Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թայթանիք»-ը` Պիտի Անհետանայ…

Ապրիլ 1, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պատմութեան ամէնէն նշանաւոր նաւը ընկղմեցաւ 15 ապրիլ 1912-ին, մեծ սառցալերան զարնուելէ ետք: Իր ընդծովեայ գերեզմանտան մէջ բանտարկուած, մանրէներուն կողմէ կրծուած` «Թայթանիք»-ի մնացորդը 20 տարիէն կրնայ ամբողջովին անհետանալ:

«Թայթանիք»-ը պատմութեան ամէնէն նշանաւոր նաւերէն մէկն էր: Ան 269 մեթր երկարութիւն ունէր եւ` 10 յարկ: Այդ ժամանակաշրջանին ան աշխարհի ամէնէն մեծ նաւն էր: Կ՛ըսուէր, թէ անկարելի էր անոր ընկղմիլը:

Սակայն ան ունեցաւ դժբախտ վերջ մը, երբ ան զարնուեցաւ սառցալերան մը, ովկիանոսին մէջտեղը, 15 ապրիլ 1912-ին: Աւելի քան 1500 անձեր մահացան, երբ ան ընկղմեցաւ:

1 սեպտեմբեր 1985-ին, փրոֆեսէօր Ռոպըրթ Պալարտ յաջողեցաւ գտնել ընկղմած «Թայթանիք»-ին գտնուելու վայրը: 5 ամսուան աշխատանքներէն ետք կարելի եղաւ վերջապէս գտնել նաւուն գլխաւորը բեկորը: Անիկա կը գտնուէր 3843 մեթր խորութեան վրայ:

Նաւուն մնացորդները հետազօտուեցան եւ ուսումնասիրուեցան բազմաթիւ անգամներ: Նկարահանուեցաւ նոյնիսկ նշանաւոր ժապաւէն մը, որ կը պատմէր անոր պատմութիւնը: Սակայն, մօտաւորապէս քսան տարիէն, «Թայթանիք»-ը ամբողջովին պիտի անհետանայ:

Շատ տոկուն մանրէ մը կը կրծէ եւ կը փճացնէ նաւը. այդ մանրէին տրուած է Հալոմոնաս Թիթանիքա անունը: Անշուշտ այս անունը տրուած է իբրեւ յիշեցում` նշանաւոր նաւուն: Գիտնականները կրցած են մանրէն բացայայտել եւ հետազօտել շնորհիւ 1990-ին ջուրերէն հանուած նաւէն կտորի մը վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն:

Այս մանրէն յատկապէս տոկուն է. անոր վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին ջուրին մէջ մօտաւորապէս 4000 մեթր խորութեան ճնշումը եւ մթութիւնը: Ան շատ կը սիրէ յատկապէս երկաթը: Այս ձեւով, ժամանակի ընթացքին, մանրէները տիրած են նաւուն եւ կերած են անոր փայտը, իսկ այժմ յարձակած են նաւուն մնացորդին եւ երկաթէ պատեանին վրայ, ընդհանուր ծանրութիւն` 47.000 թոն:

Ովկիանոսներուն խորերը հոսանքներն ալ շատ զօրաւոր են եւ մասնակից կ՛ըլլան, կամաց-կամաց, առասպելական նաւուն անհետացումին:

 

Հարցարան

Հետաքրքրական Վայրեր

1) Պանքոքի մէջ, Թայլանտ, ինչի՞ կը ծառայէ տանիքին վրայ դարձող հսկայական վիշապի արձան մը ունեցող Սամֆրան շէնքը:
ա – Բնակարաններ, բ – Խաղավայր, գ – Թանգարան, դ – Տաճար:

2) Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ` Սիմէօն Սիմէօնոֆ ճարտարապետը շինած է տուն մը` հսկայական խխունջի ձեւով, մարդոց քաջալերելու աւելի «կանաչ» ապրելակերպ մը ունենալու համար, յարգելով բնութիւնը եւ պահպանելով անոր հարստութիւնները: Ի՞նչ ձեւի տակ շինուած են այդ տան մէջի կրակարանները:
ա – Գորտ, բ – Զատկաճճի, գ – Մեծ դդում, դ – Այս բոլոր ձեւերը:

3) Պրազիլի Պոն Փրինսիփիօ քաղաքին մէջ. գոյութիւն ունի հսկայական ելակի ձեւով շէնք մը: Ինչի՞ յատկացուած է այդ շէնքը:
ա – Բանջարեղէնի եւ պտուղներու վաճառականի մը տունն է, բ – Ելակի ազգային փարատօնին շէնքին մուտքը, գ – Ելակի կարկանդակներով նշանաւոր սրճարան մըն է, դ – Խաղալիքի խանութ մըն է:

4) Ինչո՞ւ համար Հարաւային Ափրիկէի Պաթրասթ փոքրիկ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի հսկայական անանաս մը:
ա – Որովհետեւ ան այդ շրջանին մէջ ցանուած առաջին բոյսն էր, բ – Քաղաքը կը գտնուի Փայնափըլ քաունթիի մէջ (անանասի նահանգ), գ – Աշխարհի ամէնէն մեծ անանասը հոն բուսած էր, դ – Զայն շինողները կ՛ուզէին ներկայացնել սոճիի հսկայական պտուղ մը, սակայն արդիւնքը տարբեր կերպարանք ստացած է եւ անոնք զայն չեն շտկած:

5) Քանատայի Քումպզ քաղաքին մէջ ամրան ընթացքին այծերու ընտանիք մը կ՛ապրի Օլտ քաունթրի մարքէթի խանութին տանիքին վրայ: Խանութին տէրը` ՔրիսթիանԿրաաթըն տանիքին վրայ խոտ դրաւ, ինչպէս սովորութիւն էր իր ծնած երկրին մէջ: Ծագումով ան ո՞ր երկրէն էր:
ա – Նորվեկիա, բ – Գերմանիա, գ – Աւստրալիա, դ – Քուպա:

6) Աւստրալիոյ Թամուըրս քաղաքին մէջ գոյութիւն ունեցող հսկայական կիթառը նոյնանման է երկրին Օսթրալիա՛զ քաունթիի միւզիք ըուարտզ երաժշտութեան տօնին ընթացքին տրուած մրցանակներուն: Որքա՞ն է այս կիթառին մեծութիւնը:
ա – 3,7 մ, բ – 11,9 մ, գ – 23,2 մ, դ – 91,4 մ:

7) «Քատիլաք Ռենչ» Թեքսասի Ամատիլլօ քաղաքին մէջ գտնուող նշանաւոր արուեստի գործ մըն է: Տասը «Քատիլաք» ինքնաշարժներ ուղղահայեաց կերպով թաղուած են հողին մէջ: Ինչո՞ւ այս ինքնաշարժները անկիւնաչափական յատուկ դրութեամբ թաղուած են:
ա – Անոնք տնկուած են Տիթրոյիթի մէջ գտնուող «Քատիլաք»-ի գործարանին մուտքին անկիւնին չափով, բ – Քաղաքին մէջ գտնուող նշանաւոր հին ճաշարանի մը նշանին անկիւնին համապատասխանելու համար, գ – Եգիպտոսի Կիզէի Մեծ բուրգին անկիւնին չափը ունենալու համար, դ – Ցոլացնելու համար արեւուն ճառագայթները` լոյսերու հաճելի խաղ մը ստեղծելով:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

–  Գիտէիր, որ 16-րդ դարուն Անգլիոյ մէջ բախտաբեր կը սեպուէր հարսնիքներուն ընթացքին հարսին եւ փեսային վրայ կօշիկներ նետելը:

–  Նշանաւոր գեղանկար մը 46 օր, անուշադրութեան պատճառով ծուռ կախուած մնաց Նիւ Եորքի թանգարաններէն մէկուն մէջ:

–  Ովկիանոսներուն մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս երեք միլիոն ընկղմած նաւեր:

–  Մետաքսի շերամը կը գործածէ մօտաւորապէս 0,8 քմ երկարութեամբ իր արտադրած մետաքսեայ թելէն` շինելու համար իր բոժոժը:

–  Կարելի է գնել 25.000 տոլար արժող շունի տնակներ, որոնք օժտուած են էր-քոնտիսիոնով եւ երաժշտութիւն սփռելու դրութեամբ:

–  Ո՛չ մէկը գիտէ, թէ ի՛նչ գոյնի էին հոյամողէսները:

–  Ըստ ուսումնասիրութեան մը, մենք որքան երկար քնանանք, այդքան տարօրինակ երազներ կը տեսնենք:

–  1883-ին հրաբուխի մը ժայթքումին պատճառով արեւը կանաչ թուեցաւ:

–  Մեղուները կրնան ըլլալ կանաչ, կապոյտ կամ կարմիր:

–  Հաթշեփսութ Եգիպտոսի միակ կին փարաւոնն էր. ան կեղծ մօրուք մը կը գործածէր:

–  Աշխարհի ամէնէն մեծ բնակուած պալատը ունի 1788 սենեակ:

–  Ամէնէն մեծ հոյամողէսները բուսակեր էին:

–  1900 թուականներուն, առաջին Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին մրցումներու ցանկը կ՛ընդգրկէր նաեւ արուեստ, գրականութիւն եւ երաժշտութիւն:

–  Ընձուղտը օրական 90 վայրկեան կը քնանայ:

–  Անգլիոյ մէջ գոյութիւն ունի 100 տարեկան օրքիտ ծաղիկ մը, որ պահպանուած է ոստիկաններու կողմէ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նման երկու կերպարները:

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

Պատասխաններ

1 – դ, 2 – դ, 3 – բ, 4 – գ, 5 – ա, 6 – բ, 7 – գ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Ապրիլ 1967)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «Հայկական Սփիւռք» Մատենաշարի Երկրորդ Հատորի Հրատարակութիւն

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?