Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

200 Միլիոն Տարուան Հոյամողէսներու Հետքեր

September 14, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մայիս 2023-ին Ֆրանսայի հարաւը Լոզերի շրջանին մէջ անցորդ մը կը նշմարէ հոյամողէսի մը 2 հետքեր` գետնէն դուրս ելած խաւի մը վրայ:

Օգոստոս 2024-ին 19 մասնագէտներէ բաղկացած խմբակ մը կը հետախուզէ շրջանը չորս օրերու ընթացքին…

Պեղումներուն սկիզբը մասնագէտները նախ հանեցին հողի խաւ մը, եւ ապա` ժայռերու խաւ մը, որմէ ետք անոնք յատուկ գործիքներով հանեցին վերջին փոշիները: Անոնց բոլոր շարժումները շատ զգոյշ էին վարի խաւերուն վրայ քերծուածքներ չյառաջացնելու համար, վերջապէս 1-50 սմ խորութեամբ տարածք մը պարպելէ ետք անոնք հետքերը գտան:

25 մեթր երկարութիւն ունեցող փոքրիկ լողարանի մը հաւասար տարածքին վրայ անոնք գտան շատ լաւ պահուած հոյամողէսներու ոտքերու յստակ 80 հետքեր` անոնց թաթերով եւ ճանկերով (2 եւ 3): Անոնք կրցան զանազանել 6 հետքերու շարքեր. անոնցմէ ամէնէն երկարը կը հասնէր աւելի քան 8 մեթրի հետքերը տարբեր չափի են. հոնկէ անցած են չափահաս եւ փոքրիկ հոյամողէսներ: Այս ոտնահետքերուն խորութիւնը եւ իւրաքանչիւրին միջեւ հեռաւորութիւնը չափելով` անոնք նշմարեցին, որ կարգ մը անասուններ կը քալէին, իսկ ուրիշներ կը վազէին: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք կը յառաջանային ճահիճի մը ափի երկայնքին:

Այս հետքերը 3 մատներով թաթերու են: Գտնուած են 3 տարբեր տեսակներ: Ըստ ուսումնասիրութիւններուն, անոնք թերոփոտ հոյամողէսներու կը պատկանին. այս անասունները մսակեր էին եւ երկոտանի: Անոնք կ՛ապրէին 200 միլիոն տարիներ առաջ: Անոնց մասին աւելի շատ բան գիտնալու համար մասնագէտները կը յուսան ապագային այդ շրջանին մէջ գտնել հոյամողէսներու ոսկորներ:

Այս հետքրը ապագային շարունակելու ուսումնասիրելու համար մասնագէտները բազմաթիւ տեղեկութիւններ արձանագրած են. անոնք չափեր եւ նկարներ առած են, կաղապարումներ կատարած: Վերջապէս, անոնք ստեղծած են ճշգրիտ 3D նկարներ` 2 տարբեր միջոցներով. նախ գետինը սքան ընելով լէյզըր ճառագայթով յատուկ մեքենայով մը, կամ` համակարգիչին վրայ իրարու վրայ դնելով շատ մանրամասն նկարներ: Այս աշխատանքին աւարտին անոնք հետքերը հողով ծածկած են զանոնք պահպանելու համար: Այս ձեւով անոնք պիտի չմաշին կամ պիտի չփճանան:

Պիտի Ուզէի՞ր Պարպիին Տան Մէջ Ապրիլ

 

Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանը բնակող Քէյթ Կապրիէլ դրամի պէտք ունի եւ ստիպուած է ծախելու իր տունը: Տարիներու ընթացքին ան անձնապէս կահաւորած եւ յարդարած է իր տունը` փորձելով զայն վերածել Պարպիի իսկական տան մը:

Սակայն ուշադրութի՛ւն: Եթէ պիտի ուզէիր այդ տան մէջ բնակիլ, անհրաժեշտ է սիրել վարդագոյն գոյնը… որովհետեւ այդ տան մէջ ամէն ինչ վարդագոյն է` կարասները, պատերը, կերպասները… Ասոր կողքին, ընդհանուր տան մէջ զուարթ մթնոլորտ մը կը տիրէ` շնորհիւ ծաղիկներու գծագրութիւններուն, գունաւոր պնակեղէններուն, հաճելի ծանուցագիրներու…

Սակայն տան մեծ առաւելութիւնը անոր շարժապատկերի սենեակն է, որ իսկական շարժապատկերի սրահի մը մթնոլորտը կը ստեղծէ իր հինգ բազկաթոռներով եւ հարիւրաւոր ժապաւէններով:

Քէյթ յոյսով է, որ այն անձերը, որոնք պիտի գնեն իր տունը, զայն կը պահեն նոյն վիճակին մէջ:

Մրցանիշ

 Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Անձը

Անցեալ շաբաթ մենք խօսեցանք ամէնէն փոքր տարիքով մրցանիշներ արձանագրուած անձերու մասին: Սակայն օգոստոսի վերջաւորութեան մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքը կրցած է վերանորոգել ուրիշ մրցանիշ մը, այս անգամ` ամէնէն տարիքոտ անձին:

Թոմիքօ Իթուքա ծնած է 23 մայիս 1908-ին, Ճափոնի մէջ: Հետեւաբար ան 116 տարեկան է: Օգոստոսի վերջաւորութեան այս կինը պաշտօնապէս դարձաւ մարդկութեան ամէնէն տարիքոտ անձը` ըստ մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքին: Ան տակաւին կենդանի ամէնէն ծեր անձն է: 70-100 տարեկանին միջեւ ան շատ քալած է եւ մագլցած` ճափոնական լեռները, ըստ իրեն, ասիկա է պատճառը իր լաւ առողջութիւն ունենալուն:

Նախկին ամէնէն տարիքոտ անձը` Մարիա Պրանեաս Մորենա, մահացաւ 117 տարեկանին, 19 օգոստոսին, Սպանիոյ մէջ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Ո՞ր կտորները օգտագործուած են վերակազմելու համար պատկերին մէջի ամանը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Սեպտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Վարշաւայի Մէջ «Ազրպէյճանի Բազմամշակութային Ինքնութեան» Ցուցահանդէսը Եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Այրերուն Ապիկարութիւն

RelatedPosts

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը
Մանկապատանեկան

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

January 31, 2026
Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

January 24, 2026
Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.