Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս շրջանին, երբ մենք գիշերը երկնքին կը նայինք, կրնանք նշմարել յատկապէս փայլուն կէտ մը: Ան Արուսեակ մոլորակն է:
Արուսեակ մոլորակը կը կոչուի նաեւ «Հովիւին աստղը»: Սակայն մոլորակ մըն է, արեւէն հեռաւորութեամբ` 2-րդ մոլորակը, մինչ երկրագունդը 3-րդն է: Երբ գիշեր կ՛ըլլայ, ընդհանրապէս Արուսեակն է, որ ամէնէն առաջ կը փայլի երկնքին մէջ: Սակայն այս շրջանին ան յատկապէս փայլուն է: Ինչո՞ւ:
Երկրագունդին Աւելի Մօտ
Մենք Արուսեակ մոլորակը ամէնէն լաւը կը տեսնենք, երբ ան ամէնէն մօտը կը գտնուի երկրագունդին եւ ամէնէն հեռուն` արեւէն: Այս շրջանին Արուսեակը եւ երկրագունդը իրարու կը մօտենան օրական 1,1 միլիոն քմ արագութեամբ: Այս կշռոյթով ան ամէնէն շատը պիտի փայլի 20 փետրուարի շուրջ:
Սակայն մենք գիտենք, որ Արուսեակ աստղ մը չէ: Հետեւաբար ան ինչպէ՞ս կը փայլի: Ոչ մէկ մոլորակ իր անձնական լոյսը կ՛արտադրէ. ատիկա աստղերուն յատկութիւնն է: Արուսեակը կը սփռէ արեւէն ստացած հզօր ճառագայթները եւ զանոնք դէպի մեզի կը ղրկէ հայելիի մը նման: Ան ամպերով ծածկուած մոլորակ մըն է, եւ այդ ամպերն են, որոնք կը ցոլացնեն իրենց վրայ ինկած արեւուն լոյսը:
Հեռացում
Արեւուն եւ Արուսեակին միջեւ շեղումը կը տարբերի: Երբ այս հեռաւորութիւնը կարճ է, Արուսեակ կը գտնուի արեւուն մօտ, սակայն` մեզմէ հեռու: Հետեւաբար մենք զայն շատ փայլուն չենք տեսներ: Իսկ երբ այդ հեռաւորութիւնը աւելի երկար է, արուսեակը երկնքին մէջ շատ բարձր կը գտնուի եւ զայն տեսնելն ու ուսումնասիրելը շատ աւելի դիւրին եւ հետաքրքրական կը դառնայ:
Մենք կրնանք Արուսեակը ուսումնասիրել ամէնէն լաւ պայմաններուն մէջ, մինչեւ փետրուար 2017, երբ արեւը մար կը մտնէ
Գիտէի՞ր, թէ…
– Կ՛ըսեն, թէ Արուսեակ կրակոտ մոլորակ մըն է, որովհետեւ անոր մակերեսին վրայ ջերմաստիճանը կը հասնի 464 աստիճանի:
– Արուսեակ ժայռոտ բնութիւն մը ունի մեր մոլորակին նման, եւ ան քիչ մը աւելի փոքր է երկրագունդէն. անոր տրամագիծը 12.100 քմ է, մինչ երկրագունդինը` 12.750 քմ:
– Արուսեակ կը գտնուի արեւէն մօտաւորապէս 108 միլիոն 75 քմ հեռու: Ան արեւուն շուրջ կը դառնայ 225 օրէն:
– Արուսեակ կոչուած է «Հովիւին աստղը», որովհետեւ հին ժամանակներուն ան կը նշէր ախոռ վերադառնալու ժամանակը:
Քալիֆորնիոյ Նշանաւոր Սեքոա Ծառ Մը
Կը Տապալի Փոթորիկի Պատճառով
«Փայոնիր քապըն թրի» ծառը հսկայական սեքոա ծառ մըն է, որուն կոճղը փորուած է մարդոց համար անցք մը բանալու համար: Յունուարի կէսերուն Քալիֆորնիոյ «Քալաւերաս պիկ թրիզ սթէյթ փարք»-ի մէջ գտնուող այս ծառը տապալեցաւ փոթորիկի պատճառով:
Այս սեքոա ծառը կոչուած է նաեւ «Թանըլ թրի» (փապուղի ծառը). ան փորուած է 1880-ական թուականներուն եւ այդ ժամանակէն ի վեր ան դարձած է զբօսաշրջական ծանօթ վայր մը: Ամէն տարի մօտաւորապէս 200.000 այցելուներ կ՛անցնէին անոր մէջէն: Վերջին տարիներուն ծառին վիճակը շատ վատթարացած էր եւ ան շատ կը ծռէր: Դժբախտաբար յունուարի կէսերուն, Քալիֆորնիոյ կեդրոնը եւ հիւսիսը հարուածած փոթորիկին ընթացքին այս առասպելական ծառը չդիմացաւ եւ տապալեցաւ: Մասնագէտները կը մտածեն, որ անոր տապալիլը անոր տարիքին հետ կապուած է:
Մենք չեն գիտեր այս հսկային ճիշդ տարիքն ու հասակը, սակայն գիտենք, որ անոր տրամագիծը 10 մեթր էր եւ ան հաւանաբար աւելի քան 1000 տարուան ծառ մըն էր: Կարգ մը սեքոա ծառեր կրնան ապրիլ մինչեւ 3000 տարի, եթէ մինչ այդ անոնք զոհ չդառնան հրդեհի մը կամ փոթորիկի մը: Այդ բնական պարտէզին ամէնէն բարձր ծառերուն հասակը կը հասնի աւելի քան 75 մեթրի:
Յունուարի կէսերուն փոթորիկը շատ զօրաւոր էր. ժամական 278 քմ. արագութեամբ փչող քամին 90.000 բնակիչներուն ելեկտրականութեան կտրուելուն պատճառ եղաւ: Դրացի Նեւատա նահանգին մէջ ան արձանագրուեցաւ իբրեւ վերջին 20 տարիներու ամէնէն զօրաւոր փոթորիկը:
Դարձեալ անցքով ուրիշ հսկայ սեքոա մը արդէն տապալած էր 1963 թուականին, Եոզըմիթի շրջանին մէջ: Բարեբախտաբար քանի մը նման ծառեր տակաւին գոյութիւն ունին Քալիֆորնիոյ մէջ, ինչպէս` «Չանտըլըր թրի»-ն «Տրայզ-թրու թրի փարք»-ին մէջ, եւ «Քալիֆորնիա թանըլ թրին»` Եոզըմիթի մէջ:
Ինչպէ՞ս Մարդիկ
Խօսիլ Սորված Են
Առաջին մարդիկը հաւանաբար իրարու հետ կը հաղորդակցէին շարժումներով եւ ձայներով: Ժամանակի ընթացքին շնչելու եւ կլլելու կոկորդի երկու գործարանները` խռչափողը եւ ստուգաբերանը իրենց կերպարանքը կը փոխեն հնչիւններ կազմելու համար, եւ մարդիկ հնարած են լեզուները` զիրար աւելի լաւ հասկնալու համար:
Ինչպէ՞ս Կը Կազմուին
Ձիւնի Փաթիլները
Երբ օդին ջերմաստիճանը Օ-ի կը մօտենայ, ամպերը կազմող ջուրի կաթիլները կը սառչին: Իսկ երբ բազմաթիւ սառած կաթիլներ կառչին օդին մէջ գոյութիւն ունեցող փոշիի մը, ձիւնի փաթիլ մը կը կազմուի:
Ինչպէ՞ս Կը Կազմուին
Փոթորիկները
Փոթորիկները կը կազմուին «քումուլոնինապուս» կոչուած հսկայական ամպերու մէջ: Այս ամպերուն մէջ, օդի հոսանքները շարժման մէջ կը դնեն անձրեւը կամ կարկուտը: Անոնք կը յառաջացնեն նաեւ ելեկտրականութիւն: Այս ելեկտրականութենէն կը ծնին կայծակներ եւ որոտում, երբ ամպերը կը զարնուին իրարու կամ գետնին:
Ինչպէ՞ս Կը Քնանանք
Իրիկունը, երբ լոյսը կը տկարանայ աչքի ցանցենիին բջիջները լուր կը ղրկեն ուղեղին բջիջներուն: Այդ ժամանակ ուղեղը կ՛արտադրէ նիւթ մը, որ մեզի յօրանջել կու տայ ասիկա նշան է, որ քնանալու ժամանակը եկած է: Ապա շնչառութիւնը կը դանդաղի, մեր մարմնին ջերմաստիճանը կ՛իջնէ: Մենք կը քնանանք:
Ժամանց


