Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտասովոր Մրցում Մը` Շուներու Միջազգային Օրը Նշելու Համար

Սեպտեմբեր 21, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, թէ ամէն տարի, 26 օգոստոսին կը տօնուի Շուներու միջազգային օրը: Այո՛, այս օրը գոյութիւն ունի 2004 թուականէն ի վեր: Այս որոշումը տրուած է պատուելու համար մեր չորս թաթերով բարեկամները եւ նշելու անոնցմով զբաղուելու կարեւորութիւնը:

* * *

Այս առիթով, ամէն տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՛ունենայ… աշխարհի ամէնէն «տգեղ» շան մրցումը: Այս ձեւով, այս տօնակատարութիւնը կ՛ուզէ յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր այն շուներուն, որոնք հակառակ իրենց ոչ կատարեալ գիծերուն` իրենց տէրերը չ՛ուրախացնեն:

* * *

Այս տարի Ուալտ Թանկ` 8 տարեկան փեքինուա շնիկը, 5-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցէր աշխարհի ամէնէն տգեղ շան մրցումին… եւ վերջապէս ան արժանացաւ այդ տիտղոսին: Շնիկը եւ իր տէրերը ստացան բաժակ մը եւ 5000 տոլար վարձատրութիւն: Անոնք նոյնիսկ մասնակցեցան ամերիկեան պատկերասփիւռի յայտագիրի մը` իսկական աստղերու նման:

Ուալտ Թանկ շատ լուրջ մրցակիցներ ունէր. արտասովոր շուներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իւրայատկութիւն մը: Սակայն վերջապէս Ուալտ Թանկ արժանացաւ տիտղոսին` շնորհիւ իր կախուած լեզուին: Այս իւրայատկութիւնը յառաջացած էր հիւանդութեան մը պատճառով, երբ ան փոքրիկ ձագուկ մըն էր: Սակայն ժամանակի ընթացքին այդ հիւանդութիւնը շնիկին տուած է իր արտասովոր կերպարանքը:

Ի՞նչ Գիտենք Մեր Ամէնէն Մօտիկ
Բարեկամներուն` Շնիկներուն Մասին

… Սակայն ինչո՞ւ շուներուն տրուած է այս հանգամանքը:

Շունը աշխարհի ամէնէն մեծ թիւով ընտելացուած անասունն է: Գոյութիւն ունին աւելի քան 350 շան տեսակներ` ամէնէն փոքրիկ չիուաուայէն մինչեւ հսկայ գերմանական գամփռները… Անոնք ո՛չ միայն տան մէջ մեզի կ՛ընկերակցին, այլեւ մարդուն կողքին կը գտնուին բազմաթիւ «պաշտօններու» վրայ, ինչպէս` ոստիկաններուն հետ, հովիւներուն, կամ փրկարար խմբակներոն հետ: Անոնք կ՛օգնեն նաեւ տեսնելու կամ ըսելու դժուարութիւն ունեցող անձերուն` անոնց առօրեային մէջ:

*
*   *

Սակայն ինչո՞ւ մեր յարաբերութիւնները շան հետ այսքան յատուկ է: Շունը առաջին անասունն է, զոր մարդը ընտելացուցած է: Նախապատմական շրջաններուն է, որ մարդը կը մօտենայ շուներուն` զանոնք օգտագործելով որսորդութեան ժամանակ` փոխարէնը անոնց ուտելիք հայթայթելով: Շունը շատ շուտ ինքզինք հանգիստ կը զգայ իր նոր ընկերներուն միջավայրին մէջ, որովհետեւ ան իր նախահայր գայլէն բաղդատմամբ բնաւորութեան յաւելեալ գիծ մը ունի. ան շատ ընկերային է:

