Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սիվթոյ 10 տարեկան է: Ան կ՛ապրի Քամպոտիոյ մէջ, Ասիոյ երկիրներէն մէկը: Ամէն օր ան աւանդական ափսարա պարի փորձի կ՛երթայ:
պարելու ազատութիւնը
Ըստ հին առասպելի մը, ափսարայի պարուհիները կէս-չաստուածուհիներ են… Պարերուն ընդմէջէն անոնք կը պատմեն աստուածներուն մասին: Աւելի քան 30 տարիներ առաջ Կարմիր Խմեր բռնապետները ղեկավարեցին Քամպոտիան: Ուրիշ բազմաթիւ ժամանցներու նման, պարն ալ արգիլուած էր բարեբախտաբար Կարմիր Խմերները այլեւս գոյութիւն չունին, եւ ափսարա պարը վերադարձած է:
Մատներուն Ծայրը
Ամէն առտու Սիվթոյ իր ընկերուհիին` Քանշանիթին հետ հեծիկով պարի դասի կ՛երթայ դասը կը սկսի 30 վայրկեան մկանները տաքցնող մարզանքներով: Փոքրիկ պարուհիները` երկար ժամանակ իրենց մատները կը ծռեն եւ կը դարձնեն ձգախէժի նման: Ձեռքերուն եւ մատներուն շարժումները շատ կարեւոր են ափսարա պարին մէջ:
Ֆիզիքական շատ լաւ մակարդակի հասնելու համար, Սիվթոյ պէտք է ծանր աշխատանք տանի, առանց յուսահատելու, նոյնիսկ եթէ ան շատ ցաւեր ունենայ: Ան նոյն փորձերը ժամերով կը կրկնէ: Այս փորձերը երբեմն դժուար եւ ծանր կը թուին, սակայն անոնք պէտք է պարի տարբեր պատկերները կարենան կատարելու համար զանոնք:
Մեծ Սէր
Որովհետեւ Սիվթոյ աղքատ ընտանիքի մը զաւակն է, ան բնաւ չէր մտածեր, թէ կրնար օր մը ափսարա պարը սորվիլ: Սակայն ան գտած է դպրոց մը, որ ձրի դասեր կու տայ: Հետեւաբար, ան ամէն առաւօտ շաբաթը վեց օր, կ՛երթայ պարելու, եւ կէսօրէ ետք դպրոց կը յաճախէ… Պարերը խրթին են, տարբեր տեսարաններուն տիրապետելէ առաջ պէտք է նուազագոյնը վեց տարի մարզուիլ:
Խորհրդաւոր Ժպիտ Մը
Սիվթոյ կը սորվի ճկուն եւ նազելի ըլլալ: Ան պէտք է բեմին վրայ փետուրի մը նման թեթեւ սահելու տպաւորութիւնը տայ: Ան կը մարզէ նաեւ իր դէմքին արտայայտութիւնը. ափսարայի պարուհիները պէտք է միշտ թեթեւ ժպիտ մը ունենան իրենց դէմքին վրայ, նոյնիսկ երբ անոնք դժուար պատկեր մը կը ներկայացնեն: Հետագային, Սիվթոյ կը յուսայ աշխարհին չորս կողմերը պարի ելոյթներ ներկայացնել:
Հոլանտական Փոքրիկ
Գիւղի Մը Մէջ…
… Ճամբաները փոխարինուած են ջրանցքներով եւ պզտիկ կամուրջներով:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛երազեն պարզ ու հանդարտ կեանք մը ապրիլ, վստահաբար պիտի ուզեն փոխադրուիլ եւ հաստատուիլ հոլանտական Հայթուրն գիւղին մէջ:
Այս երազելի գիւղը փողոցներ չունի, եւ անոր հասնելու միակ միջոցը ջուրն է, շնորհիւ անոր բազմաթիւ գեղեցիկ ջրանցքներուն, կամ քալելով անոր փայտէ կամուրջներուն վրայէն:
Հայթուրն կոչուած է Հոլանտայի «Վենետիկը» եւ ան զբօսաշրջիկներուն կողմէ շատ սիրուած վայր մըն է: Գիւղին տարբեր անկիւններուն ծանօթանալու համար կարելի է պտտիլ հեծիկով կամ նաւակով:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
– Աւստրալիական բնութեան մէջ խումբ մը մարդիկ լէկոներով շինած են իսկական չափի անտառ մը:
– Ֆրանսական քաղաքի մը մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ խոզի փառատօնը, որուն ընթացքին մարդիկ կը մասնակցին խոզին յատկացուած տարբեր տեսակի մրցումներու` խոզի ամէնէն լաւ տարազը, ամէնէն լաւ երշիկ ուտողը, ամէնէն լաւ խոզի ճիչ հանողը…
– Խրուաթիոյ քարայրներէն մէկուն մէջ գոյութիւն ունի աշխարհի ամէնէն խորունկ փոսը (513 մեթր):
– Շունի մը քիթը ցուրտ օդին սեւէն վարդագոյնի կը վերածուի:
– Թենիս խաղցող առաջին կիները մինչեւ գետին հասնող հագուստներ կը հագնէին:
– Ամէն տարի Ֆինլանտայի մէջ տեղի կ՛ունենայ հին բջիջային հեռաձայնները նետելու միջազգային ախոյեանութիւնը:
– Խաղաղական ովկիանոսի խորերուն միջեւ վայփըրֆիշ ձուկին ակռաները այնքան մեծ են, որ ան չի կրնար իր բերանը գոցել:
– Գիտնականները կը փորձեն շինել հագուստներ, որոնք կրնան ուժանիւթ արտադրել երբ հագուողը շարժի:
– Կարգ մը բոյսեր իրարու հետ կը հաղորդակցին:
– Նիլ Արմսթրոնկ իր պօթերը լուսինի վրայ ձգեց:
– Ափրիկէի առիւծները իրենց հալածած որսերուն միայն 25 առ հարիւրը կրնան բռնել:
– Միջնադարեան շրջաններուն, մարդիկ իրենց բարձին տակ ծոթրինի ճիւղիկներ կը դնէին` մղձաւանջները հեռու պահելու համար:
– Կատուները իրարու հետ կը հաղորդակցին մեզի ծանօթ առնուազն 16 «Կատուի բառերով»:
– Մեր ուղեղը կրնայ համակարգիչէն 100 անգամ աւելի տեղեկութիւններ ամբարել:
– Հարաւային Ամերիկայի մէջ բուսող չէրիմոյա կոչուած պտուղը ծամոնի համ ունի:
– Հրատ մոլորակին վրայ արեւմարը կապոյտ գոյն մը կը ստանայ:
– Միացեալ Նահանգներու Եութա նահանգին մէջ գոյութիւն ունի Պորինկ (ձանձրացուցիչ) կոչուած քաղաք մը):
– Ծովաձիին ձագերը օրական մօտաւորապէս 3000 կտոր ուտելիք կ՛ուտեն:
– Կարգ մը նախապատմական մարդիկ մամութ փիղերու ոսկորներ կը գործածէին իրենց տուները շինելու համար:
– Ռուսիոյ Մեծն Պետրոս Ցարը յատուկ տուրք մը հաստատած էր մօրուք ունեցող տղամարդոց համար:
Ժամանց


