Մարզական

Սպանական Ֆութպոլ.  Լեվանթէ Եւ Կեթաֆէ Կրկնեցին  Ախոյեանութեան Հակամրցանիշը

Սպանական Ֆութպոլ. Լեվանթէ Եւ Կեթաֆէ Կրկնեցին Ախոյեանութեան Հակամրցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լեվանթէ եւ Կեթաֆէ չյաջողեցան արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակները` 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն: Անոնք երկուքն ալ այս հանգրուանին իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ: Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ 41 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, միանգամայն երկու խումբեր չեն յաջողիր յաղթանակ արձանագրել: Այս հակամրցանիշը...

Մարատոնայի Դուստրերը Քննադատեցին  Իրենց Հօր Յիշատակին Կատարուելիք Մրցումը`  Պոքա Ժունիորզի Եւ Պարսելոնայի Միջեւ

Մարատոնայի Դուստրերը Քննադատեցին Իրենց Հօր Յիշատակին Կատարուելիք Մրցումը` Պոքա Ժունիորզի Եւ Պարսելոնայի Միջեւ

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի դուստրերը յայտարարեցին, որ ներկայ պիտի չգտնուին իրենց հօր յիշատակին տեղի ունենալիք մրցումին, որ պիտի կատարուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ, 14 դեկտեմբերին: Մարատոնայի մահուան Ա. տարելիցին առիթով այս մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզը եւ սպանական Պարսելոնան: Անոնք իրարու դէմ պիտի մրցին «Մարատոնայի բաժակ» մրցաշարքի անուան տակ կատարուելիք մրցումին ընթացքին: Մարատոնային դուստրերը`...

Աթլեթիզմը Ընդգրկուեցաւ  Եւրոպական Խաղերուն Մէջ

Աթլեթիզմը Ընդգրկուեցաւ Եւրոպական Խաղերուն Մէջ

Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէն որոշեց աթլեթիզմը ընդգրկել եւրոպական երրորդ խաղերուն ծրագիրին մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Այս համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէին եւ Եւրոպայի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին միջեւ: Բոլոր երկիրները, ինչ դասակարգի որ ալ պատկանին, պիտի մասնակցին այս խաղերուն: Մրցումներուն վայրը նկատի առնուած է Լեհաստանի մէջ գտնուող Շլիոնսքի մարզադաշտը: Նշենք, որ եւրոպական մարզական ամառնային երրորդ խաղերը տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ` 113-63

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ` 113-63

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Անիպալ Զահլէն: Այս մրցումը աւարտեցաւ պէյրութեան կազմին յաղթանակով, որ այսպիսով, այս տարեշրջանին գծով իր դաշտին վրայ իր կատարած երկրորդ մրցումին պարտութիւն չկրեց: Ռիատի, որ արձանագրեց 113-63 արդիւնքով յաղթանակ մը, ցարդ կրած է պարտութիւն մը` Տինամոյէն, մինչ պեքաայեան կազմը կրեց...

Վոլիպոլ.  Լիբանանի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան  2021-2022 Տարեշրջանը Կը Սկսի Ուրբաթ, 12 Նոյեմբերին

Վոլիպոլ. Լիբանանի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանը Կը Սկսի Ուրբաթ, 12 Նոյեմբերին

Երէկ` հինգշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի վոլիպոլի տղոց Ա. դասակարգի 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան յայտագիրը, որուն մեկնարկը կը տրուի ուրբաթ, 12 նոյեմբերին: Վերոնշեալ թուականին կը կատարուին հետեւեալ մրցումները. Լիբանանեան բանակի հաւաքական-Ռիսալէ Սարաֆանտ, Շեպիպեթ Թաննուրին-Ամերիկեան դեսպանատուն եւ Զահրաա Մինա-Թալայեհ Տալհուն: Իսկ շաբաթ, 13 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները. Անուար Ժըտէյտի-Ռիատի Քալամուն, Շեպիպեթ Պաուշրիէ-Ինաաշ Քանաթ եւ Ռիատի Մըթէյն-Ռիատի Մըշմըշ: Նշենք,...

Արթուր Ալեքսանեան  Այցելեց «Զինուորի Տուն»

Արթուր Ալեքսանեան Այցելեց «Զինուորի Տուն»

Յունահռոմէական ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան, փոխախոյեան, պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եռակի ախոյեան, Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան երէկ այցելեց «Զինուորի տուն»-վերականգնողական կենտրոն: «Այսօր Արմէն Մուրադեանի եւ մեր հերոսներուն հրաւէրով «Զինուորի տան» մէջ եմ: Պէտք է նշեմ, որ ստացածս բազմաթիւ շնորհաւորանքներուն մէջ ինծի համար ամէնէն կարեւոր եւ յուզիչ շնորհաւորանքն էր: Շնորհակալ եմ, տղա՛ք: Փա'ռք ու պատիւ ձեզի», ըսաւ Ալեքսանեան: Նշենք, որ նախորդ 21...

Ճատրակ. «Կրան Սուիս» Մրցաշարք.  Մանուէլ Պետրոսեանի  Եւ Աննա Սարգսեանի Յաղթական Մեկնարկը

Ճատրակ. «Կրան Սուիս» Մրցաշարք. Մանուէլ Պետրոսեանի Եւ Աննա Սարգսեանի Յաղթական Մեկնարկը

Հայաստանի ճատրակի շարք մը ներկայացուցիչներ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Կրան Սուիս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Աննա Սարգսեան ունեցան յաղթական մեկնարկներ: Իրենց հանդիպումները հաւասարութեամբ աւարտեցին Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան: Իսկ Հայկ Մարտիրոսեան եւ Էլինա Դանիէլեան իրենց մրցումները աւարտեցին պարտութեամբ: Նշենք, որ տղոց եւ աղջկանց մրցաշարքերուն տիտղոսակիրները իրաւունք կը...

Հայաստանի Լրագրողները Կը Մասնակցին  Թիֆլիսի Ֆութպոլի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի Լրագրողները Կը Մասնակցին Թիֆլիսի Ֆութպոլի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ 29-30 հոկտեմբերին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, նուիրուած` Քոթէ Մախարածէի յիշատակին: Անիկա կազմակերպուած է Վրաստանի մարզական լրագրողներու ֆետերասիոնին կողմէ: Այս մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ երկրորդ անգամ ըլլալով, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Վրաստանի, Հայաստանի, Լաթվիոյ, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի եւ Ազրպէյճանի լրագրողներու...

Ըմբիշ Սահակ Յովհաննիսեան Պիտի  Չմասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ըմբիշ Սահակ Յովհաննիսեան Պիտի Չմասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի երիտասարդական հաւաքականը վնասներ ունի աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ: Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 23 տարեկանէն վար հաւաքականի ըմբիշ, 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան փոխախոյեան, 67 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Սահակ Յովհաննիսեան պիտի բացակայի 1-7 նոյեմբերին Սերպիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութենէն: Մետալի տիրանալու գլխաւոր թեկնածու Սահակ Յովհաննիսեան աշխարհի ախոյեանութեան մեկնելէն երեք օր առաջ ոտքի...

Ռոնալտ Քէօման Պաշտօնազրկուեցաւ. Սերճի Պարխուան` Պարսելոնայի  Մարզիչի Պաշտօնակատար

Ռոնալտ Քէօման Պաշտօնազրկուեցաւ. Սերճի Պարխուան` Պարսելոնայի Մարզիչի Պաշտօնակատար

Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչ նետերլանտցի Ռոնալտ Քէօմանը` անոր արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: «Քլասիքօ»-ի մրցումին Ռէալ Մատրիտէն կրած պարտութենէն ետք (2-1), Պարսելոնա նախանցեալ օր կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` Ռայօ Վայեքանոյէն (1-0): Պարսայի ղեկավարութիւնը այս վերջին պարտութենէն ետք գումարեց արտակարգ նիստ մը` որոշելով պաշտօնազրկել Քէօմանը: Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա 58 տարեկան Քէօմանը պաշտօնազրկելու համար ստիպուած պիտի...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի  Բաժակի Մրցաշարք.  Պայէրն Միւնիխի 5-0 Արդիւնքով  Բաւական Ծանր Պարտութիւնը

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխի 5-0 Արդիւնքով Բաւական Ծանր Պարտութիւնը

Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ դուրս մնաց Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ 1-16-րդ հանգրուանին գծով 5-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն: Վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, գերմանացի Եուլիան Նակելսմանի կազմը Ա. կիսախաղին կը պարտուէր 3-0 արդիւնքով: Մէօնշընկլատպախի առաջին կոլը 2-րդ վայրկեանին նշանակեց Քուատիօ Քոնէ, մինչ Ռամի Պենսեպայնի եւ Պրիլ Էմպոլօ տուպլէ իրագործեցին: Պենսեպայնի իր երկրորդ...

«Էն. Պի. Էյ. »  Լէյքըրզի Երրորդ Պարտութիւնը` Հակառակ  Ռասըլ Ուեսթպրուքի Թրիփըլ Տապըլին

«Էն. Պի. Էյ. » Լէյքըրզի Երրորդ Պարտութիւնը` Հակառակ Ռասըլ Ուեսթպրուքի Թրիփըլ Տապըլին

Երէկ` հինգշաբթի, 28 հոկտեմբերին, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան տասը մրցումներ: Հակառակ անոր որ Ռասըլ Ոեսթպրուք թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ), սակայն անոր կազմը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, 123-115 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օքլահոմա Սիթիի դաշտին վրայ: Անոր խմբակից Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 30 կէտ: Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ թէեւ նշանակեց 40 կէտ, սակայն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ  Մրցումը` Ժամը 17:00-Ին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ Մրցումը` Ժամը 17:00-Ին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի բացման մրցումին ժամը փոփոխութեան ենթարկուած է: Մանարայի դաշտին վրայ այսօր` հինգշաբթի, 28 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ռիատի Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ մրցումը, որ սկզբունքով պիտի սկսէր ժամը 19:30-ին, այժմ նոր ժամանակով պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:  

«Պէյճինկ-2022».  Ներկայացուեցան Ձմեռնային Ողիմպիական  Խաղերուն Մետալները

«Պէյճինկ-2022». Ներկայացուեցան Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերուն Մետալները

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ներկայացուեցան Փեքինի ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն մետալները: Անոնք կը կրեն «Թոնկ Զին» անուանումը, որ կը նշանակէ «Միասնութիւն, ամբողջութիւն»: Մետալներուն ժապաւէնները պատրաստուած են կարմիր մետաքսէ, որ  կը խորհրդանշէ երկրին գլխաւոր տօնը` չինական Նոր տարին: Նշենք, որ 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 4-20 փետրուար 2022-ին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 95 երկիրներէ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Արմենիա Ամրապնդեց  Պարագլուխի Իր Դիրքը

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Արմենիա Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Արմենիա 3-2 արդիւնքով յաղթեց բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին («ԲԿՄԱ»), հակառակ անոր որ մրցումին ընթացքին 2-1 արդիւնքով կը պարտուէր: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, յաղթական կազմը ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 31 կէտ եւ 9 կէտի առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արարատի վրայ: Ինչ կը վերաբերի...

Տիգրան Բարսեղեան Մէկ Ամիսով  Որակազրկուեցաւ

Տիգրան Բարսեղեան Մէկ Ամիսով Որակազրկուեցաւ

Ղազախական Ասթանայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան Ղազախստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ մէկ ամիսով կախակայուեցաւ (հոկտեմբեր 25-էն սկսեալ): Նշենք, որ Բարսեղեան Քայրաթ-Ասթանա մրցումին վիրաւորական արարք մը կատարած էր Քայրաթի համակիրներուն նկատմամբ: Իսկ Բարսեղեանի մարզիչը` ռուս Անտրէյ Թիխոնով, նոյն այս մրցումին բաւական անպատշաճ, ոչ մարզավայել  եւ անարգալից վերաբերմունք ունենալուն պատճառով որակազրկուեցաւ երկու տարիով:

«Էն. Պի. Էյ. »  Ուորիըրզի Չորրորդ Յաջորդական  Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ. » Ուորիըրզի Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Երէկ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրը եղաւ Օքլահոմա Սիթիին, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 106-98 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 23 կէտ: Ուորիըրզի նման չորս յաղթանակ արձանագրած է նաեւ Շիքակօ Պուլզ, որ իր կարգին ցարդ անպարտելի է: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզին, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց...

Չաւիի Գլխաւորած Կազմին 34-րդ  Մրցումը` Առանց Պարտութեան

Չաւիի Գլխաւորած Կազմին 34-րդ Մրցումը` Առանց Պարտութեան

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Չաւիի գլխաւորած կազմին` Սատի յաղթարշաւը շարունակուեցաւ Քաթարի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով: 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սատ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ըմ Սալալին, իր ակումբին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց` յաջորդաբար 34-րդ մրցումն ըլլալով մնալով անպարտելի: Անոր կազմը մարտ 2020-էն ի վեր պարտութիւն չէ կրած (30 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն): Երկրին մրցանիշն...

Վերաթթի Վնասուածք Ստացաւ

Վերաթթի Վնասուածք Ստացաւ

Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի, որ ձախ ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ, իր կազմին հետ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ չորս շաբաթ, այս գծով յայտնեց փարիզեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իսկ ակումբին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի մօտ ախտորոշուած է ականջի բորբոքում: Անոր ապաքինման ժամկէտին շուրջ խումբը շուտով պիտի հրապարակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը: Ինչ կը վերաբերի ակումբի նորեկ...

Վոլֆսպուրկ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Վոլֆսպուրկ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Վոլֆսպուրկ ունեցաւ իր նոր մարզիչը, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Վոլֆսպուրկի ղեկավարութիւնը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց 39 տարեկան Ֆլորիան Քոհֆելտթի հետ: Անոր նախկին ակումբն էր Վերտըր Պրեմըն, որ Քոնֆելտթի գլխաւորութեամբ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ: Այժմ, Վոլֆսպուրկ ընթացիկ տարեշրջանին կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը` 13 կէտով:  

Page 452 of 1280 1 … 451 452 453 … 1,280

Արխիւներ