Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչի՞ Մասին Կ՛երազեն Մեր Անասուն Բարեկամները

Յունուար 28, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հարվըրտ համալսարանէն հոգեբան մը տարիներու ընթացքին ուսումնասիրած է մարդոց, եւ ապա անասուններուն քունը: Ան յանգած է տարօրինակ եզրակացութիւններու:

Երբ մեր տան փիսիկը կամ Չալոն խորունկ քունի կ՛անցնի, աչքերնին գոց, մարմիննին կլոր փաթթած, տաքուկ, իրենց պոչիկը իրենց շուրջ դարձուցած, որքա՜ն պիտի ուզէինք գիտնալ, թէ անոնք ինչի՛ մասին կ՛երազեն: Ամերիկացի բժիշկ մը` Տիետրա Պարեթ, որ շատ հետաքրքրուած է մարդոց եւ անասուններու երազներու աշխարհով, հաւանաբար գտած է պատասխանը: Անոնք մեզի նման, գրեթէ նոյն բաներուն մասին կ՛երազեն, ըստ մասնագէտին, շուները հաւանաբար ամէնէն առաջ կ՛երազեն իրենց տէրերուն մասին, իսկ կատուները… մուկերը բռնելու մասին:

Իրենց տէրերուն կապուած անասուններ

Գիտնականը կը բացատրէ, թէ որովհետեւ շուները իրենց տէրերը շատ կը սիրեն, անոնք կ՛երազեն անոնց դէմքին մասին, խաղերու, զոր անոնք միասին կը խաղան, եւ` անոնց հաճոյք պատճառելու ձեւերուն մասին: Նոյն ուսումնասիրութիւնը կը յայտնաբերէ, որ կատուներն ալ իրենց երազներուն մէջ կը վերապրին իրենց օրը, սակայն որովհետեւ անոնք որսացող անասուններ են, անոնք կ՛երազեն որսորդութեան մասին: Ասիկա կը հաստատէ այն համոզումը, որ մենք ունէինք չորքոտանի մեր բարեկամներուն մասին: Շուները կը խենթենան իրենց տէրերուն վրայ, իսկ կատուները նոր արկածախնդրութիւններու մեծ սիրահարներ են:

Ստնաւորներուն քունը

Այս ձեւով, մասնագէտը կը բացատրէ, թէ շուներուն եւ կատուներուն քունի շրջանը նոյնանման է միւս ստնաւորներու քունի շրջանին, թեթեւ, խորունկ եւ փարատոքսալ քունի հանգրուաններ: Հետեւաբար անոնց երազները մարդոց երազներուն քիչ մը կը նմանին. մեր փոքրիկ բարեկամները իրենց երազներուն մէջ կը վերատեսնեն իրենց անցուցած օրը, յատկապէս եթէ ան շատ հետաքրքրական եղած է, սակայն` աւելի շատ պատկերներով:

 

Խելացի Անասուններ

Ինչպէ՞ս կարելի է չափել խելացիութիւնը: Արդեօք կատուդ կրնա՞յ յիշել, որ իրեն համար ձգած ես համով բան մը: Արդեօք կապիկները կրնա՞ն հաշուել:

Հաւանաբար դուն կը մտածես, թէ որքան կենդանի էակի մը ուղեղը մեծ ըլլայ, այնքան ան խելացի կ՛ըլլայ: Սակայն ուղեղին չափը պէտք չէ մեզ խաբէ: Ծանօթանանք մեր մոլորակին կարգ մը ամէնէն խելացի կենդանի էակներուն:

10 տարեկան տղայ

– Ուղեղի ծանրութիւն 1,4 քկ
– Ծանրութիւն 37 քկ
– Հասակ` 1,4 մ

 

Շեմփանզէ

– Ուղեղի ծանրութիւն` 0,6 քկ
– Ծանրութիւն` 32-60 քկ
– Հասակ` 3 – 4,2 մ

 

Շիշի նման քիթով դլփին

– Ուղեղի ծանրութիւն` 1,6 քկ
– Ծանրութիւն` 500 քկ
– Հասակ` 3 – 4,2 մ

 

Ափրիկեան փիղ

– Ուղեղի ծանրութիւն` 4,8 քկ
– Ծանրութիւն` 2268-6350  քկ
– Հասակ` 2,5 – 4 մ (մինչեւ թիկունք)

 

Կատու

– Ուղեղի ծանրութիւն` 30 կ
– Ծանրութիւն` 2,3-9 քկ
– Հասակ` 71 սմ

 

Շուն

– Ուղեղի ծանրութիւն` 0,07 քկ
– Ծանրութիւն` 9-11 քկ
– Հասակ` 38 սմ (մինչեւ թիկունք)

