Մանկապատանեկան

Արտասովոր Մրցում Մը` Շուներու Միջազգային Օրը Նշելու Համար

Արտասովոր Մրցում Մը` Շուներու Միջազգային Օրը Նշելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտէի՞ր, թէ ամէն տարի, 26 օգոստոսին կը տօնուի Շուներու միջազգային օրը: Այո՛, այս օրը գոյութիւն ունի 2004 թուականէն ի վեր: Այս որոշումը տրուած է պատուելու համար մեր չորս թաթերով բարեկամները եւ նշելու անոնցմով զբաղուելու կարեւորութիւնը: * * * Այս առիթով, ամէն տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՛ունենայ... աշխարհի ամէնէն «տգեղ» շան մրցումը: Այս ձեւով, այս տօնակատարութիւնը...

200 Միլիոն Տարուան Հոյամողէսներու Հետքեր

200 Միլիոն Տարուան Հոյամողէսներու Հետքեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մայիս 2023-ին Ֆրանսայի հարաւը Լոզերի շրջանին մէջ անցորդ մը կը նշմարէ հոյամողէսի մը 2 հետքեր` գետնէն դուրս ելած խաւի մը վրայ: Օգոստոս 2024-ին 19 մասնագէտներէ բաղկացած խմբակ մը կը հետախուզէ շրջանը չորս օրերու ընթացքին... Պեղումներուն սկիզբը մասնագէտները նախ հանեցին հողի խաւ մը, եւ ապա` ժայռերու խաւ մը, որմէ ետք անոնք յատուկ գործիքներով հանեցին վերջին փոշիները: Անոնց...

Լուրեր Աշխարհէն.  Երկու Տարեկան Արուեստագէտը

Լուրեր Աշխարհէն. Երկու Տարեկան Արուեստագէտը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ   Երկու տարեկան գերմանացի Լորըն Շուարց արդէն ծանօթ անուն մը դարձած է արուեստի աշխարհին մէջ, ուր անոր գործերը կը ծախուին մինչեւ 6500 եւրոյի: Արդեօ՞ք ան ապագայ Փիքասօ մըն է... Անցեալ աշնան է, որ փոքրիկ Լորըն սկսաւ գեղանկարչութեամբ հետաքրքրուիլ: Ան իր ժամանակը գլխաւորաբար կ՛անցընէր հանրային կեդրոնի մը ստեղծագործական աշխատանոցին մէջ: Այս պատճառով է, որ արձակուրդէն վերադարձին ծնողները մտածեցին...

Ի՞նչ Են Փարա-Ողիմպիական Խաղերը

Ի՞նչ Են Փարա-Ողիմպիական Խաղերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  Ամրան կէսերուն մենք կրցանք հետեւիլ բոլորին ծանօթ Ողիմպիական խաղերուն, որ համաշխարհային իրադարձութիւն մըն է: Սակայն մարզանքի այս մեծ տօնը ամբողջովին վերջ չգտաւ 11 օգոստոսին: Չորեքշաբթի, 28 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ բացումը Փարա-ողիմպիական խաղերուն, որոնք յատկացուած են ֆիզիքական կամ մտային դժուարութիւններ ունեցող մարզիկներուն: Այս խաղերը պիտի տեւեն մինչեւ 8 սեպտեմբեր: * * * - Ի՞նչ Են Փարա-Ողիմպիական Խաղերը...

Ո՞վ Հնարած Է Շոգեկառքը

Ո՞վ Հնարած Է Շոգեկառքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամառնային արձակուրդները առիթ են ճամբորդելու, նոր վայրերու ծանօթանալու, միջավայր փոխելու... Այս տեղափոխութիւնները կատարելու համար մենք ընդհանրապէս օդանաւներու կամ ինքնաշարժներու կը դիմենք: Սակայն բազմաթիւ երկիրներու մէջ, երկար հեռաւորութիւններու պարագային, մարդիկ կ՛ընտրեն նաեւ շոգեկառքը: Շոգեկառքով այս ճամբորդութիւնները նուազ ծախսալից կրնան ըլլալ, ինչպէս նաեւ անոնք առիթը կու տան քանի մը ժամուան ընթացքին գեղեցիկ տեսարաններէ օգտուելու: Սակայն ո՞վ հնարած է...

