Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կուկըլ Թրանսլէյթ» Կը Գործածէ՞ք

Յուլիս 20, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Կուկըլ Թրանսլէյթ» համացանցին վրայ թարգմանութեան ամէնէն ծանօթ գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով կարելի է բառ մը, նախադասութիւն մը, կամ նոյնիսկ գրութիւն մը թարգմանել ուրիշ լեզուի մը: Յունիս ամսուան սկիզբը իր լեզուներու երկար ցանկին վրայ ան աւելցուց 110 նոր լեզուներ: Այժմ ընդամէնը 243 լեզուներ գոյութիւն ունին անոր ցանկին մէջ:

Այս 110 նոր լեզուներուն մէջ մենք կրնանք գտնել Հարաւային Ափրիկէի մէջ խօսուած զուլու լեզուն, կամ Հնդկաստանի մէջ խօսուած թելուկու լեզուն: Ուրիշ լեզուներ, ինչպէս` մայաներու լեզուն, կամ Քորսիքայի լեզուն, աւելցուած են նաեւ ձրիօրէն ժողովուրդին տրամադրութեան տակ գտնուող այս թարգմանութեան կայքէջին վրայ:

* * *

Ինչպէ՞ս Կը Բանի Համացանցի
Վրայ Թարգմանութիւն Մը

Համացանցի վրայ թարգմանութեան գործիք մը շատ հզօր համակարգիչներ կը գործածէ` վերլուծելու եւ հասկնալու տարբեր լեզուներով միլիոնաւոր նախադասութիւններ: Այս գործողութիւնը ինչպէ՞ս կը բանի.

1 – Տուեալներու հաւաք: «Թարգմանիչ»-ը կը սորվի տարբեր լեզուներով միլիոնաւոր գրութիւններու (գիրքեր, յօդուածներ, կայքէջեր)… միջոցով:

2 – Վերլուծում: Ան տարբեր լեզուներու մէջ կը բաղդատէ բառերը եւ նախադասութիւնները` հասկնալու համար, թէ անոնք ինչպէ՛ս թարգմանուած են:

3 – Թարգմանութիւն: Երբ դուն նախադասութիւն մը կը գրես համակարգիչին վրայ, թարգմանիչ կայքէջը իր ամբողջ «սորվածը» կը գործածէ քեզի ամէնէն լաւ թարգմանութիւնը առաջարկելու համար:

Շնորհիւ արհեստական բանականութեան` այս թարգմանութեան գործիքները միշտ աւելի ճշգրիտ եւ օգտակար կը դառնան:

– Ինչպէ՞ս Գործածել Համացանցի Վրայ Թարգմանութեան Գործիք Մը

1 – Լեզուի մը հիմքերը սորվիլ: Երեւակայէ, որ ընկերներդ տպաւորելու համար կ՛ուզես քանի մը բառ ափրիկեան զուլու բառեր սորվիլ: Դուն պարզապէս բառը հայերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով գրէ համակարգիչին վրայ եւ ձգէ, որ թարգմանիչը քեզի տայ անոր թարգմանութիւնը զուլու լեզուով:

2 – Պարտականութիւններդ կատարելու ատեն քեզի օգնելու համար: Օրինակի համար, երբ Հնդկաստանի մասին զեկոյց մը պէտք է պատրաստեն եւ կ՛ուզես մէջը մտցնել թելուկու լեզուով քանի մը բառեր: Թարգմանիչը կրնայ քեզի օգնել այս նախադասութիւնները թարգմանելու: Սակայն` ուշադրութի՛ւն: Դուն իբրեւ պարտականութիւն ստացած ամբողջ գրութիւնը մի փորձեր այս ձեւով թարգմանել, որովհետեւ երկար թարգմանութիւնները կրնան շատ ճշգրիտ չըլլալ:

– Օտար բարեկամներու հետ հաղորդակցելու համար: Եթէ ունիս բարեկամներ, որոնք քեզի անծանօթ լեզու մը կը խօսին, կրնաս համացանցի վրայ թարգմանիչը գործածել` անոր կարճ նամակ մը գրելու համար իր լեզուով, կամ` անոր ըսածը հասկնալու համար: Ան քեզի կ՛օգնէ, նոյնիսկ եթէ այդ օգնութիւնը կատարեալ չէ, ան յոյս կու տայ, թէ դուն ճիգ կը թափես ընկերոջդ հետ հաղորդակցելու համար:

– Ուրիշ մշակոյթներու ծանօթանալու համար: Նախադասութիւններ տարբեր լեզուներու թարգմանելով` դուն կրնաս աւելի բաներ սորվիլ աշխարհի տարբեր մշակոյթներու մասին, եւ թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կ՛արտայայտուին տարբեր լեզուներով:

– Լեզուները բարելաւելու համար: Կ՛ուզես իտալերէն սորվիլ ընկերուհիի մը հետ խօսելո՞ւ համար, դպրոցը անգլերէն կը սորվի՞ս, դուն կրնաս լեզու մը աւելի լաւ սորվիլ` կարդալով եւ անշուշտ զայն խօսելով: Համացանցի այս թարգմանիչին շնորհիւ` դուն կարծես միշտ հետդ բառարան մը ունիս գրպանիդ մէջ:

* * *

Համանցը միայն կա՛մ ժամանցի, կա՛մ սորվելու չի ծառայեր: Եւ եթէ քեզի կը հետաքրքրեն լեզուները, կրնաս դիւրութեամբ այս երկար արձակուրդները օգտագործելով` սկսիլ օտար լեզու մը սորվիլ: Համացանցին վրայ գոյութիւն ունին տարբեր ափլիքէյշըններ, որոնք կ՛առաջարկեն ձրիօրէն սկսիլ սորվելու նոր լեզու մը, եւ երբ դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուիս, կրնաս միշտ դիմել «Կուկըլ Թրանսլէյթ»-ին քեզի օգնութեան հասնելու համար:

Կարճ Լուրեր

Նոր Տեսակի Մրջիւն Մը
Գտնուած Է… Ան Կապոյտ Է

Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելքը գիտնականներու խումբ մը գտած է մրջիւններու նոր տեսակ մը: Անոնք կապոյտ են: Ասիկա հազուադէպ երեւոյթ մըն է միջատներու աշխարհին մէջ: Այդ մրջիւններուն տրուեցաւ «Փարափարաթրեքինա Նիլա» անունը. Նիլա կը նշանակէ «կապոյտ» հնդկական բազմաթիւ լեզուներու մէջ:

Այս կապոյտ մրջիւնը շատ փոքր է. անոր երկարութիւնը հազիւ 2 միլիմեթր է: Շատ քիչ թիւով անասուններ կապոյտ կ՛ըլլան: Այս գոյնին մենք կը հանդիպինք յատկապէս թռչուններուն, ձուկերուն, գորտերուն մօտ:

Ճափոնցիները Կրցած Են Ստեղծել
Անջրպետի Փոքրիկ Մեքենայ Մը…
Միայն Փայտով Շինուած

Փայտէ առաջին արբանեակը ներկայացուեցաւ Ճափոնի մէջ: Անոր անունը «Լինիօ Սաթ» է: Կը ծրագրուի զայն անջրպետ ուղարկել սեպտեմբեր ամսուն, «Սփէյս էքս» անջրպետանաւին միջոցով: Անոր ներկայութիւնը անջրպետին մէջ պիտի ուսումնասիրուի` տեսնելու համար, թէ ան կարո՞ղ է տոկալ ջերմաստիճանի շատ մեծ փոփոխութիւններու:

Փայտէ շինուած արբանեակին նպատակն է նուազ վնասներ ունենալ, երբ արբանեակը կը վերադառնայ երկիր, այսինքն` խուսափիլ երկրագունդին վրայ ինկող արբանեակի մետաղեայ կտորներէն, երբ ան իր կեանքի վերջաւորութեան դարձեալ կը մտնէ մեր մթնոլորտին մէջ: Այս ձեւով փայտը աւելի դիւրութեամբ պիտի այրի, քան` մետաղը:

Գտնուած Են 250
Տարուան Կեռասներ…

Միացեալ Նահանգներու մէջ հնագէտները տարօրինակ հետքեր գտած են: Երկրի առաջին նախագահին` Ճորճ Ուաշինկթընի (1732-1799) տան մառանին մէջ պեղումներու ընթացքին անոնք գտած են կեռասներ եւ ուրիշ փոքրիկ պտուղներ պարունակող տասնեակ մը շիշեր: Այս պտուղները, որոնք 250 տարիներ առաջ քաղուած էին, շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին:

