Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փերու. Նազքայի «Գծագրութիւնները»

Նոյեմբեր 2, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Փերուի հարաւը գտնուող Նազքա անապատին մէջ գոյութիւն ունին «գծագրութիւններ», որոնք տեսանելի են միայն երկինքէն դիտուած: Նազքայի գծագրութիւնները հետքերն են Փարաքա եւ Նազքա ժողովուրդներուն, որոնք այդ անապատին մէջ ապրած են եւ մէկը միւսէն ետք, ՔԱ 800 թուականէն մինչեւ ՔԵ 300 թուական:

* * *

Անապատի դաշտերուն կամ բլուրներուն վրայ գծագրութիւնները կազմուած են գետնին վրայ յառաջացուած գիծերէ, որոնք տարբեր պատկերներ կը ներկայացնեն: Ամբողջ շրջանին մէջ հարիւրաւոր պատկերներ գոյութիւն ունին: Այդ շրջանի բնակիչները զանոնք ստեղծած են գետնէն հանելով մութ գոյնով քարերը, զորս զետեղած են գիծերուն երկայնքին, կազմելով աւելի բաց գոյնով տարածք մը:

Այս գծագրութիւնները հսկայական են, տասնեակաւոր մեթրեր, երբեմն քիլոմեթրեր: Անոնք տեսանելի են միայն վերէն, մասնագէտները զանոնք կը փնտռեն եւ կ՛ուսումնասիրեն օդանաւերով, անօդաչու թռչող սարքերով, կամ նոյնիսկ` անջրպետէն:

Մինչեւ հիմա մեզի ծանօթ էին 430 գծագրութիւններ, որոնք գտնուած են մօտաւորապէս 1927 թուականէն ի վեր: Սակայն վերջերս, ճափոնցի գիտնականներ գտած են 303 գծագրութիւններ: Այս աշխատանքներուն համար գիտնականները դիմած են արհեստական բանականութեան` ուսումնասիրելու համար երկինքէն առնուած նկարները, զանազանելու նոր գտնուած գծագրութիւնները, կազմելու ցանկեր, զանոնք քարտէսներու վրայ զետեղելու… Այս բոլոր աշխատանքները կատարուած են մեքենաներու միջոցով եւ միայն 6 ամսուան մէջ:

* * *

Այս պատկերները յաճախ կը ներկայացնեն երկրաչափական ձեւեր, ինչպէս` եռանկիւններ, զիկզակներ, ոլորտագիծեր… Կարելի է զանազանել նաեւ բազմաթիւ անասուններ, ինչպէս` շուն, թռչուն, կէտ, օրքա… Ասոնց կողքին կան նաեւ` ծաղիկներ, ծառեր, ձեռքեր, կերպարներ…

Սակայն անոնց յայտնաբերումէն մօտաւորապէս 100 տարի ետք, մասնագէտները տակաւին չեն գիտեր, թէ այդ պատկերները ինչո՞ւ գծուած են: Արդեօք անոնք կը ծառայէին իբրեւ աստղագիտական օրացո՞յց, կամ գծուած էին պարզապէս աստուածներուն կողմէ տեսանելի ըլլալու համար…

Գիտէի՞ր, Թէ…

Փերու ճանչցուած է յատկապէս Մաչու Փիչուի նշանաւոր պատմական վայրով: Սակայն այս Էնքա քաղաքը շատ աւելի «նոր» է, քան` Նազքայի գծագրութիւնները: Անիկա կառուցուած է միայն մօտաւորապէս 500 տարի առաջ:

Ծովահէններու Ապաստան Մը Գտնուած`
Մատակասքարի Մէջ

Ափրիկէի Մատակասքար կղզիին հիւսիս- արեւելքը գտնուող Սենթ Մարի կղզիին մէջ յայտնաբերուած է ծովահէներու ապաստան մը:

1690-ական թուականներէն սկսեալ ծովահէնները կ՛երթեւեկէին դէպի այս փոքրիկ կղզին` այդ ապահով վայրին մէջ պահելու համար յափշտակած հարստութիւնները: Այդ ժամանակաշրջանին, նաւերը կ՛երթեւեկէին Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ` հասնելով մինչեւ Ամերիկայի գաղութները, Հնդկաց ովկիանոսին կեդրոնը գտնուող այս կղզիէն անցնելով:

Հոն է, որ հնագէտներու խումբ մը մայիս ամսուն գտած է բնակչութեան հետքեր, ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս կողմերէն եկած չինական փորսըլենէ պնակեղէն, մետաղադրամ, գոհարեղէններ, ոսկեղէն… Ծովահէններու այս ապաստանին մօտիկ վայրի մը մէջ, ծովափէն տասնեակ մը մեթրեր ջուրին տակ, գտնուած է ծովահէններու ընկղմած նաւը: Ան շատ լաւ պահպանուած է: Այս պատահարը հազուադէպ է: Այս նաւուն յայտնաբերումէն առաջ աշխարհին շուրջ միայն 8 ծովահէններու նաւեր ծանօթ էին:

Պապուկի Մը
70 Տարուան Գանձանակը

Ճօ 91 տարեկան ծերունի մըն է, որ կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներու մէջ: 70 տարիներէ ի վեր ան իր գրպանին մէջ մնացած մետաղադրամներէն կը ձերբազատուէր, զանոնք ապակեայ մեծ անօթի մը մէջ դնելով:

Սեպտեմբերի վերջաւորութեան ան կ՛ընդունի, որ իր թոռնիկը վերջապէս բանայ այս ծանր անօթը` մէջի դրամները հանելու համար: Այս ձեւով, տարիներու ընթացքին այդ անօթին մէջ կուտակուած էին հազարաւոր ամերիկեան սենթեր (մետաղադրամներ): Անոնցմէ ամէնէն հինը կը կրէր 1928 թուականին դրոշմը, փոքրիկ աղջիկը այդ դրամը յանձնած է դրամատուն, որ Ճոյին վերադարձուցած է գանձանակին մէջ գտնուող մետաղադրամներուն համապատասխանող գումարը` 2000 տոլար:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել այն նիզակը, որ իր զոյգը չունի:
Կրնա՞ս զանազանել պատկերին մէջ գտնուող բոլոր բանջարեղէնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (1 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Նախագահական Թեկնածուները Արցախամէտ Յայտարարութիւններ Կատարեցին. Դո՛ւք Որոշեցէք` Որո՞ւ Պիտի Քուէարկէք

RelatedPosts

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
Կանուխ Աշուն Մը
Մանկապատանեկան

Կանուխ Աշուն Մը

Սեպտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?