Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկայական Ճեղք Մը Անթարքթիքին Ծայրը

Փետրուար 18, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անթարքթիքը ձիւնով ծածկուած հսկայական ցամաքամաս մըն է: Ժամանակի ընթացքին անոր ձիւնը սառոյցի վերածուած է: Ան շրջապատուած է սառած ցանկապատներով, որոնք կը ծփան ծովուն վրայ, ինչպէս` Լարսընի ցանկապատը:

Քանի մը տարիներէ ի վեր հսկայական ճեղք մը կը յառաջանայ Լարսընի սառած ցանկապատին վրայ: Այս ճեղքը կը մեծնայ եւ կը խորանայ: Յունուարին այս ճեղքը մէկ անգամէն 18 քմ մեծցած է: Այժմ անոր երկարութիւնը աւելի քան 100 քմ է: Երբ ան 20 քմ ալ  երկարի, պիտի հասնի մինչեւ ծով:

Երբ ճեղքը հասնի ծով, սառոյցի հսկայական կոյտ մը պիտի բաժնուի սառոյցէ ցանկապատէն, եւ ծնունդ պիտի տայ հսկայական սառցալերան մը: Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ ասիկա տեղի պիտի ունենայ քանի մը ամիսէն:

Ի՞նչ է այս երեւոյթը

Յաճախ սառոյցի կտորներ կը բաժնուին Անթարքթիքէն: Ասիկա բնական երեւոյթ մըն է. սակայն սկզբունքով սառոյցի այս կտորները այդքան մեծ չեն ըլլար: Այս անգամ նման մեծ կտորի մը անջատուելուն պատճառը հաւանաբար երկրագունդին ընդհանուր կլիմային տաքնալն է: Որովհետեւ ջուրին եւ օդին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ, սառոյցը աւելի կը ճեղքուի:

Ի՞նչ հետեւանքներ

Երբ սառոյցի այս կոյտը ամբողջովին բաժնուի, ասիկա կրնայ բարձրացնել ջուրերուն մակարդակը: Որովհետեւ Լարսընի նման սառոյցէ ցանկապատներն են, որոնք արգելք կը դառնան Անթարքթիքի ցամաքամասին սառոյցին մինչեւ ծով հասնելուն եւ հալելուն. հետեւաբար այս ցանկապատները կարեւոր դեր կը խաղան ջուրերուն մակարդակին բարձրանալը արգիլելու աշխատանքին մէջ:

 

Ժուսօ` Գեղանկարիչ
Արուեստագէտը

Ժուսօ 17 տարեկան է: Ան կ՛ապրի Ֆինլանտայի մէջ: Ան գեղանկարիչ արուեստագէտ մըն է, որ իր գործերը կը ցուցադրէ Հելսինքիի ցուցասրահներէն մէկուն մէջ:

Ժուսօ աւելի քան 400 քիլօ կշռող… սրճագոյն արջ մըն է, որ իր փոքր տարիքէն բերուեցաւ Քուսամոյի անասուններու յատուկ պահպանուած պարտէզը, երբ անոր մայրը սատկեցաւ: Այս կեդրոնը կը գտնուի բնութեան մէջ եւ անով կը զբաղի բնութեան եւ անասուններու սիրահար Քարճալանէնտ: Այդ վայրին մէջ կարելի է հանդիպիլ աղուէսներու, լուսաններու:

Ժուսօ կը համարուի «Ֆինլանտայի ամէնէն գիրուկ արջը». սակայն ան յատկապէս հանրածանօթ է շնորհիւ… իր գեղանկարիչի ձիրքերուն:

Ժուսոն խնամողները նշմարած են անոր ձիրքը, երբ օր մը Ժուսօ իր թաթերը թաթխած է ներկին մէջ եւ սկսած է հետքեր ընել: Ան շատ սիրած է այս գործողութիւնը: Հետեւաբար զայն խնամողները սկսած են անոր հայթայթել թուղթ, ներկեր եւ քոնթըր-փլաք: Ժուսօ կը սկսի ներկել, երբ ինք կ՛ուզէ, երբ մինակ է: Ան կը նստի, իր թաթերը կը թաթխէ ներկին մէջ եւ ապա զանոնք կը պտտեցնէ թուղթին վրայ: Անոր նախասիրած գոյները կապոյտը եւ կարմիրն են: Իր թաթերը ներկին մէջ թաթխելը վտանգաւոր չէ անոր առողջութեան համար:

Ժուսոյի այս գեղանկարչութիւններէն 11 գլուխ գործոցներ, ինչպէս նաեւ անոր կողմէ արտադրուած բազմաթիւ հետքեր այժմ կը ցուցադրուին Հելսինքիի «Ռուփլա» ցուցասրահին մէջ: Այս գործերը կը ծախուին 50 – 4000 եւրոյի: Արդէն ծախուած 15 կտորներ կեդրոնին հայթայթած են մօտաւորապէս 8000 եւրօ: Սակայն այս հաւաքուած դրամը պիտի չգործածուի պարզապէս անասուններուն համար միս գնելու, այլ` պատրաստելու արջերու յատկացուած վաւերական ժապաւէն մը:

 

Ինչո՞ւ Կարելի Է Երբեմն
Լուսինը Տեսնել Օրուան Ընթացքին

Արեւէն ետք, լուսինը երկնքի մէջ ամէնէն փայլուն մարմինն է: Սակայն լուսինը փայլուն է, պարզապէս որովհետեւ ան կը ցոլացնէ արեւուն լոյսը: Երբ ան կը դառնայ երկրագունդին շուրջ, կարելի է զայն տեսնել որեւէ մէկ ատեն, հորիզոնէն վեր: Սակայն, ընդհանրապէս, արեւը այնքան փայլուն է, որ մենք զայն չենք նշմարեր կամ չենք կրնար զայն տեսնել:

 

Ո՞Ր Անասունը Ամէնէն
Խելացին Է

Կարգ մը գիտնականներ կ՛ըսեն, որ շեմփանզեն ամէնէն խելացի անասունն է: Ուրիշներ կը հաստատեն, որ խելացին ուրանկութանն է կամ կորիլլան: Ուրիշ խելացի անասուննե՞ր. շիշի քիթով դլփինները, խոզերը, թութակները, կէտերը, փիղերը, ընգղաները, սկիւռները, շուները եւ կովերը:

– Իսկ ամէնէն արա՞գը

Ցամաքին վրայ ամէնէն արագը չիթան է. ան կրնայ վազել ժամական 113 քմ արագութեամբ: Սակայն գոյութիւն ունի ձուկի տեսակ մը (պլաք մարլըն), որ կրնայ լողալ ժամական 132 քմ արագութեամբ:

– Իսկ ամէնէն մե՞ծը

Աշխարհի ամէնէն մեծ անասունը` կապոյտ կէտն է, որուն երկարութիւնը կրնայ հասնիլ 23-30,5 մեթրի: Անոր լեզուն փիղի մը չափ է:

 

Ինչո՞ւ Մարդիկ Երաժշտութիւն
Կը Նուագեն

Մարդոց մեծամասնութիւնը պիտի ըսէ, որ երաժշտութիւնը իրենց մէջ լաւ զգացում կը յառաջացնէ: Կարգ մը անձերու համար այդ «լաւ զգալու» երաժշտութիւնը դանդաղ եւ մեղմ է: Ուրիշներ կը սիրեն ռոք երաժշտութեան զարկերը կամ ճազի կշռոյթները, կամ ռեփը` իր տրոփումներու նման հաստատ կշռոյթով:

Գիտնականները փաստած են, որ երաժշտութիւնը իսկապէս կ՛ազդէ մարդոց զգացումներուն վրայ: Յարմար եղանակները, բառերով կամ առանց բառերու, կրնան արցունքներ բերել մարդոց աչքերէն, կամ յուզում յառաջացնել, արագացնել կամ դանդաղեցնել անոնց սրտի տրոփումները, անոնց տալ հանգստութեան զգացողութիւնը կամ նոյնիկս անոնց այնքան ուրախ զգացնել, որ անոնք կ՛ուզեն, աւելի ճիշդը` պէտքը կը զգան պարելու:

– Գիտէի՞ր, թէ աշխարհի ամէնէն շատ ծախուած երաժշտական գործիքը հարմոնիքան է:

 

Անհաւատալի,
Բայց Իրա՛ւ

  • Թայլանտի մէջ կարգ մը փիղեր կը սիրեն պասքեթպոլ խաղալ:
  • Ճափոնական ընկերութիւն մը շինած է մարդամեքենայ մը, որ կրնայ ֆութպոլի գնդակի մը հարուածել:
  • Վազող Ֆոժա Սինկ մարաթոն մը վազեց 101 տարեկանին:
  • Սան Տիեկօ կենդանաբանական պարտէզին մէջ բեւեռային արջ մը կրնայ ջուրին տակ պասքեթպոլի տրիպըլներ ընել:
  • Աշխարհի ամէնէն արագ մարդը` Իւսէին Պոլթ, օրական միջին հաշուով 100 հաւու նակեցներ կերաւ Փեքինի Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, եւ ան արժանացաւ երեք ոսկի մետալներու:

 

 Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 75` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը: Իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակի երկու թիւերուն գումարումին: Օրինակի համար, 4 + 8= 12:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Փետրուար 18

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?