 

Նոր Քալետոնիոյ ագռաւ

– Ուղեղի ծանրութիւն` 7,6 քկ
– Ծանրութիւն` 277 կ
– Հասակ` 30,5 սմ

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

– Կարգ մը շեմփանզէներ, որոնք մարդուն խնամքին ենթակայ եղած են, սորված են մինչեւ 350 նշաններու լեզուով ամերիկեան բառեր:

– Բազմաթիւ փիղեր ամէն տարի կը վերադառնան դէպի ջուրի նոյն կեդրոնները: Անոնք նոյնիսկ կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հոն հասնիլ, նոյնիսկ երբ ջուրը կը գտնուի հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու:

– Կատուները մեզ կը լսեն, երբ մենք զանոնք կը կանչենք եւ կը ճանչնան մեր ձայնը: Իսկ երբ անոնք չեն գար, պարզապէս որովհետեւ անոնք չեն ուզեր:

– Գիտնականները կը հաստատեն, թէ չորս անգամ աւելի հաւանականութիւն կայ, որ շունդ ճաշդ առնէ, երբ ան կը մտածէ, որ դուն չես նայիր:

 

Ինչո՞ւ Շուներուն Քիթը
Միշտ Թաց Է

Շուներուն հոտառութիւնը շատ զարգացած է: Ան կը բանի միայն այն ատեն, երբ անոնց քիթը եւ քիթին ներսի բաժինը խոնաւ են: Անոր շնորհիւ` շունը կը «բռնէ» հոտեր, որոնք  մարդը չ՛առներ. շատ լաւ մարզուած կարգ մը շուներ կրնան զգալ ներկայութիւնը ձիւնին տակ թաղուած անձերու:

Եթէ շան քիթը չոր է, ասիկա երբեմն կրնայ նշանակել, որ շունը հիւանդ է:

 

Ինչո՞ւ Մոմին Բոցը Դեղին Է

Մոմին բոցը ունի տարբեր գոյներ, որոնք կը փոխուին ըստ ջերմաստիճանի: Բոցին վարի բաժինը, որ կապոյտ է, կ՛այրի մօտաւորապէս 1200 աստիճանի վրայ, մինչ անոր գագաթը դեղին է եւ կ՛այրի «միայն» 700 աստիճան տաքութեամբ:

 

Ինչո՞ւ Անջրպետին Մէջ
Ամբողջովին Մութ Է

Անջրպետը ամբողջովին մութ չէ. արեւուն նման, աստղերն ալ լոյս  կ՛արձակեն: Սակայն որովհետեւ անջրպետը հսկայական է, աստղերը շատ հեռու են, անոնց լոյսը մեզի շատ տկար կը թուի եւ մեզի կը թուի, թէ անջրպետը մութ է:

 

Ինչո՞ւ Մեր Քիթը Կը Հոսի

Մեր քիթը կը ծառայէ մեր շնչած օդը զտելու: Փոշիները եւ մանրէները մեր թոքերուն մէջ հասնելէ արգիլելու համար մեր ռունգերը կ՛արտադրեն անոնց դուրս քշող հեղուկ մը: Սակայն երբեմն երբ մենք հարբուխ կ՛ըլլանք, կամ օդը ցուրտ է, քիթը այդ հեղուկէն շատ կ՛արտադրէ եւ… մեր քիթը կը հոսի:

 

Ինչո՞ւ Ծովը Ձմրան
Չի Սառչիր

Այն շրջաններուն մէջ, ուր օդը շատ ցուրտ է, ծովուն մէջի աղը սառոյցի կազմուիլը կ՛ուշացնէ: Սակայն երբ օդին ջերմաստիճանը -2-էն աւելի վար կ՛իջնէ, ինչպէս բեւեռային շրջաններուն մէջ, ծովը կը սառչի եւ կը կազմէ սառցակոյտը:

Փորձենք: Երկու գաւաթ ջուր դիր սառնարանին սառցարանի բաժինին մէջ. մէկ գաւաթին ջուրին մէջ աւելցուր աղ: Պիտի նկատես, որ աղ պարունակող ջուրը աւելի դանդաղօրէն պիտի սառչի:

 

Թագաւորական Հարսնիք

2011-ին Անգլիոյ Ուիլիըմ իշխանին եւ Քեթ Միտըլթընի ամուսնութեան առիթով անուշեղէնի մասնագէտ խոհարար մը շինեց հսկայական կարկանդակ մը` Էլիզապէթ թագուհիին սիրած շուներուն պատկերով:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել լման ձուկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կատուին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ ձուկերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1967)

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?