Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղպաղակի Ազգային Ամի՞ս…

Յուլիս 13, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այո՛, գիտէի՞ր, թէ  յուլիսը Պաղպաղակի ազգային ամիս հռչակուած է… սակայն` պարզապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ: Միացեալ Նահանգներու 40-րդ նախագահը` Ռոնալտ Ռիկըն (1981-1989) պաղպաղակ շատ կը սիրէր: 1984 թուականին ան յուլիս ամիսը հռչակեց Պաղպաղակի ազգային ամիս, եւ յուլիս ամսու երրորդ կիրակին Պաղպաղակի ազգային օր: Ան ժողովուրդին մղեց այդ ամիսը տօնելու մթնոլորտին «համապատասխան տօնակատարութիւններով եւ ժամանցներով»: Անշուշտ ասիկա կը նշանակէր մէկուն ուզածին չափ պաղպաղակ ուտել…

* * *

Մեզի ծանօթ ժամանակակից պաղպաղակին խոհագիրը, որ գլխաւորաբար կաթ եւ շաքար կը գործածէ, հնարուած էր 9-րդ դարուն արաբներու կողմէ: Արեւմտեան աշխարհը այս պաղպաղակին ծանօթացաւ 16-րդ դարուն: Մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1744-ին է, որ առաջին անգամ կը յիշուի, որ նահանգապետ մը իր հիւրերուն պաղպաղակ հրամցուցած է:

Հակառակ ասոր` այժմ ամերիկացիները աշխարհի ամէնէն շատ պաղպաղակ սպառող ժողովուրդն են, իւրաքանչիւր անձ տարեկան միջին հաշուով 9 քիլօ պաղպաղակ կը սպառէ: Անոնք տարեկան մօտաւորապէս 6 միլիառ տոլար կը ծախսեն պաղպաղակի համար:

Մինչ Քալիֆորնիան երկրին ամէնէն շատ պաղպաղակ արտադրող նահանգն է, ամէնէն շատ պաղպաղակ ուտողները կ՛ապրին Ուաշինկթընի, Ռոտ Այլընտի եւ Ուիսքանսընի մէջ:

* * *

Աշխարհին շուրջ գոյութիւն ունին աւելի քան 1000 տարբեր տեսակի պաղպաղակի համեր: Սակայն այս բոլորին մէջ գլխաւոր ընտրութիւնը կը մնայ վանիլան: Անշուշտ ուրիշ նախասիրուած համերն են` տուրմը, ելակը, անանուխն ու տուրմի կտորներով պաղպաղակը, քուքիզը եւ քրեմը:

Այս վերջին ժամանակներուն մենք յաճախ կը հանդիպինք իւրայատուկ բաղադրութիւն ունեցող պաղպաղակներու, ինչպէս, օրինակի համար, ծոթրին (զաաթար), լեպնի…

Սակայն գիտէի՞ր, թէ 1790-ի խոհագիրներու գիրքի մը մէջ արդէն կարելի էր գտնել փարմըզան պանիրով, կոճապղպեղով, կամ նոյնիսկ սեւ հացի համով պաղպաղակի խոհագիրներ:

Իսկ ի՞նչ է քու նախասիրած պաղպաղակիդ համը:

Մրցանիշ

Այս զովացուցիչ անուշեղէնը յատուկ տեղ ունի նաեւ «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Օրինակի համար, 2023 թուականին, գերմանացի Անտրէ Օրթոլֆ 30 երկվայրկեանի մէջ ամէնէն շատ պաղպաղակ ուտելու նոր մրցանիշ մը արձանագրեց` 568 կրամ պաղպաղակ ուտելով: Իսկ 2018 թուականին իտալացի Տիմիթրի Փանչիերա ուրիշ մրցանիշ մը արձանագրեց մէկ հատ ուաֆըլ քոնի մը մէջ ամէնէն շատ պաղպաղակէ գունդեր` 125 հատ, հաւասարակշռութեամբ շարելով: Այս դէպքը ուղղակիօրէն սփռուած էր պատկերասփիւռէն, եւ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր անձեր կրցան ուղղակիօրէն հանդիսատես ըլլալ այս տարօրինակ դէպքին:

... Թէ՞ Տոնաթի Ազգային Օր

Պաղպաղակէն աւելի աւելի` Միացեալ Նահանգները ճանչցուած են տոնաթով: Անոնք նոյնիսկ ունին Տոնաթի ազգային օր, որ տեղի կ՛ունենայ միշտ յունիս ամսուն առաջին ուրբաթ օրը: Ամերիկացիները իրենց «Քաղաքացիական պարտականութիւն»-ը կը համարեն այդ օրը յատկապէս տոնաթ ուտելու: Այս «տօնը» ստեղծուած էր Սալվէյշըն Արմի եւ կազմակերպութեան կամաւորներուն կողմէ` կարիքաւորներուն համար դրամ հաւաքելու համար:

* * *

Այս ոչ կառավարական կազմակերպութեան կապերը տոնաթին հետ շատ հին են: 1917 թուականին, համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Սալվէյշըն արմիէն խումբ մը կին կամաւորներ կը ճամբորդեն Ֆրանսա` խնամելու համար վիրաւորուած զինուորները: Իրենց տուներէն հեռու այս խումբերուն տրամադրութիւնները փոխելու համար կամաւորները կ՛որոշեն իրենց տրամադրութեան տակ ունեցած սահմանափակ նիւթերը` ալիւր, շաքար, ձէթ, գործածել տոնաթ պատրաստելու համար:

