Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
– Մայրաքաղաքը այն քաղաքն է, ուր հաստատուած են երկիրը կառավարող հաստատութիւնները: Հոն է, որ կը գտնուին երկրին գլխաւոր գերատեսչութիւնները: Ինչպէս, օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու նախագահին գրասենեակը կը գտնուի Սպիտակ տան մէջ, երկրին մայրաքաղաք` Ուաշինկթընի մէջ:
– Յաճախ մայրաքաղաքը երկրին ամէնէն մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաքն է: Երկրին գլխաւոր գործունէութիւնները հոն կը տարուին, մեծ վաճառատուները, մարզադաշտերը, թատերասրահները, դպրոցները, հաստատութիւնները… Ինչպէս, օրինակի համար, Եգիպտոսի մէջ 5 բնակիչէն մէկը կ՛ապրի երկրին մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ:
– Երբեմն, պատմութեան ընթացքին, երկրի մը մայրաքաղաքը կրնայ փոխուիլ: Ինչպէս պատահեցաւ, օրինակի համար, Պրազիլի մէջ, որուն մայրաքաղաքը մինչեւ 1960 Ռիօ տը Ժանէյրոն էր: Այժմ Պրազիլի մայրաքաղաքը Պրազիլիան է, քաղաք մը, որ յատկապէս իբրեւ մայրաքաղաք շինուեցաւ:
– Ուրիշ պարագաներու, երկրի մը գլխաւոր գործունէութիւնները մայրաքաղաքին մէջ չեն գտնուիր, սակայն` ուրիշ քաղաքի մը մէջ, որ երկրին «տնտեսական մայրաքաղաքն» է: Այս ձեւով, օրինակի համար, Փղոսկրեան Ափունքի մայրաքաղաքը Եամուսքրոն է, սակայն անոր «տնտեսական մայրաքաղաքը» Ապիճանն է:
– Վերջապէս, մայրաքաղաքը անպայման երկրին ամէնէն մեծ, կամ ամէնէն ծանօթ քաղաքը չէ: Օրինակի համար, Սիտնի Աւստրալիոյ ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքն է, սակայն երկրին մայրաքաղաքը Քանպերան է:
Գիտէի՞ր, Թէ
– Կուաթեմալայի մէջ երկիրը եւ մայրաքաղաքը նոյն անունը ունին: Նոյնն է պարագան` Սինկափուրի, Ճիպութիի, Լուքսամպուրկի…
– Ովկիանիոյ մէջ գտնուող Փալաօս կղզիներուն մայրաքաղաքը Մելեքէօք միայն 400 բնակիչ ունի:
– Մինչ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ ունի 38 միլիոն բնակիչ: Ան աշխարհի ամէնէն մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաքն է:
Ինտոնեզիան Կը Փոխէ
Իր Մայրաքաղաքը
Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաքը Ճաքարթա կը գտնուի Ժաւա կղզիին վրայ: Ան մեծաթիւ բնակչութիւն ունի, շատ ապականած օդ եւ շատ խճողուած է: Ասոր կողքին, ան գետնին մէջ կը մխրճուի եւ յաճախ ողողուած է:
Երկու տարիէ ի վեր նոր քաղաք մը` Նուսանթարա, կը շինուի Պորնէոյի կղզիին վրայ, իբրեւ նոր մայրաքաղաք ծառայելու համար: Պորնէօ աւելի վայրի բնութիւն մը ունի, եւ հոն, անտառին կեդրոնը նոր մայրաքաղաք մը հիմնելու համար բազմաթիւ ծառեր պիտի կտրուին…
Աշխատանքները տակաւին տարիներ պիտի տեւեն: Սակայն նախագահին եւ նախարարներուն գրասենեակներուն փոխադրութիւնը նախատեսուած է հոկտեմբերին: Ճաքարթա պիտի պահէ իր մեծաթիւ բնակիչները, հաստատութիւնները, կեդրոնները…
Գիտէի՞ր, Թէ`
– Ինտոնեզիա բաղկացած է 13 հազար կղզիներէ:
– Ճաքարթա ունի 30 միլիոն բնակիչ:
– Նուսանդարա պիտի ունենայ 2 միլիոն բնակիչ (նախատեսուած` 2045-ին):
«Վերամշակուած» Հին Դաշնակներ
Յաճախ հինցած կամ չգործածուած դաշնակներ կը ղրկուին փճացուելու: Սակայն Անգլիոյ մէջ Փիանոտրոմ անունով արուեստագէտներու խմբակը գտած է միջոցներ` զանոնք վերամշակելու:
Անշուշտ, առաջին հերթին, արուեստագէտները կը փորձեն նորոգել այդ դաշնակները: Սակայն երբ ասիկա անկարելի կը դառնայ, անոնք կը փորձեն այդ դաշնակները վերածելու կարասիներու, խաղերու, նուագահանդէսներու ժամանակ գործածուող սպիտակեցնող սարքերու, կամ նոյնիսկ` արուեստի գործերու: Նոյն ատեն տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպուին այս առարկաներուն շուրջ: Օրինակի համար, հոկտեմբեր ամսուն, 12 դաշնակի քանդակներ ցուցադրուած են Լիծ քաղաքին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ դաշնակի մրցանք մը:
Պարպին Թանգարանին Մէջ
Դարձեալ Անգլիոյ մէջ, սակայն այս անգամ մայրաքաղաք Լոնտոնի «Տիզայն միուզիոմ» թանգարանին մէջ կազմակերպուած է Պարպի պուպրիկին տրամադրուած ցուցահանդէս մը:
Հոն կարելի է տեսնել նշանաւոր խաղալիքին հոլովոյթը եւ փոփոխութիւնները ժամանակի ընթացքին: Ցուցադրուած են տարբեր չափերով եւ մորթի տարբեր գոյներով աւելի քան 180 պուպրիկներ: Անոնց մէջ կը գտնուի նաեւ առաջին Պարպին, որ ստեղծուած էր 1959 թուականին, «Մաթել» ընկերութեան կողմէ:
Եթէ այս ցուցահանդէսը ձեզ կը հետաքրքրէ, ունիք մինչեւ 23 փետրուար 2025 դէպի Անգլիա կարճ պտոյտ մը կատարելու:
Նոր Քարի Տեսակ Մը
Հրատ Մոլորակին Վրայ
«Փըրսըվերանս» գլորող մարդամեքենան Հրատ մոլորակ հասաւ 2021 թուականին: Այդ թուականէն ի վեր ան շարունակեց իր հետախուզութիւնը Ժեզերօ կոչուած մեծ փոսին շուրջ:
Վերջերս անոր քամերան կրցաւ նկարել սեւ եւ ճերմակ գիծերով օժտուած քար մը: Այս քարը չի նմանիր Կարմիր մոլորակին վրայ մինչեւ հիմա ուսումնասիրուած քարերուն: Սակայն գիտնականները յոյսով են, որ մօտ ատենին պիտի կարենան աւելի տեղեկութիւն ունենալ այս արտասովոր քարին մասին:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
14 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել դպրոց հասցնող ճամբան` հետդ առնելով
տարբեր առարկաներ, որոնց պէտք պիտի ունենաս:
Ո՞ր կտորներուն պէտք պիտի ունենաս վերակազմելու համար կօշիկին պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած խխունջը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: