Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Կը Քրտնինք

August 3, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Խոնաւ մորթ, տհաճ հոտ մը… Անհանգիստ զգացում: Բոլորս այս զգացումը կ՛ապրինք, այո՛, որովհետեւ մենք բոլորս ալ կը քրտնինք: Երբ մենք ֆիզիքական մեծ ճիգ կը թափենք, սթրեսի վիճակի մէջ կ՛ըլլանք, երբ օդը շատ տաք կ՛ըլլայ, երբ մենք տաքութիւն կ՛ունենանք եւ երբեմն` նոյնիսկ առանց զգալի պատճառի մեր մարմինէն քրտինք կ՛արտահոսի քիչ թէ շատ, ըստ պարագայի, միջին հաշուով` օրական կէս լիթր:

Սակայն ի՞նչ է քրտնելու նպատակը: Պարզապէս` մարմնին տաքութիւնը նուազեցնելու, որպէսզի ան չափազանց չտաքնայ: Մօտաւորապէս 36-37.8 աստիճան տաքութեան աստիճանը պահելու համար մեր մարմինը դասաւորումի մը պէտք ունի: Գործարանները, մկանները եւ կարգ մը գեղձեր անդադար տաքութիւնը կ՛արտադրեն, նոյնիսկ երբ մենք հանդարտ վիճակի մէջ կը գտնուինք, կամ կը քնանանք:

Մարմինին տաքութիւնը ղեկավարող կեդրոնը կը գտնուի ուղեղի մէջ` հիփոթալամիւս կոչուած բաժինին մէջ: Ան տեղեկութիւններ կը ստանայ մորթին վրայ եւ մարմնին մէջ գտնուող տաքութիւնը զգացող տարբեր տեսակի բջիջներուն կողմէ: Եթէ մեր մարմինը սկսի շատ տաքնալ, ան հրահանգներ պիտի արձակէ մեր մարմինին եւ գործի մղէ քրտնելու հոլովոյթը…

Մենք կը քրտնինք մեր մորթին ընդմէջէն: Մորթը կազմուած է երկու գլխաւոր խաւերէ: Մորթի դուրսի խաւին` վերնամորթին մէջ գոյութիւն ունին փոքրիկ ծակտիկներ: Այս ծակտիկներէն է, որ քրտինքը դուրս պիտի ելլէ: Վերնամորթին տակ գոյութիւն ունի մորթի երկրորդ աւելի խորունկ խաւը: Հոն է, որ կը գտնուին տաքութեան զգայուն բջիջները, մանր ջիղերը, որոնք պիտի փոխանցեն շօշափելու զգացողական տպաւորութիւնները, ճնշումները, ցաւը, ջերմաստիճանը… Հոն գոյութիւն ունին նաեւ շատ մանր արեան երակներ, մկաններ: Իսկ մարմնին կարգ մը տեղերու վրայ գոյութիւն ունին նաեւ մազերու արմատները: Վերջնապէս, այս մորթի խորունկ խաւը կը պարունակէ յատուկ պզտիկ գեղձեր, որոնք քրտինք կ՛արտադրեն: Այս քրտինքը պիտի բարձրանայ դէպի մորթին մակերեսը ծակտիկներուն ընդմէջէն, զայն զովացնելու համար: Քրտինքի իւրաքանչիւր գեղձ կապուած է ծակտիկի մը:

Պատանեկութեան, արբունքի շրջանին մարմինը աւելի կը քրտնի… եւ հոտը աւելի զգալի կը դառնայ: Բարեբախտաբար ասիկա անցողիկ է: Կեանքի այդ շրջանին քրտինքի տարբեր տեսակի գեղձեր կը սկսին բանիլ` մարմնին յատուկ կէտերու վրայ, մազերու մէջ, թեւերուն տակ… Այս գեղձերը կ՛արտադրեն ուրիշ տեսակի քրտինք, որ շատ սիրուած է մանրէներուն կողմէ, որոնք իրենց կարգին կը սկսին մեծ ուրախութեամբ աճիլ բուսնող մազերուն մէջ: Երբ այս մանրէները կը տարբաղադրեն այս գեղձերուն կողմէ արտադրուած  քրտինքը, ասիկա կրնայ յառաջացնել շատ զօրաւոր եւ տհաճ հոտ մը: Այս գեղձերը քրտինք չեն արտադրեր մարմինը զովացնելու համար, այլ անոնք զգացմունքային սթրեսի հետեւանք են: Բարեբախտաբար արբունքի շրջանէն ետք ամէն ինչ դարձեալ կարգի կը մտնէ:

Անշուշտ, երբ կը քրտնինք, մենք շատ ջուր կը կորսնցնենք: Սակայն ջուրը անհրաժեշտ է մեր մարմինին: Մեր մարմինին մէջ ամէն ինչ` ոսկոր, մկան, արիւն… ջուրի պէտք ունի: Իսկ գիտէի՞ր, թէ մեր մարմնին երկու երրորդը ջուրէ բաղկացած է: Բարեբախտաբար մեր հիփոթալամիւսը կը հսկէ եւ չի ձգեր, որ մեր մարմինը չորնայ: Ան կը ստուգէ արեան մէջի ջուրը, եւ երբ ջուրը կը սկսի պակսիլ, ան կը սկսի բանեցնել ծարաւի զգացումը: Երբ մեր մարմինին ջուրը 5 առ հարիւր պակսի, մենք շատ ծարաւ կը զգանք: Սակայն մի՛ սպասեր այդ հանգրուանին հասնիլը եւ շատ ջուր խմէ՛:

Ձեռային Աշխատանք

 Ամառնային Յիշատակներ

Ամառը առիթ է` այցելելու նոր վայրեր, փորձելու նոր զբաղումներ, նկարուելու եւ հաճելի յիշատակներ կազմելու:

Այս ամառնային հաճելի վայրկեաններէդ հետք մը ձգելու համար կրնաս շինել փոքրիկ շրջանակներ, որոնց վրայ պիտի կարենաս ամրացնել արձակուրդներուդ նկարները, կախել փոքրիկ յիշատակներ…

Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս` խցանի պզտիկ կտորներու (կրնաս գործածել սեղանը պահպանող տաք պնակներուն տակ դրուող խցաններ), ներկի, կերպասի կտորներու, բարակ թելի, խէժի եւ փիւնեզներու (նկարներդ խցանին վրայ ամրացնելւ համար):

1.- Խցանի կտորները քո նախընտրած ձեւովդ ներկէ եւ զարդարէ` գործածելով ջրաներկ կամ յատուկ մատիտ-ներկեր:

2.- Կրնաս նաեւ կերպասի կտորներ գործածել` շինելու համար գրպաններ, որոնց մէջ պիտի կարենաս դնել նկարներ, պզտիկ յիշատակներ… Կտրէ կերպասի կտոր մը, որ պիտի ծածկէ խցանին կէսը: Դարձուր խցանէ եւ կերպասի դուրս մնացած բաժինները անոր վրայ ծալելով` փակցուր:

3.- Վերջապէս, այս շրջանակդ պատէն կախելու համար թելի կտոր մը փակցուր խցանին ետեւէն: Շրջանակդ պատրաստէ, զայն կախէ պատին վրայ եւ վրան փիւնեզներով ամրացուր նկարներդ եւ յիշատակներդ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել գանձին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր կղպանքի համապատասխանող բանալին:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

Անցեալի Փառքի Տեսիլքով – 4 Օգոստոս 1920, Ատանա

RelatedPosts

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.