Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Տասնմէկ տարեկանին Ալմա արդէն յօրինած է սոնատներ, նուագահանդէսներու տարբեր կտորներ եւ նոյնիսկ… օփերա մը, որ ներկայացուեցաւ Մոցարթի քաղաքին` Վիեննայի մէջ, տարեվերջի տօնակատարութիւններուն ընթացքին: Սակայն ո՞վ է այս զարմանալի երաժիշտը:
Այս փոքրիկ եւ տաղանդաւոր անգլիացի աղջնակը շատ կը սիրէ դաշնակ եւ ջութակ նուագել: Այս երկու երաժշտական գործիքներուն շնորհիւ է, որ մարդիկ սկսան զայն նկատել դասական երաժշտութեան շրջանակին մէջ:
Ան երկու տարեկան էր, երբ սկսած է նուագել եւ իր առաջին կտորը յօրինած` վեց տարեկանին: Սակայն չափահասները անոր աշխատանքը շատ լուրջի չէին առներ: Մոցարթ անոր նման` շատ վաղահաս յօրինող մը եղած է: Բայց վստահաբար անոր ներշնչումի աղբիւրները տարբեր էին: Ներշնչուելու համար Ալմա կը գործածէ ցատկելու պարան մը, զոր ան ամէն կողմ կը շարժէ` մինչ ինքզինքին պատմելով պատմութիւններ, որոնք եղանակներ կը յառաջացնեն անոր մտքին մէջ: Երբ ան եղանակ մը կը գտնէ, անմիջապէս կ՛երթայ զայն տետրակի մը մէջ արձանագրելու` չմոռնալու համար:
Սակայն ուշադրութի՛ւն, որպէսզի այս միջոցը յաջողի, Ալմա պէտք ունի փայլփլուն պարանի մը: Ան շատ լրջօրէն կը հաստատէ, որ ցատկելու պարզ պարան մը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի:
Երբ մարդիկ Ալման կը բաղդատեն Մոցարթին հետ, որուն առաջին օփերան ներկայացուած էր, երբ ան տասնմէկ տարեկան էր, Ալմա կը պատասխանէ, թէ կը նախընտրէ, որ իրեն ոչ մէկուն հետ բաղդատեն: Կը նախընտրէ յօրինել իր անձնական երաժշտութիւնը, ըլլալ փոքրիկ Ալման, որովհետեւ, ըստ անոր, պարզապէս դարձեալ Մոցարթի նման յօրինելը ձանձրացուցիչ պիտի ըլլար…
Անհաւատալի,
Բայց Իրա՛ւ
– Միայն մարդ արարածները չեն, որ կը սիրեն ծամոն ծամել. կարգ մը անասուններ ալ կը սիրեն անոր անուշ համը: Հետեւաբար մարդիկ երբեմն ծամոնը իբրեւ կեր կը գործածեն բռնելու համար կատուաձուկեր եւ խեչափառներ:
– Պրազիլցիները սովորութիւն ունին օրուան ընթացքին քանի մը անգամ լոգնալու: Շաբթուան մը ընթացքին անոնք միջին հաշուով 12 անգամ կը լոգնան:
– 2012 թուականին նեփալցի կին մագլցող Չուրրեմ Էվերեսթի 8850 մեթր բարձրութեամբ գագաթը բարձրացաւ մէկ շաբթուան մէջ երկու անգամ:
– Շթայնուէյ մեծ դաշնակները ունին 12,116 տարբեր կտորներ:
– Առաջին գործնական բջիջային սմարթֆոն տեսակի հեռաձայնը Այ. Պի. Էմ.-ի «Սայմըն» հեռաձայնն էր: Անիկա շուկայ իջաւ 1993-ին: Այս հեռաձայնէն ծախուեցաւ մօտաւորապէս 50.000 օրինակներ, իւրաքանչիւրը` 899 տոլարի:
– Մրջինները փոքր միջատներ են: Անոնք երկրագունդին վրայ ամէն տեղ կը գտնուին` բացի բեւեռային շրջաններէն եւ շատ սառած ցամաքներէն:
– Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգին մէջ գոյութիւն ունի Ալափայն Վիլլըճ անունով փոքրիկ բանակավայր մը, ուր կիները կը ղեկավարեն ամէն ինչ: Այր մարդիկ իրաւունք չունին մտնելու գիւղ:
– Երկրագունդի մակերեսին մօտաւորապէս մէկ երրորդը անապատով ծածկուած է:
– Ճափոնական քարաթէ բառը կը նշանակէ` «պարապ ձեռք»:
Խոհագիր
Կիտրոնով Եւ Նուշով
«Քէյք»
Կը սիրե՞ս խոհանոցին մէջ աշխատիլ եւ պատրաստել համով ճաշեր ու կարկանդակներ: Ահա դիւրին եւ համեղ քէյքի խոհագիր մը:
Պէտք ունիս (6 հոգիի համար)
150 կրամ ալիւրի, 100 կրամ շաքարի, 100 կրամ կակուղ կարագի, 50 կրամ նուշի փոշիի, 3 հաւկիթի, 2 կիտրոնի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, կտրտուած նուշի:
Պատրաստութիւն
– Փուռը տաքցուր 160 աստիճանի վրայ, իրարու հետ շատ լաւ խառնէ՛ կարագն ու շաքարը:
Այս խառնուրդին աւելցո՛ւր հաւկիթները` դարձեալ շատ լաւ խառնելով, ապա աւելցո՛ւր` նուշի փոշին, ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը եւ խառնէ՛, մինչեւ որ ստանաս առանց գունտերու խմոր մը:
Շարունակէ՛ խառնել եւ նոյն ատեն աւելցո՛ւր 2 կիտրոններուն հիւթը:
Կարկանդակի ափսէի մը վրայ կարագ քսէ՛ եւ քիչ մը շաքար սրսկէ՛: Մէջը պարպէ՛ խմորը:
Կարկանդակին վրայ դի՛ր նուշի կտորներ եւ զայն եփէ՛ փուռին մէջ 40 վայրկեան:
Ինչո՞ւ Հրշէջներուն
Ինքնաշարժները Կարմիր Են
Մարդիկ այս գոյնը սկսած են գործածելու 19-րդ դարու վերջաւորութեան, որովհետեւ անիկա հեռուէն տեսանելի էր, եւ այս ձեւով կարելի էր ատոնք դիւրութեամբ տեսնել եւ ուշադրութիւն դարձնել:
Գերմանիոյ կամ Պելճիքայի մէջ հրշէջները յաճախ կը գործածեն նարնջագոյն կամ դեղին ինքնաշարժներ, որովհետեւ անոնք աւելի լաւ կը տեսնուին մշուշին մէջ:
Ինչո՞ւ Հացը Կը Կարծրանայ
Կրնայ ըլլալ, որ դուն չես գիտեր, թէ հացը ջուր կը պարունակէ: Երբ այս ջուրը կը շոգիանայ օդին ներկայութեան, հացը կը չորնայ, ինչպէս` լուացարանին ծայրը լքուած սպունգը:
Կատարէ հետեւեալ փորձը: Հացի կտոր մը սրբիչի մը մէջ դի՛ր եւ ուրիշ կտոր մը ձգէ՛ անոր քով: Բաց օդին մնացած հացի կտորը շատ աւելի շուտ պիտի չորնայ:
Ինչո՞ւ Ձիւնը Ճերմակ Է
Ձիւնը կազմուած է սառոյցի մանր բիւրեղներէ: Այս բիւրեղները հայելիի նման կը բանին եւ կը ցոլացնեն արեւուն արձակած ճերմակ լոյսը: Այս պատճառով է, որ ձիւնը մեզի ճերմակ կը թուի:ր առիւծը դարձած է գազաններուն թագաւորը:
Ինչո՞ւ Ոսկին Թանկարժէք Է
Այս մետաղը կը գործածուի մարդոց կողմէ նախապատմական շրջանէն ի վեր, եւ ան բազմաթիւ լաւութիւններ ունի. ան չի մաշիր, ունի գեղեցիկ գոյն մը եւ դիւրին է անոր հետ աշխատիլը գոհարեղէններ եւ մետալներ շինելու համար: Եւ որովհետեւ ան մեր մոլորակին վրայ մեծ քանակներով չի գտնուիր, անոր գինը շատ բարձր է:
Ինչո՞ւ Օդը Շատ Ցուրտ Կ՛ըլլայ Հիւսիսային
Եւ Հարաւային Բեւեռներուն Մէջ
Որովհետեւ երկրագունդը կլոր է, հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռները արեւէն շատ աւելի հեռու են, քան` հասարակածը: Անոնք նուազ ճառագայթ կը ստանան, հետեւաբար` նուազ տաքութիւն: Հարաւային բեւեռին մէջ ջերմաստիճանը մօտաւորապէս – 50 է, այսինքն երեք անգամ աւելի ցուրտ, քան` մեր տան սառնարաններուն սառոյցի դարակին մէջ:
Ինչո՞ւ Կ՛ըսեն, Թէ Առիւծը
Գազաններու Թագաւորն Է
Մարդոց միշտ թուացած է, որ առիւծին մռնչիւնը արտասովոր ձայն մըն է: Ասոր կողքին, անոր բաշը կարծէք թագ մը կը կազմէ անոր գլխուն վրայ, այս պատճառով է, որ առիւծը դարձած է գազաններուն թագաւորը:
Սակայն գիտէի՞ք, թէ հիւսիսային Ամերիկայի մէջ արծիւին կը պատկանի այս տիտղոսը, իսկ Հարաւային Ամերիկայի մէջ` արջին:
Ժամանց


