Նոր օր մը կը ծնի: Արեւուն ճառագայթները մէկ-մէկ, կարծէք` ամչնալով, կը յայտնուին լեռներուն ետեւէն: Քաղաքին կեդրոնը տակաւին հանդարտ է, խանութները գոց:
Գործաւորներ կ՛ուղղուին դէպի շէնքին մուտքը: Ծրարները զիրենք կը սպասեն` իրարու վրայ շարուած: Իւրաքանչիւր գործաւոր կ՛առնէ ծրար մը, զայն կը դնէ իր պայուսակին մէջ եւ կ՛ուղղուի դէպի քաղաքին տարբեր թաղամասերէն մէկը:
Օրը շաբաթ, 5 մարտ է, 1927: Կը ցրուի «Ազդակ» օրաթերթի առաջին թիւը:
Անհատաւալի, Բայց Իրա՛ւ
Տօներ Եւ Տօնակատարութիւններ
Աշխարհին Շուրջ
– Գերմանիոյ Պաւարիա շրջանին մէջ գիւղերը գարնան ժամանումը կը տօնեն «Մայիսեան ծառ» կոչուած ծառի կոճղեր զարդարելով: Անոնք նոյնիսկ զարդարուած ծառեր կը գողնան ուրիշ գիւղերէն:
– Հարաւային Քորէայի մէջ Պոյէոնկ Մար փառատօնին ընթացքին մարդիկ ցեխի մէջ կը լողան, կը սահին եւ կը կռուին, եւ ապա անոնք կը հանգստանան` երաժշտութիւն մտիկ ընելով եւ հրավառութիւն դիտելով:
– Զուիցերիոյ Պազըլ շրջանին մէջ դիմակներով եւ զանազան ձեւի ու ոճի հագուստներով կը ծպտուին Ֆասնախի երեք օր տեւող տօնակատարութիւններուն ընթացքին: Այս տօնակատարութիւնները կը սկսին Մեծ պահքի մոխիրներու չորեքշաբթիին յաջորդ օրը, առտուան ճիշդ ժամը 4:00-ին:
– Իտալիոյ Իվրէա շրջանին մէջ մարդիկ ազատութիւնը կը տօնեն նշանաւոր կռիւ բեմադրելով. այդ «տօնակատարութեան» ընթացքին անոնք իրարու վրայ նարինջ կը նետեն:
– Հնդկաստանի մէջ գոյներով հարուստ Հոլի տօնը կը ներկայացնէ չարին յաղթող բարին:
– Տիուալի հինտու փառատօնին ընթացքին մարդիկ իրենց տուները կը մաքրեն, կը վառեն կաւէ լապտերներ, եւ գետնին վրայ կը գծեն գեղեցիկ պատկերներ` գունաւոր աւազներ գործածելով:
– Անգլիոյ Օեթլընտ շրջանին մէջ Կրակի փառատօնին ընթացքին 800 հոգի իբրեւ Վայքինկ կը ծպտուի. անոնք կ՛այրեն յատուկ այս առիթին համար շինուած նաւ մը եւ ապա գիշերը կ՛անցընեն պարելով:
– Շատ հին ժամանակներուն Նորվեկիացիները կը հաւատային, որ վհուկները Ս. Ծնունդի գիշերը աւելներ կը գողնային անոնց վրայ նստած թռչելու համար: Տակաւին մինչեւ այսօր անկողին երթալէ առաջ մարդիկ իրենց աւելները կը պահեն:
– Աւստրալիական Թունարամա փառատօնին ընթացքին մարդիկ լման թոն ձուկ մը կը նետեն նայելու համար, թէ ան որքան հեռու կրնայ երթալ:
Ինչպէ՞ս Մարդիկ Կը Գրէին
Գրիչի Գիւտէն Առաջ
Երբ գրութիւնը յայտնուեցաւ 5000 տարիներ առաջ, մարդիկ տափակ քարերու վրայ կը փորագրէին սուր խիճերով: Միջագէտքի եւ Եգիպտոսի մէջ մարդիկ եղէգի կտորներով կը գրէին կաւէ տախտակներու վրայ, եւ ապա մելանով` պապիրոսէ «թուղթերու» վրայ: Միջին դարերուն կը գործածուէին բադի փետուրները, որոնք 19-րդ դարուն փոխարինուեցան մետաղեայ գրիչներով:
Ժամանց


