Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս ամառ Ողիմպիական խաղերուն պատճառով մարզաձեւերը լուսարձակի տակ կը գտնուին: Կրնայ ըլլալ, որ արձակուրդի ազատ ժամերուդ, այս խաղերէն ներշնչուելով, դուն ալ փափաքիս նոր մարզաձեւեր փորձել: Եւ ասիկա շատ լաւ բան մըն է, որովհետեւ ֆիզիքական շարժումը մեծ օգտակարութիւններ ունի մեր մարմնին համար:
* * *
Մեր շուրջը յաճախ կը կրկնեն, որ մարզանքը առողջութեան համար շատ լաւ է: Ճիշդ է, որ կանոնաւոր կերպով մարզանք ընելը կը նուազեցնէ կարգ մը հիւանդութիւններէ տառապելու հաւանականութիւնը, ինչպէս` քաղցկեղ, շաքարախտ, չափազանց գիրութիւն, կամ սրտի հիւանդութիւն:
Քու տարիքիդ բժիշկները կը թելադրեն ամէն օր մէկ ժամ մարզանք ընել:
Քալել, վազել, ցատկել, լողալ, խաղալ… Մարզանքը կ՛աշխատցնէ ամբողջ մարմինդ, գործարաններդ եւ ուղեղդ: Մկաններդ կ՛ընդլայնին եւ ոսկորներդ կը զօրանան, եւ ասիկա առիթը կու տայ, կմախքիդ մեծնալու: Սրտիդ մկանը աշխուժօրէն կը բանի, եւ արիւնը կը շրջի երակներուն մէջ ամբողջ մարմնիդ թթուածին եւ սնունդ հայթայթելու համար: Թթուածինով եւ սնունդով լաւ օժտուած ուղեղով մը քու կեդրոնացումդ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եւ դուն աւելի դիւրութեամբ կը սորվիս:
* * *

Մարզանք ընելը քեզ կ՛աշխուժացնէ, միտքերդ կը փոխէ եւ քեզի կ՛օգնէ` զգացումներդ ղեկավարելու: Երբ կը շարժիս, ուղեղդ յատուկ քիմիական նիւթեր կ՛արտադրէ` անտորֆինները, որոնք կը հեռացնեն մտահոգութիւնը, ցաւը եւ լաւատեսութեան զգացում կը յառաջացնեն: Ասոր կողքին, քունիդ որակն ալ կը բարելաւուի:

Ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ դրական ազդեցութիւններուն հետ մարզանքը կը հարստացնէ նաեւ ընկերային գիծեր, ինչպէս` խմբային աշխատանքներ, ինքնավստահութիւն եւ յարգանք շուրջիններուդ հանդէպ: Մարզանքի առաւելութիւններէն են նաեւ` հանդիպումները, միասին ժամանակ անցընելը եւ նոր ընկերներու ծանօթանալը:
Կարճ Լուրեր Աշխարհէն
10-րդ Տարեդարձը Արարատի Գագաթին
Վարդգէս Գէորգեան իր 10-րդ տարեդարձը տօնեց Արարատի գագաթին` դառնալով Արարատը մագլցող ամէնէն փոքր տարիքի հայը:
Քանի մը շաբաթ առաջ Վարդգէս մագլցած էր արդէն Արագած լեռը:
* * *
«Քալող» Ծառը
Այս ծառը ընտրուած է իբրեւ «2024-ի ծառը»: Հիւսիսային ռաթա ծառերու ընտանիքին պատկանող այս ծառը վերջին մնացորդն է Նոր Զելանտայի մէջ 150 տարիներ առաջ փճացուած անտառի մը: Այս ծառի տեսակին պահպանումը էական է շրջանի ընդհանուր բնութեան հաւասարակշռութեան համար:
* * *
Խաղաղականի Խորերը` Թթուածինի Խորհրդաւոր Աղբիւր Մը
Մինչեւ վերջերս գիտնականները գիտէին, որ թթուածինը կը ստեղծուի արդէն կենդանի էակներու միջոցով, ֆոթոսենթիսիսի դրութեան ընդմէջէն եւ արեւուն շնորհիւ: Այս պատճառով է, որ թթուածինի գտնուած նոր աղբիւր մը մեծ հարցականներ կը ստեղծէ:
Արդ, Խաղաղական ովկիանոսի խորերը, ամբողջական մթութեան մէջ, գիտնականները գտած են ծովային քարեր, որոնցմէ թթուածին դուրս կու գար: Այս տարօրինակ «սեւ թթուածինը» գտնուած է ովկիանոսին մէջ, 4 քմ խորութեան վրայ: Այս թթուածինը կ՛արտադրուի կլոր խճաքարերէ, որոնք հարուստ են հազուագիւտ մետաղներով, ինչպէս` քոպալթ, մանկանեզ եւ նիկիլ: Այս հանքային նիւթերն են, որոնք ծովու ջուրին մէջ հակազդեցութիւն մը կը յառաջացնեն` H2O մասնիկները իրարմէ բաժնելով եւ ազատ արձակելով ջուրին մէջի թթուածինը եւ ջրածինը:
* * *
Աշխարհի Ամէնէն Հին Գծագրութիւնը
Աշխարհի ամէնէն հին մէկ գծագրութիւնը, կը ներկայացնէ… վարազ մը: Այս գծագրութիւնը շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուի, պարզապէս որովհետեւ երեք անձերով շրջապատուած այս կարմիր վարազը գծուած է աւելի քան 51.200 տարիներ առաջ:
Այս նկարչութիւնը գտնուած էր Ինտոնեզիոյ Սուլաուէսի կղզիին քարայրներէն մէկուն մէջ 2017 թուականին: Սակայն միայն քանի մը տարիներ ետք է, որ շնորհիւ թուականները ճշդելու թեքնիք նոր յառաջդիմութիւններուն` կարելի եղաւ ճշգրիտ թուական մը տալ անոնց:
Պատկերին մէջ կարելի է նկատել վարազին թանձր մարմինը եւ անոր չորս բարակ ոտքերը, ինչպէս նաեւ` քանի մը անձերու ուրուագիծերը: Ըստ մասնագէտներուն, այս պատկերը յստակօրէն կը ներկայացնէ պատմութիւն մը` դառնալով մեզի ծանօթ ամէնէն հին պատմութեան մը հետքը:
Նախապատմական քարայրներու պատերուն վրայ մեզի ծանօթ ամէնէն հին նկարչութիւնները եւ պատկերները Ֆրանսայի մէջ Շովէի քարայրին նկարչութիւններն են, որոնք իրականացուած էին 36 հազար տարիներ առաջ: Մինչ մինչեւ հիմա ծանօթ ամէնէն հին նկարչութիւնները, որոնք ո՛չ անասուններ, ո՛չ ալ պատկերներ կը ներկայացնեն, 65 հազար տարուան սպանական երեք քարայրներու մէջ գտնուած ձեռքերու հետքերն են:
Իսկ Հարաւային Ափրիկէի մէջ գտնուած են 100 հազար տարուան քարերուն մէջ փորագրուած գիծեր եւ նշաններ:
Վերջապէս մարդկային «գծագրուած» ամէնէն հին հետքը գտնուած է Ժաւա կղզիին վրայ գտնուած 500 հազար տարուան խեցիի մը վրայ փորագրուած զիկզակ գիծ մը:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած Նիւ Եորքի Ազատութեան արձանը:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած առարկաները:


