Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Աշնան թռչունները կը պատրաստուին հազարաւոր քիլոմեթրեր կտրելու: Ծիծեռնակները, արագիլները, տորդիկները: գագունները գաթող թռչուններ են: Սակայն ինչո՞ւ անոնք կը գաղթեն:
* * *
Կարծէք` անոնք հազարաւոր քիլոմեթրեր կը կտրեն արեւուն տաք ճառագայթններուն տակ արձակուրդներ անցնելու համար… Սակայն իրականութեան մէջ ցուրտը չէ, որ թռչունները կը մղէ ճամբայ ելլելու. անոնց փետուրները անոնց կարելիութիւնը կու տան ցուրտին տոկալու: Անոնք կը փախչին ձմրան սնունդի պակասին պատճառով, անոնք կ՛երթան ուրիշ շրջաններ ուտելիք փնտռելու:
Գաղթը բնաւ արձակուրդի մը չի նմանիր: Աշնան յոգնեցուցիչ արշաւ մըն է, որ կը սկսի: Օրերը, օրուան լուսաւոր ժամերը եւ ջերմաստիճանը կը նուազին. այս երեք պատահարները մեկնումի նշանը կու տան: Ինչպէս` մրցումի մը համար, գաղթէն առաջ թռչունները կը պատրաստուին: Անոնք շատ կ՛ուտեն, որպէսզի կարենան երկար ժամանակ թռչիլ, երբեմն` առանց կանգ առնելու: Երբ անոնք կը հասնին իրենց նպատակակէտին, անոնցմէ շատերը կը կշռեն իրենց առաջուան ծանրութեան կէսէն աւելի պակաս:
Գաղթող թռչունները հեռաւորութեան մրցանիշներ կը կոտրեն: Արքթիք նժոյգը ախոյեան մըն է. ան կրնայ թռչիլ 3500 քմ քուքուն եւ ծիծեռնակը կրնայ կտրել 8500-10.000 քմ:
Վերջապէս, գաղթող թռչունները տեւողութեան մրցանիշներ կը կոտրեն: Այս խմբակին մէջ ախոյեանը վայրի ծիծեռնակն է, որ կրնայ 6 ամիս թռչիլ առանց թառելու: Գաղթի ճամբորդութիւնը դիւրին արշաւ մը չէ, ան կրնայ նաեւ վտանգաւոր ըլլալ, յատկապէս` պզտիկ թռչուններուն համար, ինչպէս` խայտերը, որոնք կրնան որս դառնալ բազէներուն նման թռչուններուն համար:
Սակայն բազմաթիւ թռչուններու համար ասիկա անհրաժեշտութիւն մըն է, եւ երբ անոնք գարնան կը վերադառնան, անոնք ձագուկներ կ՛ունենան, եւ իրենց շուրջ կը գտնեն զանոնք կերակրելու սնունդ` շնորհիւ պզտիկ միջատներուն, հատիկներուն, պտուղներուն, որոնք դարձեալ կը յայտնուին… Բարի՛ ախորժակ:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Սարեակներուն մեծ երամի մը մէջ կարելի է գտնել մինչեւ 2 միլիոն թռչուն:
– Բազէն կրնայ սուրալ Ժամական 389 քմ արագութեամբ, երբ կը յարձակի իր որսին վրայ:
– Մատակասկարի մէջ ապրող եւ այժմ կորսուած փիղ-թռչունը կը կշռէր 400 քիլոկրամ: Ան կը նմանէր գիրուկ-ջայլամի մը:
– Մինչ ջայլամը կրնայ վազել ժամական 70 քմ արագութեամբ:
– Երիտասարդ ալպաթրոս թռչունը կրնայ մինչեւ 6 տարի ծովերուն վրայ երկինքին մէջ սաւառնիլ` դարձեալ ցամաք վերադառնալէ առաջ:
– Օդին մէջ «կախուած» մեղրահաւին թեւերը մէկ երկվայրկեանի մէջ 78 անգամ կը շարժին:
Տուրմէ Հսկայ Լեկօ Արձան Մը
Այս արձանը իսկապէս տարօրինակ է: Ան ունի մօտաւորապէս 1 մեթր բարձրութիւն եւ ամբողջովին տուրմով շինուած է:
Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատող ֆրանսացի-զուիցերիացի Ամորի Կիշոն տուրմի մասնագէտը ծանօթ է իր հսկայ տուրմէ արուեստի գործերով:
Այս պարագային, ան ներկայացուցած է ամերիկացի ռափի երգիչ մը: Ան իր 36-րդ տարեդարձը կը տօնէր, եւ անոր կինը ուզած է այս արձանը իբրեւ տարեդարձի նուէր ընել:
«Լուսինի Ծառ» Մը Դպրոցին Մէջ
Միացեալ Նահանգներու Լեյք Ֆորեսթ շրջանին մէջ դպրոցի մը աշակերտները դպրոցի պարտէզին մէջ տնկած են սեքոա ծառ մը: Այս ծառը յատուկ է, ան դպրոցին նուիրուած էր ՆԱՍԱ-ի կողմէ, եւ այս փոքրիկ ծառը բուսած էր… անջրպետին վերադարձած պզտիկ հունտէ մը:
2022 թուականին «Ար Տեմիս 1» հետախուզական արշաւի ընթացքին ՆԱՍԱ-ն «Օրիոն» անջպետամեքենային մէջ դրած էր 2000 հունտեր` 5 տարբեր ծառի տեսակներու: Այս անջրպետամեքենաւ անջրպետին մէջ ճամբորդած էր 4 շաբաթ: Ան լուսինին շատ մօտէն անցած է… Երկրագունդ վերադառնալէ առաջ: Հետեւաբար, այս հունտերէն բուսած ծառերը` սոճի, սեքոա, սիքոմոր… կոչուած են «Լուսինի ծառեր»:
Արուեստի Գործեր Ճամբաներուն Վրայ՜
Աշակերտները Պահպանելու Համար
Ֆրանսայի Ֆլըրի-լէ-Օպրէ շրջանի քաղաքապետը 2 սթրիթ արթ (փողոցի արուեստ) արուեստագէտներու պատուիրած է ճամբաներուն վրայ մեծ գծագրութիւններ ընել: Անոր նպատակն է աշակերտներուն եւ տարբեր անցորդներուն ապահովութիւնը բարելաւել:
Այս կեդանի գոյներով գծագրութիւնները քանի մը մեթր մեծութիւն ունին:
Անոնք ինքնաշարժներու վարորդներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն: Ասիկա քշողները կը մղէ աւելի դանդաղ քշելու դպրոցական հաստատութիւններուն մօտ:
Եւ իսկապէս, քաղաքացիները նշմարած են, որ ինքնաշարժները շատ աւելի դանդաղ կ՛ընթանան, քան` նախորդ տարին:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող տեղերը տախտակին մէջ: