Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«Քասինի» ոչ բնակուած անջրպետանաւ մըն է, որ կը դառնայ Երեւակ մոլորակին շուրջ, 2004 թուականէն ի վեր: Իր պաշտօնին իբրեւ վերջին փուլ` ան պիտի սուզուի դէպի օղակներով մոլորակին մակերեսը: Այս վերջին թռիչքը շատ կարեւոր է գիտնականներու համար:
Երեւակը մեր արեգակնային դրութեան վեցերորդ մոլորակն է (արեւէն հեռանալով): Ան Լուսնթագէն ետք երկրորդ ամէնէն մեծ մոլորակն է: Անշուշտ Երեւակին իւրայատկութիւնը անոր օղակներն են: Ան կազմուած է գլխաւորաբար սառոյցի եւ փոշիի մասնիկներէ:
13 տարուան աշխատանք
Երեւակը եւ անոր արբանեակները ուսումնասիրելու համար գիտնականները «Քասինի» անջրպետանաւը արձակած են 15 հոկտեմբեր 1997-ին: Առանց աստղանաւորդի այս մեքենան եօթը տարիէն կտրած է երկրագունդ Երեւակ հեռաւորութիւնը: Տասներեք տարուան ընթացքին անոր կատարած ուսումնասիրութիւնները կարեւոր բացատրութիւններ հայթայթած են երկրագունդին անցեալին եւ ապագային մասին: Ան հարիւրաւոր անգամներ դարձած է Երեւակին շուրջ, եւ հետախուզած է նաեւ անոր ամէնէն մեծ արբանեակը` Թայթանը:
Չհետախուզուած շրջան
Իբրեւ վերջին պարտականութիւն` անջրպետանաւը Երեւակին շուրջ 22 անգամ պիտի դառնայ եւ ապա սուզուի դէպի անոր մակերեսը: Այս ձեւով ան պիտի թռչի մոլորակին բարձր մթնոլորտին եւ ներքին օղակներուն միջեւ, 2400 քմ բաժին մը, որ տակաւին չէ հետախուզուած: Այս սուզումը սկսաւ 27 ապրիլին եւ վերջ պիտի գտնէ 15 սեպտեմբերին, երբ «Քասինի» պիտի տարանջատուի Երեւակի մթնոլորտին մէջ մտնելով:
Հետաքրքրական
– Վենետիկ քաղաքը ունի 435 կամուրջ:
– 1524-1610 Նիւ Եորք քաղաքը «Նուվել Անկուլեմ» կը կոչուէր:
– Աշխարհի մէջ ամէն երկվայրկեան 16.000 կերպընկալէ պայուսակներ կը բաժնուին: Ասիկա կը նշանակէ, թէ ամէն տարի 500 միլիառ կերպընկալէ պայուսակներ կ՛ապականեն մեր մոլորակը:
– Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ Թրիսթան տա Քունհա հրաբխային կղզին աշխարհի ամէնէն աւելի մեկուսացած հողատարածքն է: Անոր 276 բնակիչները կ՛ապրին ամէնէն մօտիկ բնակուած ցամաքէն` Սենթ Հելէն կղզիէն 2500 քմ հեռու:
– Կրիաները ճանչցուած են իրենց դանդաղութեամբ. սակայն ծովային կրիաները, որոնք կրիաներու ամէնէն մեծ տեսակն են (անոնց մեծութիւնը կը հասնի 2-3 մեթրի) ամէնէն արագ սողուններն են: Այս ծովային կրիաները օրական միայն 15 վայրկեան դադար կ՛առնեն, այլապէս անոնք անդադար կը լողան:
Հոլանտայի գեղանկարիչ Եան վան Այքի «Խորհրդաւոր գառնուկը» աշխարհի ամէնէն աւելի յաճախ գողցուած գեղանկարն է: Ան գողցուած է եօթը անգամ. ոստիկանութիւնը տակաւին կը փնտռէ անկէ բաժին մը:
– Շնորհիւ իր 17 մկաններուն` լեզուն կրնայ շարժիլ բոլոր ուղղութիւններով:
– Օգոստոս 2013-ին շուէտական Վարմտօ քաղաքին մէջ ոստիկանութիւնը կանչուեցաւ պարտէզի մը մէջէն հեռացնելու… ամբողջովին գինով հինգ եղջերուներ: Անոնք գինովցած էին երկար ժամանակէ ի վեր գետին թափած խնձորներ ուտելով: Խնձորներուն հիւթը ալքոլի վերածուած էր:
– Դէպի լուսին ամէնէն կարճ ճամբորդութիւնը կը տեւէ 4 օր:
– Աշխարհի ամէնէն տաք ծովը Կարմիր ծովն է: Անիկա կը գտնուի Ափրիկէի եւ Ասիոյ միջեւ: Անոր ջուրին միջին տաքութիւնը 22 աստիճան է, սակայն ամրան անոր մակերեսի ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ 34 աստիճանի:
– Երբ մենք ծովափին կը գտնուինք, ծովուն հորիզոնը կը գտնուի 4 քմ հեռու:
– Աշխարհի մէջ ամէն վայրկեան կը շինուի եւ կը ծախուի 6 ինքնաշարժ:
– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին 358 շան տարբեր տեսակներ:
– Աշխարհի վրայ ամէնէն երկար աստիճանը մեզ կը հասցնէ զուիցերիական Նիշէն լերան գագաթը: Անիկա ունի 11.674 աստիճան:
– Աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը 4800 տարեկան է:
– Գիտէի՞ր, թէ հարաւային Ամերիկայի մէջ գտնուող Փարակուէյ երկրին դրօշակին երկու կողմերը իրարմէ տարբեր են:
– Բնութեան մէջ շեմփանզէները պանան չեն ուտեր, որովհետեւ վայրի պանանները շատ քիչ սննդարար են:
– Ծիծեռնակ մը օրական միջին հաշուով 3000 ճանճ կ՛ուտէ:
– Պրազիլի ազգային ֆութպոլի խումբը մասնակցած է աշխարհի 20 ախոյեանութիւններուն: Մինչ Պոսնիա-Հերցեկովինա առաջին անգամ ըլլալով այդ խաղերուն մասնակցած է 2014-ին:
– Պաօպապը հսկայական ծառ մըն է, որուն մենք կրնանք հանդիպիլ Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ: Անոր կոճղը կազմուած է սպունգի կայունութիւնը ունեցող փայտէ եւ կրնայ պարունակել աւելի քան 9000 լիթր ջուր: Այս պատճառով է, որ զայն երբեմն կ՛անուանեն «շիշ-ծառ»:
Գիտէի՞ր, Թէ
Մեքսիքական Խոհանոց
Գիտէի՞ր, թէ Ասթա լա Քոսինա մեքսիքական խոհանոցի մասին պատկերասփիւռէն օրական սփռուած յայտագիրը աշխարհի ամէնէն երկար ժամանակէ ի վեր անընդհատ, օրական սփռուող ճաշերու յատկացուած յայտագիրն է:
Անոր սփռումը սկսած է 1 դեկտեմբեր 1960-ին Մեքսիքայի 4 կայաններու վրայ եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ո՞վ Հնարած Է Պահածոները
Ներկայիս պահածոյ ուտելիքներու գոյութիւնը մենք, մասամբ կը պարտինք Նափոլէոն Պոնափարթին…
18-րդ դարու վերջաւորութեան ֆրանսացիներու առաջին կայսրը 12.000 ֆրանք կ՛առաջարկէ այն անձին, որ պիտի կարենայ հնարել ուտելիքները պահելու միջոց մը, յատկապէս` բարելաւելու համար իր բանակին հայթայթուած ուտեստեղէնի պահեստներու պահպանումը:
Շաքարեղէններ պատրաստող Նիքոլա Ֆրանսուա Ափփեր կը շահի այս մրցանակը: Ան լաւ գոցուած ապակիէ շիշերու մէջի ուտելիքները տաքութեան ազդեցութեան տակ մանրէազերծելու միջոց մը կը յղանայ: Այս նոյն հիմնական թեքնիքն է, որ մենք ներկայիս կը գործածենք ուտելիքի պահածոներ ստանալու համար:
Քանի՞ Նոր Բառ Կարելի Է
Սորվիլ 15 Վայրկեանէն
Սորվիլ 15 Վայրկեանէն
16 կամաւոր անձերու ուղեղային գործունէութիւնը ուսումնասիրելէ ետք Քէյմպրիճ համալսարանէն ջիղերու մասնագէտ բժիշկ Եուրի Շթիրով եզրակացուցած է, որ մեր ուղեղը կրնայ նոր բան մը սորվիլ նուազ քան 15 վայրկեանէն: Այս հաստատումը նոր լուսարձակի տակ կը դնէ նոր լեզու մը սորվելու դժուարութիւններու ապացոյցը:
Ըստ այս ուսումնասիրութեան, պէտք է պարզապէս այս ժամանակամիջոցին այդ նոր բառը մտիկ ընել 160 անգամ: Այս ձեւով ուղեղը պիտի կազմէ նոր ցանց մը` յատկապէս այդ բառը սորվելու եւ յիշելու համար ջղային բջիջներով:
Մոլորակներուն Մասին
– Լուսինը կը փայլի՞: Լուսինը լոյս չ՛արձակեր, ան պարզապէս կը ցոլացնէ արեւուն ճառագայթները:
– Հսկայ մոլորակը: Լուսնթագը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ մոլորակն է: Անոր ծաւալը երկրագունդի ծաւալէն 1323 անգամ աւելի մեծ է:
– Պոչաւոր աստղե՞ր: Անջրպետին մէջ ժայռի կտորներ մեծ արագութեամբ կը տեղափոխուին: Երբ անոնք կը մտնեն երկրագունդին մթնոլորտին մէջ, անոնք կ՛այրին եւ կը կազմեն լուսաւոր գիծեր (գիսաւոր աստղեր):
– Դէպի անհունութիւն: Պոսիտոնը արեւէն ամէնէն հեռու գտնուող մոլորակն է: Ան այնքան հեռու է, որ արեւուն շուրջ ան իր շրջանը կ՛ամբողջացնէ 164,79 տարիէն, մինչ երկրագունդը արեւուն շուրջ լման շրջան մը կը կատարէ 365 օրէն:
– Օդը աւելի ցո՞ւրտ է Հրատ մոլորակին վրայ:
Հրատ մոլորակը արեւէն աւելի հեռու է, քան` երկրագունդը: Հետեւաբար հոն օդը աւելի ցուրտ կ՛ընէ: Այդ մոլորակին վրայ ջերմաստիճանը կրնայ իջնել մինչեւ – 140 աստիճան:
– Խաւարում: Լուսինի խաւարում տեղի կ՛ունենայ, երբ լուսինը կը գտնուի երկրագունդի շուքին մէջ, իսկ արեւը` երկրագունդին միւս կողմը:
– Կարելի՞ է բնակիլ ուրիշ մոլորակի մը վրայ: Քեփլեր 22 Բ. կը գտնուի երկրագունդին 600 լոյսի-տարիներ հեռու: Ան առայժմ յայտնի բնակելի առաջին մոլորակն է: Կ՛ենթադրուի, որ անոր մակերեսին վրայ ջերմաստիճանը 22-ի շուրջ է, սակայն գիտնականները տակաւին վստահ չեն, որ հոն լողալու համար ծովեր կան:
Ժամանց