Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Են Փարա-Ողիմպիական Խաղերը

Օգոստոս 31, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Ամրան կէսերուն մենք կրցանք հետեւիլ բոլորին ծանօթ Ողիմպիական խաղերուն, որ համաշխարհային իրադարձութիւն մըն է: Սակայն մարզանքի այս մեծ տօնը ամբողջովին վերջ չգտաւ 11 օգոստոսին:

Չորեքշաբթի, 28 օգոստոսին, տեղի ունեցաւ բացումը Փարա-ողիմպիական խաղերուն, որոնք յատկացուած են ֆիզիքական կամ մտային դժուարութիւններ ունեցող մարզիկներուն: Այս խաղերը պիտի տեւեն մինչեւ 8 սեպտեմբեր:

* * *

– Ի՞նչ Են Փարա–Ողիմպիական Խաղերը

Այս խաղերը մարզանքի միջազգային մրցաշարք են, անոր կը մասնակցին ֆիզիքական կամ մտային դժուարութիւններ կամ տկարութիւններ ունեցողները: Այս մրցաշարքը միշտ տեղի կ՛ունենայ Ողիմպիական խաղերէն ետք: Կարգ մը մարզաձեւեր յարմարցուած են ֆիզիքական դժուարութիւններ ունեցող մարզիկներուն, ինչպէս` շրջուն անուասայլով խաղցուող պասքեթպոլը կամ նստած խաղցուող վոլլին: Ուրիշ մարզաձեւեր կազմակերպուած են տեսողութեան դժուարութիւններ ունեցողներուն համար, ինչպէս` առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ կոլպոլը կամ դահոյկը: Երեք մարզաձեւերուն` աթլէթիզմի, լողի եւ փինկ փոնկի կրնան մասնակցիլ նաեւ մտային դժուարութիւններ ունեցող մարզիկներ:

–  Ինչո՞ւ Այս Խաղերը Ստեղծուած Են

Սկիզբը Լոնտոնէն բժիշկ մը յղացած է գաղափարը 1948-ին կազմակերպելու մրցաշարքեր պատերազմին վիրաւորուած իր հիւանդներուն համար: Այս մրցաշարքերուն մասնակցիլը անոնց կարելիութիւն պիտի տար մարզանք ընելու, բան մը, որ անհրաժեշտ է անոնց դարմանումի ընթացքին մէջ, եւ միեւնոյն ատեն լաւ ժամանակներ անցընելու:

Այս խաղերը առաջին անգամ ըլլալով կը միանան Ողիմպիական խաղերուն 1960 թուականին: Այդ թուականէն սկսեալ միշտ աւելի մեծ թիւերով մարզիկներ կը մասնակցին: Իսկ 2012-էն սկսեալ, անոնք շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնեն նաեւ հանդիսատեսներուն կողմէ եւ լրատուական աշխարհին մէջ:

– Իսկ Այսօ՞ր

Այժմ, շնորհիւ Փարա-ողիմպիական խաղերուն, տկարութիւններ ունեցող մարզիկները կրնան իրենց միրած մարզանքը շարունակել եւ փաստել, որ կրնան բացառիկ իրագործութիւններ կատարել: Սակայն, այս խաղերուն կարեւորութիւնը միայն մարզական չէ. ան առիթն է յատուկ դժուարութիւններ ունեցող անձերը աւելի երեւելի դարձնելու, նաեւ մղելու մարդիկ այս մարզիկներուն նկատմամբ իրենց մօտեցումը փոխելու, զանոնք ընդունելու ու ընկերութեան մէջ անոնց տեղ տալու: Այսինքն, պարզապէս, միասին աւելի լաւ ապրելու:

Հարցարան

 Ի՞նչ Գիտենք Փարա–Ողիմպիական
Խաղերուն Մասին

1) Ո՞ր մարզաձեւը աչքերը գոց կը խաղցուի Փարա-ողիմպիական խաղերուն:
ա – Անուասայլակով պասքեթպոլը, բ – Փարա-քանոյէն, գ – Կոյրերու ֆութպոլը:

2) Քանի՞ վայրկեան կը տեւէ հաշմանդամներու անուասայլակով պասքեթպոլի խաղ մը:
ա – 30 վայրկեան տեւող եւ առանց ընդմիջումի, բ – 10 վայրկեան տեւող 4 ընդմիջումներով, գ – 5 վայրկեան տեւող 2 ընդմիջումներով:

3) Հաշմանդամներու անուասայլակով խաղցուած եւ պարզ թենիսի խաղերը մէկ տարբեր օրէնք ունին: Ո՞րն է այդ օրէնքը:
ա – Գնդակը կրնայ երկու անգամ ցատկել ցանցին իւրաքանչիւր կողմին վրայ, բ – Մարզիկները կրնան խաղալ` ձգելով, որ գնդակը բնաւ պէտք չէ գետին դպնայ:

4) Ինչպէ՞ս կրնան տեսողութեան տկարութիւն ունեցող մարզիկները մասնակցիլ վազքի մրցումի մը:
ա – Անոնք ուղին գոց գիտեն, բ – Անոնք կը հետեւին հասնելիք վայրէն արձակուած ձայնի մը, գ – Անոնք կապուած են առաջնորդի մը, որ անոնց կ՛ընկերակցի:

5) Ի՞նչ տեսակ լողերու մրցումներ տեղի կ՛ունենան Փարա-ողիմպիական խաղերուն:
ա – Ողիմպիական խաղերուն տեղի ունեցած տարբեր լողերու նոյն մրցումները, բ – Միայն քրուալ լողը, գ – Պրաս լողը եւ կռնակի վրայ քրուալը:

6) Ի՞նչն է օգնականին դերը Փարա-ողիմպիական լողի մրցումի մը ընթացքին:
ա – Ան անձ մըն է, որ լողաւազանին ծայրը ջուրին կը զարնէ` ալիքներ յառաջացնելով լողորդները առաջնորդելու համար, բ – Ան հագուստներու մասնագէտ խորհրդատու մըն է, որ կ՛ընտրէ մարզիկներուն լողազգեստները, գ – Ան անձ մըն է, որ երկար ձողով մը մարզիկի մը գլխուն կը դպնայ, օգնելու համար անոնց` իրարմէ հեռանալու:

7) Փարա-ողիմպիական ժիւտոն եւ պարզ ժիւտոն ունին միակ տարբեր օրէնք մը: Ո՞րն է ան:
ա – Երկու մարզիկները պէտք է զիրար բռնեն խաղը սկսելէ առաջ, բ – ոչ մէկ տարբեր օրէնք կայ երկու խաղերուն միջեւ, գ – Մարզիկները խաղը կը սկսին խաղի գորգէն դուրս:

8) Փարա-ողիմպիական թեքուանտոյի եւ պարզ թեքուանտոյի խաղերուն միջեւ գոյութիւն ունի միակ տարբեր օրէնք մը: Ո՞րն է ան:
ա – Միայն բռունցքի հարուածները արտօնուած են, բ – Խաղը տեղի կ՛ունենայ աչքերը գոցուած, գ – Միայն ոտքով մարմնին հարուածները կը հաշուըուին:

9) Ո՞ր մարզաձեւին ընթացքին հանդիսատեսները լուռ պէտք է մնան, որպէսզի մարզիկները կարենան ձայները զանազանել:
ա – Կոլպոլ, բ – Փարա-ողիմպիական նետաձգութիւն, գ – Փարա-ողիմպիական ձիավարութիւն:

10) Ինչո՞ւ իւրայատուկ սրամարտի մարզիկ հունգարացի Փալ Սզեքերեսի պարագան:
ա – Ան միակ մարզիկն է, որ մետալ շահած է թէ՛ պարզ Ողիմպիական խաղերուն, թէ՛ ալ Փարա-ողիմպիական խաղերուն, բ – Սրամարտի միակ մարզիկն է, որ առանց սուրի կը խաղայ` միակ ձեռքը գործածելով խաղերուն ընթացքին, գ – Միակ մարզիկն է, որ նուազագոյնը մէկ անգամ մասնակցած է Փարա-ողիմպիական խաղերու բոլոր մրցումներուն:

11) Քանի՞ երկիրներ նուազագոյնը մէկ մետալ շահած են 2016-ի Ռիոյի Փարա-ողիմպիական խաղերուն:
ա – 117 երկիր, բ – 83 երկիր, գ – 15 երկիր:

