Մանկապատանեկան

Անցեալի Պատմութիւնը Սառոյցին Մէջ

Անցեալի Պատմութիւնը Սառոյցին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս տաք օրերուն ահաւասիկ զովացուցիչ նիւթ մը: Գիտնականներ հանած են սառոյցի կտոր մը 6300 մեթր բարձունքի վրայ: Անոնք այս սառոյցի կտորը պիտի ուսումնասիրեն ծանօթանալու համար մեր մոլորակին անցեալին: Գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն նաեւ սառոյցը: Ան մեզի շատ բաներ կը պատմէ անցեալին մասին: Անոր շնորհիւ մենք կրնանք 800 հազար տարի դէպի անցեալ երթալ: Բաւականաչափ փորելով մենք կրնանք հասնիլ սառոյցի...

6 Միլիոն Ժամ Աշխատանք` «Մարաւիկլիա» Զբօսանաւուն Համար

6 Միլիոն Ժամ Աշխատանք` «Մարաւիկլիա» Զբօսանաւուն Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երկու տարիէ ի վեր Ֆրանսայի Սեն Նազերի նաւաշինարաններուն մէջ հազարաւոր անձեր կ՛աշխատէին «Մարաւիկլիա» (իտալերէն` հրաշալիք) զբօսանաւու շինութեան վրայ: Ծովերու այս հսկան շինուած ամէնէն մեծ նաւն է` իր 315 մեթր երկարութեամբ, 43 մեթր լայնքով, 65 մեթր բարձրութեամբ եւ 171.598 թոն ծանրութեամբ: Ան կրնայ ընդունիլ մինչեւ 5714 ճամբորդ, եւ անոր արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 22 քմ-ի: 300 Հազար...

Մարդկային Աշտարակ Մը

Մարդկային Աշտարակ Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Քասթելներու» այս սովորութիւնը յատուկ է Սպանիոյ Քաթալոնիոյ շրջանին, ուր 200 տարիներէ ի վեր մարդիկ կը շարունակեն կերտել այս մարդկային աշտարակները: Քաթալոնիոյ Թարրական քաղաքին մէջ Սան Խուան եւ Սանթա Թեքլայի սուրբերուն տօները կը նշուին իւրայատուկ կերպով: Մարդկային այս աշտարակները` «Քասթելները» կը կերտուին ամբողջ տարուան ընթացքին, տարբեր առիթներով: Անոնք յատկապէս կը կազմուին Սան Խուան սուրբին տօնին առիթով, 23-էն...

Թենիս Խաղա՛նք

Թենիս Խաղա՛նք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կիրակի, 11 յունիսին վերջ պիտի գտնէ 2017-ի կրան շլեմի Ֆրանսայի փուլը` Միլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքը: Ճիշդ է, որ շատ յաճախ դիւրին չէ հետեւիլ մարզական խաղի մը, երբ բոլոր օրէնքները չենք հասկնար: Հետեւաբար այս սիւնակներուն մէջ մենք աւելի մօտէն պիտի ծանօթանանք այս մարզախաղին` կարենալ հետեւելու եւ գնահատելու համար զայն: Պատմութիւն Թենիսի խաղը յառաջացած է ֆրանսական ժէօ տը...

Ճէյտ` Դէպի Իր 2-րդ Իրագործումը

Ճէյտ` Դէպի Իր 2-րդ Իրագործումը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մանկապատանեկան այս էջերուն մէջ մենք արդէն ծանօթացած էինք աւստրալիացի պարմանուհի Ճէյտ Հէյմըսթըրի, որուն երազն էր դառնալ տարիքով ամէնէն փոքր անձը, որ պիտի հասնի մինչեւ հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռները եւ կտրէ Կրինլանտը: Ան իր նպատակին առաջին հանգրուանը կտրեց 2016-ին, եւ հիմա ան ճամբայ կ՛ելլէ կտրելու Կրինլանտի 540 քմ տարածքը: Ան եռամարտի (թրիաթլոն) իր առաջին մրցումին մասնակցած է...

