Պատրաստեց` ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կը սիրե՞ս համտեսել ճաշեր, որոնց ծանօթ չես: Հետաքրքրուա՞ծ ես ծանօթանալու նոր համերու: Անօթեցա՞ր: Տեսնենք ապագան խոհանոցին գծով ի՞նչ անակնկալներ կը պահէ մեզի:
Արդեօք միայն դեղահատե՞ր կուլ պիտի տանք
Հաւանաբար մենք նուազ ժամանակ պիտի անցընենք ճաշեր պատրաստելով եւ ուտելով… Սակայն արդեօք մենք արդէն այդ ճամբան չե՞նք բռնած:
Դեղարաններուն մէջ արդէն կարելի է գտնել մեր կերած ուտելիքները ամբողջացնող սնունդ պարունակող դեղահատեր (երկաթ, մակնեզիոմ, կենսանիւթ…): Նոյն ձեւով, փոշիէ կերակուրները, զորս ջուրով կը խառնենք, կը պարունակեն հաւասար չափով մեզի անհրաժեշտ փրոթէիններ, շաքար, իւղ եւ հանքային աղեր: Ամբողջական ճաշ մը:
Սակայն միայն դեղահատերով կամ փոշիով սնանիլը կրնայ աղիքներու հարցեր ստեղծել: Առաւել, մենք հաճոյքը պիտի չունենանք սեղանին շուրջ հաւաքուելու մեր ընտանիքի անդամներուն կամ ընկերներուն հետ: Նոյնիսկ աստղանաւորդները երբեմն իրենց հետ իսկական ճաշեր կը տանին, այլապէս պիտի վհատին:
Սակայն գիտէի՞ր, թէ պատրաստ եփած ճաշերուն մէջ ալ, նոյնիսկ եթէ անոնց մէջ դեղահատեր չկան, յաճախ քիմիական նիւթեր գոյութիւն ունին: Ճարտարարուեստական ձեւով պատրաստուած սառած փիցցաները, կարկանդակները, պտուղի հիւթերը կը պարունակեն ուտուելիք ներկեր, պահպանող քիմիական նիւթեր, կենսանիւթեր… Եւ մենք ծանօթ չենք մեր առողջապահութեան վրայ
վերջնական եւ ամբողջական ձեւով այս աւելցուած նիւթերուն ազդեցութեան:
Արդեօք նոր բանջարեղէննե՞ր պիտի հնարենք
Սկզբնական շրջաններէն արդէն, երկրագործները ընտրած են բոյսերը եւ փորձած ստեղծել նոր տարբերակներ: Գիտնականներն ալ կը հնարեն այլ տարբերակներ:
Ժամանակի ընթացքին, երկրագործներն ու անասնաբոյծերը վայրի տեսակները փոփոխութիւններու ենթարկած են, երբ սպառումի պահանջներուն յարմարելու համար, ցորենի պարագային, անոնք աշխատած են զարգացնելու հատիկներու արտադրութիւն յարդին փոխարէն, կովերու պարագային, միսի արտադրութիւնը մուշտակին փոխարէն:
Մինչ գիտնականները հնարած են առանց հունտերու պտուղներ, աւելի ամուր լոլիկներ… Սակայն յաճախ այս տարբերակները չեն արտադրեր հունտեր, որոնք կրնան բուսնիլ: Իրենց կարգին, գիւղացիներն ալ կը վերագտնեն մոռցուած բանջարեղէններ, որոնք աւելի համ ունին կամ աւելի լաւ կը տոկան հիւանդութիւններուն:
Գիտէի՞ր, թէ մեզի ծանօթ են մօտաւորապէս 30 հազար ուտուելիք բոյսի տեսակներ: Սակայն այդ տեսակները միայն 30-ը կը հայթայթեն մարդոց անհրաժեշտ սնունդին 90 առ հարիւրը: Բազմաթիւ սնունդի աղբիւրներ տակաւին կը մնան անօգտագործուած: Ահա ուրիշ պատճառ մըն ալ բնութիւնը պահպանելու:
Նոր բոյսեր ալ կը մշակուին. անոնք Ճենեթիքլի մոտիֆայտ օրկանիզմ կոչուած տեսակներն են: Սոյա, եգիպտացորեն, բամպակ, քոլզա, բրինձ… Այս տեսակները հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուած են գիտնականներուն կողմէ հիւանդութիւններուն տոկալու կամ աւելի կենսանիւթ արտադրելու համար: Սակայն այս բոյսերուն վրայ եղած փորձերը միշտ չեն յաջողիր եւ մենք չենք գիտեր, թէ երկար ժամանակի վրայ անոնք ի՛նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր առողջութեան եւ միւս կենդանի էակներուն վրայ:
Արդեօք մենք մեր ուտելիքը պիտի տպե՞նք
Ասիկա շատ գործնական կրնայ ըլլալ: Մենք պէտք չենք ունենար շուկայ երթալու եւ գնումներ կատարելու: Մենք պարզապէս մեր տունը կը տպենք մեզի անհրաժեշտ ուտելիքները…