12) Հետեւեալ երեք երկիրներէն, ո՞ր երկիրը ամէնէն շատ մետալներ շահած է ամառնային Փարա-ողիմպիական խաղերուն:
ա – Նոր Զելանտա, բ – Ֆինլանտա, գ – Չինաստան:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Ո՞ր կտորները գործածուած են կազմելու համար ծաղիկին պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել  պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Պատասխաններ

1) գ – 5 հոգիով խաղցուող կոյրերու յատուկ այս ֆութպոլի խաղին կը մասնակցին կոյր կամ տեսողութեան տկարութիւն ունեցող մարզիկներ եւ որպէսզի բոլորը հաւասար ուժերով խաղան, բոլորին աչքերը կը ծածկուին: 2) բ – Սկզբունքը նոյնն է, պարզ պասքեթպոլի խաղի պարագային հինգ մարզիկներով կազմուած 2 խումբեր իրարու դէմ կը խաղան 10 վայրկեան տեւող 4 փուլերով: Ամէնէն շատ կէտ արձանագրող խումբը կը յաղթէ: 3) ա – Անուասայլակով թենիսի խաղը կը գործածէ Ողիմպիական թենիսի խաղի բոլոր սարքերը եւ օրէնքները: Խաղը կը խաղցուի պարզ թենիսի խաղի մը նման, մէկ բացառութեամբ. գնդակը կրնայ 1 անգամուան փոխարէն` 2 անգամ ցատկել ցանցի ետեւը: 4) գ – Առաջնորդ մը կ՛ընկերանայ մարզիկին` գործածելով փոքրիկ կապ մը, որ կ՛անցուի երկուքին ձեռքին շուրջ: Անշուշտ, ստիպողական է, որ տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարզիկը իր առաջնորդէն առաջ անցնի վերջնագիծը: 5) ա – Փարա-ողիմպիական խաղերուն տեղի կ՛ունենան Ողիմպիական խաղերուն յայտագիրին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր լողերը, քրուալ, պրաս, կռնակ, թիթեռնիկ, ազատ լող, չորս լող: 6) գ – Օգնականները տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարզիկին գլխուն վրայ կը դպնան, երբ ան սահմանի մը շատ կը մօտենայ: 7) ա – Իրարու բռնելու օրէնքները կը տարբերին: Խաղը կը սկսի քումի-քաթայով մը, որ սովորական կառչումն է` մէկ ձեռքը հագուստի թեւին վրայ, միւս ձեռքը մրցակիցին ուսին: 8) գ – Միայն մարմնին կեդրոնը հասցուած ոտքի հարուածները արտօնուած են, ուրիշ որեւէ մէկ ոտքի հարուած գլխուն` սխալ կը հաշուըւի: 9) ա – Կոլպոլը տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարզիկներու յատուկ մարզաձեւ մըն է: Որպէսզի մարզիկները կարենան լսել գնդակին ձայները, անհրաժեշտ է, որ հանդիսատեսները լուռ մնան: 10) ա – Փալ Սզեքերես առաջին անգամ պրոնզ մետալ մը շահեցաւ 1988-ի Սէուլի Ողիմպիական խաղերուն: Փոխադրակառքի ծանր արկածէ մը ետք ան դարձեալ վերադարձաւ մարզական վարժութիւններու, սակայն` հաշմանդամի անուասայլակի մը վրայ: 1992-ին ան վերջապէս ոսկի մետալի մը կ՛արժանանայ Պարսելոնայի Փարա-ողիմպիական խաղերուն: 11) բ – 2016-ի խաղերուն 83 երկիրներ արժանացած են նուազագոյնը մէկ ողիմպիական մետալի` լուսարձակի տակ բերելով մարզական ներառական  առիթը, փաստելով անոր համաշխարհային հասողութիւնն ու մարզաձեւերու այլազանութիւնը: 12) Չինաստանը արժանացած է ընդամէնը 1024 մետալի, որոնցմէ 434-ը` ոսկի:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Դժոխքէն Դրախտ» (Հեղինակ` Արմենակ Անդրանիկեան)

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?