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Ընթերցանութիւնը

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Ընթերցանութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արձակուրդները ամէնէն լաւ ժամանակը եւ նոր բաներ փորձելու, նոր բաներու ծանօթանալու... Հետեւաբար մէկ կողմ ձգենք մեր փոքրիկ պաստառները եւ գիրք մը առնենք: Դուք պիտի տեսնէք, որ ընթերցանութիւնը սքանչելի բան մըն է, առաւել` ան մեզի օգտակար է: Երբ դուն կ՛ընտրես գիրք մը, գծանկարներով պատմութիւն մը, մանկա մը կամ թերթ մը, ասիկա կը նշանակէ, որ կ՛ուզես զբաղիլ, մթնոլորտ...

Մարզանքը Շատ Օգտակար Է

Մարզանքը Շատ Օգտակար Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս ամառ Ողիմպիական խաղերուն պատճառով մարզաձեւերը լուսարձակի տակ կը գտնուին: Կրնայ ըլլալ, որ արձակուրդի ազատ ժամերուդ, այս խաղերէն ներշնչուելով, դուն ալ փափաքիս նոր մարզաձեւեր փորձել: Եւ ասիկա շատ լաւ բան մըն է, որովհետեւ ֆիզիքական շարժումը մեծ օգտակարութիւններ ունի մեր մարմնին համար: * * * Մեր շուրջը յաճախ կը կրկնեն, որ մարզանքը առողջութեան համար շատ լաւ է:...

Ինչո՞ւ Կը Քրտնինք

Ինչո՞ւ Կը Քրտնինք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Խոնաւ մորթ, տհաճ հոտ մը... Անհանգիստ զգացում: Բոլորս այս զգացումը կ՛ապրինք, այո՛, որովհետեւ մենք բոլորս ալ կը քրտնինք: Երբ մենք ֆիզիքական մեծ ճիգ կը թափենք, սթրեսի վիճակի մէջ կ՛ըլլանք, երբ օդը շատ տաք կ՛ըլլայ, երբ մենք տաքութիւն կ՛ունենանք եւ երբեմն` նոյնիսկ առանց զգալի պատճառի մեր մարմինէն քրտինք կ՛արտահոսի քիչ թէ շատ, ըստ պարագայի, միջին հաշուով` օրական...

Տաքութեան Դէմ Պայքարինք

Տաքութեան Դէմ Պայքարինք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս տարի ալ երկրագունդին ջերմաստիճանը մրցանիշներ կ՛արձանագրէ, եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ տաքութեան շատ բարձր աստիճաններ կ՛արձանագրուին: Այս բարձր ջերմաստիճանները վտանգաւոր կրնան ըլլալ մեր առողջութեան համար: Եթէ մենք կը գտնուինք շատ բարձր աստիճանի տաքութեան ալիքի մը մէջ, կամ նոյնիսկ կը փորձենք շատ տաք օդին օրերնիս անցընել, մենք միշտ պէտք պիտի ունենանք ձեւեր գտնելու` զովանալու եւ լաւ ըլլալու:...

«Կուկըլ Թրանսլէյթ» Կը Գործածէ՞ք

«Կուկըլ Թրանսլէյթ» Կը Գործածէ՞ք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Կուկըլ Թրանսլէյթ» համացանցին վրայ թարգմանութեան ամէնէն ծանօթ գործիքներէն մէկն է: Անոր միջոցով կարելի է բառ մը, նախադասութիւն մը, կամ նոյնիսկ գրութիւն մը թարգմանել ուրիշ լեզուի մը: Յունիս ամսուան սկիզբը իր լեզուներու երկար ցանկին վրայ ան աւելցուց 110 նոր լեզուներ: Այժմ ընդամէնը 243 լեզուներ գոյութիւն ունին անոր ցանկին մէջ: Այս 110 նոր լեզուներուն մէջ մենք կրնանք գտնել...

Պաղպաղակի Ազգային Ամի՞ս…

Պաղպաղակի Ազգային Ամի՞ս…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այո՛, գիտէի՞ր, թէ  յուլիսը Պաղպաղակի ազգային ամիս հռչակուած է... սակայն` պարզապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ: Միացեալ Նահանգներու 40-րդ նախագահը` Ռոնալտ Ռիկըն (1981-1989) պաղպաղակ շատ կը սիրէր: 1984 թուականին ան յուլիս ամիսը հռչակեց Պաղպաղակի ազգային ամիս, եւ յուլիս ամսու երրորդ կիրակին Պաղպաղակի ազգային օր: Ան ժողովուրդին մղեց այդ ամիսը տօնելու մթնոլորտին «համապատասխան տօնակատարութիւններով եւ ժամանցներով»: Անշուշտ ասիկա կը...

Ինչո՞ւ Երաժշտութիւնը Մեզի Համար Շատ Լաւ Է

Ինչո՞ւ Երաժշտութիւնը Մեզի Համար Շատ Լաւ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամառը երգահանդէսներու եւ երաժշտական փառատօներու եղանակն է: Յունիս 21-ին բացումը կը կատարուի երաժշտութեան տօնին, աշխարհին բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ձրի երգահանդէսներ եւ նուագահանդէսներ կը կազմակերպուին, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ օգտուիլ այդ հանդէսներէն, որովհետեւ երաժշտութիւնը մեզի լաւութիւն կը պատճառէ: * * * Ըստ ասածին, երաժշտութիւնը մարդուն տրամադրութիւնը կը բարելաւէ, կը հանդարտեցնէ, զայն նուազ յարձակողական եւ ջղային կը դարձնէ:...

Մանուկներու 2000 Տարուան Գծագրութիւններ

Մանուկներու 2000 Տարուան Գծագրութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ   Պոմպէյ, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մօտ հին քաղաք մըն է, Ք.ե. 79 թուականին մօտակայ Վեզուվիօ հրաբուխին պայթումէն ետք լաւաներուն տակը թաղուեցաւ: Դարեր ետք, 19-րդ դարուն պեղումներու ընթացքին հնագէտներ յայտնաբերեցին այդ քաղաքը, որ հարուստ պատմութիւն մը յուշեց մեզի այդ ժամանակի հռոմէական ընկերութեան եւ կեանքին մասին: Այդ պեղումները տակաւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր, եւ այդ նոր պեղումներուն ընթացքին է,...

Հետաքրքրական.  1 Սենթի Դրոշմաթուղթը Կրնայ Միլիոններ Արժել

Հետաքրքրական. 1 Սենթի Դրոշմաթուղթը Կրնայ Միլիոններ Արժել

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  Շատ հին դրոշմաթուղթի մը համար միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելը արտառոց կրնայ թուիլ: Սակայն 1868-ի Պենճըմին Ֆրանքլին Զի Կրել դրոշմաթուղթը սովորական դրոշմաթուղթ մը չէ: Անիկա այդ դրոշմաթուղթէն մեզի ծանօթ տակաւին գոյութիւն ունեցող երկու դրոշմաթուղթերէն մէկն է: Այս դրոշմաթուղթերէն մէկը մաս կը կազմէ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին հաւաքածոյին, իսկ երկրորդը կը պատկանի Պիլ Կրոսի անձնական հաւաքածոյին, եւ մեր ժամանակացոյցով...

200 Տարուայ Աշխարհահռչակ Երաժշտական Կտորը

200 Տարուայ Աշխարհահռչակ Երաժշտական Կտորը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  Կրնայ ըլլալ, որ դուք չէք գիտեր այդ երաժշտական կտորին անունը, կամ` նոյնիսկ յօրինողը, բայց վստահաբար այդ երաժշտութիւնը լսած էք «տեղ մը, հանդէսի մը շարժապատկերի մը կամ ծանուցումի մը մէջ` պատկերասփիւռէն, ինքնաշարժին մէջ ռատիոկայանէն... Ան նոյնիսկ ընդունուած է իբրեւ Եւրոպական միութեան քայլերգը՞ Ան Պեթհովենի «Օտ թու ճոյ» համանուագն է: Մէկ ամիս առաջ, 7 մայիսին, ան տօնեց իր...

