Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այֆոնը 10 Տարեկան Է

Փետրուար 25, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

2007 թուականի «Էփփըլ» ընկերութեան գործատէրը Սթիւ Ճոպզ «խելացի հեռաձայններու» աշխարհը կը յեղաշրջէր իր «Այֆոն»-ով: 10 տարուան ընթացքին, «Էփփըլ» ծախած է աւելի քան մէկ միլիառ հեռաձայններ:

Առաջին «Այֆոն»-ը «Այֆոն 2 ճի.»-ն էր, որ կը կոչուէր նաեւ «Էտճ»: Ան շուկայ իջաւ յունիս 2007-ի վերջաւորութեան, տարբեր թեքնիք խանգարումներ արձանագրելէ ետք: Այժմ, «Այֆոն»-ը կը մնայ «Էփփըլ» ընկերութեան գլխաւոր արտադրութիւնը: Անոր արձանագրած շահերը ընդհանուր շահերուն 60 առ հարիւրը կը կազմեն, այսինքն` աւելի քան «Այ փատը», «Այ փոտը» եւ «Այմաքը» իրարու միացած: Աշխարհի մէջ աւելի քան  երեք միլիառ անձեր ունին «Խելացի հեռաձայն» մը (սմարթֆոն): Սակայն առաջին անգամն ըլլալով, 2016 թուականին վաճառումը նուազած է, – 12 առ հարիւր 2015 թուականին բաղդատմամբ:

* * *

«Սուփըր Տիզայն» եւ… «սուփըր» սուղ  «Էփփըլ»-ի խելացի հեռաձայնները շատ գեղեցիկ ձեւ մը ունին (տիզայն) եւ բազմաթիւ գոյներով տարբերակներ: Ան նաեւ շատ թեթեւ է եւ լայն, սակայն նոյն ատեն շատ  տափակ, ինչ որ զայն դիւրաբեկ կը դարձնէ: Անոր բարդը (պեթըրին) ալ շատ շուտ կը պարպուի: Սակայն նախավերջին օրինակի «Այ. Օ. Էս. 9» 2015-ին շուկայ իջնելէն առաջ, «Էփփըլ» ստեղծեց «ուժանիւթ խնայելու վիճակ» կարելիութիւնը, հեռաձայնին բարդը խնայելու համար:

* * *

Գիտէի՞ր, թէ

Իբրեւ «Էփփըլ»-ի առաջին խելացի հեռաձայնը ներկայացուցած «Այֆոն»-ը այս ընկերութեան առաջին հեռաձայնը չէր: 2005 թուականին «Էփփըլ» գործակցեցաւ «Մոթորոլա» ընկերութեան հետ «Ռոքրհ 1» հեռաձայնի պատրաստութեան ընթացքին: Այս հեռաձայնին վրայ կար «Էփփըլ»-ի կողմէ հայթայթուած «Այթիւնզ» յայտագիրը, որուն միջոցով կարելի էր «Այ. թիւնզ միւզիք» մտիկ ընել: Սակայն այս հեռաձայնին միակ անպատեհութիւնը այն էր, թէ անոր 512 Մօ յիշողութեան մէջ կարելի էր արձանագրել միայն 100 երգեր: Այս ձախողութենէն ետք, «Էփփըլ» կ՛որոշէ շինել իր անձնական խելացի հեռաձայնները:

 

Հարցարան

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

1.- Մեր աստղահոյլը, Ծիր Կաթինը, պարուրաձեւ է:
 Ճ/Ս

2.- Ափրիկէի փիղերուն մեծամասնութիւնը մեղուներէն կը վախնայ:
Ճ/Ս

3.- Տաւիղը ամէնէն շատ լարեր ունեցող երաժշտական գործիքն է:
Ճ/Ս

4.- Իր կեանքին ընթացքին, հանրածանօթ գեղանկարիչ Վան Կոկ ծախած է միայն մէկ գեղանկարչութիւն:
Ճ/Ս

5.- Սուզանաւ մը կրնայ ովկիանոսին մէջ սուզուած վիճակին մէջ աշխարհին շուրջ շրջան ընել:
Ճ/Ս

6.- Աշտարակի մը բարձունքէն մէկու մը գլխուն վրայ ինկած դահեկան մը կրնայ զայն մեռցնել:
Ճ/Ս

7.- Մեր լեզուն կրնայ զգալ միայն 4 համի տեսակներ:
Ճ/Ս

8.- Շեմփանզէները մարդոցմէ  աւելի մազ ունին:
Ճ/Ս

9.- Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգին մէջ շատ աւելի վագր կայ, քան անոնց բնական միջավայրին մէջ:
Ճ/Ս

10.- Մժեղները ակռաներ ունին:
Ճ/Ս

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ինչպէ՞ս Կը Բանի
Ինքնաշարժը

Ինքնաշարժները իրենց ուժը կ՛առնեն իրենց մեքենան աշխատցնող վաւելանիւթի ուժանիւթերէն. այդ վառելանիւթին կրնայ ըլլալ կազ, ելեկտրականութիւն կամ երկուքին խառնուրդը:

Կազով ինքնաշարժը ունի բարդ (պեթըրի) մը, որ  կ՛արձակէ կայծ մը,  որ կ՛այրէ մեքենային մէջի կազը եւ օդը, մանր պայթումներու նման: այս պայթումները ուժանիւթ կը յառաջացնեն ինքնաշարժէն ուրիշ բաժին մը, թրանսմիթըրը այս ուժանիւթը կը ղրկէ մեքենային անիւներուն:

* * *

Ելեկտրական ինքնաշարժն ալ ունի մեքենայ: Սակայն այս մեքենան կը բանի դարձեալ լեցուող բարդերով: Յատուկ կոճակ մը մեքենային ելեկտրականութիւն կը ղրկէ:

Գիտէի՞ր, թէ ներկայիս ելեկտրական ինքնաշարժները գրեթէ ամբողջովին անձայն են:

* * *

Հէնրի Ֆորտի կազով բանող Մոտըլ Թին շուկայ իջաւ 1908 թուականին: Ան առաջին ինքնաշարժն էր, որ կը քշուէր պարզ ժողովուրդին կողմէ, Ամերիկայի մէջ: Անոր առաւելագոյն արագութիւնը կը հասնէր ժամական 64-72 քմ-ի:

 

Առաջին Վիտէօ Խաղը

 

Առաջին վիտէօ խաղը «Թէնիս ֆոր թու» խաղն էր: Ան հնարուած էր 1958-ին, Ուիլիըմ Հիկենպոթըմ անունով գիտնականի մը կողմէ: Խաղալու համար, երկու խաղացողներ իրենց ելեկտրոնային ցպիկներով փայլուն կէտ մը իրարու կը ղրկէին պզտիկ կլորակ պաստառի մը վրայ:

1970-ական թուականներուն այս ելեկտրոնային խաղերը սկսած մեծ ժողովրդականութիւն ունենալ: Այս խաղերը ամէն տեղ էին, վառելանիւթի կայարաններուն մէջ, պանդոկներու մուտքի սրահներու մէջ, խաղավայրերու եւ ճաշարաններու մէջ: Շատ աժան վճարելով կարելի էր խաղալ Փէրիսքոփ, Քիլլըր Շարք, Փոնկ եւ Սփէսս Ինվէյտըրզ:

Այժմ մարդիկ կրնան այս վիտէօ խաղերը խաղալ ուր որ կ՛ուզեն, իրենց տուներուն մէջ, իրենց համակարգիչներուն եւ  նոյնիսկ իրենց հեռաձայններուն վրայ:

* * *

Գիտէի՞ր, թէ առաջին վիտէօ խաղերու վրայի ձայները խառնուրդ մըն էին պարզապէս քանի մը ձայներու, ինչպէս «տինկ», «պիփ» եւ «պլուփ»:

 

Անօթի՞ Ես

… Պարզապէս սառնարանին վրայ փակած մագնիսի մը վրայ սեղմէ եւ ուզած փիծծադ տունդ պիտի գայ:

Դժբախտաբար այս նոր «գործիքը» տակաւին մեր մօտ չէ հասած: Այս գաղափարը ունեցած է Տուպայի մէջ փիծծայի խանութ մը` շուկայ իջեցնելով սառնարանին վրայ փակցուող փիծծայի տուփի ձեւով մագնիս մը: Այս «Վի. Այ. Փի. Ֆրիտճ մակնըթ» կոչուած սառնարանի մագնիսը ուղղակիօրէն կապուած է  ճաշարանին: Երբ յաճախորդը այդ կոճակը կը սեղմէ, այս գործողութիւնը հեռաձայնի պլութուսի միջոցով համացանցային կապ մը կը հաստատէ ճաշարանին հետ: Ապա ճաշարանը կ՛արձանագրէ ապսպրանքը, յաճախորդին կը ղրկէ հաստատումի լուր մը եւ կը  պատրաստէ ապսպրանքը: Իսկ եթէ պատահի, որ յաճախորդը սխալմամբ կոխէ այդ կոճակին, ան կարելիութիւնը ունի նաեւ ջնջելու իր ապսպրանքը:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել «to-to» խաղալիքին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած սքէյթին աւելորդ 12 պզտիկ անիւները:

 

 

 

Պատասխաններ

1.- Ճիշդ: 2.- Ճիշդ: 10 փիղէն 9-ը փախուստ կու տայ, երբ անոնք կը լսեն մեղուներուն բզզոցը: 3.- Սխալ: Նուագախումբի տաւիղ մը ունի  47 լար, մինչ պոչաւոր դաշնակը ունի 230: 4.- Ճիշդ: «Արլի մէջ կարմիր այգին» կոչուած գեղանկարչութիւնն էր: 5.- Ճիշդ: Բոլոր կորիզային ուժով բանող սուզանաւեր ունին այս կարողութիւնը: 1961 թուականին, Եու. Էս. Էս. Թրիթոն առաջին անգամ այս ճամբորդութիւնը կատարեց 61 օրէն: 6.- Սխալ: Օդին դիմադրութիւնը կը դանդաղեցնէ դահեկանին անոր անկումին ժամանակ եւ ան չի կրնար մեծ վնաս հասցնել: 7.- Սքալ: Մարդկային լեզուն կրնայ զանազանել նուազագոյնը հիմնական 5 համեր: 8.- Սխալ: Միջին հաշուով, մարդիկ եւ շեմփանզէները նոյն քանակով մազ ունին. սակայն շեմփանզէներուն մազերը շատ աւելի հաստ են, հետեւաբար անոնք շատ աւելի մազոտ կ՛երեւին: 9.- Ճիշդ: Բնութեան մէջ, նուազ քան 3000 վագրեր կ՛ապրին… մինչ միայն Թեքսասի մէջ շատ աւելի մեծ թիւով վագրեր կը պահուին կենդանաբանական վայրերուն մէջ: 10.- Ճիշդ: Մժեղներուն վարի ծնօտներուն վրայ ակռաներ կան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Երաժիշտ-Երգիչներու Առասպելական Կիներ

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?