Գերհերոսներու Կողմէ Փրկուած Կրիան

Գերհերոսներու Կողմէ Փրկուած Կրիան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ֆրետի կրիան հանդարտ եւ ուրախ օրեր կ՛ապրէր անտառին մէջ. սակայն օր մը մեծ հրդեհ մը կը փճացնէ այդ անտառը եւ ծանրօրէն կը վիրաւորէ Ֆրետին: Անոր պատեանը ամբողջովին կը փճանայ կրակին պատճառով: Եւ առանց զիրենք պաշտպանող այդ պատեանին` կրիաները չեն կրնար ապրիլ: Իւրաքանչիւր վայրկեանի անոնք վտանգի տակ կը գտնուին, չեն կրնար պատեանի մէջ պահուըտիլ, երբ ուրիշ անասուններ...

Ծանօ՞թ Էք «Հոպի-Հորսինկ»-ին

Ծանօ՞թ Էք «Հոպի-Հորսինկ»-ին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քանի մը տարիէ ի վեր տարօրինակ նոր «մարզանք» մը կը տարածուի ֆինլանտացի պարմանուհիներուն մէջ. ան «հոպի-հորսինկն» է: Այս մարզանքը կը կայանայ տախտակէ ձիու մը վրայ նստած` իսկական ձիու մրցումներու նման ցատկել արգելապատնէշներու վրայէն եւ ձիուն ձեւեր կատարել տալ: Այս մարզաձեւը կրնայ ծիծաղելի ըլլալ, սակայն ան շատ լուրջ հարց մըն է մեծամասնութեամբ 10-18 տարեկան մօտաւորապէս 10 հազար...

«Քասինի»-ի Վերջին Թռիչքը Դէպի Երեւակ

«Քասինի»-ի Վերջին Թռիչքը Դէպի Երեւակ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Քասինի» ոչ բնակուած անջրպետանաւ մըն է, որ կը դառնայ Երեւակ մոլորակին շուրջ, 2004 թուականէն ի վեր: Իր պաշտօնին իբրեւ վերջին փուլ` ան պիտի սուզուի դէպի օղակներով մոլորակին մակերեսը: Այս վերջին թռիչքը շատ կարեւոր է գիտնականներու համար: Երեւակը մեր արեգակնային դրութեան վեցերորդ մոլորակն է (արեւէն հեռանալով): Ան Լուսնթագէն ետք երկրորդ ամէնէն մեծ մոլորակն է: Անշուշտ Երեւակին իւրայատկութիւնը...

Նամակներ` Աշխարհին

Նամակներ` Աշխարհին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ինը տարեկան Թոպի Լիթըլ կ՛ապրի անգլիական Պոլսթըրսթան փոքրիկ գիւղին մէջ: Հինգ տարեկանին ան կը կարդայ փոքրերու յատուկ «Լեթըր թու Նիւ Զիլանտ» գիրքը, որուն մէջ հեղինակը կը բացատրէ, թէ ինչպէս կ՛ընթանայ նամակի մը ճամբորդութիւնը` Անգլիային մինչեւ աշխարհին ուրիշ վայր մը: Այս ձեւով, յունիս 2013-ին ան կը յղանայ գաղափարը նամակ մը գրելու աշխարհի իւրաքանչիւր երկրէն անձի մը` աշխարհին...

Հսկայ Թիթեռնիկը Վերջապէս Գտնուեցաւ

Հսկայ Թիթեռնիկը Վերջապէս Գտնուեցաւ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անոր գիտական անունը օրնիթոփթերա քրէօսուս քրէօսուս է: Ան երկրագունդին վրայ յայտնուած է 100 միլիոն տարի առաջ: Ֆլուօ նարնջագոյն եւ ոսկի թեւերով այս թիթեռնիկը կ՛ապրի արեւադարձային անտառներուն մէջ: Անոր էգին թեւերուն լայնքը կը հասնի 25 սմ-ի: Երկու ամիս թրթուրի վի    ճակի մէջ եւ ապա մէկ ամիս իր բոժոժին մէջ մնալէ ետք, թիթեռնիկը վերջապէս կը բանայ իր թեւերը. սակայն ան...