Ան ունի նաեւ ուրիշ առաւելութիւն մը` իր նայուածքը: Ան կրնայ մէկ նայուածքով հասկնալ շարժումի մը իմաստը: Նոյնիսկ եթէ մարդ արարածը անոր ընտանիքին չի պատկանիր, շունը կրնայ մեկնաբանել դէմքի մը արտայայտութիւնները: Շան ուղեղը անոր կարելիութիւնը կու տայ նաեւ հասկնալու բառեր: Կարգ մը շուներ կրնան միտքերնին պահել հազարաւոր բառեր: Շունը կրնայ նոյնիսկ նշմարել ձայնին մէջի արտայայտած զգացումները, ինչպէս` բարկութիւն, մեղադրանք, ուրախութիւն… ձեւով մը` կարդալ մեր զգացումները: Այս պատճառով է, որ մենք` մարդ արարածներս, եւ շուները, հակառակ մեր տարբերութիւններուն, զիրար կը հասկնանք, իրարու կ՛օգնենք եւ զիրար կը սիրենք հազարաւոր տարիներէ ի վեր:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Շուները Շատ Խելացի Են

Մարզուելով` անոնք դիւրութեամբ կրնան սորվիլ աւելի քան 120 բառեր: Անոնք նաեւ շատ զգայուն են եւ կ՛անդրադառնան շուրջիններու վիճակին: Օրինակի համար, երբ իր տէրը տխուր է կամ կու լայ, շունը վստահաբար անոր պիտի մօտենայ: Ասոր կողքին, շուները ունին նաեւ շատ լաւ յիշողութիւն: Նոյնիսկ տարիներ ետք անոնք պիտի յիշեն անձ մը` շնորհիւ անոր հոտին կամ ձայնին: Անոնց ուղեղը բաւական զարգացած է, եւ անոնք կրնան նոյնիսկ երազել մարդոց նման:

Շուները Իրենց Լեզուն Դգալի Նման Կը Գործածեն

Անոնք իրենց լեզուն դգալի նման կը գործածեն ջուր խմելու համար: Անոնք պարզապէս իրենց լեզուն ջուրին մէջ չեն թաթխեր: Անոնք իրենց լեզուին ծայրը դէպի ետեւ կը ծալեն` դգալի նման կորութիւն մը յառաջացնելով: Ապա, անոնք այս «դգալը» արագօրէն կը թաթխեն ջուրին մէջ եւ ապա դարձեալ բերան կը վերադարձնեն շատ արագ, քանի մը անգամներ մէկ երկվայրկեանի մէջ:

Շուները Մեծ Կարողութիւններ Ունին

Ճիշդ է, որ մարդ արարածը շատ բաներ գիտէ ընել, սակայն շունը ունի կարողութիւններ, զորս մենք չունինք: Օրինակի համար, ան կրնայ մեզմէ 100 հազար անգամ աւելի լաւ հոտուըտալ: Անոնց քիթը այնքան գերզգայուն է, որ անոնք կրնան անդրադառնալ բաներու, որոնք մեզի համար անտեսանելի են, ինչպէս, օրինակի համար, հիւանդութիւնները, կամ զգացումները` շնորհիւ մեր մարմնի հոտին:

Շուները «Վեցերորդ Զգայարան» Մը Ունին

Կ՛ըսուի, որ անոնք «վեցերորդ զգայարան» մը ունին. բնազդ մը, որ շատ աւելի զարգացած է, քան` մեր մօտ: Բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, օրինակի համար, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը զգան բնական աղէտներ կամ փոթորիկներ` պատահելէ առաջ: Եւ վերջապէս, անոնք կրնան գտնել իրենց տան ճամբան` երբեմն բազմաթիւ քիլոմեթրեր հեռուէն:

– Իսկ դուն շուն ունի՞ս, թէ՞ պիտի ուզէիր ունենալ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ծաղիկներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր խորանարդը կը ներկայացնէ վերի պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 70-րդ Առցանց Լսարան. «Ֆրանսան Չի Կրնար Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Ճարտարապետը Ըլլալ». Տիգրան Եկաւեան

Յաջորդը

Մեր Խառն Զգացումներէն Անդին (Անկախութեան Տարեդարձի Խոհեր)

RelatedPosts

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Օգոստոս 9, 2025
Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը

Օգոստոս 2, 2025
Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը
Մանկապատանեկան

Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը

Յուլիս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?