Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամառը երգահանդէսներու եւ երաժշտական փառատօներու եղանակն է: Յունիս 21-ին բացումը կը կատարուի երաժշտութեան տօնին, աշխարհին բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ձրի երգահանդէսներ եւ նուագահանդէսներ կը կազմակերպուին, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ օգտուիլ այդ հանդէսներէն, որովհետեւ երաժշտութիւնը մեզի լաւութիւն կը պատճառէ:
* * *
Ըստ ասածին, երաժշտութիւնը մարդուն տրամադրութիւնը կը բարելաւէ, կը հանդարտեցնէ, զայն նուազ յարձակողական եւ ջղային կը դարձնէ: Այս միտքը առաջին անգամ յիշուած է փիլիսոփայ Պղատոնի գրութիւններուն մէջ` աւելի քան 2300 տարիներ առաջ: Արդէն այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ անդրադարձած էին, թէ երաժշտութիւնը հանդարտեցնելու եւ դաստիարակելու ուժ ունէր: Կարգ մը անձեր նոյնիսկ կը հաստատեն, որ Մոցարթի պէս մեծ յօրինողներու երաժշտութիւնը մտիկ ընելը աւելի խելացի կը դարձնէ: Անշուշտ, իրականութեան մէջ, ասիկա ճիշդ չէ: Սակայն երաժշտութիւնը իսկական ազդեցութիւն ունի մեր ուղեղին վրայ:
* * *
Գիտական ուսումնասիրութիւններ կը փաստեն, որ երբ մանուկ մը երաժշտութիւն մտիկ կ՛ընէ իր մօր փորին մէջ, անոր ուղեղին մէջ կապակցութիւններ կը ստեղծուին ծնունդէն ետք, եւ անոնք պիտի օգնեն երեխային զարգացնելու իր կարողութիւնները, ինչպէս` խօսիլը, լեզուն: Կարծէք երաժշտութիւն ունկնդրելը մեր ուղեղը կը պատրաստէ սորվելու:
Մեր ամբողջ կեանքին երաժշտութիւնը մեզի կարելիութիւնը կու տայ նաեւ մեր տրամադրութիւնը ղեկավարելու: Օրինակի համար, մենք յաճախ տխուր եղանակներ մտիկ կ՛ընենք, երբ տխուր կ՛ըլլանք: Ասիկա տարօրինակ է, բայց այս երաժշտութիւնը ունկնդրելը մեզի կ՛օգնէ աւելի լաւ զգալու: Այդ զգացումը երաժշտութեան ճամբով աւելի զօրաւոր կերպով զգալը մեզի կ՛օգնէ զայն դիմագրաւելու եւ շրջանցելու, փոխանակ զայն մեր մէջ պահելու եւ խեղդելու: Ըստ մասնագէտներու, կարգ մը երաժշտական կտորներ կրնան նոյնիսկ մեր տրամադրութիւնը փոխել շնորհիւ իրենց կշռոյթին, իրենց դրական խօսքերուն եւ մեղեդիին: Իսկ ո՞ր երգը կամ երաժշտութիւնը այդ ազդեցութիւնը ունի քու վրադ:
Կլոսթաշայի Պանիր Գլորելու Մրցումը
Ամէն տարի, մայիս ամսուան վերջին երկուշաբթին, աշխարհի չորս կողմերէն հազարաւոր մարդիկ կը հաւաքուին Անգլիոյ Կլոսթաշայի շրջանին մէջ` Քուփըր՛զ Հիլ բլուրին վրայ, ներկայ գտնուելու Պանիր գլորելու մրցումին: Այս արտասովոր մրցումին ընթացքին մասնակիցները պէտք է վազեն, աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել` գլորին զառիթափ բլուրին վրայէն, բռնելու համար 3,6 քիլօ կշռող գլորուող պանիրը:
* * *
Կ՛ենթադրուի, թէ այս խանդավառ առիթը սկսած է 1800-ական թուականներուն, իբրեւ միջոց մը հողատէրերու միջեւ վէճերը լուծելու: Մրցումը գաղտնի մնաց տասնեակ տարիներ, եւ միայն շրջանի բնակիչները տեղեակ էին այս մասին:
Սակայն 2009-ին ամէն ինչ փոխուեցաւ, երբ 15 հազար անձեր խուժեցին Քուփըր՛զ Հիլ` մրցումը դիտելու համար: Մրցումին պատասխանատուները մտահոգ, որոշեցին զայն ջնջել վիրաւորներ ունենալու վտանգներէն վախնալով: Սակայն ասիկա չարգիլեց, որ այս մրցումին սիրահարները ամէն տարի հաւաքուին նոյն թուականին` սովորութիւնը շարունակելու համար:
* * *
Այս տարուան մրցումը տեղի ունեցաւ 27 մայիսին: Ան բաղկացած էր զառիթափ բլուրը իջնելու չորս մրցումներէ, երեքը` տղամարդոց համար, մէկը` կիներուն համար: Իւրաքանչիւր փուլ ունէր 25 մասնակցող: Տեղի ունեցան նաեւ բլուրը դէպի վեր մագլցելու երեք մրցումներ, երկուքը` փոքրիկներու յատուկ, իսկ մէկը` չափահասներու:
Իւրաքանչիւր մրցում սկսաւ, երբ պանիրի կլոր գունդը գլորեցաւ Քուփըր՛զ Հիլի բլուրին գագաթէն: Ապա մասնակցողները սկսան իրենց վազքը` հասնելու եւ բռնելու պանիրի գունդը, որուն արագութիւնը կը հասնէր ժամական 112 քիլոմեթրի…:
Պատրա՞ստ Էք Խաղալու…
Գիտէի՞ք, թէ 26 մարտին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը յունիս 11-ը հռչակեց Խաղի միջազգային օր: Այո՛, այս տարի մենք «տօնեցինք» խաղի տրամադրուած առաջին միջազգային օրը:
Երեխաներուն համար խաղը միայն պարզ ժամանց մը չէ: Ան շատ կարեւոր մէկ մասն է անոնց աճման: Խաղալը նախ մանուկները կը մղէ ֆիզիքապէս շարժուն ըլլալու, ինչ որ անշուշտ շատ առողջարար է: Խաղալը երեխաներուն անուղղակիօրէն կը սորվեցնէ բարեկամութիւններ հաստատել եւ ընկերային հմտութիւններ շահիլ: Ան անոնց կը սորվեցնէ նաեւ խնդիրներ եւ հարցեր լուծել: Խաղին ընդմէջէն երեխաները կրնան նաեւ զարգացնել իրենց ստեղծագործութիւնն ու երեւակայութիւնը: Այս բոլոր օգուտները կարեւոր են: Անոնք կ՛օգնեն երեխաներուն բարգաւաճելու եւ աւելի լաւ մարդիկ ըլլալու:
Ասոր կողքին դպրոցին մէջ խաղերու ընդմէջէն գիտութիւններ փոխանցելը աւելի խանդավառ կերպով մասնակցելու փափաք կը յառաջացնէ եւ կ՛օգնէ երեխաներուն տեղեկութիւններ ունենալու եւ յիշելու:
Սակայն հինգ երեխայէն չորս երեխայ կ՛ըսէ, թէ իրենց շուրջի չափահասները չեն մտածեր, թէ խաղը կարեւոր է: Այս տեղեկութիւնը քաղուած է 2023-ին աւելի քան 10 հազար երեխաներէ առնուած կարծիքներէն` աւելի քան 20 տարբեր երկիրներու մէջ ապրող:
Այս պատճառով է, որ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, շեշտելով խաղին կարեւորութեան վրայ, դիմած են Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, որպէսզի Խաղի միջազգային օր ճշդուի, որովհետեւ «Խաղի ընդմէջէն է, որ երեխաները կը հետախուզեն եւ կը հասկնան աշխարհը»:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել թիւերուն համապատասխանող
տեղերը տախտակին մէջ: