Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկայ Թիթեռնիկը Վերջապէս Գտնուեցաւ

April 22, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անոր գիտական անունը օրնիթոփթերա քրէօսուս քրէօսուս է: Ան երկրագունդին վրայ յայտնուած է 100 միլիոն տարի առաջ: Ֆլուօ նարնջագոյն եւ ոսկի թեւերով այս թիթեռնիկը կ՛ապրի արեւադարձային անտառներուն մէջ: Անոր էգին թեւերուն լայնքը կը հասնի 25 սմ-ի: Երկու ամիս թրթուրի վի    ճակի մէջ եւ ապա մէկ ամիս իր բոժոժին մէջ մնալէ ետք, թիթեռնիկը վերջապէս կը բանայ իր թեւերը. սակայն ան կ՛ապրի 10-15 օր միայն:

***

1859-ին անգլիացի Ալֆրետ Ռասըլ Ուալլըս առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպի այս հսկայ թիթեռնիկին: Այդ ժամանակէն ի վեր շատեր փորձած են զայն տեսնել եւ նկարել, սակայն անոնք բնաւ չեն յաջողած:

Միայն մէկ անձ` Ալիսի, որ ծնած է Ինտոնեզիոյ Մալուքու արշիպեղագոսի մէջ եւ շատ լաւ ծանօթ է Պաքան կղզիին վայրի անտառին, գիտէ` ո՛ւր գտնել զայն: Սակայն 1970-ական թուականներուն այս հսկայ թիթեռնիկին ապօրինի որսագողութեան, զայն հաւաքածոներ կազմողներու ծախելու համար եւ անտառահատումին պատճառով ան անհետացումի վտանգին ենթակայ է:

Բնութեան պահպանումի միջազգային «Ուըրլտ ուայտ ֆանտ» կազմակերպութեան յանձնարարութեամբ, շրջանի բնակիչները դիմած են «Ֆարմինկ»-ի դրութեան: Անոնք յատուկ խոնաւ սենեակներու մէջ կը պահեն եւ հոգ կը տանին բոժոժներուն, ապա օրինաւոր կերպով զանոնք ծախելու, եւ այս ձեւով թիթեռնիկները պահպանելու համար:

Ալիսի պիտի ընէ աւելին: Ան փոքրիկ «ագարակ» մը շինած է կղզիին կեդրոնը, գաղտնի փոքր հովիտի մը մէջ, որ զբօսաշրջիկներու սովորական շրջաններէն հեռու կը գտնուի, եւ ուր կարելի է հասնիլ միայն տեղացի բնակիչներուն օգնութեամբ: Այս ձեւով, 2013 թուականին խումբ մը բնագէտներ կրցած են վերջապէս կապուիլ Ալիսիի հետ` մօտէն ծանօթանալու թիթեռնիկներու թագաւորին: Անոնք պիտի ըլլան առաջին անձերը, որոնք պիտի կարենան զայն նկարել: Ասիկա կարեւոր դէպք մըն է, որովհետեւ Քրէօսուսի գոյները տարբեր են այդ կղզիին վրայ: Այս եզրակացութիւնը Ուալասի կարելիութիւնը տուած էր հաստատելու, ինչպէս բնագէտ իր բարեկամը` Չարլզ Տարուինն ալ հաստատած էր, թէ կենդանի էակները եղափոխութեան կ՛ենթարկուին եւ իրենց միջավայրին կը յարմարին` կարենալ գոյատեւելու համար: Եւ անոնք ասիկա կոչեցին «բնաշրջումի տեսութիւն»:

 

Հետաքրքրական

–  Գիտնալու համար, թէ կեանք գոյութիւն ունի՞ կարգ մը հեռաւոր մոլորակներու վրայ, ամերիկացի աստղագէտները որոշած են ուսումնասիրել անոնց մթնոլորտին մէջի ապականումը: Եթէ իսկապէս ապականում կայ, ըսել է, թէ կեանք կայ:

–  Մեր ձեռքին մատները մկաններ չունին: Ասիկա շատ բնական է. մեր մատները կը ղեկավարուին ջիղերու կողմէ:

–  Տարուան մէջ կայ 8760 ժամ:

–  2014 թուականէն ի վեր Պոլիվիոյ պաշտօնական ժամացոյցները դէպի հակառակ կողմ կը դառնան: Այս որոշումը տրուած է ուրիշ երկիրներէ իրենց տարբերութիւնը հաստատելու համար:

–  Թապի բնութիւնը յարգող շուն մըն է: Իր օրական պտոյտներուն ընթացքին ան կը հաւաքէ ճամբան լքուած շիշերը եւ զանոնք իր տիրոջ կը բերէ: Այս ձեւով, այս անգլիական լապրատոր տեսակի շունը կարելիութիւնը տուած է վերամշակելու 26.000 շիշ` վեց տարիներու ընթացքին:

–  Աշխարհի ամէնէն մեծ ընգղայի ձեւով արձանը շինելու համար գործածուած են 68.000 կերպընկալէ տոպրակներ:

–  Գիտէի՞ր, որ փիղերը մեղուներէն կը վախնան: Այս ձեւով, Ափրիկէի մէջ կարգ մը ագարակներ փեթակներ կը պահեն հեռու պահելու համար փիղերը:

–  Աշխարհի ամէնէն ցած ջերմաստիճանը` – 93.2 աստիճան, արձանագրուած է Անթարքթիքի մէջ:

–  Մարդկային մարմնին ամէնէն գործօն մկանը աչքն է: Անիկա օրական աւելի քան 100 հազար շարժումներ կը կատարէ:

–  Ընձուղտը ցամաքի միակ ստնաւորն է, որ չի յօրանջեր:

–  Աշխարհի ամէնէն երկար այբուբենը քոմպոտեան այբուբենն է, որ ունի 74 գիր:

–  Շուէտական «Փոսթ-օֆ ինտիքես թիտնինկար» աշխարհի ամէնէն հին թերթն է: Ան գոյութիւն ունի 365 տարիներէ ի վեր: Անոր անունը կը նշանակէ` «Ազգային եւ միջազգային թերթ»:

 

Սարդերը Կէտերէն Աւելի Կ՛ուտե՞ն

Ըստ երեւոյթին, սարդերուն ախորժակը շատ մեծ է: Ըստ մարտին լոյս տեսած գիտական թերթի մը մէջ ուսումնասիրութեան մը, սարդերը ամէն տարի կ՛ուտեն 400-800 միլիոն թոն միջատ:

Ասիկա գրեթէ հաւասար է ամէն տարի մարդոց կողմէ սպառած միսի եւ ձուկի քանակին (400 միլիոն թոն), եւ շատ աւելի, քան` կէտերուն կերածը (250-500 միլիոն թոն մանր կարիդոսի տեսակ): Գիտնականները այս ուսումնասիրութիւնը կատարած են լուսարձակի տակ առնելու համար սարդերը եւ բնութեան մէջ անոնց կարեւոր դերը:

Եթէ միասին գնենք երկրագունդի բոլոր սարդերը, անոնց ծանրութիւնը կը հասնի 25 միլիոն թոնի: Մեզի ծանօթ են անոնցմէ միայն 45.000 տարբեր տեսակներ, եւ անոնք բոլորը մսակեր են սնունդի օղակին մէջ սարդերն ալ ուրիշ էակներու որսերն են: Աւելի քան 8000 թռչունի, մակաբոյծի եւ ուրիշ անասուններու տեսակներ կը սնանին միայն սարդերով:

 

Զբօսաշրջիկներ Լուսինին Շուրջ

Ամերիկեան «Սփէյս էքս» ընկերութիւնը, որ անջրպետին մէջ թռիչքներ կը կատարէ, կը պատրաստուի 2018-ին երկու զբօսաշրջիկներու լուսինին շուրջ «պտոյտի» մը տանելու:

Քառասուն տարիներէ ի վեր դէպի լուսին ոչ մէկ նոր արշաւ կազմակերպուած էր: Սակայն այս անգամ «աստղանաւորդները» շատ սուղ պիտի վճարեն իրենց թռիչքին տոմսին համար:

 

Ժպիտ

Բոլորս ծանօթ ենք «սմայլի»-ին, եւ այս պարզ դեղին երեսով ժպիտէն յառաջացած իմոճիները, զորս մենք կը գործածենք մեր հեռաձայնային գրութիւններուն կամ ե-նամակներուն մէջ: Սակայն ուրկէ՞ եկած է ան:

Այս «ժպիտը» կամ «սմայլի ֆէյս»-ը հնարած է ամերիկացի մը` Հարվի Ռոս Պոլլ, 1963-ին: Ընկերութիւն մը Հարվիին դիմած է հնարելու համար գծագրութիւն մը իր պաշտօնեաներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար: Ընդամէնը 10 վայրկեանի մէջ Հարվի ստեղծած էր «սմայլի»-ն:

Սկիզբը այս «ժպիտ»-էն տպուեցան 100 պատճեր` ընկերութեան պաշտօնեաներուն համար… Սակայն ան այնքան մեծ ժողովրդականութիւն ունեցաւ, որ 1971-ին 50 միլիոն պատճ ծախուեցաւ:

 

Խոհագիր

Խնձորով Քրեփ

Ահա քրեփի խնձորով պատրաստուած տարբերակ մը:

Պէտք ունիս (4 հոգիի համար)

175 կրամ ալիւրի, 100 կրամ շաքարի, քիչ մը վանիլիայի, 2 հաւկիթի, կէս լիմոնի հիւթի, 2 խնձորի, 1 գաւաթ կաթի, պտղունց մը աղի, կարագի:

Պատրաստութիւն

1.- Խնձորները կեղուէ եւ չորսի բաժնէ. կեդրոնի կուտերով բաժինը հանէ: Զանոնք մեծ ծակերով տաշելու գործիքով տաշէ: Խնձորներուն վրայ լիմոն սրսկէ:

2.- Իրարու հետ խառնէ եւ ելեկտրական գործիքով զարկ շաքարը, վանիլան, աղը, ալիւրը եւ հաւկիթները: Աւելցուր կաթը, ապա` խնձորները եւ պատառաքաղով մը խառնէ:

3.- Բարձր կրակի մը վրայ քիչ մը կարագ հալեցուր տապակի մը մէջ: Շերեփով մը խմորէն պարպէ տապակին մէջ պզտիկ քրեփ մը ընելու համար:

4.- Քրեփի իւրաքանչիւր կողմ երեք վայրկեան եփէ: Զայն պնակի մը մէջ դիր եւ այս գործողութիւնը կրկնէ, մինչեւ որ խմորը վերջանայ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել, թէ այս ընգղային իւրաքանչիւր թաթը ո՛ր ծովային անասունը բռնած է:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու թեւատները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տասը ձուկերը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Գործունէութիւններէն. «Երթեւեկի Ապահովութիւն» Նիւթով Նախազգուշական Արշաւ

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.