Մրցանիշ` Դէպի Հիմալայեայի  Գագաթը 29 Անգամ

Մրցանիշ` Դէպի Հիմալայեայի Գագաթը 29 Անգամ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  Քամի Ռիթա ծնած է Նեփալ, ան 54 տարեկան է: Ան մօտէն ծանօթ է Հիմալայեան լեռներուն, առաջին անգամ ըլլալով Էվերեսթը նուաճած է 30 տարիներ առաջ: Ապա, 10 տարիներ ետք, ան կը դառնայ գագաթը մագլցողներուն առաջնորդ: 2018-ին ան կ՛արձանագրէ իր առաջին մրցանիշը` 22-րդ անգամ Էվերեսթը բարձրանալով: Այդ թուականէն ի վեր իւրաքանչիւր արշաւի հետ ան այդ մրցանիշը աւելի կը...

Չորս Նոր Մարզաձեւեր` Փարիզ 2024-ի Ողիմպիական Խաղերուն

Չորս Նոր Մարզաձեւեր` Փարիզ 2024-ի Ողիմպիական Խաղերուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամառնային Ողիմպիականը սովորաբար 28 մարզաձեւեր կ՛ընդգրկէ: Սակայն 2020 թուականէն ի վեր խաղերը կազմակերպող երկիրներուն արտօնութիւն տրուեցաւ աւելցնելու մինչեւ վեց տարբեր մարզաձեւեր` իրենց Ողիմպիական յայտագրին: 2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը պիտի սկսին 26 յուլիսին, Ֆրանսայի Փարիզ մայրաքաղաքին մէջ, իրենց յայտագրին մէջ ընդգրկելով չորս նոր մարզաձեւեր` պրէյքտենս, սըրֆ, սքէյթպորտ եւ յատուկ պատի մագլցում: - Պրէյքտենս Պրէյքտենսը Ողիմպիական իր մուտքը...

Գերզգայնութիւններու Եղանակը

Գերզգայնութիւններու Եղանակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գարնան եղանակին հետ կը վերադառնան նաեւ յատկապէս բեղմնափոշիին հետ կապուած գերզգայնութիւնները (ալերժի): Սակայն ի՞նչ է գերզգայնութիւնը, ինչպէ՞ս մենք կրնանք այդ գերզգայնութիւնը ունենալ, արդեօ՞ք գերզգայնութիւնները կը դարմանուին... * * * Երբեմն երբ դուն կը փռնգտաս, քիթդ կը վազէ, աչքերդ կը նեղանան, կը քերուիս... Ասիկա կրնայ գերզգայնութեան հակազդեցութիւն մը ըլլալ: Ամէնէն հասարակ գերզգայնութիւնները կը յառաջանան տիզերէն, ծաղիկներու բեղմնափոշիէն...

Կրնա՞նք Առանց Ուղեղի Ապրիլ

Կրնա՞նք Առանց Ուղեղի Ապրիլ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մեր ուղեղը մեզի կը ծառայէ` շարժելու, խօսելու, մտածելու... եւ ուրիշ շատ բաներու: Առանց ուղեղի` մենք չենք կրնար ապրիլ: Սակայն ան ինչպէ՞ս կը բանի: Եւ արդեօ՞ք բոլոր անասուններն ալ ուղեղ ունի՞ն, թէ՞ միայն մարդ արարածը: Ուղեղը էական է: Առանց անոր` մենք չենք կրնար ապրիլ: Եւ որովհետեւ ան շատ դիւրաբեկ է, ան լաւ պաշտպանուած պէտք է մնայ գանկի...

Երկրագունդին Օրը

Երկրագունդին Օրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի 22 ապրիլին աշխարհի շուրջ միլիոնաւոր անձեր կը հաւաքուին տօնելու համար Երկրագունդին օրը: Ասիկա առիթ մըն է մտածելու երկրագունդին հանդէպ մեր ունեցած վերաբերումին եւ զայն պահպանելու համար շօշափելի քայլեր առնելու մասին: Առաջին Երկրագունդի օրը կազմակերպուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1970-ին, ծերակոյտի անդամ Հէյլորտ Նելսընի կողմէ: Ան կ՛ուզէր ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել կենսոլորտի մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս առաջին...

Page 4 of 24 1 3 4 5 24

Արխիւներ