Երեւակայեցէք ուտելիք տպող 3տի. մեքենայ մը, որ ճաշեր կը շինէ տպելու քարդուշներու մէջ դրուած ուտուելիք նիւթեր իրարու խառնելով: Օրինակի համար բոյսերէ կամ անասուններէ առնուած փրոթէիններէ:
Տարրալուծարաններուն մէջ, գիտնականները արդէն կրցած են արտադրել կովու մկաններու մազաթելեր պատրաստելու համար սթէյքի միս, առանց անասուններ պահելու: Ճիշդ է, որ այս ուտելիքը տունը արտադրելը նուազ կ՛ապականէ կենսոլորտը, եւ մենք կը ձերբազատինք ուտելիքները պահելու եւ տեղափոխելու տաղտուկներէն: Սակայն արդեօ՞ք ասիկա ախորժակ կը բանա՞յ…
Մինչ այդ, օգտուինք մեր ներկային հայթայթած բոլոր դրական երեւոյթներէն եւ փորձենք ապրիլ մեր առօրեան յարգելով եւ պահպանելով մեր միջավայրն ու անոր` մեզի նուիրած բոլոր բարիքները:
Կարկանդակէ Հոյակապ
Քանդակագործութիւն Մը
Յունուարին վերջերուն աշխարհի խոհագիտութեան մայրաքաղաք Լիոնի մէջ տեղի ունեցաւ Կարկանդակի միջազգային առասպելական ախոյեանութիւնը:
22 տարբեր երկիրներէ եկած, կարկանդակի մասնագէտէ մը, պաղպաղակի մասնագէտէ մը եւ տուրմի մասնագէտէ մը կազմուած խումբերը գործի անցան առտուան ժամը 6:30-ին, եւ երկու օրերու վրայ բաժնուած 10 ժամերու ընթացքին անոնք պէտք էր շինէին տուրմէ անուշեղէն մը, պտուղի պաղպաղակէ անուշեղէն մը, շաքարէ գործ մը եւ կարկանդակի կտոր մը:
Ոսկի մետալին արժանացաւ Ֆրանսայի խմբակը` ներկայացնելով կարկանդակէ ռոքընռոլի կիթառ նուագող մը եւ տուրմէ շինուած թմբուկ նուագող մը:
* * *
Մինչ արծաթ մետալին արժանացաւ Ճափոն, իսկ պրոնզ մետալին` Զուիցերիա:
Անհաւատալի,
Բայց Իրաւ
- Գիտէի՞ր, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ փետրուար 6-ը Ծամոնի ազգային օրն է:
- Աշխարհին շուրջ տարբեր ժողովուրդներ կ՛ուտեն աւելի քան 1900 միջատներու տեսակներ:
- Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհին իբրեւ հարսնիքի նուէր ստացաւ չէտտըր պանիրի հսկայ կտոր մը, 1869-ին: Ան շինուած էր աւելի քան 700 կովերու կաթէն:
- Քանատայի 144-րդ տարեդարձը նշելու համար, Թորոնթոյէն երեք փռապաններ շինեցին 225 խաւերով կարկանդակ մը, որուն հասակը կը հասնի չափահաս կնոջ մը հասակին:
- Օսաքայի մէջ, Ճափոն, միսթըր Քանսոյի ճաշարանը միայն պահածոյ տուփերու ուտելիքներ կը հրամցնէ:
- Աշխարհի առաջին սրճարանը բացուեցաւ Վենետիկի մէջ, Իտալիա, 1645-ին:
Խոհագիր
Եփած Պտուղներով
Անուշեղէն
Խանութներէն մեր գնած պատրաստ եփած պտուղներով անուշեղէնները (քոմփոթ) յաճախ շատ շաքար կը պարունակեն: Հետեւաբար, դուն կրնաս տունը քու սիրած եղանակի պտուղներով պատրաստել քոմփոթը, որ քեզի մեծ աշխուժութիւն պիտի տայ:
1 – 4 մեծ խնձորներ կեղուէ եւ ապա զանոնք նախ 4-ի, եւ ապա դարձեալ 2-ի կտրէ. հանէ կեդրոնի բաժինը եւ կուտերը:
2 – 2 չոր պանան, 3 չոր ծիրան եւ 2 չոր սալոր կտրէ պզտիկ շերտերու:
3 – Այս բոլոր պտուղները դիր կաթսայի մը մէջ 25 սանթիլիթր ջուրով: Մեղմ կրակի վրայ եփէ մինչեւ խնձորները շատ կակուղ դառնան (եթէ պէտք ըլլայ, կրնաս քիչ մըն ալ ջուր աւելցնել):
4 – Խառնուրդին մէջ աւելցուր քիչ մը վանիյ: Ձգէ, որ պաղի: Այս քոմփոթը կը պահուի 24 ժամ:
***
Այս քոմփոթին շաքարը պտուղներուն մէջ բնականօրէն գոյութիւն ունեցող շաքարը` ֆրիւքթոզն է: Այս անուշեղէնը մեզի կը հայթայթէ մանրաթելեր (ֆայպըր), հակաօքսիտաններ, կենսանիւթեր, հանքային նիւթեր եւ երկաթներ, որոնք անհրաժեշտ են մեր մարմնին պահպանումին համար:
Չոր պանանները ուժանիւթ կը հայթայթեն եւ մեր ուշադրութիւնը երկար ժամանակ արթուն կը պահեն: Այս անուշեղէնը կարելի է յատկապէս ուտել մարզանքէն ետք` վրան քիչ մը նուշ, ընկոյզ կամ կաղին սրսկելով:
Ժամանց


