Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշուն. Նոր Եղանակ Մը Սկսաւ

Հոկտեմբեր 5, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ահա արդէն երկու շաբաթ է, որ երկրագունդին հիւսիսային կիսագունդին մէջ ամառը պաշտօնապէս վերջացաւ, մինչ հարաւային կիսագունդին մէջ արդէն գարուն է:

Կիրակի, 22 սեպտեմբերին, գիշերահաւասարի օրը, մենք մտանք աշնանային եղանակ, որ պիտի տեւէ 3 ամիս: Օդը պիտի սկսի աւելի ցրտել, եւ արեւը աւելի շուտ մար պիտի մտնէ:

Աշնան բնութիւնը կը փոխուի: Գաղթող թռչունները սկսան իրենց երկար ճամբորդութիւնները դէպի տաք երկիրներ, սունկերը սկսան բուսնիլ անտառներուն եւ դաշտերուն մէջ…

Իսկ անշուշտ աշնան ամէնէն մեծ փոփոխութիւնը ծառերուն տերեւներն են, որոնք իրենց գոյնը փոխելէ ետք կը թափին` գետինը ծածկելով նարնջագոյն գորգով մը:

Ինչո՞ւ տերեւները իրենց գոյնը կը փոխեն աշնան

Ամէն ապրող էակ ունի մորթի բնական երփնանիւթեր (փիկմընթ), որոնք անոր գոյն կու տան: Ծառի տերեւներու պարագային, այդ գոյները կրնան ըլլալ` դեղին, նարնջագոյն, կարմիր… կամ կանաչ (ասիկա քլորոֆիլն է): Այդ երփնանիւթերը տարբեր ձեւով կը բանին` ըստ եղանակին:

Այս երեւոյթը հասկնալու համար պէտք է նախ նայինք, թէ ի՛նչ կը պատահի գարնան:

Գարնան եւ ամրան եղանակներուն

Ծառին աճումի շրջանին քլորոֆիլը շատ մեծ դեր կը խաղայ: Ան արեւուն լոյսը «կը ծծէ» ծառը սնուցանելու համար. այս գործողութիւնը ճանչցած է ֆոթոսենթեզիս անունով:

Այս եղանակներուն քլորոֆիլը շատ մեծ քանակով կը գտնուի տերեւներուն մէջ` ծածկելով միւս գոյներու ներկայութիւնը. տերեւները կանաչ են:

Ֆոթոսենթեզիսի ժամանակ օդին մէջ ծառին տերեւները «կը ծծեն» արեւուն լոյսը եւ բնածխական կազը (CO2): Գետնին մէջ անոր արմատները կը հաւաքեն ջուրը եւ հանքային աղերը (հողին մէջ գտնուող սնունդ հայթայթող նիւթեր): Այս տարբեր տարրերով ծառը շաքար կը շինէ սնանելու, ապրելու եւ աճելու համար: Երբ ֆոթոսենթեզիսի գործողութիւնը կ՛աւարտի, ան դուրս կ՛արձակէ թթուածինը, որ մեր շնչած կազն է:

Երբ աշունը կու գայ…

Հետը կու գայ ցուրտը, ցերեկային ժամերը կը կարճնան, նուազ լոյս կայ: Բոյսը դանդաղօրէն կ՛ապրի: Ֆոթոսենթեզիսի աշխատանքները կը նուազին, տերեւները անօգուտ կը դառնան:

Քլորոֆիլին քանակն ու որակը կը նուազին եւ կը վատանայ: Միւս երփնանիւթերը կը վերայայտնուին. տերեւները կը դառնան դեղին, նարնջագոյն կամ կարմիր, եւ ապա` սրճագոյն… Վերջապէս, անոնք կը մեռնին եւ կը թափին:

Ծառերը տարբեր գոյներ կը ստանան` ըստ իրենց տեսակին, իրենց առողջական վիճակին, ջերմաստիճանին կամ հողին բաղադրութեան: Կարգ մը ծառեր շատ գեղեցիկ տերեւներ կ՛ունենան, ինչպէս` կնձնին եւ ընկուզենիներ, որոնց տերեւները ոսկեգոյն երանգ մը կը ստանան, կամ` կաղնին, որուն տերեւները կարմիր կը դառնան:

Այլազան Լուրեր

Փեսթօ` Ճուտիկ Փենկուէնը

Հակառակ իր փոքր տարիքին` Փեսթօ արդէն դարձած է աւստրալիական աքուարիոմի անդամ, ուր ան կ՛ապրի, եւ դարձած է ընկերային ցանցերուն վրայ ճանչցուած աստղ մը:

Իր 23,5 քիլօ ծանրութեամբ, ինը ամսական Փեսթօ աւելի ծանր կը կշռէ, քան` իր ծնողները Թանկօ եւ Հատսըն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կշռէ մօտաւորապէս 11 քիլօ:

Փեսթոյի կլորակ կերպարանքը կը նմանի մեծ, սրճագոյն փետուրներով գունդի մը. ան անմիջապէս կը նկատուի երբ օրօրուելով կը շրջի սառոյցին վրայ միւս փենկուէններուն միջեւ: Ան շատ ընկերային է, հետաքրքիր եւ վստահ կը բացատրէ անոր հոգ տանող Միոզ Թորնթըն:

Մօտ օրէն Փեսթօ պիտի կորսնցնէ իր նուրբ փետուրները, որոնց պիտի փոխարինեն չափահասի փետուրները` գլխուն վրայ իրենց յատուկ դեղին բիծով եւ մարմնի տարազի նման սեւ ու ճերմակ «բաճկոնով»:

Այս փոփոխութիւնները շատ ուժ պիտի սպառեն եւ Փեսթոյի ախորժակն ալ պիտի նուազի, եւ շատ շուտ ան պիտի միանայ չափահաս փենկուէններու մեծ ընտանիքին:

Անկոչ Հիւր Մը` Օդանաւին Մէջ

Օդանաւը թռիչք առաւ Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքէն` ուղղուելով դէպի Մալակա, Սպանիա: Սակայն փախստական ճամբորդ մը օդանաւին ստիպեց ճամբորդութիւնը ընդհատել եւ իջնել Քոփենհակընի օդակայանը, Դանիա:

Այս ստիպողական էջքին պատասխանատուն… մուկ մըն էր, որ շատ հաւանաբար կրցած էր փախուստ տալ ճամբորդի մը ճաշի ծրարէն:

Ստիպուած` ճամբորդները օդանաւ փոխեցին եւ շարունակեցին իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Սպանիա, մինչ գետին մնացած օդանաւը ամբողջութեամբ քննութեան եւ մաքրութեան ենթարկուեցաւ:

Ֆլոքի Շունը` Ռիոյի Ծովափի
Ամէնէն Նշանաւոր «Մարզիկը»

Ֆլոքի 3 տարեկան պորտըր քոլիէ շուն մըն է, ան կ՛ապրի Պրազիլի մէջ: Այս տեսակի շուները շատ աշխուժ են, միշտ շարժուն: Ձագուկ ֆլոքի արդէն կը ցատկռտէր բոլոր գնդակներուն ետեւէն…

Անոր տէրը` Կուսթավիօ, անոր սորվեցուցած է ֆութվոլի խաղալ: Այս մարզաձեւը կը խաղցուի 2 մրցակից զոյգերով, աւազին վրայ, ցանցի մը վրայէն: Ինչպէս ֆութպոլի պարագային, արգիլուած է ձեռքերը եւ թեւերը գործածել: Ֆլոքի գնդակը կը զարնէ իր դունչով կամ գլուխով: Ան շատ լաւ խաղցող մըն է:

Շաբաթավերջին ան իր տիրոջ հետ կ՛ուղղուի Ռիօ տը Ժաներոյի ծովափը: Կուսթաւիօ եւ ֆլոքի միասին կը մասնակցին ֆութվոլիի մրցումներուն, եւ 3 խաղէն մէկը կը յաղթեն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերը ամբողջացնող մանրամասնութիւնը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թունաւոր Օձեր

Յաջորդը

Պատմաբան Նիքըլաս Տենֆըրթ Կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ Արեւմտականացումը Քեմալիզմի Եւ Էրտողանի Ձեւերով

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?