Հաւանաբար, որ մասնագէտներ անոնցմէ քանի մը կուտեր տնկեն, նոր կեռասենիներ աճեցնելու համար:

Հարցարան

 Ընդհանուր Զարգացում

1-Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն շատ այցելուած յուշարձան-շինութիւնը:
ա-Էյֆել աշտարակ, բ-Արգիլուած քաղաք, գ-Քոլիսէում:

2- Ո՞ր երկիրը արժանացաւ 2022-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
ա-Ֆրանսա, բ-Արժանթին, գ-Պրազիլ:

3- Ո՞ր մոլորակը ճանչցուած է «Կարմիր մոլորակ» անունով:
ա-Լուսնթագ, բ-Արուսեակ, գ-Հրատ:

4-Ո՞րն է մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ մոլորակը:
ա-Երեւակը, բ-Լուսնթագը, գ-Պոսիտոնը:

5- Ո՞վ գտած է Ամերիկան 1492-ին:
ա- Քրիստափոր Քոլոմպոս, բ-Վասքօ տը Կամա, գ-Ֆերտինանտ Մաժելլան:

6- Ո՞ր երկիրը կազմուած է աւելի քան 7000 կղզիներէ:
ա-Ինտոնեզիա – բ- Ֆիլիփին, գ-Քանատա:

7- Ո՞րն է հիւսիսային Ամերիկայի ամէնէն մեծ երկիրը:
ա-Քանատա, բ-Միացեալ Նահանգներ, գ-Մեքսիքա:

8- Ո՞ր երկիրը նշանաւոր է իր բուրգերով:
ա-Եգիպտոս, բ-Սուտան, գ-Յունաստան:

9- Ո՞ր երկիրը ճանչցուած է իբրեւ «Կակաչներու երկիր»:
ա- Պելճիքա, բ-Նետերլանտներ (Հոլանտա), գ-Լուքսամպուրկ:

10- Ո՞ր ցամաքամասին վրայ կը գտնուի ամազոնեան անտառը:
ա-Հարաւային Ամերիկա, բ-Ափրիկէ, գ-Ասիա:

11- Ո՞րն է Ափրիկէի ամէնէն մեծ տարածք ունեցող երկիրը:
ա-Ալճերիա, բ-Սուտան, գ-Եթովպիա:

12- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ տարածքով երկիրը:
ա-Քանատա, բ-Ռուսիա, գ-Չինաստան:

13- Ո՞րն է ամէնէն փոքրիկ ցամաքամասը:
ա- Եւրոպա, բ-Ովկիանիա, գ-Անթարքթիքա:

14- Ո՞ր լեռնաշղթան կը գտնուի հարաւային Ամերիկայի մէջ:
ա- Ալպեան լեռնաշղթան, բ-Անտեան լեռնաշղթան, գ-Հիմալայայի լեռնաշղթան:

15- Ո՞ր երկիրին մէջ կը գտնուի Էվերեսթ լեռը:
ա- Նեփալ, բ-Հնդկաստան գ- Չինաստան:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել քաղաք հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
14 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած սուզանաւը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Պատասխաններ

1-Արգիլուած քաղաքը, 2-Արժանթին, 3-Հրատ, 4-Լուսնթաք, 5-Քրիստափոր Քոլոմպոս, 6- Ինտիոնեզիա, 7-Քանատա, 8-Եգիպտոս, 9- Նետերլանտներ (Հոլանտա), 10-Հարաւային Ամերիկա, 11-Ալճերիա, 12-Ռուսիա, 13- Ովկիանիա, 14-Անտեան Լեռնաշղթայ, 15- Նէփալ:

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ Մարզախաղերը Նոր Յաղթանակներով Ոգեւորեցին Եւ Յուսադրեցին ՀՄԸՄ-ի Մասնաճիւղերն Ու Շրջանի Հայութիւնը

Յաջորդը

Վկայագիր Մը «Ֆայհա»-ին

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?