնէ, որ Լորընի շահած այս դրամը կը դրուի իր անունով յատուկ հաշիւի մը մէջ, զոր Լորըն պիտի կարենայ գործածել 18 տարեկանին:
Մինչ այդ Լորըն կը շարունակէ իր նկարչութիւնները` ըստ իր տրամադրութեան, խառնելով իր գոյները, ներկայացնելով իր նախասիրած անասունները, ինչպէս` փիղեր, ձիեր եւ հոյամողէսներ:
Մրցանիշերու «Կինես»-ի Գիրքը Նոր Մասնակցողներ
Կը Փնտռէ Նոր Մրցանիշեր Արձանագրելու Համար
Ամէն տարի մրցանիշերու «Կինես»-ի գիրքը մեզի կը ներկայացնէ տարօրինակ մրցանիշերու հաւաքածոյ մը: Այս բաւական հաստ հատորը լուսարձակի տակ կը դնէ այր մարդիկ եւ կիներ, որոնք յատուկ ձիրք մը կամ իւրայատկութիւն մը ունին: Կարգ մը մրցանիշեր տասնեակաւոր տարիներէ ի վեր չեն յաղթահարուած: Եւ անշուշտ ասիկա կը նեղացնէ գիրքին հեղինակները:
Հետեւաբար անոնք սկսած են փնտռել նոր անձեր, որոնք պիտի կարենան այս մրցանիշերը կոտրել եւ վերանորոգել գիրքին մէջ յիշուած ռեքորտմեններու եւ ռեքորտվումըններու անուններն ու քաջագործութիւնները: «Կինես»-ի գիրքի հեղինակները կը հետաքրքրեն յատկապէս մարդկային մարմնին վերաբերեալ մրցանիշերը: Այս ձեւով, հեղինակները կոչ ուղղեցին բոլոր անոնց, որոնք ունին ֆիզիքական իւրայատկութիւն մը, որ կրնայ նոր մրցանիշ արձանագրել, ներկայացնելու իրենց պարագան: Կան կարգ մը իւրայատկութիւններ, որոնք ուրիշներէ աւելի փնտռուած են:
– Ամէնէն հասակաւոր պատանին/պարմանուհին
Քանատացի Օլիվիէ Ռիու 2,26 սմ հասակ ունէր 2021 թուականին, երբ ան 15 տարեկան էր: Այժմ ան այլեւս պատանիի տարիքը անցած է եւ շնորհիւ իր բարձր հասակին` ան պասքեթպոլի մարզիկ դարձած է:
– Ամէնէն փոքրիկ պատանի/պարմանուհին
Դարձեալ հասակի վերաբերեալ մրցանիշ մը, սակայն այս անգամ` ամէնէն կարճ հասակով պարմանուհին: 2009 թուականին հնդիկ Ճիոթի Ամժէ 16 տարեկան էր, եւ անոր հասակը կը հասնէր 61,95 սմ-ի: Օլիվիէ Ռիու նման, ան այլեւս չափահաս դարձած է եւ չի կրնար պահել իր տիտղոսը: Պէտք է գտնել զայն փոխարինող անձը:
– Ամէնէն երկար ոտքերով պատանին/պարմանուհին
Այս մրցանիշի պարագային, ո՛չ մէկ պատանիի անուն արձանագրուեցաւ: Վերջին մրցանիշին արժանացողը եղաւ ամերիկացի Մէյսի Քըրրին, 2021 թուականին: 17 տարեկան այս պարմանուհիին ձախ ոտքը 135,267 սմ երկարութիւն ունէր, իսկ աջ ոտքը` 134,3 սմ:
– Ամէնէն երկար մազեր ունեցող պարմանուհին
Երբ ան 17 տարեկան էր, հնդիկ Նելանշի Փաթելի մազերուն երկարութիւնը կը հասնէր 190 սմ-ի: 2019 թուականին, երբ անոր անունը արձանագրուեցաւ մրցանիշերու «Կինես»-ի գիրքին մէջ, ան 11 տարիէ ի վեր դադրած էր վարսայարդարին քով երթալէ:
– Ամէնէն բարձրահասակ ընտանիքը
Ամէնէն բարձրահասակ ընտանիքի տիտղոսը կը պատկանի ամերիկացի Թրափփի ընտանիքին: Անոր անդամներուն, միջին հաշուով, հասակը կը հասնի 2,03 մեթրի: «Կինես»-ի գիրքի հեղինակները կը փափաքէին ունենալ նաեւ ամէնէն կարճ հասակով ընտանիքը` նոր մրցանիշ մը աւելցնելու համար իրենց երկար ցանկին:
* * *
Վերջապէս, ամէնէն փոքրիկ տարիքով արուեստագէտին տիտղոսը 2 տարեկան Լորըն Շուարցի չի պատկանիր, այլ` 1 տարեկան եւ 152 օրուան փոքրիկ ղանացի Էյս-Լիամ Նանա Սամ Անքրայի, որ գեղանկարչութեան սկսած է 6 ամսու եղած ատեն: 1 տարեկան եւ 5 ամսու մասնակցած է իր առաջին խմբային ցուցահանդէսին 2023 թուականին:
150 Տարիներ Առաջ Ջուրը Նետուած
Շիշ Մը Վերջապէս Գտնուած
Յուլիս ամսուն, Միացեալ Նահանգներու արեւմուտքը գտնուող Նիւ Ճըրզիի ծովեզերքը պտոյտի մը ընթացքին, Էյմի աւազին վրայ կը գտնէ ալիքներուն հետ ծովափ հասած հին շիշ մը: Արդեօ՞ք այդ շրջանին մէջ կատարուած աշխատանքներուն շնորհիւ, այդ շիշը ձերբազատուելով խորերէն բարձրացած է մակերես եւ ալիքներուն շարժումով հասած` մինչեւ ծովափ…
Շիշին մէջը Էյմի գտաւ 3 վաւերաթուղթեր. անոնցմէ մէկը 1870-ական թուականներուն 2 վաճառական եղբայրներու քարտն էր, եւ ուրիշ մը` նաւու մը վրայ ձեռքով գրուած թուղթ մը: Էյմի իր ընտանիքին օգնութեամբ փնտռտուքներ կը կատարէ գտնելու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ: Ան կ՛ենթադրէ, թէ այդ շիշը ծով նետուած էր 1876 թուականին: Ան մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքի պատասխանատուներուն յանձնած է այդ տեղեկութիւնները` ստուգելու համար, թէ ան աշխարհի ամէնէն հին ծով նետուած եւ գտնուած շի՞շն է:
* * *
Յունուար 2018-ին նման շիշ մը գտնուած էր Աւստրալիոյ մէջ: Շիշը ծով նետուած էր 1886-ի յունիսին, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, ջուրին հոսանքները ուսումնասիրող գերմանացի գիտնականներու կողմէ: Շիշը գտնուած է 131 տարիներ ետք` նոր մրցանիշ մը արձանագրելով: Արդեօ՞ք Էյմիին շիշը պիտի յաջողի զայն գահընկէց ընել:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Ովկիանոսներու վրայ մեծ ճամբորդութիւններու ժամանակաշրջանին շիշ մը ծով նետելը օգնութեան կանչելու միջոց մըն էր ընկղմելու պարագային, կամ` մօտիկներու վերջին լուր մը ձգելու համար: Այդ ժամանակ ո՛չ ռատիօ, ո՛չ հեռաձայն, ո՛չ ալ համացանց գոյութիւն ունէին…
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Ո՞ր կտորը կարելիութիւնը պիտի տայ ամբողջացնելու մեծ խորանարդը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: