Մանկապատանեկան

Ամազոնի Մէջ` Նոր  Ցեղախումբ Մը Գտնուած Է

Ամազոնի Մէջ` Նոր Ցեղախումբ Մը Գտնուած Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անօդաչու սարք մը թռցնելով Պրազիլի վայրի անտառին վրայ, գիտնականները գտած են մեկուսացած ցեղախումբի մը անդամները: Սակայն ասիկա անպայման լաւ լուր մը չէ: Վայրի անտառին խորերը Մեր աչքերուն առջեւ պարզուած նկարները առնուած են 2017 թուականին: Անոնց մէջ կը տեսնուին քանի մը անձեր, որոնք կը պտտին ամազոնեան առատ բուսականութեան բացութեան մը մէջ: Այս նկարները առնուած են անօդաչու սարքի...

Ծանօ՞թ Ես «Եուքիկասենին»

Ծանօ՞թ Ես «Եուքիկասենին»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ճափոնի մէջ եուքիկասենը իսկական մարզաձեւ մըն է: Սակայն ի՞նչ կրնայ նշանակել այս խորհրդաւոր բառը: Ճափոներէնով եուքի կը նշանակէ «ձիւն», իսկ կասեն` «պատերազմ». հետեւաբար եուքիկասենը... ձիւնի գնդակներով կռիւն է: Եուքիկասենը Ճափոնի Հոքայտօ շրջանին մէջ ծնած եւ հնարուած մարզաձեւ մըն է: Մարդոց եւ յատկապէս մանուկներուն համար ձիւնէ գնդակներով կռիւը շատ հաճելի ժամանց մըն է: Սակայն մօտաւորապէս 30 տարիներ...

Ճափոնի Մէջ` Աղբերուն Դէմ Պայքարող Սամուրայներ

Ճափոնի Մէջ` Աղբերուն Դէմ Պայքարող Սամուրայներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ճափոնը անկասկած աշխարհի ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներէն մէկն է. սակայն, հակառակ ասոր, ուրիշ երկիրներու նման, ան կը գտնուի ճամբաները աղտոտող ապականումի հարցին առջեւ: Այս ապականումին դէմ պայքարելու համար երկու բարեկամներ յղացած են իւրայատուկ գաղափար մը: Երկու կամաւորներ` Եուսուքու Օթոքօ եւ անոր ընկերը, որոշած են ծպտուիլ «աղտերու դէմ սամուրայներու», երկրին մեծ քաղաքներուն փողոցները մաքրելու համար: Աւանդական սամուրայներու տարազը...

Ծամոնէ Արձաններ

Ծամոնէ Արձաններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մորիծիօ Սաւինի ծամոնի սիրահար մըն է: Սակայն ան չի սիրեր զանոնք ծամել, այլ ան ծամոններ կը գործածէ անասուններու կամ առարկաներու տարօրինակ արձաններ շինելու համար: Հռոմի համալսարանին մէջ ճարտարապետութիւն ուսանելէ ետք այս իտալացի արուեստագէտը աշխատած է տարբեր երկիրներու մէջ եւ ապա վերադարձած է իր ծննդավայրը` մտքին մէջ ունենալով յատուկ ծրագիր մը` արձաններ շինել... վարդագոյն ծամոնով: Ծամոնը շատ...

Բարեկենդան Է

Բարեկենդան Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բարեկենդանը ուրախութեան, խրախճանքի եւ եւ ազատութեան օր մըն է, որուն ընթացքին կեանքի բնական պայմանները իրարու կը խառնուին: Այս սովորութիւնը սկսած է միջին դարերուն: Բարեկենդանին ժողովուրդը իրաւունք ունէր երգելու, պարելու, զբաղելու քաղաքներուն փողոցներուն մէջ: Այդ կարճ շրջանին մարդիկ իրաւունք ունէին ծպտուելու` ծածկելով իրենց դէմքը, որպէսզի ոչ մէկը զիրենք ճանչնար` հակառակ կատարուած խենթութիւններուն: Այդ օրը փոքրիկները չափահասներու կը...

Հին Աշխարհի «Միւս» Հրաշալիքները

Հին Աշխարհի «Միւս» Հրաշալիքները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մեր բոլորին ծանօթ են Հին Աշխարհի եօթը հրաշալիքները: Անոնցմէ միակը, որ տակաւին կանգուն է, Եգիպտոսի Քէօփսի բուրգն է: Անշուշտ այս հրաշալիքները «ամբողջ» աշխարհին հրաշալիքները չէին, որովհետեւ այս ցանկը կազմողները հրաշալիքներ փնտռած են միայն իրենց ծանօթ շրջաններուն մէջ: Սակայն նոյնիսկ այդ շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ սքանչելի վայրեր, որոնք կրնան մաս կազմել այդ «Հին Աշխարհի հրաշալիքներու»...

Ծառերը «Վերանորոգող» Պանկլատէշցին

Ծառերը «Վերանորոգող» Պանկլատէշցին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պանկլատէշի մէջ Օհիտ Սարտըրը կը փորձէ իր երկրին ծառերը պահպանել` անոնց կոճղերուն վրայէն հանելով ծանուցումներն ու գամերը: Պանկլատէշի մէջ ծառերը յաճախ գործածուած են իբրեւ ձրի ծանուցումի ցուցատախտակներ: Անոնք նոյնիսկ երբեմն ամբողջովին ծածկուած են ծանուցումներով: Այս ծանուցումները կը փճանան ու կ՛անհետանան ժամանակի ընթացքին, սակայն զանոնք ամրացնող գամերը կը մնան մխրճուած ծառին կոճղին մէջ: 53 տարեկան Օհիտ Սարտըրը...

Սիպերիոյ Մէջ Կեանքը` – 50 Աստիճան Ցուրտին

Սիպերիոյ Մէջ Կեանքը` – 50 Աստիճան Ցուրտին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սիպերիոյ Եամալ թերակղզիին մէջ 14 տարեկան Քարոլինա տարուան ընթացքին  բազմաթիւ ամիսներ կ՛անցընէ իր ընտանիքին հետ` եղջերուի հօտերը դէպի  հիւսիսի արօտավայրերը տանելով: Քարոլինա չենեթ ցեղախումբին մաս կը կազմէ իր լեզուով «չենեթ» կը նշանակէ «մարդ արարած»: Ան ծնած է ցուրտ Թունտրայի բնութեան մէջ. ան եղջերուներ բուծանողի մը առջինեկ աղջիկն է: Տարուան ընթացքին ան նահանգի մայրաքաղաք Եար-Սալի մէջ գիշերօթիկ...

Կրինլենտի Գաղտնիքը

Կրինլենտի Գաղտնիքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արդեօք ի՞նչ պահուած է բեւեռներու սառոյցին տակ... Անոնք բնաւ չեն հալած. հետեւաբար ոչ մէկը իսկապէս գիտէ, թէ հոն ի՛նչ կայ: Սակայն, շնորհիւ երկրագունդին շուրջ դարձող արբանեակներուն հաշուիչ յատուկ մեքենաներու, մենք շատ բաներ սորվեցանք: Հսկայական Փոս Մը` Կրինլենտի Տակ Գիտնականները գտած են, որ Կրինլենտի սառոյցին մէջ, մօտաւորապէս մէկ քիլոմեթր խորութեան վրայ գոյութիւն ունի կլոր հսկայական փոս մը:...

Արջուկներ Ուրախութիւն Կը Բերեն Ամբողջ Թաղամասի Մը

Արջուկներ Ուրախութիւն Կը Բերեն Ամբողջ Թաղամասի Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 2018-ի հոկտեմբերին, առտու մը, տասնեակ մը մեծ խաղալիք արջուկներ յայտնուեցան Փարիզի Կոպըլին թաղամասին մէջ: Անցնողներուն ուշադրութիւնը գրաւող այս 4,9 քիլօ կշռող արջուկները ամէն տեղ էին` սրճարաններուն մէջ, դեղագործին մօտ, սափրիչին խանութը, նոյնիսկ` մեթրոներուն մուտքին: Կամաց կամաց անոնց ներկայութիւնը դարձաւ ընտանի, եւ սկսաւ հետաքրքրել նոյնիսկ զբօսաշրջիկները: Սակայն այս արջուկներուն ներկայութիւնը թաղին մէջ պատահական չէ: Թաղամասին մէջ գտնուող...

Առասպելի Աշխարհէն.  Ռայտեն` Ամպրոպի Ճափոնական Աստուածը

Առասպելի Աշխարհէն. Ռայտեն` Ամպրոպի Ճափոնական Աստուածը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անոր անունը կազմուած է «Ռայ»-է, որ ճափոներէն կը նշանակէ որոտ, եւ «տեն»-է, որ կը նշանակէ կայծակ: Զայն կ՛անուանեն նաեւ Ռայ-ժին. «ժին», այսինքն` աստուած: Լաւ նայինք Ռայտենի կերպարին. մենք անմիջապէս կը նշմարենք անոր շուրջ դարձող պզտիկ թմբուկները: Այս ձեւով է, որ ճանչցուած է Ռայտենը: Երբ ան իր թմբուկներուն կը զարնէ, որոտումին ձայները կ՛արձագանգեն եւ կայծակները կը փայլատակեն:...

Արտասովոր Տօներ

Արտասովոր Տօներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ճիշդ է, որ տօներու շրջանը վերջ գտաւ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մենք պիտի դադրինք լաւ ժամանակներ անցընելէ: Տարուան ընթացքին գոյութիւն ունին տեսակաւոր փոքրիկ տօներ, որոնք առիթ կը ստեղծեն մարդոց` հաւաքուելու եւ իրարու հետ հաճելի ժամանակ անցընելու, առանց մեծ պատրաստութիւններ կամ ծախսեր ընելու... Գարեջուրի օրը Անոնք, որոնք գարեջուրը կը սիրեն, կրնան ուղղուիլ դէպի Իսլանտա, մարտի մէկին,...

Երկրագունդը Պահպանելու Համար

Երկրագունդը Պահպանելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Կ՛ըսէք, որ ձեր զաւակները կը սիրէք ամէն բանէ աւելի, եւ հակառակ ասոր` դուք անոնց ապագան կը խլէք անոնց աչքերուն առջեւ»: Այս ձեւով արտայայտուած է 15 տարեկան Կրեթա Թանտպըրկը` կլիմայի յատկացուած 24-րդ համագումարին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 2018-ին, Լեհաստանի մէջ: Ան չքաշուեցաւ իրականութիւնը ըսելու աշխարհի բոլոր ներկայացուցիչներուն առջեւ: Օգոստոս ամիսէն ի վեր շուէտացի այս պարմանուհին ամէն...

Պատմութեան Անցած Խաղալիքներ

Պատմութեան Անցած Խաղալիքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի տեսակաւոր նոր խաղալիքներ կը լեցնեն Կաղանդ պապային տոպրակը: Սակայն կան խաղալիքներ, որոնք միշտ ներկայ կը մնան Կաղանդ պապային ցանկին վրայ: Նախագահ Ռուզվելթի փըլիւշէ արջուկը 1902-ին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ, չորս օրուան արջի որսորդութեան արշաւէ մը ետք, կը պատրաստուի ձեռքերը պարապ վերադառնալ: Անոր հաճոյք պատճառելու համար, արշաւին կազմակերպիչները ծառի մը կոճղին կը կապեն...

Կաղանդի Խենթանալիք Գիշերը

Կաղանդի Խենթանալիք Գիշերը

Ո՜ւֆ, դարձեալ տարուան ամէնէն սքանչելի գիշերը: Կէս գիշերին Կաղանդ պապան եւ իր եղջերուները կը սկսին աշխարհին շուրջ իրենց տարեկան ճամբորդութիւնը, որ պիտի տեւէ 24 ժամ: Կաղանդ պապան կրնայ միայն 2,5 երկվայրկեան տրամադրել իւրաքանչիւր ծխնելոյզի: Հետեւաբար ան պէտք է շատ արագ շարժի: Եթէ պատահի, որ դուն անոր հանդիպիս, ուշադրութիւն, անոր մի՛ խանգարեր, զայն մի՛ կեցներ հետը սելֆի նկարուելու համար. ասիկա ժամանակի...

Չին Գիւղացի Մը Կը Շինէ Իր Երազներու Օդանաւը

Չին Գիւղացի Մը Կը Շինէ Իր Երազներու Օդանաւը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Չին գիւղացի մը իր մանկութենէն կ՛երազէր օդաչու դառնալ եւ օդանաւ քշել, սակայն ան չէր կրնար իր երազը իրականացնել: Հետեւաբար ան կ՛որոշէ շինել իր անձնական օդանաւը, դաշտերուն մէջ: Զու Եու գրեթէ վերջացուցած է իսկական Էրպաս A320 օդանաւի  իր օրինակի շինութիւնը: Ան կը հանգչի օդանաւի յատուկ տախտակի մը վրայ` շրջապատուած ցորենի դաշտերով, Չինաստանի հիւսիս-արեւելքը: Զու իր երկրորդական ուսումը...

103 Տարեկան Դաշնակահարուհին

103 Տարեկան Դաշնակահարուհին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 103 տարեկանին ֆրանսացի դաշնակահարուհի մը` Քոլեթ Մազ, շուկայ կ՛իջեցնէ իր չորրորդ ձայնապնակը` նշելու համար յայտնի յօրինող Քլոտ Տեպուսիի մահուան 100-ամեակը: Անոր տղան Ֆապրիսն է, որ այս լուրը յայտնած է թերթերուն: Պատահականօրէն, յիսուն տարիներէ ի վեր Քոլեթ կ՛ապրի Փարիզի 15-րդ թաղամասի շէնքերէն մէկուն մէջ, շատ մօտ այն շէնքին, ուր կ՛ապրէր երաժիշտը: Անոր յարկաբաժինը լեցուած է տեսակաւոր դաշնակներով:...

Կոյի Խաղին Սիրոյն Համար…

Կոյի Խաղին Սիրոյն Համար…

Պատրաստեց՛ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 11 տարեկանին Տիեկօ Արմանտօ Լուսիանօ Քորթես լքած է իր ծնողքը եւ երկիրը` Մեքսիքան, մէկ տարիով երթալու համար Հարաւային Քորէա եւ մարզուելու Կօ խաղալու: Հարաւային Քորէայի մէջ է, որ կը պատրաստուին Կօ խաղին աշխարհին ամէնէն լաւ խաղացողները: Հոն Տիեկօ իր օրերը կ՛անցընէ զարգացնելով իր մարտավարութիւնը միջազգային ակադեմիայի մը մէջ: Այդ փոքր տարիքին մանչերը ընդհանրապէս կ՛երազեն դառնալ արհեստավարժ...

96 Տարեկան Մեքսիքացի Կին Մը Իր Երազը Կ՛իրականացնէ. Դպրոց Երթալ

96 Տարեկան Մեքսիքացի Կին Մը Իր Երազը Կ՛իրականացնէ. Դպրոց Երթալ

Պատրաստեց՛ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կուատալուփէ Փալասիոս 96 տարեկան մեքսիքացի կին մըն է, որ գարնան իր երազը վերջապէս իրականացուց` երկրորդական դպրոց յաճախելով: Ան կարդալ սորված էր չորս տարի առաջ: Չիափաս աղքատ նահանգին պետական դպրոցներէն մէկուն մէջ նստած` ան վերամուտի առաջին օրէն արդէն կը տարբերէր իր ծոռներուն տարիքը ունեցող միւս աշակերտներէն, ոչ միայն իր ճերմակ մազերով, այլ նաեւ` իր խանդավառութեամբ: «Այսօր սքանչելի...

Խխունջներ` Ապականումը Չափելու Համար

Խխունջներ` Ապականումը Չափելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտնականներ սկսած են խխունջներ գործածել` ուսումնասիրելու համար գետնին ապականումը: Անոնք կը վերլուծեն այս թուլամորթներուն կերածը եւ անոնց հետ կապի մէջ մտած օդը: Ասիկա գիտնականներուն յղացած վերջին իւրայատուկ գաղափարն է կենսոլորտը ուսումնասիրելու համար: Անոնց ծրագիրն է մօտաւորապէս յիսուն խխունջներ ապրեցնել փակ վայրի մը մէջ: Մէկ ամսուան ընթացքին, այս խխունջները պիտի շնչեն օդը եւ սնանին գետնէն եւ բոյսերով:...

Page 16 of 25 1 … 15 16 17 … 25

Արխիւներ