Սիվթոյի Պարի Դպրոցը

Սիվթոյի Պարի Դպրոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սիվթոյ 10 տարեկան է: Ան կ՛ապրի Քամպոտիոյ մէջ, Ասիոյ երկիրներէն մէկը: Ամէն օր ան աւանդական ափսարա պարի փորձի կ՛երթայ: պարելու ազատութիւնը Ըստ հին առասպելի մը, ափսարայի պարուհիները կէս-չաստուածուհիներ են... Պարերուն  ընդմէջէն անոնք կը պատմեն աստուածներուն մասին: Աւելի քան 30 տարիներ առաջ Կարմիր Խմեր բռնապետները ղեկավարեցին Քամպոտիան: Ուրիշ բազմաթիւ ժամանցներու նման, պարն ալ արգիլուած էր բարեբախտաբար Կարմիր...

«Թայթանիք»-ը` Պիտի Անհետանայ…

«Թայթանիք»-ը` Պիտի Անհետանայ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պատմութեան ամէնէն նշանաւոր նաւը ընկղմեցաւ 15 ապրիլ 1912-ին, մեծ սառցալերան զարնուելէ ետք: Իր ընդծովեայ գերեզմանտան մէջ բանտարկուած, մանրէներուն կողմէ կրծուած` «Թայթանիք»-ի մնացորդը 20 տարիէն կրնայ ամբողջովին անհետանալ: «Թայթանիք»-ը պատմութեան ամէնէն նշանաւոր նաւերէն մէկն էր: Ան 269 մեթր երկարութիւն ունէր եւ` 10 յարկ: Այդ ժամանակաշրջանին ան աշխարհի ամէնէն մեծ նաւն էր: Կ՛ըսուէր, թէ անկարելի էր անոր ընկղմիլը:...

Ժամադրութիւն Արուսեակին Հետ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Փետրուար ամսուան այս սիւնակներուն մէջ մենք կարդացինք, թէ ինչպէ՛ս Արուսեակ մոլորակը այս ամսուան ընթացքին շատ փայլուն կ՛երեւէր, որովհետեւ ան երկրագունդին շատ մօտ կը գտնուէր: Շաբաթ, 25 մարտին, այս երկու մոլորակները պիտի գտնուին իրարու ամէնէն մօտիկ կէտին վրայ: Անոնք իրարմէ հեռու պիտի գտնուին միայն... 42 միլիոն քմ: Այս թուականէն ետք Արուսեակ երկրագունդին մօտէն պիտի անցնի եւ պիտի...

Ապագայի Ինքնաշա՞րժը

Ապագայի Ինքնաշա՞րժը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Առանց վարիչի ինքնաշարժը կրնայ մօտ օրէն իրականութիւն դառնալ: Ինքնաշարժ շինող կարգ մը ընկերութիւններ արդէն կարգ մը օրինակներու վրայ փորձեր կը կատարեն... - Ինչպէ՞ս կը բանի առանց վարորդի ինքնաշարժ մը Ինքնաշարժը կը յառաջանայ մինակը. վարորդը զայն չի քշեր: Ինքնաշարժին մէջի ճամբորդները իրենց երթալիք տեղը կ՛արձանագրեն համակարգիչի մը վրայ: Այս համակարգիչը կապուած է արբանեակի մը, որ ինքնաշարժին անդադար...

Ալմա Տէըչըր` Նոր Մոցարթ

Ալմա Տէըչըր` Նոր Մոցարթ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Տասնմէկ տարեկանին Ալմա արդէն յօրինած է սոնատներ, նուագահանդէսներու տարբեր կտորներ  եւ նոյնիսկ... օփերա մը, որ ներկայացուեցաւ Մոցարթի քաղաքին` Վիեննայի մէջ, տարեվերջի տօնակատարութիւններուն ընթացքին: Սակայն ո՞վ է այս զարմանալի երաժիշտը: Այս փոքրիկ եւ տաղանդաւոր անգլիացի աղջնակը շատ կը սիրէ դաշնակ եւ ջութակ նուագել: Այս երկու երաժշտական գործիքներուն շնորհիւ է, որ մարդիկ սկսան զայն նկատել դասական երաժշտութեան շրջանակին...

90-Ամեակ.  Տարեդարձ

90-Ամեակ. Տարեդարձ

Նոր օր մը կը ծնի: Արեւուն ճառագայթները մէկ-մէկ, կարծէք` ամչնալով, կը յայտնուին լեռներուն ետեւէն: Քաղաքին կեդրոնը տակաւին հանդարտ է, խանութները գոց: Գործաւորներ կ՛ուղղուին դէպի շէնքին մուտքը: Ծրարները զիրենք կը սպասեն` իրարու վրայ շարուած: Իւրաքանչիւր գործաւոր կ՛առնէ ծրար մը, զայն կը դնէ իր պայուսակին մէջ եւ կ՛ուղղուի դէպի քաղաքին տարբեր թաղամասերէն մէկը: Օրը շաբաթ, 5 մարտ է, 1927: Կը ցրուի «Ազդակ»...

Այֆոնը 10 Տարեկան Է

Այֆոնը 10 Տարեկան Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 2007 թուականի «Էփփըլ» ընկերութեան գործատէրը Սթիւ Ճոպզ «խելացի հեռաձայններու» աշխարհը կը յեղաշրջէր իր «Այֆոն»-ով: 10 տարուան ընթացքին, «Էփփըլ» ծախած է աւելի քան մէկ միլիառ հեռաձայններ: Առաջին «Այֆոն»-ը «Այֆոն 2 ճի.»-ն էր, որ կը կոչուէր նաեւ «Էտճ»: Ան շուկայ իջաւ յունիս 2007-ի վերջաւորութեան, տարբեր թեքնիք խանգարումներ արձանագրելէ ետք: Այժմ, «Այֆոն»-ը կը մնայ «Էփփըլ» ընկերութեան գլխաւոր արտադրութիւնը: Անոր արձանագրած...

Հսկայական  Ճեղք Մը Անթարքթիքին Ծայրը

Հսկայական Ճեղք Մը Անթարքթիքին Ծայրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անթարքթիքը ձիւնով ծածկուած հսկայական ցամաքամաս մըն է: Ժամանակի ընթացքին անոր ձիւնը սառոյցի վերածուած է: Ան շրջապատուած է սառած ցանկապատներով, որոնք կը ծփան ծովուն վրայ, ինչպէս` Լարսընի ցանկապատը: Քանի մը տարիներէ ի վեր հսկայական ճեղք մը կը յառաջանայ Լարսընի սառած ցանկապատին վրայ: Այս ճեղքը կը մեծնայ եւ կը խորանայ: Յունուարին այս ճեղքը մէկ անգամէն 18 քմ մեծցած...

Ի՞նչ Պիտի Ուտենք 2050 Թուականին

Ի՞նչ Պիտի Ուտենք 2050 Թուականին

Պատրաստեց` ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ               Կը սիրե՞ս համտեսել ճաշեր, որոնց ծանօթ չես: Հետաքրքրուա՞ծ ես ծանօթանալու նոր համերու: Անօթեցա՞ր: Տեսնենք ապագան խոհանոցին գծով ի՞նչ անակնկալներ կը պահէ մեզի: Արդեօք միայն դեղահատե՞ր կուլ պիտի տանք Հաւանաբար մենք նուազ ժամանակ պիտի անցընենք ճաշեր պատրաստելով եւ ուտելով... Սակայն արդեօք մենք արդէն այդ ճամբան չե՞նք բռնած: Դեղարաններուն մէջ արդէն...

Ինչո՞ւ Արուսեակ  Մոլորակը Այս Շրջանին Շատ Կը Փայլի

Ինչո՞ւ Արուսեակ Մոլորակը Այս Շրջանին Շատ Կը Փայլի

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս շրջանին, երբ մենք գիշերը երկնքին կը նայինք, կրնանք նշմարել յատկապէս փայլուն կէտ մը: Ան Արուսեակ մոլորակն է: Արուսեակ մոլորակը կը կոչուի նաեւ «Հովիւին աստղը»: Սակայն մոլորակ մըն է, արեւէն հեռաւորութեամբ` 2-րդ մոլորակը, մինչ երկրագունդը 3-րդն է: Երբ գիշեր կ՛ըլլայ, ընդհանրապէս Արուսեակն է, որ ամէնէն առաջ կը փայլի երկնքին մէջ: Սակայն այս շրջանին ան յատկապէս փայլուն...

Page 17 of 22 1 16 17 18 22

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?