Այս կամաւորները շատ խանդավառ էին, առանց խոհանոցի յատուկ գործիքներու եւ եփելու տապակներու` անոնք իրենց ձեռքերով տոնաթներուն ձեւ տուին եւ զանոնք տապկեցին զինուորներուն սաղաւարտներուն մէջ: Ամբողջ գիշերը աշխատելով` անոնք կրցան առաջին օրը 150 տոնաթ պատրաստել, իսկ յաջորդ օրը` 300: Անոնց ճիգերը ի զուր չանցան, որովհետեւ այդ անուշեղէններուն հոտը զինուորներուն տրամադրութիւնը ամբողջովին փոխեց:

Խանդավառ կամաւորները շարունակեցին իրենց աշխատանքները` հասնելով օրական 9000 տոնաթի արտադրութեան: Ժամանակի ընթացքին, տոնաթները միշտ ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու պատմութեան կարեւոր եւ դժուար օրերուն, ինչպէս` Համաշխարհային Բ. պատերազմին, կամ նոյնիսկ Վիեթնամի պատերազմին, իսկ 1938-ական թուականներուն, երբ երկիրը մեծ թշուառութիւն կ՛ապրէր, տոնաթներու վաճառքէն հաւաքուած գումարները բաժնուեցան ամէնէն կարիքաւոր անձերուն: Ասիկա այնքան մեծ յաջողութիւն գտաւ, որ ստեղծուեցաւ Տոնաթի ազգային օրը:

Ճիշդ է, որ տոնաթը յատուկ ամերիկեան անուշեղէն մըն է, սակայն անուշեղէններու վերաբերեալ նման սովորութիւններ գոյութիւն ունին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ: Օրինակի համար, Հնդկաստանի մէջ ժալեպի կոչուած անուշն է, որ շատ սիրուած է, մինչ թունուզցիները սովորութիւն ունին ուտելու եոեօ կոչուած մեղրի մէջ թաթխուած խմորեղէն մը: Իսկ Ինտոնեզիոյ մէջ տեղական  «տոնաթը» քենթանկն է, որ կը պատրաստուի ճզմուած գետնախնձորով, եւ որուն վրայ կը սրսկուի փոշի շաքար:

Կարճ Լուրեր

 Լիբանանէն Հարաւային Ափրիկէ

Ֆրէյա առիւծը վեց ամսական կորիւն մըն է, որ վայրի անասուններու ապօրինի առեւտուրի միջոցով հասած էր Լիբանան: Բարեբախտաբար անասուններու պահպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններ կրցան զայն փրկել իր «տէրերէն» եւ ղրկել Հարաւային Ափրիկէ:

Վերջապէս Ֆրէյա իր նոր տունը հասաւ Հարաւային Ափրիկէի Տրաքընշմայն պահպանուած վայրին մէջ, ուր ան պիտի ունենայ ապահով կեանք մը: Սակայն ան անմիջապէս պիտի չարձակուի վայրի բնութեան մէջ, որովհետեւ ան տակաւին անկարող է այդ բնութեան մէջ մինակը ապրելու: Մինչ այդ ան պիտի մնայ այդ պահպանուած միջավայրին մէջ, Փայ անունով իրեն նման փրկուած ուրիշ առիւծի կորիւնի մը հետ:

Մարիոն 43 Տարեկան Է

8 յուլիս 1981-ին մեր բոլորին ծանօթ Մարիոն առաջին անգամ հանդէս կու գայ «Տոնքի Քոնկ» վիտէօ-խաղին մէջ, Ճափոնի արքէյտի խաղերու սրահներուն մէջ: Սակայն այդ սկզբնական օրերուն Նինթէն տոյի հերոսին անունը «Ճամփմեն» էր, ան իր վերջնական անունը պիտի ստանայ մէկ տարի ետք: Իսկ առաջին վիտէօ-խաղը, որ իր անունը կը կրէ, կը կոչուի Մարիօ Պրոս եւ շուկայ կ՛իջնէ 1983-ին:

Ձեռքէ Ձեռք
Փոխադրուած Գրադարանը

Միացեալ Նահանգներու Քէյփ Մէյ շրջանին մէջ նոր հանրային գրադարան մը բացուեցաւ: Այս առիթով բնակիչները հրաւիրուեցան մասնակցելու հին գրադարանէն նոր գրադարան գիրքերու փոխադրութեան աշխատանքներուն:

Երկու գրադարաններուն միջեւ կար 500 մեթր հեռաւորութիւն: Հետեւաբար աւելի քան 500 անձեր փողոցին մէջ մարդկային շղթայ մը կազմեցին եւ մօտաւորապէս 100 գիրքեր փոխադրեցին` զանոնք ձեռքէ ձեռք փոխանցելով: Գործողութիւնը եղաւ արագ եւ առանց օդը ապականելու:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած հեծիկը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (12 Յուլիս 2024)

Յաջորդը

Ինտրային Հետ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?