Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակներ` Աշխարհին

Ապրիլ 29, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ինը տարեկան Թոպի Լիթըլ կ՛ապրի անգլիական Պոլսթըրսթան փոքրիկ գիւղին մէջ: Հինգ տարեկանին ան կը կարդայ փոքրերու յատուկ «Լեթըր թու Նիւ Զիլանտ» գիրքը, որուն մէջ հեղինակը կը բացատրէ, թէ ինչպէս կ՛ընթանայ նամակի մը ճամբորդութիւնը` Անգլիային մինչեւ աշխարհին ուրիշ վայր մը:

Այս ձեւով, յունիս 2013-ին ան կը յղանայ գաղափարը նամակ մը գրելու աշխարհի իւրաքանչիւր երկրէն անձի մը` աշխարհին ծանօթանալու համար:

Ան իր առաջին նամակը կ՛ուղղէ Հաուայի մէջ Վոլքէնօ կոչուած փոքր քաղաքի մը բնակիչի մը, զոր ան գտած է իր մօր հետ փնտռտուքներ կատարելէ ետք: Այս առաջին նամակին շարադրութիւնը կը կարօտի 45 վայրկեանի:

Այդ թուականէն ի վեր, Թոպի գրած է աւելի քան 1100 նամակներ եւ ստացած մօտաւորապէս 500 պատասխաններ: Նամակը շարադրելէ առաջ, Թոպի իր մօր` Սապինին հետ փնտռտուքներ կը կատարէ տուեալ երկրին մասին, եւ ապա ան իր նամակը կը գրէ ձեռագիր` իրեն յատուկ կապոյտ պահարպաններով թուղթին վրայ գրելով եւ հարցնելով գրեթէ միշտ նոյն հարցումները` ինչպէ՞ս կ՛ապրին անոնք, ի՞նչ է իրենց նախասիրած վայրը, տեղեկութիւններ` անոնց քաղաքին, դպրոցին մասին, ի՞նչ կ՛ուտեն…: Ան նամակին մէջ կը խնդրէ իրեն ուղարկել տեղական ճաշի մը խոհագիրը: Թոպի նախասիրութիւն մը չունի. ան կը գրէ թէ՛ չափահասներու, թէ՛ ալ փոքրիկներու: Ան նոյնիսկ գրած է Նելսըն Մանտելային, անոր մահէն առաջ, անոր բարի ապաքինում մաղթելու համար:

 

Առաջին մէկ տարուան ընթացքին Թոպի կրցած է իրականացնել իր ծրագիրին առաջին հանգրուանը` ամբողջ աշխարհին հետ թղթակցիլ: Ապա ան որոշած է շարունակել իր այս արկածախնդրութիւնը` գրելով ո՛չ միայն ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններուն, այլ նաեւ բազմաթիւ հեռաւոոր փոքր պետութիւններու, գաղութներու, կղզիներու… Անոր երազն է գրել նոյնիսկ Անջրպետի միջազգային կեդրոնին աստղանաւորդներուն:

 

Իր այս նամակագրութեան ընդմէջէն Թոպի կը ծանօթանայ նաեւ փոքրիկ երկիրներու մէջ բնակողներուն առօրեայ կեանքի դժուարութիւններուն: Հետեւաբար. ան կ՛որոշէ հիմնել նաեւ «Շէլթըր պոքս»` բարեսիրական փոքրիկ կազմակերպութիւն մը, որ պիտի ծառայէ դժուարութիւն ունեցողներուն ղրկելու կենսական առարկաներ, ինչպէս` ծածկոցներ, կրակարաններ, խոհանոցի առարկաներ, ջուրի զտումի գործիքներ եւ փոքրիկ նուէրներ` մանուկներուն:

«Այս նամակները գրելով ես անդրադարձայ, թէ մեր աշխարհը այդքան ալ մեծ չէ», ժպտելով կ՛ըսէ Թոպի:

Անշուշտ Թոպի կը յուսայ նաեւ կարենալ ճամբորդել եւ անձամբ այցելել այդ վայրերը, ուր իր նամակները հասած են: Անոր ցանկին առաջին կարգին վրայ է Կամպիա…

 

Խնդուքի Միջազգային Օ՞ր

Այո՛: Խնդուքի միջազգային օր կայ 1998 թուականէն ի վեր: Ան ամէն մայիս ամսուան առաջին կիրակին կը տօնուի:

Այս գաղափարը ծագած է, Պոմպէյի մէջ: Մատան Քաթարիա բժիշկին եզրակութիւններէն: Ան նշմարած է, թէ ամէնէն ուրախ հիւանդները ամէնէն արագն ու լաւը կը բուժուին: Այս ձեւով, ան 1995 թուականէն ի վեր կը սկսի սորվեցնել «առանց պատճառի» խնդուքի վրայ հիմնուած եզակի ձեւ մը: Քաթարիայի երազն է համաշխարհային խաղաղութեան հասնիլ խնդուքի շնորհիւ:

 

Ինչո՞ւ Մենք Մղձաւանջներ
Կը Տեսնենք

Քունի ընթացքին մեր մարմինը կը հանգչի: Մեր ամբո՞ղջ մարմինը: Ո՛չ: Մեր ուղեղը ամբողջովին չի քնանար: Ան իրեն յատուկ ձեւով վերստին կը տեսնէ, կ՛ընտրէ, կը դասաւորէ օրուան ընթացքին մեր ապրածը: Ան կը կառուցէ մեր երազները իրարու խառնելով մեր կեանքէն տարբեր «բաղադրիչներ»:

Երբեմն այս երազները մեծ նեղութիւն կը պատճառեն: Անոնք կը յայտնաբերեն մեր խորքը գտնուող վախեր, լքուելու վախը, ծաղրուելու վախը, դէպքի մը յիշատակը, պատկերասփիւռէն տեսնուած պատկեր մը… Ասոնք մղձաւանջներն են:

Արդեօ՞ք մղձաւանջները բանի մը կը ծառայե՞ն: Մենք չենք գիտեր: Սակայն, անկասկած, անոնք մեզի մտածել կու տան, երբ մենք կ՛արթննանք: Անոնք կրնան մեզի օգնել աւելի լաւ հասկնալու մեր վախերը… եւ այդ ձեւով, կրնայ ըլլալ, կրնանք աւելի լաւ ձեւով դիմագրաւել զանոնք մեր իսկական կեանքին մէջ:

 

Հարցարան

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

1) Առաջին ելեկտրական լամբերը կը վառէին միայն մէկ ժամ: ………………………… Ճ/Ս

2) Համակարգիչի «մաուսը» (մուկը) այս անունը ստացաւ որովհետեւ ան «պոչիկ» մը ունէր մէկ կողմը: ………………………… Ճ/Ս

3) Ակռայ խոզանակելու համար գործածուած դեղերուն պատրաստութեան մէջ սկզբնական որոշ շրջան մը գործածուած է օճառ: ………………………… Ճ/Ս

4) «Սուիս Արմի» դանակը (զուիցերիական բանակի դանակ) սկիզբը շինուած է Լեհաստանի բանակին համար: ………………………… Ճ/Ս

5) Աշխարհի վրայ աւելի քան 5 միլիառ անձեր կը գործածեն բջիջային հեռաձայն: ………………………… Ճ/Ս

 

6) Սկզբնական շրջանին պատկերասփիւռի հեռավար գործիքները (ռիմոթ քոնթրոլ) շուներուն ականջները կը ցաւցնէին: ………………………… Ճ/Ս

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ժամանց

1) Կրնա՞ս իւրաքանչիւր ընձուղտի գլուխը միացնել անոր մարմնին:

2) Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
3) Սեւ ներկէ երկու կէտ պարունակող բաժինները` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

Պատասխաններ

1) Սխալ: Անոնք կը տոկային 13,5 ժամ:

2) Ճիշդ: Պարանը կապուած էր գործիքին մէկ կողմը, եւ անոր ձեւը ստեղծողը մտածած է, թէ ան մուկի պոչի կը նմանի:

3) Ճիշդ: Դեղին բաղադրութեան մէջ օճառ աւելցուած էր շուրջ 1824-ի թուականին, բայց անոր գործածութիւնը դադրեցաւ 1940-ական թուականներուն:

4) Սխալ: Ան շինուած էր զուիցերիական բանակին համար: Իւրաքանչիւր նոր զինոոր կը ստանար այս դանակէն օրինակ մը:

5) Ճիշդ: Աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 75 առ հարիւրը ունին բջիջային հեռաձայն մը կամ զայն գործածելու միջոց մը:

6) Ճիշդ: Շուները կրնային լսել գործիքին արձակած ալթրասաունտ ձայնի ալիքները, զորս կը ցաւցնէին անոնց ականջները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Ապրիլ 1967)

Յաջորդը

Համաշխարհային 10 Աստղեր, Որոնք Կ՛աջակցին Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող «Խոստումը» Ժապաւէնին

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?