Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պոմպէյ, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մօտ հին քաղաք մըն է, Ք.ե. 79 թուականին մօտակայ Վեզուվիօ հրաբուխին պայթումէն ետք լաւաներուն տակը թաղուեցաւ: Դարեր ետք, 19-րդ դարուն պեղումներու ընթացքին հնագէտներ յայտնաբերեցին այդ քաղաքը, որ հարուստ պատմութիւն մը յուշեց մեզի այդ ժամանակի հռոմէական ընկերութեան եւ կեանքին մասին: Այդ պեղումները տակաւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր, եւ այդ նոր պեղումներուն ընթացքին է, որ գտնուած են մօտաւորապէս 2000 տարիներ առաջ գծագրութիւններ… որոնք գծուած են մանուկներու կողմէ:
* * *
Շատ հին ժամանակներուն ո՛չ սովորական մատիտներ, ո՛չ ալ գունաւոր մատիտներ կային: Այս գծագրութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն այդ ժամանակաշրջանին հռոմէացիներուն կողմէ շատ սիրուած կրկէսի խաղեր, իրագործուած էին փայտի, ածուխի ցպիկներով, այդ փայտի ածուխը սեւ հետքեր կը ձգէ: Անոնք գծուած են մէկ կամ քանի մը մանուկներու կողմէ, հարուստի մը տան անցքի պատի մը վրայ: Այդ ժամանակաշրջանին, սովորական բան մըն էր պատերուն վրայ գծելը եւ գրելը:
Սակայն մենք ինչպէ՞ս գիտենք, որ այդ պատկերները գծողները մանուկներ են: Ակնարկները բազմաթիւ են: Նախ եւ առաջ այդ գծագրութիւնները եղած են պատին վարի բաժինին վրայ: Անոնց ոճը մանկականի մօտ է. օրինակի համար, կերպարները վիզ չունին: Ասոր կողքին, մանուկի մը ձեռքին շրջագիծը գծուած է անոնց մօտ, կարծէք` «արուեստի գործը» ստորագրելու համար: Այդ մանուկը հաւանաբար 5-7 տարեկան էր:
* * *
Այս գծագրութիւնները մեզի բազմաթիւ տեղեկութիւններ կու տան այդ ընկերութեան կեանքին մասին: Այս տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով` մենք կ՛եզրակացնենք, որ այդ ժամանակաշրջանի մանուկները ներկայ կը գտնուէին կլատիաթորներու կռիւներուն: կլատիաթորները վարձկան զինուոր-մարզիկներ էին, որոնք իրարու դէմ կը կռուէին հանդիսատեսներու առջեւ, կրկէսի մը մէջ: Այդ կռիւները շատ բուռն կ՛ըլլային, արիւն կը թափուէր, եւ նոյնիսկ կռուողները կը մահանային: Այդ ներկայացումները հաւանաբար շատ ցնցիչ եղած են այդ մանուկներուն համար: Մենք գիտենք, որ այդ հին ժամանակներուն հռոմէացի երեխաներուն կեանքը ընդհանրապէս ծանր էր: Օրինակի համար, երբ անոնք չարաճճիութիւն մը ընէին, կրնային խարազանի հարուածներու ենթարկուիլ:
* * *
Սակայն ինչպէ՞ս պատահած է, որ գծագրութիւնները այսքան լաւ վիճակի մէջ պահուած են եւ հասած են մինչեւ մեզի: Անոնք գծուած են հրաբուխին պայթումէն ճիշդ առաջ: Հետեւաբար մոխիրները եւ ցեխը ծածկած են տուները: Այս երեւոյթին պատճառով գծագրութիւնները պահպանուած են դարերու ընթացքին, մինչեւ հնագէտները պեղումներ կատարեն: Այլապէս հովը եւ անձրեւը զանոնք շատոնց ջնջած պիտի ըլլային:
Ի՞նչ Կը Պատմեն Պոմպէյի
Գծագրութիւնները
1.- Իրարու դէմ դիմաց այս երկու կռուողները կլատիաթորներ են: Կրկէսի խաղերուն ընթացքին անոնք իրարու դէմ կը կռուէին` ներկայացում մը տալով հանդիսատեսներուն առջեւ: Սակայն այս «խաղերը» շատ վտանգաւոր էին, որովհետեւ սուսերամարտիկները կրնան վիրաւորուիլ կամ նոյնիսկ մահանալ:
2.- Այս կլատիաթորը իր ձեռքին մէջ բռնած է վահան մը` պաշտպանուելու համար:
3.- Այս տարօրինակ ձեւը սուսերամարտիկին գլխուն վրայ սաղաւարտ մըն է:
4.- Այս վայրի խոզը կը կռուի որսորդի մը դէմ: Այդ հին ժամանակներուն կրկէսի խաղերը յաճախ կը սկսէին մարդոց եւ վայրի անասուններու (վայրի խոզ, արջ, առիւծ…) միջեւ կռիւներով:
5.- Այս անձը իր ձեռքերուն մէջ բռնած է նիզակ մը:
6.- Այն փոքրիկը, որ այս պատկերը կը գծէ, չէ աւարտած իր գծագրութիւնը…
Ի՞նչ Պատահած Է Պոմպէյի Մէջ
Ք.Ե. 79 թուականին Իտալիոյ հարաւը Նափոլի քաղաքին մօտ գտնուող Պոմպէյ քաղաքը յանկարծակիօրէն կ՛ոչնչանայ: Ան կը թաղուի մօտակայ Զեզուվիօ հրաբուխին ժայթքումին պատճառով:
Սակայն ան չէ ծածկուած լաւային տակ: Վեզուվիօ հրաբուխին ժայթքումը յառաջացուցած յատկապէս հրավառ ամպեր, այրող կազեր եւ մոխիրի կոյտեր: Քանի մը ժամէն Պոմպէյի եւ անոր բնակիչները, որոնք փախչելու ժամանակ չունեցան, կը մահանան եւ կը ծածկուին քանի մը մեթր հաստ մոխիրի խաւով մը:
* * *
2000 տարիներ ետք, 19-րդ դարուն, հռոմէական այս քաղաքը պատահմամբ կը յայտնաբերուի ջրանցքի մը շինութեան աշխատանքներու ընթացքին: Հնագիտական պեղումները կը յայտնաբերեն ամբողջ քաղաք մը` տուներ, աղբիւրներ, տաճարներ, տնային առարկաներ… ամէն ինչ անձեռնմխելի է: Նոյնիսկ բնակիչներու մարմինները կը գտնուին արձան դարձած պատահարին վայրկեանին անոնց ունեցած նոյն դիրքին մէջ: Ըստ իտալացի հնագէտներու, անոնք նախ այրած են եւ ապա ծածկուած` աւելի պաղ մոխիրներու խաւով մը:
Այս հնագիտական վայրը ամէն տարի կ՛ընդունի աւելի քան 2 միլիոն զբօսաշրջիկ: Այս հին աւերակները պահպանելու համար շրջանը տակաւին ամբողջովին չէ պեղուած: Ասիկա կը նշանակէ, որ տակաւին Պոմպէյ ունի պահուած բազմաթիւ տեղեկութիւններ, որոնք կարիքը ունին բացայայտուելու:
* * *
Գիտէի՞ր, թէ աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր, հռոմէական այս աւերակներուն վրայ կը հսկէ… ռոպոթ շուն մը: Այս իւրայատուկ պահակին պաշտօնն է շրջիլ աւերակ քաղաքին փողոցներուն մէջ եւ լուր տալ, եթէ հարց մը ստեղծուի:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած թիթեռնիկները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: