Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Փետրուար ամսուան այս սիւնակներուն մէջ մենք կարդացինք, թէ ինչպէ՛ս Արուսեակ մոլորակը այս ամսուան ընթացքին շատ փայլուն կ՛երեւէր, որովհետեւ ան երկրագունդին շատ մօտ կը գտնուէր:
Շաբաթ, 25 մարտին, այս երկու մոլորակները պիտի գտնուին իրարու ամէնէն մօտիկ կէտին վրայ: Անոնք իրարմէ հեռու պիտի գտնուին միայն… 42 միլիոն քմ: Այս թուականէն ետք Արուսեակ երկրագունդին մօտէն պիտի անցնի եւ պիտի շարունակէ իր թաւալումը արեւուն շուրջ:
Այս երեւոյթը տեղի կ՛ունենայ մօտաւորապէս ամէն 19 ամիսը անգամ մը: Որովհետեւ Արուսեակ երկրագունդէն աւելի արագ կը թաւալի արեւուն շուրջ, հետեւաբար որոշ ժամանակամիջոցի մը «կը հասնի» մեր երկրագունդին:
Արուսեակ երբեմն կը նշուի իբրեւ երկրագունդին զոյգը, որովհետեւ այս երկու դրացիները բազմաթիւ նոյնանման կէտեր ունին: Անոնց չափը նոյնքան է, անոնք ծնած են գրեթէ նոյն ժամանակ եւ երկուքն ալ ունին հրաբուխներ, դաշտագետիններ եւ լեռներ պարունակող ցցուածքներ: Գիտնականները կը մտածեն, թէ կրնայ ըլլալ, որ Արուսեակի վրայ կեանք գոյութիւն ունեցած է… Կատարողները անդրադարձած են, որ նուազ քան 7 ժամ քնացող պատանիները (որոնք, հետեւաբար, կը քնանան կէս գիշերէն ետք եւ կ՛արթննան առտուն ժամը 7:00-ին), ունին ուղեղի կարգ մը բաժիններու աւելի փոքր չափեր, քան միջին հաշուով` միւս պատանիները, յատկապէս` ուղեղի առջեւի բաժինին մէջ: Եւ անոնք նուազ լաւ արդիւնքներ ունին դպրոցական աշխատանքներուն մէջ:
Պատանեկութեան շրջանին աճը ուղեղին տակաւին չէ ամբողջացած. հետեւաբար յարմար ժամանակը չէ այս աճը խանգարել քունի պակասով: Հետեւաբար մասնագէտները կը խրատեն պատանիները քունի լաւ սովորութիւններ ունենալ, այսինքն` քնանալու համար անկողին երթալ իրիկուան ժամը 11:00-էն առաջ, եւ… շաբաթավերջերուն շատ ուշ քնանալու սովորութենէն հրաժարիլ: Երբեմն շաբաթավերջ մը աւելի ուշ արթուն մնալը կարելի է: Սակայն ամէն շաբաթավերջ այս սովորութիւնը կրկնելը կը ձգէ հետքեր, որոնք կրնան ազդել ո՛չ միայն պատանիին դպրոցի աշխատանքներուն վրայ, այլ նաեւ` անձին չափահաս դառնալէ ետք:
Իսկ դո՞ւք, ժամը քանիի՞ն կը քնանաք: Ունի՞ք յատուկ հնարքներ` դիւրութեամբ քնանալու համար:
Քնանա՛նք
Այս բառը մեր ծնողները յաճախ կը կրկնեն… եւ անոնք իրաւունք ունին: Քիչ քնանալը լաւ չէ առողջութեան համար, եւ ինչպէս կը հաստատէ նոր ուսումնասիրութիւն մը, շատ վատ է յատկապէս ուղեղին համար:
Քունի պակասի հետեւանքները, յատկապէս փոքր տարիքի անձերուն համար, որոնք փակած կը մնան պատկերասփիւռի կամ ալ պաստառներու առջեւ, ճանչցուած են, կեդրոնացումի պակաս, ուշադրութեան պակաս, աշխուժութեան պակաս, եւ անոնք քնանալու դժուարութիւն կ՛ունենան: Սակայն հարցը աւելի խրթին է: Ըստ գիտական վերջին ուսումնասիրութիւններուն, այն պատանիները, որոնք քիչ կը քնանան, աւելի փոքր ուղեղ մը ունին: Այս ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Ֆրանսայի մէջ առողջապահութեան եւ բժշկական հետազօտութիւններու մէջ մասնագիտացած հաստատութեան մը կողմէ, 14 տարեկան 177 աշակերտներու վրայ:
***
Միջին հաշուով, այս պատանիները կը քնանան իրիկուան ժամը 10:20-ին եւ առտու կ՛արթննան ժամը 7:00-ին ամբողջ շաբթուան ընթացքին: Շաբաթավերջին անոնք անկողին կը մտնեն իրիկուան մօտաւորապէս ժամը 11:30-ին եւ կ՛արթննան առտուան մօտաւորապէս ժամը 9:45-ին: Այս ուսումնասիրութիւնը մինչեւ մոլորակին վրայ տիրող ջերմանողի երեւոյթը զայն մեծ հնոցի մը վերածած է:
***
Արուեսակը գլխաւորաբար ժայռերով եւ մետաղներով կազմուած մոլորակ մըն է, հետեւաբար ան տարբեր է կազային մոլորակներէն, որովհետեւ ան ունի հաստատուն գետին մը, ուր կարելի է կանգնիլ:
Արեւէն եւ լուսինէն ետք, Արուսեակը երկնքին մէջ ամէնէն փայլուն մարմինն է: Այս պատճառով մարդիկ յաճախ զայն կը շփոթեն աստղի մը հետ, եւ անոր տուած են «Հովիւի աստղ» անունը:
Արուսեակը կը փայլի, որովհետեւ ան արեւուն մօտ է. սակայն յատկապէս նաեւ, որովհետեւ ան ծածկուած է ամպերով, որոնք կը ցոլացնեն արեւուն ճառագայթները: Ինչպէս` հայելին…
Արուսեակին «ռմբակոծող» արեւուն ճառագայթները բանտարկուած կը մնան անոր ամպի գօտիին մէջ: Այս ջերմանոցի երեւոյթին պատճառով է, որ անոր մակերեսին վրայ ջերմաստիճանը կը հասնի 460 աստիճանի:
Արուսեակ տակաւին խորհրդաւոր մոլորակ մը կը մնայ, որովհետեւ ան պահուած է իր ամպերուն ետեւը:
Առաւել, հոն օդը այնքան տաք է, որ զայն ուսումնասիրելու համար անոր մակերեսին վրայ էջք կատարող սարքերը հազիւ 2 ժամ կը տոկան…
Ինչպէ՞ս Է Անջրպետը
Անջրպետին մէջ ամբողջովին մութ է, եթէ գոյութիւն չունի արեւուն լոյսը ցոլացնող աստղ կամ մոլորակ: Ամէն ինչ լուռ է, որովհետեւ հոն մթնոլորտ չկայ: Մթնոլորտն է, որ կարելիութիւնը կու տայ ձայներուն` տեղափոխուելու եւ կու տայ մեր երկնքին կապոյտ գոյնը: Հոն անուշ չի հոտիր, որովհետեւ կը տիրապետէ ծուխի եւ մետաղի հոտ մը:
Ինչպէ՞ս Կրնայ Ժամը
Տարբերիլ Երկրէ Երկիր
Երկրագունդը կը դառնայ արեւուն շուրջ, սակայն ան կը դառնայ նաեւ ինքն իր վրայ: Երբ անոր մէկ կողմը դարձած է դէպի արեւ, միւս կողմը մութին մէջն է. հոն իրիկուն է: Այս ձեւով, օրինակի համար, երբ ժամը առտուան 9:00 է, Լիբանանի մէջ, Ճափոնի մէջ ժամը կէսօրէ ետք 4:00-ն է: Մինչ Նիւ Եորքի բնակիչները, Ամերիկայի մէջ, տակաւին կը քնանան:
Ինչպէ՞ս Դէպի Երկինք
Կը Բարձրանայ Հրթիռ Մը
Երբ հրթիռին մեքենան կը սկսի աշխատելու, այրող կազեր կ՛արձակուին հրթիռին վարի բաժինէն դէպի գետին, եւ ասիկա հրթիռը կը մղէ դէպի հակառակ ուղղութիւն, դէպի երկինք: Հրթիռը պէտք ունի բաւական մեծ արագութեան, որպէսզի կարենայ խուսափիլ երկրագունդին ձգողական ուժէն եւ հասնիլ անջրպետ: Անջրպետանաւ մը կ՛ընթանայ մօտաւորապէս ժամական 26.000 քմ արագութեամբ:
Ինչո՞ւ Մարդիկ Կը Կարդան
Եւ Կը Գրեն
Մարդիկ կը կարդան եւ կը գրեն իրարու հետ հաղորդակցելու համար եւ իրենց ըսածներուն իմաստ տալու համար: Առանց լեզուի` կեանքը գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ: Օրինակի համար, մարդիկ պիտի չկարենան ինքնաշարժ քշել, որովհետեւ անոնք պիտի չկարենան նշանները կարդալ: Անոնք պիտի չկարենան գործի դիմել, կամ գիտնալ, թէ ի՛նչ կայ իրենց կերածին մէջ, կամ նոյնիսկ հետեւիլ նշաններուն, երբ անոնք կ՛ուզեն տեղ մը երթալ: Կարդալը կը բարելաւէ մարդոց երեւակայութիւնը եւ կ՛օգնէ անոնց` աւելի խելացի դառնալու:
Սակայն կարդալը նաեւ հաճելի է: Ան մարդոց կը ծանօթացնէ նոր վայրերու, նոր փորձառութիւններու, նոր գաղափարներու եւ նոր պատմութիւններու: Լաւ գիրք մը կրնայ օգնել ընթերցողին` ինքզինք ճանչնալու: Ընթերցանութիւնը կը բանայ դռներ, սրտեր եւ միտքեր:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Միայն վեց վայրկեան ընթերցանութենէ ետք ջղայնացած անձ մը կրնայ աւելի հանդարտ զգալ:
– Ուսումնասիրութիւնները փաստած են, որ կանոնաւոր ընթերցանութիւնը կը բարելաւէ անձի մը յիշողութիւնը:
Ժամանց


