Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրագունդը Պաղեցնելու Համար Ադամանդի Փոշի

Նոյեմբեր 9, 2024
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մեր երկրագունդի կլիմային ընդհանուր ջերմաստիճանին բարձրանալը մեծ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ: Բոլորին համար յստակ է, որ այս երեւոյթը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ երկրագունդին կեանքին եւ մարդկութեան կեանքին վրայ: Այս հարցին վերաբերեալ բազմաթիւ հետազօտութիւններ կը կատարուին: Գիտնականներ կ՛ուսումնասիրեն այն միջոցները, որոնք հիմնուած են գիտական եւ ստուգուող տուեալներու վրայ:

***

Կարգ մը գիտնականներու համար ջերմաստիճանի բարձրացման դէմ պայքարելու համար միակ լուծումը բնածխական կազի յառաջացումը նուազեցնելն է` նուազ սպառելով, տարբեր ձեւով ապրելով: Մինչ ուրիշ մասնագէտներու համար գիտական եւ արհեստագիտական յառաջդիմութիւններն են, որոնք պիտի հարցը լուծեն` առանց փոփոխութիւններ պարտադրելու մեր ապրելակերպին մէջ: Մինչեւ այս երկու տարբեր տեսակէտները միջին լուծում մը գտնեն, աշխարհագրական ճարտարագիտութեան մասնագէտները կ՛աշխատին ուրիշ միջոցի մը վրայ` մինչ այդ սահմանափակելու համար ջերմաստիճանի բարձրացման ազդեցութիւնը:

***

Աշխարհագրական ճարտարագիտութիւնը կ՛ընդգրկէ գիտնականներուն կողմէ մտածուած թեքնիքներ, որոնց նպատակն է երկրագունդին կենսոլորտին վրայ արհեստական ձեւերով փոփոխութիւններ յառաջացնել, կլիմայի ջերմացման դէմ պայքարելու համար: Այս միջոցին գլխաւոր մօտեցումն է դանդաղեցնել կամ շրջել: Կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնները, ինչպէս, օրինակի համար, ջերմաստիճանի բարձրացումը, զօրաւոր փոթորիկները, կամ ջուրերու մակերեսին բարձրանալը…

Աշխարհագրական ճարտարագիտութեան մէջ երկու մեծ միջոցներ գոյութիւն ունին: Մէկ միջոցը կը կեդրոնանայ արեւուն վրայ` գտնելու համար միջոց մը` կառավարելու անոր ճառագայթները, որ արեւու քրեմի մը կամ հայելիի մը պէս պիտի բանի երկրագունդին համար` պահպանելու համար վնասակար ճառագայթներէն: Երկրորդ միջոցը ուղղուած է բնածխական կազի արտադրութեան` առաւելագոյն չափով չէզոքացնելու համար այս վնասակար կազը, որ մեծ ազդեցութիւն ունի կլիմայի ջերմացման վրայ:

Այս մօտեցումները շատ հետաքրքրական կ՛երեւին… Սակայն բոլոր մասնագէտները համաձայն չեն այս լուծումներուն: Անոնք վստահ չեն, թէ այս միջոցները  իսկապէս օգուտ մը պիտի ունենա՞ն, թէ՞ ընդհակառակը, ուրիշ հարցեր պիտի յառաջացնեն:

***

Մենք գիտենք, որ տարբեր տեսակի կազերու գործածութիւնը մեծ վնասներ կը հասցնէ մթնոլորտային խաւերուն: Մեր կենսոլորտին համար վնասակար այդ կազերէն է ծծումբը: Արդ, հրաբխային ժայթքումներու ընթացքին, նշմարուած է, որ անոր մասնիկները ունին կարելիութիւնը ցոլացնելու արեւու ճառագայթներէն բաժին մը, եւ հետեւաբար` երկրագունդը պաղեցնելու: Սակայն ծծումբով լեցուն սփրէյներ դէպի երկինք ղրկելը կրնայ ժխտական ազդեցութիւններ ունենալ: Բազմաթիւ գիտնականներ կը զգուշացնեն նման գործողութեան մը օզոնի խաւին վրայ ունենալիք ժխտական ազդեցութենէն: Այս խաւը, որուն պաշտօնն է մեր երկրագունդը պաշտպանելու արեւու ճառագայթներէն, կրնայ տկարանալ` խանգարումներ յառաջացնելով մեր օդերեւութաբանական պայմաններուն վրայ:

***

Այս պատճառով կարգ մը գիտնականներ այլընտրանք մը կ՛առաջարկեն: Ծծումբի փոխարէն` գործածել ադամանդ: Տարբեր փորձերէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք գիտնականները նկատած են, որ ադամանդի փոշին ամէնէն լաւ արդիւնքները կու տայ: Ան շատ լաւ կը ցոլացնէ լոյսն ու տաքութիւնը, շատ երկար ժամանակ չի մնար անջրպետին մէջ, եւ անոր «լաւ» սփռումը թթու (ասիտ) անձրեւներ չի յառաջացներ:

Այս բոլորը շատ լաւ են, սակայն նման գործողութիւն մը շատ սուղ կրնայ արժել: Ըստ մասնագէտներուն, ամէն տարի անջրպետին մէջ 5 միլիոն թոն ադամանդի փոշի սփռելով` 45 տարիներու ընթացքին երկրագունդին ընդհանուր ջերմաստիճանը կրնայ 1,6 աստիճան իջնել: Անշուշտ ասիկա շատ լաւ կերպով պիտի կարենայ կլիմային ջերմացման վնասակար հետեւանքները սահմանափակել: Սակայն այս ամբողջ գործողութիւնը պիտի կարօտի 200 հազար միլիառ տոլարի…

Ծանօ՞թ Էիր Աղբեր Հաւաքելով
Վազքի Մրցումին

Այս մարզաձեւը ունի նոյնիսկ իրեն յատուկ անունը` «փլոկինկ»: Այս մարզաձեւը ծագում առած է Շուէտի մէջ, 2016 թուականին: Անոր անունը յառաջացած է շուէտերէն «փլոքա ափ» բառէն, որ կը նշանակէ «հաւաքել», եւ «ճոկինկ» բառերէն: Այս մարզաձեւին նպատակն է ամէնէն մեծ քանակով աղբեր հաւաքել (բնութեան օգտակար դառնալու համար)` միաժամանակ վազելով (մեր մարմնին օգտակար դառնալու համար):

Այս տարի «փլոկինկի» աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Իտալիոյ Պերկամ շրջանին մէջ: Աշխարհի 13 տարբեր երկիրներէ եկած մարզիկներ մասնակցեցան այս մրցումին, որ կը բաղկանայ երկու բաժիններէ` քաղաքին մէջ եւ բնութեան մէջ:

Մրցումներուն աւարտին, մարզիկները հաւաքեցին ընդամէնը 1289 քիլոկրամ աղբ. 926 քիլոկրամ` բնութեան մէջ մրցումին եւ 363 քիլոկրամ քաղաքին մէջ մրցումին: Կիրակի, 29 սեպտեմբերին, մրցաշարքին աւարտին, քաղաքի մրցումի ախոյեան հռչակուեցան շուէտացի Ռուպըրթ Սվենսըն եւ իտալացի Էլենա Քանութօ, մինչ բնութեան մէջ մրցումին ախոյեաններն էին սերպ Միլոջ Սթանօճեւիք եւ իտալացի Տոնաթելլա Պոնկլիոնի:

«Մեծ Մամաս Ֆորթնայթ
Խաղի Աստղ Մըն Է»

Քաթ Պոուի 76 տարեկան սկովտիացի մեծ մամա մըն է, որ շատ կը սիրէ… վիտէօ-խաղերը: Քանի մը տարի առաջ անոր թոռնիկը զայն ծանօթացուցած էր «ֆորթնայթ» վիտէօ-խաղին: Այդ թուականէն ի վեր մեծ մաման սկսած է գրեթէ միշտ խաղալ այդ խաղը:

Ան արձանագրուած է համացանցի Թուիչ կայքէջին, որ կարելիութիւնը կու տայ խաղերը ուղղակիօրէն սփռելու ներկայիս Քաթ Պոուի ունի աւելի քան 20 հազար բաժանորդներ: Ան նոյնիսկ խումբով խաղցած է Սայֆըր Փիքէյ ամերիկացի նշանաւոր եութիուպի անձնաւորութեան հետ` իր կարգին դառնալով համացանցի իսկական աստղ մը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած խնձորը:
Կրնա՞ս գտնել զոյգ չունեցող պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (8 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Հապօ՜ն Յօշական

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?